ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՏԻԿՆԻԿՆԵՐ
Ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ, ի թիւս կարգ մը հայկական ծիսական, ժողովրդական, աւանդական տիկնիկներու, կայ նաեւ զուարճալի տիկնիկ մը, որուն անունն է Ակլատիզ կամ Պաս պապիկ: Հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի Ակլատիզ տիկնիկը: Այսօր, ժողովրդական տօներու վերազարթօնքին եւ իւրովի տօնելու երեւոյթին հետ միասին շատ վայրերու մէջ՝ դպրոցներէն ներս, տուներու մէջ, կրկին կը պատրաստեն Ակլատիզը եւ ամբողջ Պահքի շրջանին կը կախեն առաստաղէն կամ պատուհանի մը մօտ կը դնեն:
«Ակլատի՜զ, բռնեբիբի՜զ, եկար մեզ հիւր, կախուար երդիս».
Այսպէս կ՚երգէին մանուկները՝ Մեծ պահքի շրջանին Ակլատիզ տիկնիկը տան երդիքէն կախելով:
Հայկական աւանդական պահքի շրջանի Ակլատիզ տիկնիկը կը պատրաստէին տնային հումքերէ: Անոր մարմինը կազմուած էր գլուխ սոխէ (գետնախնձորէ կամ խմորագնդիկէ), որուն վրայ խրուած կ՚ըլլար եօթ փետուր: Եօթ փետուրները խորհրդանշական օրացոյցի դեր կը կատարէին եւ կը խորհրդանշէին պահքի եօթ շաբաթները:
Հայկական զանազան հին բնակավայրերու մէջ այդ փետուրները գոյնզգոյն կ՚ըլլային կամ՝ չորսը ճերմակ, մէկը՝ սեւ ու ճերմակ, երկուքը՝ սեւ, քանի որ պահքի առաջին չորս շաբաթները ձմրան շրջանին կը զուգադիպին, վերջին երեքը՝ գարնան, երբ գետինը արդէն սեւցած է: Ամէն շաբաթավերջին մէկ փետուրը կը հանէին:
Ակլատիզը արական սեռի տիկնիկ էր, անոր վրայ կը գծէին պեխն ու մօրուքը, տղամարդու հագուստը, իսկ աջ ու ձախ պարզած թեւերէն քարեր կախուած կ՚ըլլային: Տիկնիկի ոտքերուն տակ նաեւ կծու պղպեղ կը կախէին:
Մեծ պահքի ամբողջ ընթացքին ան կը հսկէր, որպէսզի ընտանիքին մէջ ոչ ոք խախտէր պահքը: Հակառակ պարագային պատիժը չէր ուշանար. ըստ աւանդութեան, ան քարերով կը հարուածէր պահքը խախտողը, կամ ալ կծու պղպեղով կը վառէր անոր բերանը:
Այս իւրայատուկ օրացոյց-շաբաթացոյցին վրայէն վերջին՝ եօթներորդ փետուրը կը հանէին Զատկի Շաբաթ օրը եւ յաջորդ օրը կը տօնէին Զատիկը՝ Սուրբ Յարութեան տօնը: Վերջին փետուրը իւրայատուկ կ՚ըլլար: Զայն սոխին մէջ ամրացնելէ առաջ կը կոտրէին եւ այդ փետուրը կ՚անուանէին «կաղ ձիաւոր»: Պատճառն այն էր, որ պահքի վերջին շաբաթը շատ դանդաղ կ՚ընթանար, քանի որ անհամբերութեամբ կը սպասէին տօնին:
Պահքի եօթ շաբաթներուն ընթացքին տաք տան մէջ կախուած սոխը կամ գետնախնձորը ծիլ կու տար: Զատիկին, երբ Ակլատիզը առաստաղէն կ՚իջեցնէին, այդ աճած ծիլը կը կտրէին եւ կը նետէին Զատկուան օրը եփուող ճաշին մէջ:
Հայկական զանազան շրջաններուն մէջ Ակլատիզ տիկնիկը այլ անուններ ունեցած է՝ Ախելուծ, Գոգոռոզ, Ֆռիգ, Խախալիճ, Խոլոճիկ, Մռմռաս, Ագլատիդիզ, Պաս բեկ, Ախլոճ, Կոկորիճ, Ախացելի եւ այլն:
Երեւանի Ժողովրդական արուեստի թանգարանին մէջ Ակլատիզ տիկնիկի կողքին կախուած է նաեւ անոր կինը՝ Ուտիս մեծ մայրիկը: Հին ժամանակ Ուտիս մեծ մայրիկ տիկնիկը (որ ամէն բան ուտել թոյլատրող խորհրդանշական կերպարն է) եւ Ակլատիզ մեծ հայրիկը կռիւ կ՚ընէին Պահքէն մէկ օր առաջ՝ Բարեկենդանի օրը եւ կը յաղթէր Ակլատիզը: Ուտիս Մեծ մայրը ժողովրդական աւանդոյթներուն համաձայն շերեփը ձեռքին, գեր կին մըն էր, իսկ Ակլատիզ մեծ հայրը՝ նիհար ու ձիգ ծերունի մը:
Պահքի եօթ շաբաթներուն ընթացքին մեծերը Ակլատիզ տիկնիկով վախցուցած են պզտիկները, բան մը, որ տա-րածուած էր հին ժամանակ՝ այս ինչ բանը չընես՝ հաւկիթ չուտես, եթէ ոչ Ակլատիզը կ՚իջնէ եւ կը տանի քեզ: Այսօր անշուշտ, վախցնելու տարրը այլեւս գոյութիւն չունի Ակլատիզին մէջ, ան աւելի տօնական, խորհրդանշական կերպար մըն է, երբեմն նաեւ զուարճալի՝ իր սոխ-մարմնով, փետուրներով, քարերով եւ ոտքերուն տակէն կախուած պղպեղով:
Երախաները անհամբեր կը սպասէին պահքի աւարտին, որպէսզի վար իջեցնէին Ակլատիզը, տանէին նետէին ջուրը եւ ըսէին.
Ձմեռն անցաւ, գարունն եկաւ,
Պասը գնաց, Ուտիսն եկաւ,
Քաշուէ՛, կորսուէ՛, Զատիկն եկաւ:
Տի՜զ-տի՜զ,
Ակլատի՜զ…
Ինչպէս Ակլատիզը կոչուած է զանազան անուններով, զանազան բնակավայրերու մէջ նոյնպէս նաեւ Մեծ պահքը զանազան անուններ ունէր. օրինակ՝ Աղուցք (Մուսա լեռ), Ջոջ պաս (Հարք), Քառասնորդական եւ Ճոչ պաղս (Արճակ) եւ այլն:
Նախիջեւանցիները Մեծ պահքը անուանած են Աղացք, աղ ու հաց: Անոնք միայն բանջար, աղցան, խաշիլ եւ այլ կերակուրներ կ՚ուտէին: Իսկ առաստաղէն կախուած փետուրէ տիկնիկը կ՚անուանէին մռմռաս:
Հայոց մէջ, Մեծ պահքի շրջանին եղած են գեղեցիկ աւանդութիւններ: Հայերը այդ օրերուն շնորհաւորական այցելութիւններ կը կատարէին եւ նուիրատուութիւններ կ՚ընէին: Պահքի առաջին շաբթուան առաջին Երկուշաբթի օրը նոր փեսան օղի բռնած կ՚երթար շնորհաւորելու աներոջ ու զոքանչին Մեծ պահքը: Պահքի առթիւ իրարու կ՚այցելէին ու կը շնորհաւորէին գրեթէ բոլորը: Մանաւանդ խնամիներու միջեւ տարածուած էր պահքի կերակուրներէ բաղկացած «սեղաններ» ուղարկելու սովորոյթը: Ջաւախքի մէջ իրարու տուներ կ՚այցելէին երկու գլխաւոր նպատակով, նախ՝ շնորհաւորելու Մեծ պահքը, ապա՝ փորձելու իրենց բախտը եւ ուշադիր հետեւելու, թէ ինչպէ՞ս պիտի հիւրասիրեն զիրենք եւ ինչի՞ մասին պիտի խօսին: Պատահական չէ, որ ջաւախահայերը այդ օրը «բախտ փորձուկ» կը կոչէին:
Նշանուած աղջկան սկեսրանք (կեսայրը իր ընտանիքով ու մերձաւոր ազգականներով), կաղիններ եւ շագանակներ առած, կ՚այցելէին հարսնացուին տունը, ուր կաղնի խաղով («ջուխտ է, թէ՞՝ վարդ») եւ այլ խաղերով տօնական մթնոլորտ կը ստեղծէին: Վերջաւորութեան կ՚ընթրէին եւ ուշ երեկոյեան կը վերադառնային իրենց տուները:
Սիւնիքի մէջ Մեծ պահքի առաջին օրը, երեկոյեան, նոր փեսաները անակնկալ կերպով կ՚այցելէին իրենց աներուն տուները՝ հիւրասիրուելու ակնկալիքով: Գանձակի մէջ տղամարդիկ եւ տարեց կիներ, խնձորներ ու կիտրոններ առած, փոխադարձաբար կ՚այցելէին իրարու: Նոր փեսան անպայման կ՚այցելէր զոքանչին եւ զայն կը շնորհաւորէր ձեռքը համբուրելով: Վերջինս կը համբուրէր փեսային ճակատը եւ զոյգ մը գուլպայ կը նուիրէր իրեն:
