ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՍՏՐՈՒԿԸ ԱՅՆ Է, ՈՐ ԻՆՔԶԻՆՔ ԱԶԱՏ ԿԸ ԿԱՐԾԷ
Ամերիկացի մտաւորական Սաուլ Ալինսքի մահացած է՝ 44 տարի առաջ. սակայն, անոր հեղինակութիւնները խորին ներազդեցութիւն դրոշմած են Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քաղաքական ղեկավարներու գործունէութիւններուն, հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ։ Նկատի ունենալու ենք, թէ Ալինսքիի յղացած տեսութիւնները մինչեւ այսօր կը կիրարկուին այս ժողովուրդին վրայ. իր տեսութիւններով ուսանած, մասնագիտացած եւ թէզեր պաշտպանուած են քաղաքական դէմքերու կողմէ, որոնք այսօր այս ժողովուրդին ղեկավարութեան կոչուած անձեր են, ինչպէս՝ Ուիլիըմ Քլինթըն, Հիլըրի Քլինթըն, Պարաք Օպամա, Հենրի Քիսինճըր, Ռահմ Էմանուէլ եւ բազում այլ քաղաքական ղեկավարներ։
Սաուլ Ալինսքի մահացաւ 12 Յունիս 1972-ին, Գալիֆորնիոյ Քարմէլ քաղաքին մէջ։ Ան շրջանաւարտ էր Շիքակոյի համալսարանէն եւ հեղինակն է «Rules of Radicals», «Reveille for Radicals» գիրքերուն, որոնց ութ պատուիրանները կը ներկայացնեն յատուկ պատկերը այսօրուան Միացեալ Նահանգներու կարգավիճակին։ «Ինչպէս կարելի է ստեղծել ընկերային (social), խմբակեցիկ պետութիւն մը», կ՚ըսէ Ալինսքի։
Պետութեան մը ընկերային ղեկավարութեան համար, կան ութ կարեւոր հանգրուաններ, որոնք ընկալման կարիքը ունին, անոնց ընհանրացումէն առաջ։
Առաջին՝ Առողջապահութիւն։ Երբ կը հակակշռես ժողովուրդի մը առողջապահական կարիքները, այն ժամանակ կրնաս հսկել եւ զսպել զիրենք։
Երկրորդ՝ Աղքատութիւն։ Անսահմանօրէն բարձրացնել չքաւորութեան մակարդակը ժողովուրդի մը մէջ. որովհետեւ՝ աղքատ ժողովուրդի մը ղեկավարութիւնը աւելի հեշտ է, եւ ընդդիմութիւնը կամ յեղափոխութիւնը կը չքանայ, երբ դուն կը հոգաս անոր ապրուստը։
Երրորդ՝ Պարտք։ Յաւելացնել ժողովուրդին պարտքերը, հասցնելով աննկարագրելիօրէն անկայուն մակարդակներու. այս կարգով հեշտօրէն կարելի է կիրարկել տուրքերու յաւելումը առանց դիմադրութեան, որ պիտի յանգի առաւել աղքատութեան մակարդակներու։
Չորրորդ՝ Զէնքերու արգելափակում եւ հակակշիռ։ Նպատակն է վերացնել ժողովուրդի մը՝ պետութենէն ինքնապաշտպանութեան կարողութիւններն ու միջոցները. այս կարգով պիտի կարենաս ստեղծել «ոստիկան պետութիւն մը», հսկելու եւ ղեկավարելու համար երկիրը։
Հինգերորդ՝ Walfare։ Հակառակ անոր, որ հայերէն եւ նոյնիսկ անգլերէն լեզուներուն մէջ այս բառին նշանակութիւնն է բարօրութիւն երջանկութիւն, դժբախտաբար սակայն ան չարաշահուած է տարբեր իմաստ ակնարկելով, որն է նպաստ, օգնութիւն, որոնք հաւանաբար՝ ստացող էակը պիտի առաջնորդեն բարօրութեան եւ երջանկութեան, առատ եւ անվճար ուտեստեղէնի դիւրութիւններով եւ Լաս Վեկասի, Սանթա Պարպարայի կամ այլ քազինոներու եւ սրահներու վայելքներով։ Ուրեմն, այս կերպով, պետութիւնը պիտի կարենայ հսկել անհատներու կենցաղային կարիքներուն ու ապրելակերպերուն վրայ, ինչպէս՝ ուտեստեղէնի, ապրուստի եւ եկամուտի աղբիւրները։
Վեցերորդ՝ Ուսում։ Հսկողութեան, հակակշռի եւ զսպումի տակ առնել ժողովուրդի մը տեսողութեան եւ լսողութեան աղբիւրները. հսկել եւ հաշուեքննել անոնց զաւակներուն ուսուցմունքի աղբիւրները, վարժարաններու գրասեղաններէն սկսեալ։
Եօթներորդ՝ Կրօնք։ Վերացնել աստուածային հաւատքն ու կրօնքը վարժարաններէն եւ պետական կառոյցներէն։
Ութերորդ՝ Դասակարգային բաժանում (Class Welfare, այսինքն՝ դասակարգային բարօրութի՞ւն)։ Նպատակն է ստեղծել հարուստ եւ աղքատ դասակարգեր միայն, վերացնելով միջին դասակարգը։ Այս կերպով՝ պիտի ստեղծուի ժողովրդային անհանդարտ եւ դժգոհ կարգավիճակ, ուր հեշտօրէն կարելի է հարուստ դասակարգին պարտադրել, յաւելեալ տուրքերով, աղքատներուն նեցուկ կանգնելու եւ հոգատարութիւն ցուցաբերելու համար, ի դիմաց՝ իրենց շահարկումներուն։
Հիմա, կարդալով այս, ինչպիսի՞ մտորումներ կրնան յստականալ մեր միտքերուն մէջ, երբ կը լսենք, կը դիտենք եւ կ՚ապրինք մեր շրջապատին կամ մեր ապրած կարգ մը երկիրներուն մէջ, ուր գործնականօրէն կը պատահին վերոյիշեալ ութ կէտերը։
Ալինքսին յստակօրէն կը պարզաբանէ Վալատիմիր Լենինի նախնական համաշխարհային համայնավարութեան ծրագիրը, ուր Ստալին՝ «օգտակար յիմարներ» կոչած է համայնավարութեան հետեւորդները։
Բայց, ինչո՞ւ չյաջողեցաւ այդ ընկերվարական ծրագիրը անցեալի եօթանասուն տարիներուն եւ կարգ մը մարդիկ տակաւին կը փորձեն զայն կիրարկել տարբեր կերպարներով։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