«ԿԱՎՌՕՇ-ՆԱՄԷ». ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սեղանիս վրայ Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչութենէն լոյս տեսած վերջին գիրքերէն՝ «Կավռօշ-Նամէ Երուանդ Թօլայեան» խորագրով գիրքը կայ: Հայագէտներ հայր եւ որդի՝ Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած այս հատորը Պոլսոյ մէջ, ապա՝ Ֆրանսա գործած, յետոյ Հայաստան հաստատուած խմբագիր եւ դերասան Երուանդ Թօլայեանի յուշագրութիւնն է, որ ան գրած է 1936-1937 թուականներուն եւ այսօր լոյս տեսնելով կը նկատուի Երուանդ Թօլայեանի կոթողային աշխատութիւնը:

Առաջին անգամ ամբողջութեամբ տը-պագրուող այս յուշագրութիւնը Երուանդ Թօլայեան գրի առած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ ապրած տարիներուն եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու առաջին քառորդի Պոլսոյ հայկական եւ թրքական կեանքը, որուն առանցքը մամուլն ու թատրոնն էր: Այս երկու ասպարէզներուն մէջ գործած է Թօլայեան, մամուլի մէջ ունենալով բազում ծածկանուններ, որոնցմէ է «Կավռօշ»ը, իր հրատարակած երգիծաթերթին անունը: Երուանդ Թօլայեան ստորագրած է նաեւ Ֆրանսուա Թօլայեան անունով: Իր յուշերուն մէջ բազմաթիւ արժէքաւոր տուեալներ կը հաղորդէ ժամանակի արուեստագէտներուն մասին, որոնց կարգին են Մարտիրոս Մնակեան, Արշակ եւ Սերովբէ Պէնկլեաններ, Սիրանոյշ, Կոմիտաս, Վահրամ Փափազեան, Ռեշատ Ռըտվան եւ շատ ուրիշներ:

Ան, ըստ իր յուշագրութիւնը կազմող խմբագիրներուն, Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած է՝ ըլլալով Կոմիտաս Վարդապետի աճիւնը Փարիզէն հայրենիք ուղեկցողներու խումբին մէջ: Սակայն Հայաստանի մէջ կարճ տեւած է պոլսահայ դերասանին, խմբագիրին կեանքը եւ 1937 թուականին Խորհրդային Միութեան մէջ դարձած է սթալինեան բռնութեան զոհ: Կ՚ենթադրուի, որ 1937 թուականին ալ մահացած է:

Սակայն այս գիրքը կազմողները կը նշեն, որ 1940 թուականին Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 18 հոկտեմբերի թիւին մէջ լոյս տեսած է նիւթ մը, որուն մէջ կ՚ըսուի. «Ինչպէս յայտնի է, Երուանդ Թօլայեան կամ հանրածանօթ Կավռօշը ասկէ քանի մը տարի առաջ կարաւանի մը հետ Հայաստան գացած էր հոն հաստատուելու համար: Վերջին տարիներուն գրեթէ որեւէ լուր չկար իրմէ եւ զանազան տարաձայնութիւններ շրջան կ՚ընէին իր մասին: Ոմանք նոյնիսկ մեռած կը նկատէին զայն: Արդ, յանկարծ Կավռօշին ողջ-առողջ ըլլալուն լուրը կը հասնի իր կողմէն, Իսթանպուլ բարեկամի մը ղրկած նամակով: Այս նամակը հրատարակուած է այս շաբթուան «Կավռօշ» երգիծաթերթին մէջ»:

Ուստի Երուանդ Թօլայեանի մահուան թուականը, կասկածով մը նաեւ 1940 կը գրուի:

Իր յուշագրութիւնը կազմող Բախչինեանները գիրքին յառաջաբանին մէջ ցոյց կու տան, թէ ինչպէս պոլսեցի Երուանդ Թօլայեան շարունակած է ընտանեկան աւանդոյթը: Անոր հայրը՝ Յովհաննէս Թօլայեան, իբրեւ դերասան, խաղացած է Պետրոս Մաղաքեանի Օրթագիւղի թատրոնի ներկայացումներուն մէջ, ապա աշխատակցած Կարապետ Փանոսեանի «Մանզումէի Էֆքեար» հայատառ թրքերէն օրաթերթին եւ եղած՝ այդ թերթին խմբագիրը: Հօր օրինակով որդին նետուած է լրագրութեան ասպարէզ, երգիծական նիւթեր տպագրած է «Ծաղիկ» եւ «Լոյս» պարբերականներուն մէջ:

Թօլայեանի յուշագրութիւնը կազմողները կը մատնանշեն այն հանգամանքը, որ Երուանդ Թօլայեան Խորհրդային Հայաստան եկած է իր կնոջ՝ փարիզահայ բեմի դերասանուհի Անահիտ Դատաւորեանին հետ: Ուրիշ արուեստագէտներ ալ եղած են ներգաղթի այդ ալիքին մէջ: Հայաստանէն Թօլայեան թղթակցութիւններ ղրկած է արտասահմանեան պոլշեւիկեան մամուլին:

Կազմողները՝ Բախչինեանները նաեւ ուշագրաւ դրուագ մը կը հաղորդեն Երուանդ Թօլայեանէն: Անոր աքսորի պատմութիւնը ուղղակի առընչուած է իր մէկ ցանկութեան. Թօլայեան Երեւանի մէջ «Կավռօշ»ը վերահրատարակելու համար դիմած է ժամանակի իշխանութիւններուն եւ բնականաբար մերժուած, իսկ երբ աւելի համարձակ քայլ մը առած եւ դիմած է Փարիզ վերադառնալու եւ հոն տպելու «Կավռօշ»ը, բայց նոր անունով մը՝ «Կարմիր Կավռօշ», պատասխանը չէ ուշացած, ձերբակալած, բանտարկած եւ աքսորած են զայն, եւ իր ժամանակակիցները այլեւս չեն տեսած Թօլայեանը:

Բարեբախտաբար, Երեւանի իր կեանքէն մնացած է յուշագրութիւնը: Երեւան նըս-տած Թօլայեան գրած է Պոլսոյ մասին. իր գիրքը կազմողները այդ յուշագրութիւնը կ՚անուանեն 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի Կոստանդնուպոլիս քաղաքին ինքնատիպ հանրագիտարանը՝ անոր ընկերային, մշակութային կեանքի հարուստ խճանկարը՝ օրուան տիրող վարքուբարքով, մարդոցմով, անոնց գործերով, ազգային, հասարակական կեանքով:

Բախչինեան կը գրէ. «Թօլայեանի սոյն աշխատութիւնը աննախադէպ, մեծարժէք աղբիւր մըն է մանաւանդ թրքական թատրոնի պատմութեան համար, յատկապէս՝ համիտեան շրջանի, երբ արհեստավարժ բեմարուեստը նոր կը զարգանար Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Սակայն, Թօլայեան հարկ նկատած է մանրամասնօրէն ներկայացնել նաեւ թրքական ժողովրդական թատերական հին ձեւերը (անգիր բեմագրութիւններ խաղալու արուեստը՝ ծանօթ թիւլսաթ եւ օրթա օյինի անուններով): Ծանօթ փաստ է, որ հայերը, մանաւանդ՝ հայուհիները, թրքերէնի իրենց ոչ կատարեալ առոգանութեամբ հանդերձ, եղան թատերարուեստի ռահվիրաներ՝ յետագային զիջելով իրենց դիրքը թուրք գործիչներու: Սոյն հատորը կու տայ այս ծանօթ իրողութեան երեւոյթին ամբողջական պատկերը՝ պատմամշակութային ողջ ենթաթեքստով»:

«Կավռօշ-Նամէ Երուանդ Թօլայեան» հատորին կազմողները, այս յուշագրութիւնը ի մի բերելով եւ հրատարակելով, նաեւ այսպիսի ուշագրաւ եզրայանգումի եկած են.

«Համոզուած ենք, որ սոյն յուշագրքին՝ թրքական թատրոնին, մամուլին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նուիրուած գլուխները քաղուածաբար կ՚արժէ նոյնիսկ հրատարակել թրքերէն թարգմանութեամբ: Մանաւանդ որ այսօր, երբ փորձեր կը կատարուին հայ-թրքական երկխօսութիւն սկսելու՝ շեշտը դնելով աւելի ընդհանուր անցեալին, երկու ժողովուրդներու միջեւ նմանութիւններուն, քան՝ տարբերութիւններուն վրայ, Երուանդ Թօլայեանի սոյն յուշագիրքը միանգամայն դրական դեր կրնայ կատարել»:

Հայր եւ որդի Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեանը: Հատորին մեկենասն է Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ` ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ` Էմմա Քիւլէկէչի: Հատորին մէջ տեղ գտած են լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի լուսանկարներն ու հաւաքորդ Եդեմ Չուպուքճուօղլուի հաւաքածոյէն պատմական բացիկներ: Կողքը պատրաստած է Մելիսա Արսէնեանը:

ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ

Սահմանադրութեան առաջին մեղրալուսնի ամիսներէն ետք, Տրապիզոնի ճամբով Պոլիս եկաւ անդրանիկ կովկասահայ միացեալ թատերախումբը, Աբէլեան-Դուրեան-Արմէնեան խումբին մէջ կային Զապէլը, Բերոյեանը, Ոսկանեանը, Ալլահվէրդեանը, Ազօն, Ղազարեանը, Ալիխանեանը Բ.-ը եւ այլն: Խումբը ցամաքի կողմէ եկած էր մինչեւ Տրապիզոն եւ ճամբան մէկէ աւելի ներկայացումներ տուած էին հայաշատ գաւառներու մէջ, ուր պետական պաշտօնէութիւնը մեծ պատիւներով ընդունած էր զիրենք: Ամէն տեղ Աբէլեան սիրոյ եւ համերաշխութեան մասին ճառեր խօսած էր թուրքերէն: Ի զուր չէր, որ Աբէլեան երբեք ինքզինքը հասարակ դերասան չէր նկատեր, այլ հասարակական գործիչ: Խաղացին ո՛ւր որ գտան, ո՛ւր որ հանդիպեցան՝ եկեղեցիի մէջ, դպրոցներու մէջ, սրճարաններու մէջ:

Կ՚երեւակայէք գաւառի հասարակութեան ուրախութիւնը, որ կեանքին մէջ երբե՛ք այսպիսի բան չէր տեսած, ո՛չ ալ երեւակայած: Պոլիս անգամ, որը եւրոպական այնքան մեծ դերասաններ եւ թուռնէներ տեսած էր, կովկասահայ թատերախումբին կատարելութեան առջեւ մատ խածաւ, հիացաւ: Առաջին անգամն էր, որ Պոլիս կը տեսնէր կովկասահայ խումբ մը եւ կը լսէր հարազատ արեւելահայերէնը ամբողջ թատերախումբի մը բերնէն: Երբ պոլսեցի դերասաններ եւ դերասանուհիներ շարունակ գացած էին Կովկաս՝ Թիֆլիզը եւ Պաքուն ջուրի ճամբայ ըրած իրենց, միայն մէկ կովկասահայ դերասան՝ Միհրդատ Ամերիկեանց, 70-ական թուականներուն եկած էր Պոլիս: Թիֆլիզի խումբին նշանաւոր դերասաններէն էր թէ՛ իբր ողբերգակ եւ թէ՛ իբր կատակերգակ: Բայց թրքահայերը այդ մէկ հոգին անգամ չկրցան պահել, եւ խեղճը ստիպուեցաւ Թիֆլիզ վերադառնալ ու հոն անձնասպան եղաւ՝ քէն ըրած աշխարհէն:

Յովհաննէս Աբէլեանով սկսաւ, ուրեմն, Կ. Պոլսում հայ թատրոնի ոսկեդարը, որը, աւաղ, կա՛րճ տեւեց: Առաջին ներկայացումը, Շիրվանզադէի «Պատուի համար»ը, արդէն գրաւեց պոլսահայութիւնը մէ՛կ անգամէն: Աբէլեանի շուրջը, որուն յաղթական կամարն էր, ափոթէօզն էր այս փիէսը, միւսներն ալ շատ-շատ էին՝ Դուրեանը, Արմէնեանը, Ազօն, անմոռանալի Ազօն, որուն Սաղաթէլը անմահացաւ Պոլսում:

Սա արդէն ամաթէօրական ներկայացում չէր, մե՛ծ խումբ էր առաջնակարգ, Փարիզէն եկած խումբերուն հաւասա՛ր: Եւ ռուսահայերէնը հարազա՛տ կը հնչէր անոնց բերնին մէջ եւ ոչ կեղծ, ինչպէս մեր դերասաններուն մօտ: Պոլիս ցարդ չտեսնուած ընդունելութիւն մը ըրաւ Աբէլեան-Դուրեան-Արմէնեանի եւ զատ զատ խումբին բոլոր անդամներուն: Թրքահայ եւ թո՛ւրք դերասաններն ալ ոգեւորուած էին շատ: Մնակեան կու լար ուրախութենէն եւ կու լար նաեւ ցաւէն, թէ ինչու ինքը ա՛լ ծերացած էր…

Կովկաս մնացած միւս դերասաններն ալ ոգեւորուած էին՝ լսելով իրենց ընկերներուն գտած յաջողութիւնը Թուրքիայում:

Եւ Աբէլեան-Դուրեան-Արմէնեան խումբին յաջորդեցին երեք ուրիշ կովկասահայ խումբեր, միաժամանակ գրեթէ եւ կամ իրարու ետեւից:

Ա. խումբ.- Սեւումեան, Վրոյր, Սաթենիկ Ադամեան եւ այլն՝ Գր. Աւետեանի ղեկավարութեամբ ու դրամագլուխով:

Բ. Խումբ.- Գուլազեան, Մայսուրեան, Մելիքեան, Արաքսի, Տիրացեան, Արշակ Յարութիւնեան, Ռշտունի, Օվի Ահարոնեան եւ այլն՝ Զարիֆեանի ղեկավարութեամբ:

Երրորդը Սիրանոյշի խումբն էր, որուն մասնակցեցան Պոլսէն Փափազեան եւ Քնար: Սիրանոյշ՝ իբր Պոլսոյ վաղուց ծանօթ եւ տնտեսագէտ կին՝ մտածած էր պոլսեցիէ օգտուիլ՝ փոխանակ հետը դերասաններ բերելու Կովկասէն: Իրօք ալ, Սիրանոյշի այդ ներկայացումներուն մասնակցեցան Վ. Փափազեան եւ Քնար: Սիրանոյշ բերած էր իր ռեփերթուարը՝ «Համլէթ», «Մետէա», «Քամելիազարդ», «Մատամ Սան Ժեն»: Սիրանոյշ՝ «Համլէթ», Փափազեան՝ «Լաէրդ», իրապէս տեսնելու արժանի բա՛ն էր:

Նախորդ երկու՝ Աւետեան եւ Սեւումեան թատերախումբերը եկած էին Պոլիս՝ ճամբան հանդիպելով Տրապիզոն, Սամսուն, Ինէպոլու, ուր տեղացի հայ ժողովուրդը, այն ատեն մեծաքանակ խանդավառ ընդունելութիւններ ըրած էին իրենց եւ խնդրած, որ մնան:

Բայց Պոլսում Աբէլեան կերած էր արդէն մածունին սերը: Նախաձեռնա՛րկը եղած էր եւ ճիշդ ատենին էր, երբ ո՛չ ոք խելք ըրած էր դեռ Պոլիս գալ: Երկու թատերախումբը միաժամանակ շա՛տ էր:

Քաղաքական հորիզոնն ալ գէշ էր ամպոտած:

Մարտի 31-ի հակասահմանադրական եւ շերիաթճիական շարժումը ծայր տուած էր արդէն, եւ երկու հայ թատերախումբերն ալ քաղաքացիական կռիւներու պատճառաւ ստիպուեցան դադրեցնել իրենց ներկայացումները եւ մեկնումի պատրաստութիւններ տեսնել:

--------

Օսմանեան պանքի դէպքէն Պոլսոյ մտաւորականութիւնը ցիրուցան եղաւ, շուարած:

Բ. Քէչեան սկսաւ հրատարակել իր «Բիւզանդիոն»ը, որ «Թայմզե»էն ըրած թարգմանութիւններուն պատճառաւ… «հայոց թայմզ»ը կոչուած էր ընթերցողներուն կողմէ: Եըլտըզ յատկապէս արտօնութիւն տուաւ այս թերթին, որպէսզի իր խրատականներով հայոց խուճապահար արտագաղթին առաջքը առնէր: «Մի գաղթէք» վերնագրով յօդուածներու շարք մը ունի Քէչեան այն ատեն գաղթողներու ուղղուած, ուր ցոյց կու տայ գաղթականութեան բոլոր անպատեհութիւնները: Համիտ համամիտ չէր հայոց արտագաղթին, եւ Քէչեան իր յօդուածներով կրցաւ մասամբ թումբ կանգնել այդ հոսանքին առջեւ, որ Պոլսոյ հայերը խումբ-խումբ Վառնայի եւ Գոնստանցայի ափեերը կը նետէր:

«Բիւզանդիոն»ի մէջ է որ երեւցան Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ (Յովհ. Ասպետ) «Միամտի մը արկածներ»ուն հեղինակը, եւ Միսաք Քոչունեան (Քասիմ) հոն է որ իր տեպիւտը ըրաւ՝ իբր ռոքամպոլաշունչ ժողովրդական հայ թերթօն-վիպագիր, որուն վէպերը օրը-օրին գրուած, անհոգ հետաքրքրութեամբ մը կը կարդացուէին վիպասէր ընթերցողներու կողմէ:

Եւ վերջապէս հոն է որ Երուանդ Օտեան սահմանադրութենէն ետքը գրեց իր ամենէն նշանաւոր գլուխ-գործոցը՝ «Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար», ուր կ՚ապրի բոլոր անցեալ եւ գալիք դարերու անմահ հերոսը՝ Ընկեր Փանջունի:

Օտեանի այս մեծ ստեղծագործութիւնը ունի իր Ծննդոց գիրքը: Պատմե՛մ երկու տողով, իբր պատմութեան պիտանի:

Քէչեան, ծնունդով կեսարացի եւ իր տուած դրամի փոխարէն տասնապատիկը սպասող գրական վաշխառու, օր մը կ՚ըսէ Օտեանին, կէս կատակ-կէս իրաւ.

