ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՏՄՈՂ ԻՐԵՐ
Կոմիտաս կը համարուի ժամանակակից հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրը: Պատմամշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնեն անոր հաւաքած երաժշտական բանահիւսութեան նմոյշները՝ հորովելներու եղանակները, «Սասունցի Դաւիթ», «Մոկաց Միրզա» վիպական ասերգները, անտունիները, հոգեւոր տաղերը, 4000 գեղջկական երգերը…
Կոմիտաս Վարդապետ ծնած է 26 Սեպտեմբեր 1869 թուականին Քէօթահիա (Կուտինիա) եւ մահացած՝ 22 Հոկտեմբեր 1935 թուականին, Փարիզի Վիլ-Ժուիֆ արուարձանի հիւանդանոցին մէջ: 2015-ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին: Անիկա կառուցուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ գտնուող նախկին մշակոյթի պալատի հիման վրայ:
Մեծ երաժիշտին կեանքն ու գործունէութիւնը, երաժշտական-տեսական եւ հոգեւոր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ բանահաւաքական հարուստ ժառանգութիւնը ամփոփուած են թանգարանի ութ սրահներուն մէջ:
Ստորեւ՝ Կոմիտաս Վարդապետին կեանքը պատմող հետաքրքրական իրեր:
ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԸ
1907 թուականին հայ նշանաւոր գործարար եւ բարեգործ Ալեքսանդր Մանթաշեան Կոմիտասին կը նուիրէ թանկարժէք դաշնամուր մը՝ «Շրոտըր» ռոյալ մը: Մինչ այդ երաժիշտը կ՚աշխատէր աւելի սահմանափակ հնարաւորութիւններով նուագարանով մը:
Նոյն օրերուն վարդապետը ուզեց իր ուրախութիւնը կիսել մտերիմներուն հետ: Երգչուհի, դաշնակահարուհի Մարգարիտ Պապայեանին յղուած նամակով մը Կոմիտաս կը գրէ. «Այժմ տանս մէջ «Շրոտըր» մեծ դաշնամուր ունիմ: Դուք կը զգա՞ք իմ ուրախութեան չափը, երբ առաջին անգամ դաշնակը հարա-հրոցով սենեակ բերելէ, սարքելէ, մարդոց ճանապարհ դնելէ յետոյ մինակ մնացի: Աչքերուս չէի հաւատար, որ վերջապէս ես ալ մարդահաշիւ եմ, ես ալ հնարաւորութիւն ունիմ աշխատելու, դարձեալ՝ աշխատելու: Ուրախութենէս քարացեր էի, ապա արտասուքի հեղեղը սկսաւ գլորիլ աչքերէս, ես ալ, սիրտս ալ, միտքս ալ, կեանքս ալ հանգստացան, որ այժմ աշխատելու միջոց ունիմ եւ ան ալ՝ անհրաժեշտ միջոց»:
ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԳՐՉԱԿԱԼԸ
Բիւրեղապակեայ թանաքամանով արծաթեայ գրչակալը Կոմիտասին նուիրած են իրմով հիացողները՝ 1908 թուականին Պաքուի համերգներէն մէկու ընթացքին: Գրչամանին վրայ գրուած է. «Հայ Ժողովրդական երգերուն հոգի տուող խոհուն երաժշտագէտ հայր Կոմիտասի Վարդապետին՝ անոր գեղարուեստական տաղանդը գնահատողներուն կողմէ»:
ԲԱՆԱՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՏԵՏՐԵՐԸ
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են նաեւ մեծ երաժիշտին բանահաւաքական տետրերը: Անոնց վրայ առաջին ակնարկ մը՝ եւ կարծէք օտար լեզ-ւով գրուած տառեր ըլլան: Իրականութեան մէջ անոնք հայկական նոր նոթագրութիւն են՝ Լիմոնճեան Համբարձումի ստեղծագործութիւնը (1813), որ ըստ Կոմիտասին, աւելի գործնական է եւ դիւրին կիրարկելի:
ՍՐԻՆԳՆԵՐԸ
Եղէգէ, մետաղէ եւ ծիրանի փայտէ սրինգները Կոմիտասի անբաժան նուագարաններն էին: Փարիզի մէջ դասախօսութեան մը ընթացքին այս սրինգներէն մէկով ան կը նուագէ եւ ամբողջ լսարանը կը քարանայ: Ոչ ոք կը ծափահարէ, եւ Կոմիտասը կը կարծէ, որ ելոյթը անյաջող էր: Կարճ ժամանակ անց դահլիճը կը թնդայ ծափահարութիւններէն, որմէ ետք ֆրանսացի նշանաւոր երգահան, երաժշտական քննադատ Քլոտ Տըպիւսին կը մօտենայ Կոմիտասին, ծունկի կու գայ եւ կ՚ըսէ. «Կը խոնարհիմ ձեր երաժշտական հանճարին առջեւ»:
«Եթէ Կոմիտասը գրէր միայն «Անտունի»ն, այդ ալ բաւարար կ՚ըլլար զայն մեծ արուեստագէտ համարելու», ըսած է Տըպիւսին:
ԳՈՐԳԸ
Գորգը գոյութիւն ունեցած է Կոմիտասի ծնունդէն շատ առաջ: Կոմիտասի մայրը՝ Թագուհին, զայն բերած էր հայրական տունէն՝ որպէս օժիտ: Կոմիտաս մայրը կորսնցուցած է, երբ ընդամէնը վեց ամսու էր: Իր տեղափոխութիւններուն ժամանակ վարդապետը միշտ իրեն հետ կը տանէր մօրը գորգը:
ՍԱՓՈՐԸ
Սափորը կը խորհրդանշէ Կոմիտասի ծննդավայրը՝ Քէօթահիան: Սափորի պատրաստման այս եղանակը Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն իրենց հետ բերեր են Կոմիտասի նախնիները:
ՓԱՆՈՍ ԹԵՐԼԵՄԵԶԵԱՆԻՆ ԿՏԱՒԸ
Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուած է Փանոս Թերլեմեզեանին կտաւը՝ Կոմիտասը նստած՝ իր մօր գորգին վրայ, կողքին՝ սափորը:
Կտաւը պատրաստուած է 1913 թուականին, երբ երկու ընկերները՝ Կոմիտասն ու Թերլեմեզեանը կը գտնուէին երաժիշտին ծննդավայրը Քէօթահիա. հոն Կոմիտաս կը զբաղէր թրքերէն երգեր նոթագրելով:
ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ԵՒ ԹՐՔԵՐԷՆ ԽՄԲԵՐԳՆԵՐ
Գերմաներէն գրուած խմբերգը Աստուածաշունչի «Առ գետս Բաբելացւոց» Սաղմոսի հիման վրայ է: Ասիկա Կոմիտասի աւարտաճառն էր, գրուած՝ 1899-ին: Ան ստեղծագործելու ժամանակ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր լեզուի շեշտադրութեան, կշռոյթին վրայ:
Թրքերէնով խմբերգը կը կոչուէր «Ես երկաթ եմ»: Կոմիտասը կապ ունեցած է թուրք մտաւորականներու հետ, անձնական դասեր տուած է անոնց: Այս մտաւորականներէն մէկն ալ Մեհմէտ Էմինն էր, որուն ստեղծագործութեան հիման վրայ գրուած էր խմբերգը:
Հետագային Մեհմէտ Էմինը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Կոմիտասը աքսորէ վերադարձնելու նպատակով ազդեցիկ մարդոց ի գործ դրած ջանքերուն մէջ:
«ՀԱՅՐ ՄԵՐ»Ը
Սեփական ժողովուրդին արհաւիրքը տեսած վարդապետը «Հայր Մեր»ը գրած է 1915-ին: Ասիկա անոր վերջին ստեղծագործութիւններէն մէկն է: Շատ խորհրդանշական է, որ անիկա գրուած է մանուկներու համար եւ նուիրուած՝ բոլոր այն երախաներուն, որոնք Հայոց եղեռնի անմեղ զոհերը դարձած են:
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024