ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Շուրջ 6-7 ամիսներ առաջ երբ մամուլին մէջ սկսաւ խօսուիլ Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ ծագում առած նոր վարակի (թագաժահր, կամ ինչպէս աւելի ծանօթ է օտար անուանումով՝ քորոնա) մը մասին, գրեթէ մարդոց մեծամասնութիւնը ուշադրութիւն չդարձուց, կարդաց որպէս ամէնօրեայ սովորական նոր լուր մը մամուլին մէջ, ու շարունակեց իր բնականոն առօրեան:

«Նոր»1 վարակը սակայն, կամաց-կամաց սկսաւ տարածուիլ՝ դուրս գալով Չինաստանի Ուհան քաղաքէն եւ ընդհանրապէս Չինաստանէն: Նախ Իտալիան ու Պարսկաստանն էին հիմնական թիրախները այդ վարակին եւ ապա կամաց-կամաց ամբողջ աշխարհը:

Իսկ այսօր, ունինք այն ինչ ունինք արդէն: Աւելի քան երեք միլիոն վարակակիր ու երկուհարիւր հազարէ աւելի մահեր…

Մարդ արարածը իր ցարդ կատարած նուաճումներով քարացած ու բանտարկուած վիճակ մըն է, որ կ՚ապրի: Վախը՝ կեանքը կորսնցնելու, մտահոգութիւնը՝ այսօրուան, անորոշութիւնը՝ ապագայի, ծանրացած են մարդուն միտքին, սիրտին ու հոգիին վրայ, զայն դարձնելով մսակտորի մը, որ իր ընելիքը չի՛ գիտեր: Բնականաբար խօսքը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք կեանք հասկացողութիւնը սահամանափակած են ներկայի կեանքով, առանց յոյս կամ հաւատք ունենալու հանդերձեալ, յաւիտենական կեանքի մը գոյութեան մասին: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք հանդերձեալ կամ յաւիտենական կեանքի մը յոյսը կամ հաւատքը ունին՝ ինչ կրօնքի2 ալ պատկանին անոնք, նուազ ծանր պայմաններով կը տանին թագաժահրի պատճառած այսօրուան ծանր իրավիճակը:

Մինչեւ թագաժահրի յայտնուիլը եւ սպառնալիք դառնալը մարդկութեան, մարդիկ կ՚ապրէին համատարած աշխարհային ընկալումներով ազատութեան մը մէջ: Ազատւթիւն՝ բոլոր առումներով, թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական: Արդաեւ արուեստագիտութիւնը մարդուն ընձեռած էր բազամթիւ հնարաւորութիւններ ու դիւրութիւններ, որոնցմէ մարդը կ՚օգտուի նաեւ այս ծանր օրերուն, սակայն ո՛չ լիիրաւ կերպով:

Մեզմէ շատեր մինչեւ թագաժահրի տարածումը բազամթիւ ծրագիրներ ունէինք մշակած, որոնց իրականացմանը կը սպասէին, իսկ ոմանք՝ կ՚երազէին, սակայն աննշան վարակ մը, որ անգամ պարզ աչքերով կարելի չէ տեսնել, այդ բոլոր ծրագիրներն ու երազանքները շոգիացուց:

Մեզմէ շատեր մինչեւ թագաժահրի տարածումը հակառակ իրենց ամուսնացած ըլլալուն՝ կին ու զաւականեր ունենալնուն, մոռցած էին սակայն իրենց ընտանիքներուն մասին, եւ ընտանիք հասկացողութիւնը իրենց համար վերածուած էր պարզապէս կացարանի մը: Ներկայ պարտադրուած վիճակը շատերուն առիթ տուաւ անդրադառնալու եւ փորձելու ետ բերել կամ գոնէ մասմաբ մը ամբողջացնել անցեալի թողած բացը: Շատեր, որովհետեւ շատ քիչ ժամանակով տուն՝ ընտանիքի հետ կ՚ըլլային, եւ այդ քիչ ժամանակն ալ գրեթէ վիճաբանութեամբ կ՚անցնէր, որու պատճառով ալ կարծիք գոյացած էր իրենց մօտ թէ իրենց կինը-ընտանիքը լաւ չեն, եւ այլն, այս ընթացքին հասկցան ու գիտակցեցան, թէ գոյացած այդ կարծիքը ընդհանրապէս ալ ճիշդ էր… Անդին սակայն, ուրիշներ ալ, յատկապէս անոնք որոնք իրենց ընտանեկան միութիւնը կազմած էին փոխադարձ շահի ու հաճոյքի վրայ, բաժանումի գացին…

