ՈՒԹ ՎԱՅՐԿԵԱՆ

Կնոջը խնդրեց, որ վարը սպասէ։ Մինակը պիտի բարձրանար, որ կողակիցը չտեսնէր հնարաւոր տուայտանքները, հարուածները գուցէ, զորս ինք կրնար ստանալ բարձրանալով այնտեղ, աւելի քան տասնհինգ տարի վերջ։

Կինը կասկածաբար նայեցաւ իրեն, միաժամանակ հասկնալով զինք. վստա՞հ ես, ըսել ուզեց գուրգուրալից։ Վստահ էր. գլուխով հաստատեց Կրեկը։ Եւ դարձաւ ետեւ։

Բարձրացաւ աստիճանները դանդաղ, երթալէն աւելի սրտատրոփ։ Ինչքան կը բարձրանար, այնքան աւելի կը յիշէր վայրն իր մանրամասներով։ Պատուհաններն այդ խոշոր, կիսայարկերուն վրայ բացուող. սեւ ու կապոյտ սալիկները՝ գամուած պատի տարբեր մասերուն. բայտէ դռները յարկաբաժիններուն... ոչինչ փոխուած։

Յանկարծ

հասած էր։

Իրենց դուռն էր դիմացը. վիթխարի, շքեղ նոյնիսկ. փոշոտած բռնակով։ Ձեռքը տարաւ գրպանին, բռնեց խոշոր բանալին. պաղ էր. դող մը անցաւ մատներէն մէջքը մինչեւ, հոնկէ ալ վեր՝ ուղեղին։ Հաւաքեց ինքզինք. մտնէր պիտի. Փարիզէն եկած էր յատուկ ասոր համար։ Հետեւիլ հոգեբանի խորհուրդին։

Բանալին մտաւ ծակէն ներս, դողդղալով։ Դժուար դարձաւ երկու անգամ, եւ բացաւ դուռը, առանց բռնակի օգնութեան։ Աստիճաններէն եկող քամին օգնեց։ Դիմացը տան զմիջանցքն էր ահա։

Դանդաղ մտաւ ներս։ Ականջները տաս սրած, աչքերը քսան բացած։ Ձախին, գիտէր, հիւրասենեակը պիտի ըլլար։ Հասաւ անդուռ մուտքին անոր, աչքերը փակեց։ Հոն պատահած էր ամէն ինչ. վերջին գիշերն այդ, յաջորդ առտուայ փախուստէն քանի մը ժամ առաջ։ Կոպերը սեղմած մնաց երկար, այնքան երկար, որ տաս-տասնհինգ վայրկեան թուեցաւ իրեն։ Յետոյ նետեց աջ ոտքը առջեւ, ու զգաց, որ ներսն էր արդէն։ Սուր հոտ մը եկաւ ծակելու սիրտը, ու սարսափահար՝ ճչաց, բանալով աչքերն ու իյնալով գետին՝ ծունկերուն վրայ։

Արեւը ձախ կողմի պատուհանէն ներս կ՚իյնար։ Լքեալ պատկեր մը կը պարզէր սենեակը։ Բազկաթոռն էր ծնողներու սենեակի, աթոռ մը, զոր չյիշեց, ու փուռը խոհանոցէն. ակնյայտօրէն մտնող, տեղաղարժեր ընող եղած էր տարիներու ընթացքին։ Հոտ մը պատած էր սենեակը։

Յանկարծ բեռնաթափման զգացում մը պատեց էութիւնն իր ամբողջ. յաջորդեց հեկեկոց մը, թերեւս ամենէն ծանրը մինչ օրս, բայց բուժիչը միաժամանակ՝ առաջին անգամ ըլլալով։ Դատարկ էր սենեակը, եւ դատարկուած էր ինք՝ անոր իր մէջ մխրճած խոցէն։

Առանց դուռն իսկ քաշելու, բանալին ալ վրան ձգած, վազեց վար. ալ գործ չունէր այդ վայրի հետ։ Հասաւ կնոջ մօտ, գրկեց անոր, աչքերը սրփեց, ու ներողութիւն խնդրեց շատ սպասցնելու համար։ Կինը սիրով ժպտաց ու արձագանգեց.

«Ութ վայրկեան...»

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021