ԲԱՐԵՍԻՐՏ ԴԵՂԱԳՈՐԾԸ

Աշխատանքային օրուայ վերջաւորութեան՝ դեղագործ Սիփանը վհատած գոցեց դեղարանը ու խոկալով յառաջացաւ դէպի հանրաշարժներու կայան։ Քալած ատեն, մտքին մէջ վերլուծեց աշխատանքային օրը։

Դեղարանը ամէն Աստուծոյ օր 12 ժամ կ՚աշխատի՝ առտու ժամը ութէն մինչեւ երեկոյեան ութը։ Ամիսը աւարտին կը մօտենայ, սակայն գործերը տակաւին բնականոն հունի մէջ չեն։ Իսկ այսօրուան առեւտուրը գրեթէ ոչինչ է, ընդամէնը՝ 40 լիրա։ Ամբողջ օրուան ընթացքին միայն մի քանի դեղ կրցայ վաճառել։ Մարդ նոյնիսկ չի գիտեր ուրախանա՞յ, թէ՞ արտասուէ։ Եթէ այսպէս շարունակուի, ինչպէ՞ս պիտի կարողանամ խանութի վարձքը, պետական տուրքերը վճարել։ Օրէ օր առեւտուրը կը պակսի, ի հեճուկս որու՝ նիւթական խնդիրները կը դիզուին։

Քալած ատեն Սիփանի մտահոգ դէմքին վրայ երբեմն կարճատեւ ժպիտ մը կ՚ուրուագծուէր։ Ինքն իրեն կը խորհէր. «Օտարի մը աչքով եթէ նայիս, այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ դեղարաններու պարապութեան, յաճախորդի բացակայութեան պատճառը՝ թանկագին առողջութեան առկայութիւնն է։ Ամէն մարդ շատ  առողջ է, ո՛չ մէկը առողջական գանգատ ունի։ Ա՜խ, երանի  թէ իրական պատճառը  առողջութեան փառաշուք յաղթանակը ըլլար», հառաչեց Սիփան ու մրմնջելով շարունակեց. «Համաձայն եմ Տէր իմ, թո՛ղ որ այդպէս ըլլայ ու աշխարհի բոլոր դեղարանները գոցուին, կը խոստանամ, որ առաջին փակողը ես պիտի ըլլամ։ Աւա՜ղ, իմ այս ցանկութիւնը լոկ պատրանք է, անկատար երազ։ Թէեւ ես տեղեակ եմ սպառման նուազման պատճառին։ Պարզապէս մարդիկ դրամ չունին կամ դեղերու սղութեան պատճառով չեն կրնար գնել։ Ա՜խ, ինչո՞ւ… ինչո՞ւ կեանքը այսքան անարդար է… Չէ՞ որ մենք բոլորս այցելուներն ենք այս աշխարհի։ Երանի թէ խաղաղ եւ ուրախ անցընէինք երկու օրուայ կեանքի ճանապարհը»։

Լաւատես ու գերզգայուն դեղագործը կ՚ապրի իւրաքանչիւր հիւանդի ցաւով։ Շատ յաճախ, դեղարան մտնող կարօտեալներու, մասնաւորապէս՝ ծերունիներու, դեղօրայքի գումարը իր անձնականէն կը վճարէ։

Զոր օրինակ, քանի մը օր առաջ, ծեր կին մը՝ գաւազանին յենած, համր քայլերով դեղարան մտաւ։ Տարիքի բերումով դողդոջուն ձեռքերով գրպանէն դեղագիրը հանեց ու երկարեց Սիփանին։

-Զաւակս, կը հաճիս կարդալ, թէ ի՞նչ գրուած է. ներողամիտ եղիր, ես բժիշկներու ձեռագիրէն ոչ մէկ բան կը հասկնամ։

-Սիրով, մեծ մայր։ Մինչ ես կարդամ, դուք հանգիստ նստէք։

-Հաւանաբար բժիշկներու ձեռագիրը միայն դուք՝ դեղագործները կրնաք կարդալ։ Արդեօք դեղատոմսեր կարդալու ունակութիւնը ունենալո՞ւ համար չորս տարի համալսարան կը յաճախէք,- կատակով մէջբերեց տարեց կինը։

