«ԱՆԾԱՆՕԹ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Ե­րե­ւա­նի «Վեր­սուս սթիւ­տիօ»ին կող­մէ ար­տադ­րուած փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նալ զա­նա­զան հար­թակ­նե­րու վրայ։ «Վեր­սուս»ի կող­մէ պատ­րաս­տուած ե­զա­կի գոր­ծե­րէն մին՝ «Ան­ծա­նօթ իմ հայ­րե­նիք»ը վեր­ջերս ցու­ցադ­րուե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ։ Ֆրան­սա­յի Ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին կա­ճա­ռի Հայ­կա­կան ամ­պիո­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս ցու­ցադ­րուե­ցաւ «Ան­ծա­նօթ իմ հայ­րե­նիք»ը։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բի գլխա­ւոր ե­րեք դէմ­քե­րը՝ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան, Ա­րա Շի­րի­նեան եւ Սա­թե­նիկ Ֆա­րա­մա­զեան։ Ցու­ցադ­րու­թեան յա­ջոր­դեց նաեւ ա­սու­լի­սի բա­ժին մը։ Ձեռ­նար­կի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց հիւ­րըն­կալ ամ­պիո­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Թա­լին Տէր-Մի­նա­սեան։ Ա­պա ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ ֆիլ­մը, որ­մէ վերջ ա­նոր հե­ղի­նա­կը՝ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան ման­րա­մասն պա­տաս­խան­ներ տուաւ ի­րեն ուղ­ղուած զա­նա­զան հար­ցում­նե­րուն։

Հարկ է նշել, որ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան եւ իր գոր­ծա­կից ըն­կեր­նե­րը վեր­ջերս Ֆրան­սա այ­ցե­լե­ցին այս ժա­պա­ւէ­նին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը պատ­րաս­տե­լու ճա­նա­պար­հին՝ հար­ցազ­րոյց­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով։ Ար­դա­րեւ, փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան գոր­ծը կը վե­րա­բե­րի Բ. Աշ­խար­հա­մար­տին յա­ջոր­դած՝ դէ­պի Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թին։ Ան­ծայ­րա­ծիր այս նիւ­թը Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը հե­տաքր­քիր­նե­րուն կը մա­տու­ցեն մաս առ մաս։ Հարկ է նշել, որ ա­նոնք յա­ջո­ղած են լաւ սահ­մա­նում մը նա­խա­տե­սել՝ նիւ­թը հա­մա­պա­րա­փակ եւ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս հե­տաքրք­րա­կան ներ­կա­յաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։

«Ան­ծա­նօթ իմ հայ­րե­նիք»ի ներ­կա­յա­ցու­մը ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ»ին մէջ։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք այս կա­պակ­ցու­թեամբ թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ժի­րայր Չո­լա­քեա­նին կող­մէ գրի առ­նուած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

*

Կան ֆիլ­մեր, ո­րոնք չեն պատ­մուիր, պէտք է դի­տուին։ Այդ­պէս է Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեա­նի պատ­րաս­տած ժա­պա­ւէ­նը՝ փաս­տագ­րա­կան, վա­ւե­րագ­րա­կան ե­րեք տե­սա­ֆիլ­մե­րու շար­քէն, «Ան­ծա­նօթ իմ հայ­րե­նիք» վեր­նագ­րով, նուի­րուած 1946-1949 թուա­կան­նե­րու «մեծ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան» կամ ներ­գաղ­թի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Այս շար­քին ա­ռա­ջի­նը ցու­ցադ­րուե­ցաւ Մարտ 11-ին, Ի­ՆԱԼ­ՔՕ-ի մէջ, Թա­լին Տէր-Մի­նա­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ներ­կայ էին շուրջ քա­ռա­սուն ա­րուես­տա­սէր­ներ, մեծ մա­սամբ Ի­ՆԱԼ­ՔՕ-ի շրջա­նա­կէն. կը մաս­նակ­ցէին Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան եւ իր գոր­ծըն­կեր­նե­րը, ո­րոնք Ֆրան­սա ե­կած էին նաեւ զա­նա­զան վա­ւե­րագ­րու­թիւն­ներ հա­ւա­քագ­րե­լու հա­մար՝ հե­տա­գա­յին տե­սա­ֆիլ­մե­րու երկ­րորդ եւ եր­րորդ շար­քե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով։

