ՕՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՋԱՆԱՅ

Երեխան նորէն կծկուած կը նստի ննջասենեակի մէջ: Հիւրասենեակէն կու գան հայհոյախառն բարձր ձայներ: Անպատճառ վէճ մը կրկին ծագած է իրենց երբեմնի խաղաղ կտուրէն ներս:

Ամէն բան սկսաւ՝ ամիսներ առաջ, մօրեղբօր ժամանումէն վերջ: Վերջինս ձախողելով իր բոլոր գործերը արտասահմանի մէջ, բաժնուեցաւ իր կնոջմէ, անտէրութեան մատնեց իւր զաւակները եւ վերադարձաւ հայրենիք: Իսկ աւելի լաւ կ՚ըլլար, եթէ չվերադառնար: Վերադարձաւ իբր թէ հոգ տանելու իր զառամեալ ծնողներուն, որոնք ամէն տեսակ ջանք ու ճիգ չեն խնայած արժանապատիւ զաւակներ հասցնելու համար: Աւա՜ղ, անոնց սպասումները չեն արդարացած:

Վէճի պատճառը պատառ մը ցամաք հացն է. միջին տարիքի տղամարդը բարկացաւ, թէ ինչո՞ւ իր մայրը առանց տաքցնելու երէկուայ հացը դրաւ սեղանին.

-Դուն գիտնալով հանդերձ, որ ես հացը առանց տաքցնելու չեմ ուտեր, այդպէս կը մատուցես:

-Որդի՛ս, ներողամիտ գտնուէ: Պահ մը միտքէս թռաւ: Վերջերս շատ մոռացկոտ դարձած եմ: Չեմ կրնար միտքս կեդրոնացած պահել,- ձայնի մեղմ եղանակով փորձեց բացատրութիւն տալ ալեհեր մայրը:

-Հասկցայ, կ՚ուզես ըսել՝ անհանգստութեանդ պատճառը ես եմ: Մինչեւ իմ վերադարձը կ՚ապրէիք հանգիստ ու խաղաղ: Ես եկայ, եւ ձեր անդորրը խաթարեցաւ: Ինչո՛ւ ստիպուած սար ու ձոր կ՚իյնաս, ուղիղ իմ դէմքին ըսէ՝ գնա՛:

-Ամօթ է որդիս, ինչեր կը խորհիս: Մենք միշտ ուրախ ենք քեզ տեսնելով: Դուն իմ մինուճար որդին ես: Գիտես ես ու հայրդ քեզ ինչքան շատ կը սիրենք: Բաց աստի, դուն մեր գերդաստանի պատիւն ես: Բոլորը քեզ շատ կը սիրեն եւ կը վերաբերին յատուկ ակնածանքով:

-Մայր, շողոքորթելու կարիք չկայ: Այդպէս էր նախապէս, երբ ես շատ գումար կը վաստակէի եւ բոլորին կ՚օգնէի իրենց դժուարութեան պահերուն...

Այստեղ տղամարդը ծխախոտ մը վառելով կը սկսի վերյիշել իր անցեալը: Թէ ինչպէս տարիներ առաջ դատարկաձեռն մեկնեցաւ արտասահման, այնտեղ կրցաւ լաւ դրամ շահիլ: Օգնել իր բոլոր բարեկամներուն, ազգականներուն, ընկերներուն: Իսկ երբ գումարը վերջացաւ, բոլորը կամաց-կամաց սկսան երես թեքել իրմէ:

Շուրջիններու անհոգի վերաբերմունքը մինչեւ հոգիի խորքը վիրաւորած է զայն: Ամէն անգամ ան մեծ դառնութեամբ կը վերյիշէ այդ ամէնը՝ մեծ ցաւ պատճառելով թէ՛ ինքզինքին, թէ՛ ընտանեկան պարագաներուն:

Երբ մօրեղբայրը վէճի ընթացքին սկսաւ վերյիշել անցեալը, երեխան ծածուկ հեռացաւ սեղանէն եւ փակուեցաւ իր մեծ մօր ննջասենեակին մէջ: Ամբողջ տունը կը շնչէր ետեւ-ետեւի վառուող ծխախոտի ծուխ: Նախաճաշին բռնկած վէճը հազիւ ընթրիքի ժամին վերջացաւ: Այդպէս ժամեր շարունակ վիրաւոր հոգին անդադար կը խօսէր: Պահ մը կու լար, իր բոլոր ձախողումներու մէջ կը մեղադրէր բոլորը, բացի իրմէ: Իսկ այդ ընթացքին ծերունի մայրն ու հայրը, լուռ ու մունջ ցաւ ապրելով ականջ կը դնէին իրենց զաւակի զառանցանքներուն, յաճախ կուլ տալով ամէն մէկ վիրաւորանք եւ կծու խօսք՝ ուղղուած իրենց հասցէին:

Մինչեւ երեկոյ երեխան չյանդգնեցաւ սենեակէն դուրս ելլել: Իր շատ սիրելի մեծ հօրն ու մեծ մօրը ուղղած իւրաքանչիւր վիրաւորանք խոր ցաւ կը պատճառէին վերջինիս: Ան իր մտքի մէջ կռիւ կու տար մօրեղբօր հետ: Անոր ամէն մէկ հարցին կու տար ճշմարիտ ու սպառիչ պատասխան: Երեխան միայն իր մտքի մէջ կրնար կռուիլ երբեմնի սիրասուն մօրեղբօր հետ. ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելու պարագային մեծ փոթորիկ մը պիտի ելլէր: Ամէն բան շատ խառն էր ու բարդ, հանգուցալուծումն ալ սարերէն այն կողմ: Ուստի ստեղծուած ծանր ճգնաժամային պարագային, չես գիտեր ինչո՞ւ, սակայն տուժող կողմը նախընտրած է լռել՝ խոնարհելով տանիլ այս ծանր բեռը, իսկ մինչեւ ո՞ւր՝ յայտնի չէ: Թերեւս մինչեւ գերեզման:

Այլեւս յաճախակի կրկնուող անհաշտութեան օրերուն, որոնք գրեթէ օր ու մէջ կը կրկնուէին, երեխան սորվեցաւ մեկուսանալ: Մեկուսանալ ինքն իր մէջ: Զինքը կտրել արտաքին աշխարհէն, ճախրել երկնքի մէջ, եւ որպէս հանդիսատես՝ քովէն դիտել իր ապագան: Այն կեանքը՝ զոր ինքն իրեն համար կը գծէ մտովի: Անոր մեծագոյն փափաքն էր օր առաջ հասնիլ ընտանեկան ներդաշնակութեան, փրկել իր սիրելիները չարի ձեռքէն: Ան կը պատկերացնէր, թէ ինչպէս շուտով իր սիրելի մեծ հայրն ու մեծ մայրը պիտի տանի այս տունէն եւ առանձին հաշտ ու համերաշխ երեքով պիտի ապրին: Ան պատրաստ էր տարեցներու խնամքը վերցնել իր փխրուն ու նուրբ ուսերուն, պատկերացում անգամ չունենալով անոր ծանրութեան մասին: Չէ՞ որ սէրը ի չիք կը դարձնէ ամէն ծանրութիւն՝ այս համոզումին ան եկած էր վաղուց. «Շուտով կ՚ընդունուիմ համալսարան: Կը մեկնիմ ուրիշ քաղաք՝ հեռու այս տունէն: Ինծի հետ կը տանիմ մեծ հայրս ու մեծ մայրս եւ երջանիկ կ՚ապրինք»: Մտովի ան կը տեսնէր իրենց խաղաղ կեանքը եւ կը ջերմանար այդ միտքէն: Ամէն անգամ երբ վէճ կը ծագէր, ան ինքզինքը կը հանգստացնէր, կը ջերմացնէր այդ մտքերով:

Աւա՜ղ, երեխայի երազը յաւերժ մնաց կիսատ: Մինչ ան պարզապէս կ՚երազէր, կեանքէն հեռացան իր սիրելիները:

Օր մը պիտի վերջանայ: Օր մը վերջացաւ, սակայն տխուր ու անդառնալի վախճանով:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 2, 2022