-Մեծ մայր, ձեր խօսքերուն մէջ ճըշ-մարտութիւններ ալ կան,- ժպիտով պատասխանեց Սիփանը։

-Բժիշկը քանի մը ուժեղ ցաւազրկիչ ու քնաբեր դեղեր նշանակած է։ Յօդատապի խնդիր ունիմ, տղաս, ոտքերուս ցաւէն գիշերները չեմ կրնար քնանալ։ Երբեմն ցաւին չդիմանալով կը պոռամ, կու լամ, սակայն ինչ օգուտ… Երբ տարիքդ կ՚առնես, մարմնիդ տկարութիւնները մէջտեղ կ՚ելլեն։ Այդ իսկ պառճառով ինձմէ քեզի խորհուրդ՝ երիտասարդութեանդ արժէքը գիտցի՛ր ու խնայէ առողջութիւնդ։

-Շնորհակալ եմ մեծ մայր, քու բարի խորհուրդի համար։ Ահաւասիկ դեղերը, բոլորն ալ կան։

-Իսկ ի՞նչ կ՚արժեն։

Սիփանը հաշուիչ մեքենայի օգնութեամբ անմիջապէս ըսաւ դեղերուն գինը։

-Մեծ մայրիկ, ընդհանուր գումարը կը կազմէ 300 լիրա։

-300 լիրա՞,- ապշահար կրկնեց տարեց կինը,- ես այդքան գումար չունիմ, ինչպէ՞ս պիտի վճարեմ։ Իմ ունեցածը ընդամէնը 50 լիրա է։ Կենսաթոշակս տակաւին չեմ ստացած,- յուսահատ շարունակեց ան։

-Որքա՞ն կրնաք վճարել։

-Այլեւս կարեւոր չէ,- տխուր պատասխանեց ալեզարդ կինը։- Պարոն դեղագործ ես աւելի վերջ կու գամ։ Ցտեսութիւն, բարին ընդ ձեզ։

Նստած տեղէն կանգնելով ըսաւ ծեր կինը ու մօտեցաւ դրան։ Երբ այլեւս կը պատրաստուէր դուրս ելլելու, յանկարծ ուսին զգաց ջերմ ու հոգատար ձեռք մը. նայեցաւ, երիտասարդ դեղագործն էր։

-Այս դեղերը ձերն են… առողջութիւն ու արագ ապաքինում կը մաղթեմ ձեզի։

-Ո՛չ, ես չեմ կրնար ընդունիլ զանոնք։

-Տիկին, դուք թոռներ ունի՞ք։

-Աւա՜ղ, չունիմ։

-Ես ալ տակաւին լոյս աշխարհ չեկած մեծ մայրերս կորսնցուցած եմ։ Երբեք չեմ վայելած մեծ մօր քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը… սակայն միշտ զգացած եմ մեծ մօր մը կարիքը։ Այդ իսկ պատճառաւ կ՚աղաչեմ, որ չմերժէք իմ այս խնդրանքը։ Համարեցէք, որ ես ձեր թոռնիկն եմ, իսկ դուք ալ իմ սիրելի մեծ մայրը։ Թոյլ տուէ՛ք, որպէս թոռնիկ, գէթ պահ մը հոգալ ձեր մասին։

-Զաւակս ինչո՞ւ զիս ամօթով կը ձգես։

-Բնաւ մի՛ յուզուիք. այս դեղահատերը ընդունելով ինծի ուրախութիւն պիտի պարգեւէք։

-Շնորհակալ եմ բարի երիտասարդ, օրհնեալ ըլլաս, Աստուած պահէ քեզ ու քու ընտանիքդ։

-Մեծ մայր, ես շնորհակալ եմ, դուք երեւան բերիք իմ մէջ ապրող գլխագիր մարդը, որ շուրջիններուն օգտակար կրնայ ըլլայ։ Երախտապարտ եմ ձեզի, որ ինծի այս վսեմ զգացումները պարգեւեցիք։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019