Ա­ռա­ջին տե­սա­ժա­պա­ւէ­նը՝ «Ան­ծա­նօթ իմ հայ­րե­նիք» նուի­րուած էր ներ­գաղ­թին, ու­նի պատ­մա­կան բա­ժին մը, ուր օգ­տա­գոր­ծուած են սո­վե­տա­կան պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րէն հա­նուած տե­սա­նիւ­թեր, ինչ­պէս ե­րեք մե­ծե­րու՝ Ստա­լի­նի, Չըր­չի­լի եւ Ռուզ­վել­թի հան­դի­պու­մը Մոս­կուա­յի մէջ, «Ռո­սիա» շո­գե­նա­ւուն վրայ ներ­գաղ­թող­նե­րուն պա­րե­րը, դէմ­քե­րը…։

Տե­սա­ժա­պա­ւէ­նը հա­րուստ է վկա­յու­թիւն­նե­րով։ Հոն տեղ գտած են ներ­գաղ­թող­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն շա­ռա­ւիղ­նե­րուն տե­սագ­րուած բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւն­նե­րը եւ այ­սօ­րուան ակ­նո­ցով դի­տուած՝ պատ­մա­բան­նե­րուն տե­սա­կէտ­նե­րը, թէ ինչ­պէս կ՚ար­ժե­ւո­րեն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։

Ժա­պա­ւէ­նը յատ­կան­շա­կան է ան­շուշտ այն ա­ռու­մով, որ ներ­գաղ­թող­նե­րէն շա­տեր ար­դէն մեկ­նած են այս աշ­խար­հէն, բայց յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը կ՚ապ­րին զա­ւակ­նե­րուն շնոր­հիւ, ո­րոնք կը նկա­րագ­րեն ի­րենց ապ­րած ներ­գաղ­թը, Սո­վե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ան­փու­թու­թիւ­նը, խաբ­կան­քը, ի­րենց կրած զրկանք­նե­րը, Սի­պիր աք­սոր­նե­րը, գոր­ծուած կարգ մը սպա­նու­թիւն­նե­րը, նաեւ ան­կէ ա­ռաջ տի­րող մթնո­լոր­տը՝ ներ­կու­սակ­ցա­կան բա­խում­նե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյ դիր­քո­րո­շու­մը։

Քայլ առ քայլ կը հե­տե­ւինք վե­րա­դար­ձի հանգ­րուան­նե­րուն։ Յու­սա­խա­բու­թիւ­նը՝ երբ ներ­գաղ­թող­նե­րը ա­ռա­ջին օ­րը ոտք կը կո­խեն Պա­թու­մի նա­ւա­հան­գիս­տը եւ ուր ա­նոնց ձեռ­քէն կը խլեն ի­րենց հետ բե­րած ու­տես­տե­ղէ­նը եւ ծո­վը կը թա­փեն, ը­սե­լով թէ ար­տա­սահ­մա­նէն բե­րուա­ծը կրնայ վա­րա­կիչ հի­ւան­դու­թիւն­ներ պա­րու­նա­կել…։ Այ­նու­հե­տեւ գաղ­թող­նե­րը ո­րոշ յոյ­սե­րով լե­ցուած գնաց­քով ճամ­բայ կ՚ել­լեն դէ­պի Հա­յաս­տան։ Այն­տեղ ա­նակն­կալ ըն­դու­նե­լու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նան, քա­նի որ ներ­գաղ­թող­նե­րուն տրա­մադ­րե­լի շատ քիչ բնա­կա­րան­ներ կա­ռու­ցուած էին եւ մա­նա­ւա՛նդ Երկ­րին մէջ կը տի­րէր սով, ա­նա­պա­հո­վու­թիւն…։ Այս թշուառ­նե­րէն շատ քի­չեր Ե­րե­ւան կը փո­խադ­րուին, իսկ ա­նոնց­մէ շա­տեր կը ղրկուին մեր­ձա­կայ շրջան­նե­րը, ուր սար­սա­փե­լի պայ­ման­նե­րու տակ բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տեն, եր­բեմն նոյ­նիսկ ա­խոռ­նե­րու մէջ եւ կեն­դա­նի­նե­րու քով խռնուած քարշ կու տան ի­րենց գո­յու­թիւ­նը։ Ժա­պա­ւէ­նին մէջ կը ցու­ցադ­րուին այս տե­սակ կեն­ցա­ղի մա­սին վկա­յու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու վար­չա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, երբ ա­նոնց ի­րե­րը կա՛մ կը բռնագ­րա­ւուին կամ ալ հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին ժո­ղո­վուր­դը ստի­պուած ծա­խու կը հա­նէ իր ու­նե­ցած-չու­նե­ցա­ծը՝ կահ-կա­րա­սի, հա­գուստ, ո­րոնք ար­տա­սահ­մա­նէն բե­րուած ըլ­լա­լով յար­գի էին։ Այս ա­մէ­նուն կը գու­մա­րուին ար­գելք­նե­րը, խստու­թիւն­նե­րը, կու­սակ­ցա­կան հար­ցապն­դում­նե­րը, սո­վե­տա­կան ու­ղեղ-լուա­ցու­թեան մե­թոտ­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քին ներ­գաղ­թող­նե­րէն շա­տեր կը ղրկուին Սի­պի­րի կու­լակ­նե­րը։ Ա­սոնք բա­ցա­ռիկ վկա­յու­թիւն­ներ են հասկ­նա­լու հա­մար այն օ­րե­րու ան­ցու­դար­ձե­րը։