Աշակերտներ ու աշակերտուհիներ, համալսարանականներ, որոնք յոգնած էին իրենց դպրոցական ու համալսարանական առօրեայէն, իրենց ուսուցիչներէն ու դասախօսներէն, այս օրերուն հասկցան, որ դպրոցն ու համլասարանը դարձած է իրենց կեանքի ամենէն կարեւոր օղակներէն մէկը:

Ուսուցիչներ ու դասախօսներ, որոնց ականջները այլեւս չէին կրնար դիմանալ աղմուկին, իրենց ջիղերը չէին կրնար համբերել աշակերտութեան եւ ուսանողութեան պահուածքին (շատ յաճախ անկիրթ), այս իրրավիճակին մէջ հասկցան, որ իրենց աշակերտներուն եւ ուսանողներուն աղմուկն ու պահուածքը իւրայատուկ կերպով քաղցրացուցած էին իրենց կեանքը:

Երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք անդամակցած էին տարբեր-տաբեր ակումբներու եւ խմբաւորումներու եւ ձեւով մը կը թեթեւնային իրենց ծանր առօրեայէն, հակառակ այսօրուան ծանր վիճակին մէջ անգամ իրենց ունեցած հնարաւորութեան՝ իրարու հետ կապ հաստատելու, սակայն գիտակցեցան, որ գիտութեան ընձեռած այդ հնարաւորութիւնները ո՛չինչ են մարդկային իրական փոխյարաբերութեան ու շփումին դիմաց:

Շարքը կարելի է տակաւին երկարել…

Ինչ կը վերաբերի երկիրներուն եւ անոնց ունեցած տնտեսութիւններուն, թագաժահրի պարտադրած ներկայ իրավիճակը պատճառ դարձաւ ու պիտի դառնայ տնտեսական մեծ անկումի մը: Թէ ի՞նչ եւ ի՞նչպիսին պիտի ըլլայ ապագան, այսօր պարզապէս կրնանք ենթադրութիւններ կատարել, որոնք կրնան իրականանալ կամ ոչ: Մէկ բան յստակ է, որ աշխարհին կը սպասէ ո՛չ փայլուն տնտեսական ապագայ մը3: Մեզի կը մնայ սպասել ու ապրիլ գալիքը իր բոլոր անակնկալներով, անշուշտ եթէ կարողանանք յաղթահարել այս ճգնաժամը:

Այս առումով, այս ճգնաժամէն ետք վստահաբար շատեր որոնք մեծ-մեծ գումարներ կը ծախսէին՝ մուշտակներ, պայուսակներ, կօշիկներ, հեռախսօներ, ժամացոյցներ, մատանիներ, մանեակներ, հագուստներ, եւ այլն, գնելու համար, կամաց-կամաց պիտի սկսին ձերբազատուիլ այդ սովորութենէն, մանաւանդ երբ այս օրերուն հասկցան, թէ այդ բոլորը ոչինչով կրնան օգնել իրենց այս ու նմանօրինակ պարագաներու:

Շատեր, որոնք սովորութիւն դարձուցած էին ամէն շաբաթ կամ նոյնիսկ շաբթուան մէջ կէմ-երկու անգամ ընկերային հաւաքներ կազմակերպել, ուտել-խմել ու քէֆ ընելու համար, այս համաճարակէն ետք պիտի վերանային իրենց այդ մօտեցումը եւ վստահաբար ոմանք ալ փոփոխութեան պիտի ենթարկեն, նկատի ունենալով որ ամէն բան իր չափն ու սահմանը ունի, եւ անցեալին իրենց չափէն դուրս մսխած գումարները այդ հաւաքները կազմակերպելու համար, այսօր կրնային նպաստել իրենց աւելի դիւրութեամբ յաղթահարելու ներկայ ճգնաժամը: Այստեղ տեղին է յիշել արաբական առածը, որ կ՚ըսէ. «Սպիտակ ղրուշդ սեւ օրուանդ համար պահէ՛»:

Ի վերջոյ, մտորումներու աւարտին կարելի չէ չանդրառնալ երկու կէտերու մասին. առաջին՝ «տունը մնա՛» կարգախօսին, եւ երկրորդ՝ բժիշկներուն:

Արդարեւ, այս աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները այսպէս կամ այնպէս արտակարգ դրութեան իրավիճակ մը կ՚ապրին եւ գրեթէ բոլորն ալ կ՚օգտագործեն միեւնոյն կարգախօսը՝ «տունը մնա՛», որպէսզի թէ՛ դուն եւ թէ՛ ալ քու շրջապատդ առողջ մնաք. տուն մնալովդ, հետեւաբար, ո՛չ միայն կը պահպանես քու եւ քու ընտանիքիդ առղջութիւնն ու բարօրութիւնը, այլեւ՝ կը նպաստես քու ապրած ընկերութեան եւ ընդհանրապէս՝ ամբղոջ մարդկութեան բարօրութեան:

Այս ծիրէն ներս «տուն մնա»լու ամենէն ազդու դրդապատճառը պէտք է ըլլայ այն մտածումը, որ թագաժահրի պատճառով մահացածներուն մեծամասնութիւնը՝ կը մահանան չորս պատերու մէջ՝ առանձինն, զրկուած հարազատներու ներկայութենէն, մանաւանդ այն պարագային երբ իրենք կը գիտակցին, որ դէպի մահ կ՚երթան: Պահ մը մտածենք, թէ ի՜նչ ապրումներ կ՚ունենայինք մենք եթէ այդ վիճակին մէջ ըլլայինք եւ ըստ այնմ վարուինք ու մտածենք տունէն դուրս ելլելու մասին:

Երկրորդ, այս օրերուն բժիշկ բառը իրեն հոմանիշ ստացած է հերոս բառը: Բժիշկները այս ճգնաժամի ամենէն զօրաւոր եւ միաժամանակ թոյլ օղակն են: Զօրաւոր այն մտայնութեամբ, որ բժիշկներու անդուլ եւ նուիրեալ աշխատանքի շնորհիւ է, որ վարակուածները կը բուժուին եւ իրենց տուները կը վերադառնան: Իսկ ամենէն թոյլ, որովհետեւ վարակակիրներու հետ ամենէն շատ շփում ունեցողները իրենք են, եւ արդարեւ ամենէն շատ հաւանականութիւն ունեցողներն են վարակուելու. ու արդէն իսկ տարբեր երկիրներու մէջ արձանագրուած են բժիշկներու, բուժքոյրերու եւ ընդհանրապէս առողջապահական ոլորտին մէջ աշխատողներու վարակումներ եւ մահուան պարագաներ, ինչպիսին էր պարագան չինացի այն բժիշկին, որ առաջինը յայտարարած էր թագաժահրի տարածման մասին:

Եթէ մեզմէ շատերուս համար այս պարտադրուած իրավիճակը առիթ մըն է աւելի ժամանակ անցընելու մեր ծնողներուն, ամուսիններուն ու կիներուն, մեր զաւակներուն հետ, անդին սակայն պահ մը մտածենք բժիշկներու մասին, որոնք այդ հնարաւորութենէն զրկուած են:

Մտածենք, հնազանդինք թելադրուած կանոններուն, զսպենք մեր «ազատութեան տենչ»ը, որ որպէս թէ կը «խեղդէ» մեզ, յանուն մեր նմանակիցներուն, յանուն այն բազմաթիւ բժիշկներուն, որոնք ո՛չ միայն իրենց հարազատներէն զրկուած են, այլեւ՝ բնականոն հանգիստէն: Ի վերջոյ, յանուն բարօր կեանք մը ունենալու, այս ընթացքին զսպենք մեր տմարդի յաւակնութիւններն ու տնտեսական մոլուցքները, որպէսզի կարողանանք շարունակել այս աշխարհին վրայ մեզի վիճակուած ժամանակամիջոցը հնարաւորինս խաղաղ ապրիլ:

«Տունը մնա՛»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ապրիլ 2020, Վաղարշապատ


1 Նոր չակերտներու մէջ կը դնեմ, որովհետեւ թագաժահրը ըստ տարբեր բժիշկներու ու յատկապէս հայազգի բժիշկ՝ Կարպիս Հարպոյեանի, արդէն իսկ 1960-ական թուականներէն գոյութիւն ունեցած է: Այս մասին բժիշկ Հարպոյեան կը գրէ. «“Քորոնա” ժահրախտը ժահրային հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը coronaviridae ժահրն է: Այս ժահրը առաջին անգամ տեսնուած է 1960-ին: Ան ունի թագի-պսակի (crown) կերպարանք եւ անոր corona անուանումը եղած է այդ իմաստով: Ուստի ես այս ժահրը հայերէնով պիտի կոչեմ թագաժահր կամ պսակաժահր (corona virus), իսկ հիւանդութիւնը` թագաժահրի-պսակաժահրի  հիւանդութիւն եւ կամ թագաժահրախտ-պսակաժահրախտ (corona virus disease)»:

2 Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը հոգեւոր իմաստ չի պարունակեր իր մէջ, գրութեան մէջ զերծ մնացած եմ հոգեւոր ընկալումներու մասին խօսելէ, այդ պատճառով էջատակի ծանօթագրութեամբ կ՚ուզեմ հետեւեալ նշումը կատարել վերեւը արտայայտած միտքիս վերաբերեալ: Տարբեր կրօնքներ հաւատալիք մը ունին յաւիտենականութեան մասին, սակայն միայն քրիստոնէական կրօնքն է, որ ճշմարիտ ու վաւերական հաւատքն ու ընկալումը ունի ճշմարիտ յաւիտենականութեան մասին: Արդարեւ, Քրիստոնէութեան Հիմնադիրը՝ Քրիստոս աշխարհ գալով սկիզբը դրաւ քրիստոնէութեան, որ մարդկութեան համար եղաւ այն ճշմարիտ կամուրջը, որ մարդս այս երկրաւոր՝ անցաւոր կեանքէն կ՚առաջնորդէ դէպի յաւիտենական, մնայուն կեանք: Այս իրողութեան վկայութիւնը կը լսենք նոյնինքն մեր Տիրոջմէ՝ Քրիստոսէն, որ կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յհ 11.25-26): Արդարեւ, քրիստոնեաներուն համար՝ ճշմարի՛տ քրիստոնեաներուն համար ո՛չ մէկ նեղութիւն, դժուարութիւն, հիւանդութիւն, պատերազմ, եւ այլն, կրնան ազդել, որովհետեւ ունին այս վկայութիւնը, որ տրուած է Փրկիչէն. հետեւաբար, հաւատքով եւ Աստուածահաճոյ կեանքով ապրող քրիստոնեային համար նման իրավիճակները չեն կրնար խանգարել, կրնան ազդել, բայց ո՛չ երբեք խանգարել իր ընթացքը դէպի յաւիտենականութիւն: 

3 Թերեւս մեր երկրի ղեկավարը այն մատներու վրայ հաշուուղ ղեկավարներէն մէկն է, որ հակառակ տնտեսական բոլոր բացասական կանխատեսումներուն, ինք Հայաստանի համար տնտեսական փայլուն ապագայ մը կը նախատեսէ եւ անընդհատ կը խօսի այս ճգնաժամին ընձեռած հնարաւորութիւններուն մասին: Բնականաբար իւրաքանչիւր հայորդիի երազանքն ու փափաքն է Հայաստանը տեսնել տնտեսապէս հզօր, սակայն համաշխարհային ներկայ իրավիճակը տեսնելով դժուար է համաձայնիլ ու հաւատալ մեր երկրի վարչապետին փայփայած փայլուն՝ հնարաւորութիւններով լեցուն ապագային հետ: Յուսամ, որ կը սխալիմ:

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020