«Ծառայութիւնը» Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան Պրիսմակէն
«Սակայն խորունկ նշանակութիւն ունի ծառայութիւնը»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2016 տարին հռչակեց Ծառայութեան տարի: Ան ծառայութիւնը նկատեց «մարդկային կեանքին ամենէն բարձր արժէքներէն», ինչպէս նաեւ՝ «խորունկ նշանակութիւն» ունեցող իրականութիւն: Եւ ծառայութեան խորութիւնը, գէթ՝ քրիստոնէական աստուածաբանութեան պրիսմակէն մեկնելով, կը բացատրուի այն իրականութեամբ, որ մարդ էակին կու տայ ինքնութիւն եւ անոր հետ ապրելու հիմք. այս խորունկ է տեսական եւ գործնական իրավիճակներու մէջէն:
Քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը «ծառայութիւնն» է՝ մեկնելով իր ընդհանրական հասկացողութենէն, որ պիտի ներառէ նախ քրիստոնէական էութեան յատկանիշ-տեսութիւնը, որ հիմնուած է նոյնինքն Քրիստոսի սիրոյն վրայ, որ անշարժ իրականութիւն մը չէ, այլ շարժող է, որովհետեւ այս սէրը ստեղծեց գերագոյն նպատակ մը՝ « Մարդուն մէջ աստուածային պատկերը վերականգնել» (Արամ Ա. Կաթողիկոս): Ուստի, այս նպատակը իրականացնելու համար կար նաեւ անոր շարժուն գործընթացը՝ Աստուծոյ մարդեղութիւնը Քրիստոսի միջոցով: Երբ Աստուծոյ այս սէրը մղեց զԻնք, որ մարդանայ եւ աշխարհ գայ: Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին ղրկեց» (Յովհաննու 3:16): Աստուծոյ մարդեղութիւնը ունէր մէկ հիմնական եւ գործնական առաքելութիւն. «Իր փրկութեան ճամբով մարդը դէպի Աստուած առաջնորդել» (Արամ Ա. Կաթողիկոս): «Որպէսզի ով որ Անոր հաւատայ, չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննու 3:16):
Արդարեւ, ասկէ մեկնած պէտք է վեր առնել «փրկութեան ճամբով» (իմա՛ «չկորսուելու») եւ «Աստուծոյ առաջնորդելու» (իմա՛ «յաւիտենական կեանքի») գործընթացները, որոնք իրականացան ու տակաւին կը շարունակուին՝ դարձեալ քրիստոնէական հիմքով՝ ծառայութեան հասկացողութեան մէջէն: «Յաւիտենականութեան» հասկացողութիւնը նաեւ կը ներառէ իւրաքանչիւր անհատի երկրային ծառայութեան կեանքը աշխարհին մէջ եւ կը շարունակուի երկնային կեանքի հասկացողութեանը մէջ:
Այս ծառայութիւնը խորունկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ինքնանպատակ եւ աննպատակ չէ երբեք, այլ ծառայութիւն մըն է, որ հիմնաւորած է մարդը ու մարդուն միջոցով հաւաքականութիւնը փոխելու իրականութեամբ: Հոս առկայ է ճշմարտացիութիւնը, թէ քրիստոնէական աստուածաբանութեան գլխաւոր նպատակը մարդկային պատմութիւնը փոխելն է՝ ըստ Մուկամպէի եւ Կայի: Քրիստոս ինք սկսաւ փոփոխութեան գործընթացը՝ իր աշակերտները փոխելով, նաեւ՝ իւրաքանչիւր անձ, որուն հանդիպեցաւ (Մուկամպէ եւ Կայ): Ուրեմն այս իրականութեան մէջ է նաեւ այն, որ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ գլխաւոր պարտականութիւնն է փոխել պատմութիւնը՝ փոխելով նախ մարդը:
Քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը ծառայութիւն է, բայց ծառայութիւն մը, որ կը փոխէ եւ կը փոխարինէ հինը նորով, որ նաեւ կը ձգտի Աստուծոյ պատկերին նմանիլ: Եւ Աստուծոյ պատկերը բարի է, «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց: Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք: Աստուած տեսաւ, որ բարի են» (Ծննդոց 1: 1,26,31): Աստուած, որ ստեղծագործն է, եւ իր ստեղծածը իր պատկերին պէս է, բարին է: Այս իմաստով, մարդը՝ Աստուծոյ պատկերը իր մէջ, կը դառնայ նոյնպէս ստեղծագործող: Եւ մարդը, Աստուծոյ այս պատկերով ինքն ալ կը ստեղծէ բարին, նորը՝ նորոգող եւ նորոգուող իրականութիւնները՝ ծառայութեան կեանքին մէջէն:
Այս փոփոխութեան գործընթացը պէտք չէ դիտել եւ վեր առնել միայն կրօնական-հոգեւոր դիտանկիւնէն: Ատիկա փոփոխութիւն մըն է, որ կը ներառէ հաւաքական կեանքը իր ամբողջական իրավիճակին մէջ: Ճենսըն կը բացատրէ. «Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը պէտք է հասկնայ հաւաքականութիւնը իր ամբողջական տարազումին մէջ եւ վեր առնէ անոր բոլոր հիմնահարցերը»:
Մուկամպէ եւ Կայ կը հաւաստիացնեն, որ քրիստոնէական աստուածաբանութեան յառաջացուցած փոփոխութիւնը պէտք չէ անջատէ հաւաքականութիւնը իր մշակութային եւ ազգային ժառանգէն, այլ պէտք է զօրացնէ աւելիով: Եւ հոսկէ պէտք է տեսնել քրիստոնեային եւ եկեղեցիին մասնակցութիւնը աշխարհի մէջ: Մասնակցութիւն մը, որ իւրայատուկ է, որովհետեւ՝ «Քրիստոնեան եւ քրիստոնեայ եկեղեցին կը մտնեն աշխարհի մէջ, բայց աշխարհին պէս չեն ըլլար» (Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան): Եւ իւրայատկութիւնը կը կայանայ հոն, ուր իր մասնակցութիւնը աշխարհին մէջ կը ստեղծէ ծառայութեան կեանք մը, որ կը փոխէ եւ կը նորոգէ բարիին գիտակցութեամբ եւ Անոր պատկերին նմանութեամբ:
Այս իրականութեան մէջէն է նաեւ, որ աւելիով պէտք է կարեւորել Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ծառայութեան տարուան կոչը մեր հայկական իրականութեան մէջ եւ անոր համար: Ծառայութիւնը, եթէ մէկ կողմէ պիտի դիտենք որպէս փոխող ու փոխուող ու նորոգող ու նորոգուող գործընթաց մեր ազգային եւ մշակութային կեանքերուն մէջ, բայց նոյնքան նաեւ մեր հայկական արժէքները ամրապնդող եւ տեւականացնող:
Ծառայութիւնը «բարոյական պարտաւորութիւն է, հրամայական անհրաժեշտութիւն եւ անսակարկելի արարք» (Արամ Ա. Կաթողիկոս), նաեւ անհրաժեշտ է, որ դառնայ դաստիարակութիւն եւ զգաստութեան հրաւիրող իրականութիւն: Դաստիարակութիւն մը, որ կրնայ կոփել մեր կեանքերը զգաստութեամբ: Պրուկման այսպէս կը բացատրէ. «Եթէ այս Աստուծոյ աշխարհն է, եւ սէրը՝ անոր մղիչ ուժը, ուրեմն մեր իւրաքանչիւրին պարտականութիւնը ապահով կեանքեր ապրիլ չէ, այլ ձերբազատիլ վախէն եւ մխրճուիլ կեանքի մէջ եւ գործնական ու շօշափելի արարքներ գործադրել»:
Մեր աշխատանքները եւ գործառնութիւնները պէտք է ստեղծեն ծառայութեան կեանք մը՝ բարիին պատկերով, որ կը փոխէ անհատը, բայց նաեւ՝ հաւաքականութիւնը եւ անոր պատմութիւնը:
Ծառայութեան տարի: Փոխող ու փոխուող եւ, տակաւին, նորոգուող ու նորոգող իրականութիւն: Եւ որպէս հայ քրիստոնեայ՝ կ՚արժէ կառչիլ անոր:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