Ժա­պա­ւէ­նի վեր­ջին բաժ­նին մէջ ակ­նարկ­ներ կան ներ­գաղ­թող­նե­րու Սփիւռ­քի ազ­գա­կան­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք փա­փա­քած են ներ­գաղ­թել, բայց կա՛մ ուշ ար­ձա­նագ­րուած են կամ ալ պար­զա­պէս այ­լեւս տեղ չէ մնա­ցած ա­նոնց հա­մար։ Ծու­ղա­կը ին­կած ներ­գաղ­թող­նե­րը թա­քուն ձե­ւե­րով ի­րենց բա­րե­կամ­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած են՝ հրա­ժա­րիլ դէ­պի Եր­կիր գաղ­թե­լէ…։ Հե­տաքրք­րա­կան են գաղտ­նա­գիր­նե­րով փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը, օ­րի­նակ՝ մէ­կը իր ազ­գա­կա­նին կ՚ը­սէ՝ «գա­լու ա­տեն ձե­զի հետ բե­րէք նաեւ ձեր քոյ­րերն ու մօ­րա­քոյ­րը…», իսկ այս վեր­ջին­նե­րը շա­տոնց ար­դէն մա­հա­ցած ըլ­լա­լով ար­տա­սահ­մա­նի ազ­գա­կա­նը կ՚անդ­րա­դառ­նար, թէ հոն մե­ռե­լա­յին կա­ցու­թիւն կը տի­րէ…։

Ան­համ­բեր կը սպա­սենք Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեա­նի ժա­պա­ւէ­նի յա­ջորդ բա­ժին­նե­րուն, որ­պէս­զի ներ­գաղ­թի ծրագ­րին ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցու­մը ու­նե­նանք։ «Ան­ծա­նօթ իմ հայ­րե­նիք»ի երկ­րորդ մա­սը պի­տի յատ­կա­ցուի մաս­նա­ւո­րա­բար հա­յաս­տա­նեան հար­ցաքն­նու­թիւն­նե­րուն եւ դէ­պի կու­լակ աք­սո­րա­վայ­րե­րուն, իսկ վեր­ջին հա­տուա­ծը նուի­րուած է ներ­գաղ­թող­նե­րու ար­տա­գաղ­թի շար­ժու­մին։

Ցու­ցադ­րու­թեան ա­ւար­տին բազ­մա­թիւ հար­ցում­ներ ուղ­ղուե­ցան։ Ե­ղան վկա­յու­թիւն­ներ ներ­գաղ­թած ար­տա­գաղ­թող­նե­րու…։

Ան­կաս­կած նո­րէն ա­ռիթ կ՚ըլ­լայ ցու­ցադ­րե­լու այս ար­ժէ­քա­ւոր տե­սա­նիւ­թը։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016