«ԱԲԱԼՕ»Ն՝ ՄԵՐ ՏԱՆ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄԸ

Արեւոտ ու տխուր իրականութիւններու այս աշխարհին մէջ, «ըսելիքս» նորութիւն մը պիտի չըլլայ, եւ չէ՛ իսկ: Բոլոր տուներէ ներս ալ նոյնը կրնայ պատահիլ: Խօսքս՝ այդ օր մեր տան մէջ, անժամանակ ծնունդ առած փոքր վէճի կամ վիճաբանութեան մասին է, մեր տան ամէնօրեայ խաղաղութիւնը «բզկտող»: Ձայն: Աղմուկ: Մէկ խօսքով՝ անկոչ տագնապ: Ամէն ինչ՝ խառնակ: Հետաքրքիր ու քիչ մըն ալ մեզի համար անօրինակ եւ մեզի համար՝ անվայել:

Բայց բարեբախտաբար եւ փառք Աստուծոյ, որ այս անգամ ես չէի հարց-աղմուկ ստեղծողը կամ «հեղինակը», այլ՝ կինս եւ տղաս:

Ուրեմն, իբրեւ հաշտարար, արագօրէն մօտենալով աղմուկին, համարձակ ներկայութեամբ, նախ փորձեցի եղելութիւնը հասկնալ, եւ ապա՝ դատել: Նկատեցի, որ իսկապէս լեղիի համ կար մեր տան մթնոլորտին մէջ: Ու որքան վիճաբանողներուն մօտենայի, այնքան աղմուկը կը բազմանար: «Անպայման բան մը փուլ եկած ըլլալու էր», կ՚ըսէի մտովի: Փորձեցի վերջ մը տալ այս ստեղծուած անհամութեան եւ եզրակացութեան մը յանգիլ: Քանի մը հարցումներէս ետք, ամէն բան պարզուած է:

Այսպէս. տղաս կ՚ուզէր՝ իր աղջկան տարեդարձին, շուն մը նուիրել: Բայց որովհետեւ ամենէն յարմար վայրը մեր տունն էր, ուստի եկուորին «բնակավայրը» արդէն ճշդած էին, առանց մեր գիտակցութեան: Կինս՝ միւս կողմէ, հակառակը կը պնդէր, ըսելով. ա՛յս տարիքէն ետք, մենք պարտաւոր չենք շուն մեծցնել... ձեզ մեծցուցինք. կը բաւէ. մեղա՜յ, շուն պիտի մեծցնենք եղեր. շուն պիտի խաղցնե՛նք. այս մէկը չէինք երազած. չենք ուզեր... վերջ:

Անկեղծօրէն ըսելով, այր եւ կին, մեր այս տարիքին, դժգոհելու, տրտնջալու եւ բողոքելու հազար ու հազար պատճառներ ունէինք: Հիմա այս շունին ներկայութեան, ամէն «բան» պիտի բազմապատկուէր: Իր կարգին, տակաւին տղաս կ՚արդարանար ըսելով, մամ... եղածը ի՞նչ է որ... միայն շաբաթավերջին պիտի նայիք..., քանի մը օր, կամ՝ քանի մը ժամ. այսչափ. մնացեալ օրերուն՝ ես եւ աղջիկս...: Անկեղծօրէն, տղուս որոշումին եւ կնոջս ժխտականօրէն պնդումին վրայ, հանդարտութիւնս եւ հոգեկան խաղաղութիւնս ցնդած էին: Գլխուս մէջ անորոշ տողեր սկսած էին երգել: Անհասկնալի: Է՜հ, աշխարհ…: Մեր հաշւոյն ծրագիր-որոշումներ առած էին: Մի՛ ծերանաք:

-Մենք ո՜ւր... շուն պահողը ուր, կ՚ըսէի մտովի, գլուխս անընդհատ ձախ-աջ շարժելով, շուն պահե՞լ. այսինքն՝ մեր կեանքը բանտի՞ վերածել. նաեւ կը նշանակէր «շնապահակ» դառնալ..., շուն «խաղցնել»..., կերցնել..., պտտցնել..., խնամել..., կարծես այս օրերուն մեզի միայն ա՛յս էր պակսածը:

Բայց, որովհետեւ խնդրոյ առարկան՝ այս պարագային մեր շատ սիրելի թոռնուհի՝ Վանան էր, ուստի երկուքով վերջ տալու համար վէճին՝ զիջեցանք:

Թէեւ պատասխանատու գործ էր, սակայն թոռնիկին սիրոյն «օքէյ» ըսինք: Եւ ահա իր տեսակին մէջ իւրայատուկ եւ աննախընթաց, այս անգամ տղաս եւ թոռնիկս, քիչ մնաց տեղւոյն վրայ մեր արձանը «շինել տային» իրենց անսահման ուրախութենէն:

Եւ ճիշդ շաբաթ մը ետք, փոխադրական ընկերութենէ մը տուփ մը ստացանք, որուն մէջ շնավանդակ մը կար: Խանդավառութեամբ՝ բացինք: Ճերմակ, գրեթէ փակ աչքերով՝ տասը օրեր առաջ ծնած շնիկ մը: Ծրարը յանձնող պաշտօնեան, կեղծ ժպիտ մը դէմքին, ինծի մօտենալով թելադրեց, որ իր թուղթին վրայ, «ընտանիքիս նոր անդամը» ստանալս՝ ստորագրեմ: Հաստատեմ:

-Ձեր մականունը կը կրէ, ըսաւ քմծիծաղով:

Թէեւ պարտաւոր էի ստորագրել, թէեւ նման մանր «հարցեր» սովորական բնոյթ ունէին այս երկրին մէջ, սակայն իրապէս որ սանկ տեսակ մը եղայ: Նեղուեցայ: Անվայել նկատեցի, բայց ի՞նչ կրնայի ընել, օրէնք էր:

Վայրկեանին յիշեցի Համաստեղն ու Զարդարեանը: Մէկուն «Չալո»ն, միւսին՝ «Գամփռ»ը: Բայց այս մէկը տարբեր էր: Նոյն օրը երեկոյեան հարազատներով հաւաքուեցանք, որպէսզի նոր անուն մը նշանակենք:

-Պապիկ ես անունը դրած եմ… «Աբալօ» է… գիտես ի՞նչ է «Աբալօ»ն…

Ու մեր թոռնիկը սկսաւ յունական պատմութիւն-աւանդութիւն իրար խառնելով ուրախութեամբ երկար-բարակ բացատրեց: Հնազանդ եւ նոյնքան ալ քաղաքավար մտիկ ըրի: Այդ օր, բոլորս ալ ուրախ, իրարմէ բաժնուեցանք: «Աբալօ»ն ալ, առաջին անգամ ըլլալով գնաց իր նոր «հօր» տունը, մեղայ-մեղայ. ամչցայ… իր նոր տիրոջ տունը: Բանականութիւնս կարծես ժանգ կապել սկսած էր: Որոշած էին նաեւ այս «խեղճը» երեք շաբաթ դպրոց, դասընթացքներու ղրկել… ամէն «բան» սորվելու համար:

Բայց, հարցը հոս չի վերջացաւ։ Ա՜խ, այս բայցը… յաջորդ օրը մեր տան նորեկ «անդամը» անակնկալօրէն մեզի բերին: Թոռնիկս, որ մօրը հետ յարկաբաժինի մը մէջ կ՚ապրի, պատճառաբանեց, թէ շէնքէն ներս կարելի չէ շուն-կատու պահել: Արգիլուած է: Իսկ տղաս ալ իր յարկաբաժինէն եւ կամ բժշկական գրասենեակէն ներս յարմար չէր տեսներ «Աբալօ»ի ներկայութիւնը: Անհաւատալի: Ու իբրեւ արդիւնք՝ շուն պահելը, մեր գլխուն «պայթեցաւ»:

Ու երբ իր դասընթացքները «աւարտեց», մեր անկոչ հիւրը մեր մօտ եկաւ:

Դպրոց: Վրաս գրէ՛: Ահագին ծախս: Բան չէր սորված: Այնպէս կ՚երեւէր, թէ ամբողջ երեք շաբաթներ միայն կերած, խմած ու խաղացած էր: Ինծի համար, ուղղակի ծոյլ աշակերտ մը: Ի՞նչ ընէինք, մենք պիտի ստանձնէինք անոր «ուսուցումը»: Ու նոյն օրն իսկ, քառակուսի, առանց առաստաղի վանդակ մը բերուեցաւ, կակուղ բազմոցներով, ջուրի եւ ուտելիքի պնակներով, գունաւոր գնդակներով, «խաղալիքներով», տեսակաւոր «թրիթ»-ուտելիք տոպրակներով ու այս բոլորին հետ՝ մեզի հասցէագրուած անհատնում պատուէրներով,- «Օրական երկու անգամ կերակրեցէ՛ք…, հետը անգլերէն խօսեցէք՛, առանց վզակապի դուրս չհանէ՛ք, ամէն բան չտաք…, անօթի չպահէ՛ք, իր ուտելիքները ունի…, արեւոտ օրերուն, զգուշութեամբ դուրսերը երբեմն քալելու տարէ՛ք… եւ… եւ… ու շատ «եւ»եր…:

Ինծի համար այդ պահուն, բացի ինձմէ, բոլորն ալ մէկական «շնագէտներ» դարձած էին կարծես:

Արդ, ըսէ՛ք, այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս կարելի է չափել մեր ժամերուն տխուր կամ ուրախ հետեւանքները: Պղտորեցաւ մեր կեանքին հոսքը: Անստոյգ օրերու եւ պահերու շարան: Աչքերուս մէջ կարելի է կարդալ տեսակաւոր մտահոգութիւն: Այս բոլորը ինչպէ՞ս պիտի ընէինք:

Ու ամէն օր, այր եւ կին պատրաստեցինք իր «դասացուցակ-յայտագիրը»: Մեր տան ետեւի պարտէզը հանել… գնդակով խաղցնել, կերակրել… եւ այլն:

Ամէն առիթով եւ ինքնաբերաբար սկսած էի զինք ապշած դիտել: Դէմը նստելով մեր տան այս նոր անդամը, իր ամչկոտ նայուածքով եւ գեղեցիկ ու վայելուչ դիմանկարով, հնազանդ իր բնազդին, որ զիս «զինաթափ» կ՚ընէր: Յաճախ փոխան բառերու, լռութեամբ կը խօսէի իրեն հետ:

-Անմեղ արարած, կ՚ըսէի մտովի, ուրկէ՜ ուր ինկար մեր շրջանակէն ներս: Ակամայ, քու ճակատագիրդ կապեցիր մերինին ու մեզի նման դուն ալ դարձար տարագիր: Թէեւ դուն չես կրնար հասկնալ մեր վիճակը… բայց մենք լաւապէս կը գիտակցինք, ինչ ըսել հայրենական տունէն զրկուիլ… հեռանալ…:

Եւ այսպէս, իրերայաջորդ օրերուն, քիչ մը բողոքելով, քիչ մըն ալ պոռալ-բարկանալով՝ եւ մանաւանդ սիրելով, միշտ հայերէն խօսելով, երբեմն մեր հրահանգները բարձր ձայնով արտայայտուելով, կապուեցայ:

Ամիս մը առաջ, այդ նախկին «ընդարձակ» մեր խօսքերէն ետք, ինք հիմա մեր տան մէջ, մեր քիթին տակ, իրաւ եւ հաճելի ներկայութիւն մըն էր: Ամէն վայրկեան երբ իրարու հանդիպէինք, սենեակէս ներս կամ պարտէզը, բիբերը վրաս միշտ լայն բացած կը սպասէր «հրահանգներուս»: Վազէ՛, խմէ՛, կեցի՛ր: Կը զարմանայի, որ մէկ ամսուան մէջ այս որքա՜ն հայերէն սկսած էր հասկնալ:

Է՜հ, հարեւանիս ութ տարեկան թոռը, «Աբալօ»ին չափ այսքան հայերէն չէր հասկնար: Ու ինքզինքս ձեւով մը հպարտ կը զգայի: Իրապէս որ իր խաղաղ նայուածքով, կանթեղի նման իր խոշոր աչքերովը, կը խածնէին սիրտդ եւ ուղեղդ, կը գրաւէին բոլոր զգացումներդ: Բարի: Պարզ: Հաւատարիմ: Իր հետ ժամանակ անցուցած պահերուս ինքնաբերաբար տրամադրութիւնս զիս տարբեր ուղիներ կ՚առաջնորդէր: Ու այսպէս, կամաց-կամաց հակառակ ֆիզիքական «տառապանքիս», ժպիտս, խօսքերս, կատակներս գտած էին իրենց նախկին կակուղ եւ երջանիկ վիճակը: Իր սիրոյ զսպանակը մագնիսի նման քաշած էր զիս: Նոր մտերմութիւն յուշող, յաճախ պաղատագին: Իրեն համար էականը այն էր, որ միշտ իրեն պարտաւոր էի գոհ ձգել՝ հացի կամ պանիրի կամ իր նախընտրած ուտելիքի կտորներով:

Վերջապէս… շուն էր չէ՞... միշտ դիմացինէն ակնկալութիւններով եւ բաղձանքով, քծնելով եւ իր տիրոջ միշտ հաւատարիմ ապրելով:

Ի՞նչ կը նշանակէր այս: Ինքնաբերաբար իրեն կապուած էի: Ազատ ժամերուս իր ներկայութիւնը կը փնտռէի, տարօրինակ զգացումով: Դէպքեր եւ դէմքեր կան, պատահարներ, որոնց հետ անձնապէս խորհրդաւոր յարաբերութեամբ կապուած կ՚ըլլաս: Այս մէկը անոնցմէ էր: Զիս իրեն կապած էր ջերմօրէն: Ապրող իրականութիւն: Բայց նաեւ շուն ալ է չէ՞, ինքզինք չէր մոռցած, յաճախ ո՛չ ոքի կ՚երնթարկուէր: Հաստատօրէն կը պարտադրէր իր կամքը: Երբեմն՝ հետը երկար կը խօսէի: Տեսակ մը լեղի-քաղցր խառն խօսակցութիւն: Ու ես ինծի կը զարմանայի: Ի՞նչ ըսել է խօսիլ մէկու մը, առանց պատասխան ստանալու: Միայն դէմքի եւ թաթիկներու շարժում: Անոր համար յաճախ յուսախաբ եւ տխուր զիրար կը դիտէինք, անձայն, հաւանաբար ալ մտահոգութեան ալիքներով լեցուն: Այդ պահուն կը զգայիր, որ հոգիէդ բան մը կը փոխուէր: Միամիտ հաւատք:

Ու երբեմն մինակութեանս մէջ երկար կը մտածեմ: Արդեօք մարդ արարածն ալ այս էակին նկարագրէն ունի՞: Սակայն, այս ուրիշ հարց էր: Կ՚ամփոփուիմ:

Հիմա ինքն է մեր տան մէջ մեծ ձայնաւորը: Մեր սրտերուն մէջ հաճելի տաքութիւն պահողը: Մեր ամէնօրեայ կեանքին մաս կազմողը: Ուրեմն կեանքին մէջ ներքին հաշտութիւնը երբեմն տիրաբար դուռը կը բանայ ու նոյնիսկ անկարելին կը թուի ըլլալ նախապատուելին: Արդէն ամէն բան վարժութենէն կը ծնի: Ու մենք... իրարու վարժուեցանք:

Ու այսպէս.- օրերս սկսած էին սահիլ: Եւ ամէն անգամ, երբ «Աբալօ»ն մեր տունէն քիչ մը երկար բացակայէր, անզգալաբար կարօտի մը երանութիւնը կ՚ապրէի:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024