Երիտասարդները ձիախաղեր կը կազմակերպէին, իսկ աղջիկներն ու նոր հարսերը կը նախընտրէին ճլորթի խաղը: Այդ խաղերը երբեմն լուրջ առիթներ կը ստեղծէին նոր ծանօթութիւններու եւ սիրային խոստովանութիւններու:
Մեծ պասի առաջին շաբաթը ապաշխարութեան օրեր համարելով՝ ծանր գործերով չէին զբաղեր. կիները ճախարակ չէին մաներ, կար չէին ըներ, շալ չէին գործեր:
Մեծ պահքի առաջին օրը տանտիրուհիները աղանձ կը պատրաստէին:
Բասենի մէջ, Մեծ պահքի առաջին օրը իւրաքանչիւր տան մէջ եօթ հատ առանց աղի բաղարջ կը թխէին, ի նշան եօթ շաբթուան:
Գալով Ակլատիզ տիկնիկին, որ այս օրերուն պատրաստուեցաւ եւ կախուեցաւ կարգ մը կեդրոններու մէջ, ազգագրագէտները կը նշեն, թէ հակառակ անոր, որ ան օժտուած էր բաւական տարաբնոյթ յատկանիշներով, մանաւանդ՝ պատժելու, բերանը վառելու մանուկները վախցնելու, քարեր նետելու գործերով, բայց Ակլատիզը աւելի դրական, քան բացասական կերպար մըն էր: Ժողովուրդը կը սիրէր այս կերպարը եւ նոյնիսկ երգեր նուիրած է իրեն:
Ակլատիզը նաեւ յուսաբեր էր: Ան կրնար բարիք բերել, ուրախ տարի ապահովել, դուրս վռնտել չարիքը եւ ապահովել բարին:
Տիկնիկներու թանգարան
Հայաստանի մէջ շուտով կը բացուի Տիկնիկներու թանգարան: Այդ թանգարանին մէջ իր փառաւոր տեղը կը գտնէ նաեւ Ակլատիզ հայկական ծիսական տիկնիկը, ինչպէս նաեւ հայկական այլ տիկնիկներ, ինչպէս՝ Թերափը, Նուրին, Խուճկուլուլուն, Չիչի մաման, Պուռմատիկինը, Ծաղկամերը եւ այլ հնագոյն անուններով տիկնիկներ: Անոնցմէ մաս մը այժմ կը ցուցադրուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, մաս մը՝ Ժողովրդական արուեստի թանգարանին, նաեւ՝ Պատմութեան թանգարանին եւ այլ կեդրոններու մէջ:
Երեւանի մէջ Տիկնիկներու թանգարան ունենալու գաղափարը եղած է արուեստաբան, հնագէտ եւ տիկնիկներու հաւաքորդ՝ Մարինա Խաչմանուկեանինը, որ տարիներ շարունակ տիկնիկներ հաւաքած եւ զանազան առիթներով զանոնք ցուցադրած է: Ան նաեւ առցանց հարթակ մը բացած է, ուր կը ներկայացնէ թէ՛ իր հաւաքածոն եւ թէ աշխարհի մէջ տիկնիկի պատմութիւնը: Մարինա Խաչմանուկեան յաճախ իր մտահոգութիւնը յայտնած է, թէ աշխարհի զանազան, ինչպէս նաեւ մեր դրացի երկիրներուն մէջ վաղուց կը գործեն տիկնիկներու կամ խաղալիքներու թանգարաններ, ուր կը պահուին ամենէն հին ծիսական տիկնիկներէն մինչեւ ժամանակակից՝ գործարանային արտադրութեան կամ հեղինակային տիկնիկներ ու տպաւորիչ խաղալիքներ, իսկ Հայաստանի մէջ նման թանգարան չկայ: Այս թանգարանները երկիր այցելող զբօսաշրջիկներու լաւագոյն այցեվայրերէն են:
Վերջապէս հայ մասնագէտին փափաքը իրականութիւն կը դառնայ: Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան բարձր հովանիին ներքոյ շուտով Երեւանի մէջ, Աբովեան փողոցին վրայ, Հանրապետութեան հրապարակին մօտ տարածքի մը մէջ կը բացուի Տիկնիկներու թանգարան, որու սրահներէն ներս կը ցուցադրուին թէ՛ Մարինա Խաչմանուկեանի տիկնիկները, թէ՛ այլ տիկնիկներ: Հաւանաբար Մարինա Խաչմանուկեանն ալ կը տնօրինէ թանգարանը, քանի որ ի՛նք եղած է գաղափարի յղացման հեղինակը եւ այս մտայղացումը