-Երուա՛նդ, ասիկա չեղա՛ւ, ես քու մէկ յօդուածիդ 40 ղրուշ կու տամ կոր, բայց այս գրածներդ ես ինքս ալ կրնամ գրել եւ դրամը ինծի կը մնայ: Ես քու տաղանդէդ շատ աւելի նշանաւոր բաներ կը սպասեմ:

Օտեան, գրագէտի արժանապատուութեանը մէջ վիրաւորուած, հետեւալ օրուընէ կը սկսի նշանաւոր շարքը՝ «Ծապլվար»ին, ուր Ընկեր Փանջունիի տոն-քիշոտական ոդիսականը կը յայնձնէր անմահութեան: Փանջունի դաշնակցական ավանթիւրիսթի տիպար էր՝ իր բոլոր անհեթեթութիւնով եւ պոռոտախօսութիւններով: Այնքա՛ն ճիշդ ու հարազատ լուսանկարուած էր Ընկեր Փանջունին, որ դաշնակցականներն ալ խնդացին՝ իրենք զիրենք տեսնելով Օտեանի հայելիին մէջ պատկերացած: Իսկ Քէչեան հպարտ էր, որ իր պահանջկոտութեամբ ստիպած էր Օտեանին արտադրել իր անունին արժանի անմահ գործ մը:

ԵՐՈՒԱՆԴ ԹՕԼԱՅԵԱՆ

Երգիծաբան, խմբագիր եւ դերասան Երուանդ Թօլայեան (Կավռօշ) ծնած է 1883 թուականին, Պոլիս, Ֆերիտիէ թաղը, Էյրի փողոց, զաւակն էր անուանի խմբագիր, թարգմանիչ, դերասան, հրատարակիչ Յովհաննէս Թօլայեանի (1856-1936): Կրթութիւնը ստացած է Սագըզաղաճի Լուսաւորչեան եւ Ղալաթիոյ Սեն Պընուա վարժարաններուն մէջ: 20-րդ դարու սկիզբէն պոլսահայ մամուլին մէջ տպագրած է երգիծական երկեր:

1908-1926 թուականներուն, որոշ ընդհատումներով Պոլսոյ, կարճ միջոց մը Գահիրէի եւ 1927-1936 թուականներուն Փարիզի մէջ հրատարակած է «Կավռօշ» երգիծական պարբերականը: Խմբագրած է նաեւ այլ պարբերաթերթեր, թղթակցած՝ Պոլիս տպագրուող կարգ մը հրատարակութիւններու:

Գրական-խմբագրական աշխատանքի զուգահեռ Թօլայեան մասնակցութիւն բերած է նաեւ թատերական շարժումին: Պոլսոյ մէջ մաս կազմած է Մարտիրոս Մնակեանի թատերախումբին: Բեմ ելած է նաեւ Փարիզի մէջ, ուր գացած էր 1926 թուականին, Պոլիսէն հեռանալէ ետք: Մասնակցած է ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ թրքերէն ներկայացումներու: 1915-ին տարագրուած է արեւմտահայ միւս մտաւորականներուն հետ: Նկարահանուած է թրքական շարժարուեստի հիմնադիր Մուհսին Էրթուղրուլի «Լէպլէպիճի Հօր-հօր» (1923) եւ «Չարաճճի աղջիկները» («Սէօզտէ քըզլար») (1924) ժապաւէններուն մէջ: 1936 թուականին ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան: 1937 թուականին կամ աւելի ուշ կնքած է իր մահկանացուն՝ իբրեւ զոհ սթալինեան անհատի պաշտամունքի հետեւանքով ի գործ դրուած բռնութիւններու:

Հրատարակուած գիրքերն են՝ «Իտէալին ետեւէն (Երգիծավէպ Բերայի բարքերէն)» (Պոլիս, 1910), «Կավռօշ՝ զինուոր: Զինուորական յիշատակներ: Խըշլայի կեանքէն» (Պոլիս, 1910), «Կավռօշին Զատիկը» (Պոլիս, 1919) եւ այլն։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019