ՏԽՈՒՐ ԵՐԿԻՐ ԵՒ ԱՆՇՈՒՔ ՅՈԲԵԼԵԱՆ. ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ-100

Հայաստանի մէջ մեկնարկած են հայ մեծանուն երգահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջեանեանի 100-ամեակի ձեռնարկները: Երկար սպասուած այս յոբելեանը համընկած է Հայաստանի ներքաղաքական ճգնաժամին եւ նկատելի է, որ երկրին մէջ օրակարգը բոլորովին մշակութային չէ… Ծանր, ամօթալի եւ անլուծելի թուացող քաղաքական տագնապի այս կացութիւնը իր շուքին տակ ձգած է ամէն բան: Հայաստանը, որ աշխարհի մէջ յայտնի էր իր տաղանդաշատ արուեստագէտներով, այսօր այլ լոյսի տակ կը ներկայանայ նոյն աշխարհին:

Ժամանակին նաեւ Առնօ Բաբաջանեանի անունը լսելով օտարները կը պատկերացնէին Հայաստանը իբրեւ խաղաղութեան, ստեղծագործ տրամադրութիւններու եւ բարեբերութեան օրրան: Նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ սէր ու հռչակ վայելող երաժիշտը սպասուած հիւր էր միութեան բոլոր երկիրներուն մէջ, անոր երգերը կը հնչէին խորհրդային մայրաքաղաքներու երաժշտական սրահներուն մէջ, պուրակներէն եւ սրճարաններէն ներս կը թեւածէին անոր ստեղծած ծանօթ մեղեդիները: Երաժիշտը կը ստեղծագործէր նաեւ ռուսերէնով, բայց անգամ մը խոստովանած է. «Ինչ ալ որ գրեմ՝ կը ստացուի հայեցի»:

Այսօր ցաւով կը տեսնենք, թէ ինչպէս Առնօ Բաբաջանեանի 100-ամեակի պաստառները անշուք կը տարուբերին Երեւանի կարգ մը կառոյցներուն վրայ, եւ ինչպէս քաղաքական անիմաստ աղմուկը եւ պատերազմի բերած դառնութիւնը փոշիով եւ տխրութեամբ կը պատեն զանոնք: Անոր արձանին քով համերգ մը տեղի ունեցաւ, որով շատ չհետաքրքրուեցան անցորդները… «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ յոբելենական համերգը թերեւս միակ միջոցառումն էր, ուր բաբաջանեանական շունչ մը կար:

Երեւանի երբեմնի մշակութային, երաժշտական էութիւնը փոխուած է… Չկան ականաւոր մտաւորականները, որոնք շուք ու պայծառութիւն կը հաղորդէին քաղաքին, չկան վառ մարդոցմով լեցուն սրճարանները: Անհասկնալի միջավայր մըն է…

Երեւանի ականաւոր մարդոցմէ էր նաեւ յոբելեարը՝ Առնօ Բաբաջանեանը:

Անոր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անբաժանելի կերպով կապուած էին նոր Երեւանի կազմաւորման, մայրաքաղաքի շէն ապագային: Երեւանը խորհրդային զարգացող մայրաքաղաքներէն մէկն էր, ուր ձեւաւորուած են ապագայ երաժիշտին գեղարուեստական մտածողութիւնը եւ ազգայինի ըմբռնումը, որ տարիներու ընթացքին խորացած է: Անոր ծնողքը Իգդիր քաղաքէն էր: Բաբաջանեանի մայրը ռուսերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի եղած է, իսկ հայրը՝ ուսողութեան ուսուցիչ, մասնակցած է Առաջին համաշխարհային պատերազմին, Սարդարապատի ճակատամարտին:

Հինգ տարեկանին, շնորհալի մանուկներ յայտնաբերելու համար, իր յաճախած մանկապարտէզը այցելած է երգահան Արամ Խաչատուրեանին, տպաւորուած է Առնոյի դաշնակի կատարողութեամբ եւ թելադրած, որ մանուկը անպայման նուիրուի երաժշտութեան։