ի՛նք ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար՝ Արմէն Ամիրեանին, որմէ ալ ստացած է դրական պատասխան: Արդէն նախատեսուած է, որ թանգարանի ցուցադրութիւնը պէտք է բաղկացած ըլլայ քանի մը բաժիններէ. հայկական ծիսական, պաշտամունքային տիկնիկներ, հին ոճի (եւրոպական) տիկնիկներ, խորհրդային տարիներու տիկնիկներ, թատերական տիկնիկներ եւ գեղարուեստական, հեղինակային տիկնիկներ: Հետագային, ըստ ձեռք բերուած տիկնիկներու, բաժինները կրնան աւելնալ:
Թանգարանի ցուցանմոյշներու առաջին մեծ խմբաքանակը՝ շուրջ չորս հարիւր տիկնիկ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը արդէն ստացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն: Վերջերս ԱՄՆ հաստատուած իրանահայ արուեստաբան՝ Ալիս Նաւասարկեան Հայաստանին նուիրաբերած է տասնամեակներով ժողված իր տիկնիկները, որոնք հազուագիւտ եւ նշանաւոր տիկնիկներ են՝ զանազան ազգերու կերպարներ, հեղինակային գործեր, մշակութային զանազանութիւն ներկայացնող նմոյշներ, հերոսներ, հռչակաւոր մարդիկ՝ տիկնիկներու տեսքով եւ այլն:
Ալիս Նաւասարկեան իր նուիրատուութիւնը կատարած է թատերական գործիչ՝ Երուանդ Ղազանչեանի միջոցաւ: Ալիս Նաւասարկեան մտերիմն է Ղազանչեաններու ընտանիքին, իր «Բեմին նուիրուած հայուհիներ» գիրքին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձած է Երուանդ Ղազանչեանի տիկնոջ՝ հանգուցեալ դերասանուհի՝ Կալիա Նովենցին: Երուանդ Ղազանչեան տեղեակ եղած է, որ Ալիս Նաւասարկեան ունի տիկնիկներու հրաշալի հաւաքածոյ մը, զոր հաւաքած է շուրջ քառասուն տարիներու ընթացքին: Սպահանի համալսարանը աւարտած, գիրքերու հեղինակ լոսանճելըսաբանկ Ալիս Նաւասարկեանին համար տիկնիկը զբաղումէ աւելի դարձած է մասնագիտութիւն եւ ան իր հաւաքածոն համալրած է ամենայն բծախնդրութեամբ: Երուանդ Ղազանչեան տեղեակ եղած է, որ ԱՄՆ-ի նախկին առաջին տիկին՝ Միշէլ Օպամայի մտերիմներէն մին համոզած է Տիկին Ալիսը՝ տիկնիկներու հազուագիւտ հաւաքածոն նուիրել Միշէլ Օպամային: Երուանդ Ղազանչեան ամէն ինչ ըրած է, որ այդ նուիրատուութիւնը տեղի չունենայ եւ նախօրօք գիտնալով, որ Հայաստանի մէջ թանգարան բանալու գաղափար կայ, հեռաձայնած է Ալիս Նաւասարկեանին եւ առաջարկած հաւաքածոն նուիրել Հայաստանին: Արուեստագէտ, հայ մշակոյթի նուիրեալ հայուհին ոգեւորուած է եւ առանց նիւթական ակնկալիքի՝ արկղերով Հայաստան ուղարկած է իր տիկնիկները: Մշակոյթի նախարարութենէն կը տեղեկանանք, որ Ալիս Նաւասարկեան ամրան կ՚այցելէ Հայաստան եւ իր սիրելի տիկնիկներուն կը հանդիպի արդէն նորաբաց թանգարանին մէջ:
Յ.Գ.- Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը մօտ ապագային բացուելիք Տիկնիկներու թանգարանի նմոյշները կը փափաքի համալրել նաեւ Ձեր աջակցութեամբ: Թերեւս մէկու մը տան մէջ «դուրս գալու» իր աստեղային ժամուն կը սպասէ ամենէն իւրօրինակ տիկնիկը: Նախարարութիւնը կ՚առաջարկէ գիրք՝ իւրօրինակ տիկնիկին փոխարէն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