Զարմանալի է, բայց Առնօ Բաբաջանեան իր առաջին երաժշտական գործը ստեղծած է ինն տարեկանին եւ այդպէս գրաւած ժամանակի գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի նշանաւոր գործիչներուն եւ քննադատներուն ուշադրութիւնը:

Չարենց իր հոգածութեան տակ առած է Բաբաջանեանը եւ անոր առջեւ բացած Երեւանի Պետական երաժշտանոցին կից երաժշտական դպրոցին դռները։ Այնուհետեւ, Բաբաջանեան իր մասնագիտական ուսումը ստացած է նախ Երեւանի Պետական երաժշտանոցին մէջ, ապա 1948 թուականին ընդունուած է Մոսկուայի Պետական երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժինը, միաժամանակ իր արուեստը կատարելագործելով Մոսկուայի Հայաստանի Մշակոյթի տան արուեստանոցին մէջ։

1950-1956 թուականներուն Բաբաջանեան դասաւանդած է Երեւանի Պետական երաժշտանոցը եւ 1956 թուականին վերջնական բնակութիւն հաստատած է Մոսկուայի մէջ, ուր մահացած է 11 նոյեմբեր 1983 թուականին, յուղարկաւորուած է Երեւանի կեդրոնական գերեզմանատունը:

Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործական հարուստ ժառանգութիւնը կ՚ընդգրկէ երգեր, գործիքային կատարումներ, համերգական (սիմֆոնիք) երաժշտութիւն: Ան ստեղծագործած է զանազան ժանրերով՝ դասական, փոփ, ճազ:

Արուեստի քննադատներն ու կենսագիրները կ՚ընդգծեն, որ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտական կազմաւորման վրայ խոր ազդեցութիւն գործած են Արամ Խաչատուրեան եւ ռուս նշանաւոր երաժշտահան, խմբավար Սերկէյ Ռախմանինով։ Ան եղած է մեր ժողովուրդին սիրուած երաժիշտը, որուն «Վաղարշապատի պար»ը, «Հերոսական պալլատ»ը, «Հայկական ռապսոդիա»ն եւ «Դաշնամուրային եռեակ»ը մինչեւ այսօր լայն ժողովրդականութիւն կը վայելեն։ Նոյնպէս նաեւ «Կամուրջներ», «Գուշակիր ցանկութիւնս» ու «Մի շտապիր» երգերուն օրինակով քնարական գործերը։

Երաժիշտը կրցած է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ հայկական մեղեդիներուն վարպետօրէն համադրել եւրոպական ու ռուսական հնչերանգները, որոնք մինչեւ այսօր կը զարմացնեն արուեստի քննադատները:

Բաբաջանեան մեծ գործ կատարած է նաեւ թատերական եւ շարժանկարային գլուխ-գործոցներու երաժշտական դաշնաւորման ասպարէզին մէջ։ Իրենց ժողովրդականութիւնը մինչեւ այսօր կը պահպանէ «Իմ սիրտը լեռներում է», «Առաջին սիրոյ երգը», «Երջանկութեան մեխանիկան» եւ «Հարսնացուն հիւսիսից» գործերուն բեմականացման համար Բաբաջանեանի ստեղծած երաժշտական դաշնաւորումները։

Ըլլալով նաեւ տաղանդաւոր դաշնակահար, Առնօ Բաբաջանեան դաշնակահարը ինքզինք գերազանցած է յատկապէս սեփական երգերու եւ երաժշտական ստեղծագործութեանց մեկնաբանութեան ժամանակ։

ՅԻՇԱՏԱԿ

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ այսօր մի քանի երաժշտական կրթական հաստատութիւն կը կրեն Առնօ Բաբաջանեանի անունը, Երեւանի մէջ անոր անունով համերգասրահ, փողոց կայ եւ իր արձանը՝ Օփերային քով: 2001 թուականին Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Ժորէս Ալֆերովի նախաձեռնութեամբ Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան Առնօ Բաբաջանեանի պատուին մոլորակ մը անուանակոչած է: Տարիներ առաջ, Հայաստանի զանազան իշխանութիւնները քննարկած էին Առնօ Բաբաջանեանի 100-ամեակին առթիւ Երեւանի մէջ բանալ անոր թանգարանը, բայց հարցը այսօր մոռացութեան մատնուած է: Բաբաջանեան Երեւանի մէջ երկու տուն ունեցած է, բայց երկուքն ալ այս պահուն չեն պատկանիր ժառանգներուն: Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը Բաբաջանեանի 100-ամեակին նուիրուած յուշադրամ մը թողարկած է: Տարին առջեւն է, եւ սպասենք, որ այն լեցուի բաբաջանեանական անմահ մեղեդիներով:

Բաբաջանեանի մասին գիրք գրած եւ 2006 թուականին հրատարակած է լրագրող Վանիկ Սանթրեան, գիրքին մէջ ժողված է երգահանի կեանքէն հետաքրքրական դրուագներ, մամուլէն նիւթեր եւ պատմութիւններ, զորս ժամանակակիցները պատմած են Բաբաջանեանի մասին:

Գիրքէն հատուած մը կը ներկայացնենք.

«ՀԱՅՐՍ ՀԵԾԱՆԻՒ ԲԵՐԱՒ»

Հեծանիւ շատ կը սիրէր: Ատիկա թուլութիւն էր եւ հայրը գիտէր այդ մասին:

«Կարո՞ղ էք յիշել ձեր կեանքի ամենաերջանիկ օրը», հարցազրոյցի մը ժամանակ երգահանին հարցուցած է լրագրող Եուրի Փելքին: Երգահանը որպէս պատասխան վերյիշած է այն օրը, երբ հայրը իրեն հեծանիւ բերած էր:

...Երեսնականներուն սկիզբները: Փորձէ՛, ինչպէս կ՚ըսեն, մարդավարի հագուստ-կապուստ ունենալ: Այդ յետագայի մասին է, որ Առնոն կ՚ըսէ. «Այ մարդ, լա՜ւ է: Շոփէնի, Ռախմանինովի ժամանակ դիւրին էր, ո՛չ ժողով կար, ոչ նարտի: Կեանքն ալ այսքան հետաքրքրական չէր: Մարդը չի գիտեր ինչ ընէ՝ գրէ՞, թէ՞ ապրի»:

Այդ յետագայի՝ այսօրուայ մասին է: Իսկ երեսնականներու սկիզբը ապրիլը դիւրին չէր: Ի՜նչ մնաց հեծանիւ գնել, ան ալ՝ մանկավարժ ծնողքին խնայողութիւններով. «Իմ յիշողութեանս մէջ այդ օրը ընդմիշտ անջնջելի հետք ձգած է», խոստովանած է Բաբաջանեան:

Հայրը նկատած է, որ հեծանիւ կը սիրէ: Յաճախ հեծանիւ ունեցող ընկերներուն կը դիմէր. «Տո՛ւր քշեմ, տո՛ւր քշեմ»: Երբեմն կու տային, կը պատահէր, որ չէին տար. «Զզուեցուցի՛ր»: Ինչո՞ւ «զզուեցուցի՛ր»: Եղածն ի՞նչ է. հեծանիւ մը ընդամէնը: Տարեց ընթերցողը հարց կու տայ՝ ինչո՞ւ այսքան մանրանալ: Բայց երբ մտնես անոր տասնամեայ տարիքը. օ՜, այդ ժամանակ հեծանիւը օդանաւի մը կամ շոգենաւի մը արժէքը ունէր:

«Տուր քշեմ, տուր քշեմ»: Չէին տար: Հեծանիւը պատկառելի գումար կ՚արժէր, ատկէ զատ, գտնելն ալ դժուար էր: Հայրը զոհողութեան կ՚երթայ: Տասնմէկամեայ Առնոն հեծանիւ կ՚ունենայ, աշխարհի ամենալաւ հեծանիւը, որ կարող է նստիլ, քշել, քշել, քշել… Եւ ցուցադրաբար կ՚ըսէ՝ տեսէք, չէիք տար, հիմա դուք ինձմէ կը խնդրէք:

Երբ տակաւին չունէր, հազար ու մէկ երազանքներ կը հիւսէր ունենալուն շուրջ: Տակաւին չէր եկած այն ժամանակը, երբ երգեր կը գրէր, կը վաճառէր ու ստացած գումարով հեծանիւ ձեռք կրնար ձգել: Այդ մէկը յետոյ պիտի ըլլայ. յետոյ պիտի ըլլայ, երբ թղթակիցը յիշատակէ երգաստեղծ երգահանին, իր ամարանոցին դրան փակցուցած կէս-կատակ ցուցանակը. «Երգը մեզի կ՚օգնէ կառուցել եւ ապրիլ», իսկ Առնոն՝ պիտի ըսէր, թէ ինքը ամարանոց չունի, բայց երգը իրօք կ՚օգնէ ապրելու:

Բայց հիմա ետ երթանք երեսնականի սկիզբները: Հեծանիւը կար, զոր նուիրելով, հայրը ըսաւ.

-Ես գիտեմ, որ շատ կ՚ուզես քշել եւ չեմ կամենար, որ խնդրես մէկէ մը, ստորանաս անոր առջեւ հեծանիւի մը պատճառով: Ատիկա շատ վատ է. մուրալու հոգեբանութիւն կ՚ունենաս: Չէ՞ որ դուն կ՚ուզես երգահան դառնալ, իսկ երգահանի հոգին պիտի չմուրայ, չաղքատանայ: Ան շռայլ պիտի ըլլայ, բարի ու լայնահուն: Երբեք չնուաստանաս:

Հօր մասին Առնոյի իւրաքանչիւր խօսք-զրոյցին մէջ քնքշանք կար. «Հայրս ինձ լաւ դաստիարակած է, շատ լաւ», յաճախ կրկնած է. «Եղիր ազնիւ, արդարամիտ, բարի, համարձակ,- ըսած է ան,- երբեք մի՛ նախանձիր մարդոց, Առնօ, մի՛ ուրախանար ուրիշին վիշտով, մի՛ ծիծաղիր ուրիշին դժբախտութեան վրայ: Այդ ժամանակ, մարդկային երջանկութիւնը կ՚այցելէ քու տունդ:

Յիշէ այս մասին: Եւ երգէ ատիկա քու երգերուդ մէջ»:

Հօր խօսքերը երբեք չէր մոռնար, երբ ալ ըլլար, ուր ալ ըլլար: Ինքը այդ խօսքերը կը փոխանցէր ուրիշներուն, որպէս բարի ուսուցիչ, որ ժառանգած էր իր ուսուցիչ հօրմէն, իր միւս ուսուցիչներէն, որոնք ժամանակի ու բոլոր ժամանակներու նշանաւոր երաժիշտներ էին ու են:

ՎԱՐՊԵՏՆԵՐԸ

Ուիլիըմ Սարոյեան անգամ մը ըսած է. «Ան առաջինն էր, որ զիս հայերէնով «Վարպետ» անուանեց։ Ես անոր նոյն կերպ պատասխանեցի, եւ գիտէ՞ք՝ ան բոլորովին չզարմացաւ եւ նոյնիսկ չվիճեցաւ, եւ ատիկա հիանալի է, քանզի իսկական Վարպետը միշտ պէտք է գիտնայ իր գինը»։

«Ես ազատ ժամեր չունիմ եւ չեմ ալ ունեցած: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին եղած եմ պաշարուած ամրոցի մը նման: Այո՛, ես պաշարուած եմ հնչիւններով, քուն թէ արթուն ղօղանջներու մէջ եմ: Մի՛ զարմանաք, եթէ ըսեմ, որ իմ տեսած երազներս ալ կապուած են հնչիւններու հետ: Այդ հնչիւններէն ես կ՚ընտրեմ սրտահաճները եւ երգեր կը յօրինեմ: Ինծի համար ազատ ժամ ունենալ՝ կը նշանակէ կտրուիլ հնչիւններէն, որ կեանքին հրաժեշտ տալու պէս է»:

ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021