ԼՈՒԻԶԱ ԱՍԼԱՆԵԱՆ. ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՄԱՐՏԻԿԸ

Հայաստանի մէջ աւարտեցաւ Ֆրանսախօսութեան աւանդական միամսեակը: Մարտ-ապրիլ ամիսներուն Ֆրանսախօսութեան համաշխարհային օրերու առթիւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած է աւելի քան 500 միջոցառում, որոնցմէ մէկ մասը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, որ նոյնպէս Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ է: Ֆրանսերէնին, ֆրանսական մշակոյթին նուիրուած բազմաթիւ ուշագրաւ ձեռնարկներ կազմակերպուեցան Երեւանի եւ մարզերու մէջ: Այդ ձեռնարկներու կարգին էր նաեւ «Լուիզա Ասլանեան. Դիմադրութեան շարժման մոռցուած մարտիկը» խորագրով դասախօսութիւնը, որ նուիրուած էր հայ գրող, Ֆրանսա ապրած հակաֆաշական գործիչ, Ֆրանսական դիմադրութեան ականաւոր ներկայացուցիչ եւ Ֆրանսայի Հայ կիներու միութեան հիմնադիր՝ Լուիզա Ասլանեանին:

Բանախօսը հայրենի երիտասարդ լրագրող, հետազօտող Արփինէ Հարոյեանն էր, որ վերջին շրջանին մշակութային նիւթերով ինքնատիպ հետազօտութիւններ կը կատարէ եւ հանրութեան կը ներկայացնէ մանաւանդ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ ծագումով մոռցուած կամ քիչ ներկայացուած կին գործիչներ: Արփինէ Հարոյեան Լուիզա Ասլանեանի կեանքին եւ գործունէութեան ծանօթացած է 2019-ին, երբ որոշած է նիւթ մը գրել Բ. Համաշխարհային պատերազմի մասին եւ Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ գրողներու կամ անյայտ մարդոց պատերազմական նամակները, պատմութիւնները փնտռելով, հանդիպած է Լուիզա Ասլանեանի անունին:

Լուիզա Ասլանեանի արխիւը կը պահուի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, եւ թանգարանն ալ կազմակերպած էր այս շահեկան եւ հետաքրքրական բանախօսութիւնը, որուն զուգահեռ ցուցադրուած էին ձեռագիրներ, լուսանկարներ եւ այլ վաւերական արժէք ներկայացնող նիւթեր:

Լուիզա Ասլանեանի արխիւը անոր մահէն շատ տարիներ ետք Ֆրանսայէն Խորհրդային Հայաստան ղրկած է իր քոյրը: Այդ արխիւին մէջ Ասլանեանի պատանեկութեան օրագրին հետ նաեւ տասն էջնոց պատերազմական օրագիրը կը գտնուի, կան զանազան նամակներ, լուսանկարներ եւ «Հարցականի ուղիներով» նորավէպի ձեռագիրը: Վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է Փարիզի մէջ, իսկ յետոյ՝ վերահրատարակուած Խորհրդային Հայաստան: Լուիզա Ասլանեան ծանօթ է նաեւ ԼԱՍ գրչանունով եւ իր գրական գործերը հիմնականը ստորագրած է այդպէս:

Յատկանշական է, որ ԼԱՍ Փարիզի մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է Հայ-ֆրանսական գրական միութեան աշխատանքներուն, աշխատակցած է մամուլին եւ իր անջնջելի հետքը ձգած՝ անցեալ դարու ֆրանսահայ մտաւորական կեանքին մէջ: Ան, սակայն, Ֆրանսա չէ ծնած. ծնած է Իրան՝ հայաշատ Թաւրիզ քաղաքին մէջ՝ 1906 թուականին։ Օրիորդական մականունը Գրիգորեան եղած է: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական Արամեան եւ թեմական Կեդրոնական դպրոցներուն մէջ, ապա տեղափոխուած է Թիֆլիզ, ուր շարունակած է կրթութիւնը ռուսական իգական կիմնազիոնի մէջ։ Գրական ձիրքեր ունեցած է տակաւին դպրոցական տարիներէն, գրած է քերթուածներ, ֆրանսերէնէ եւ ռուսերենէ կատարած է թարգմանութիւններ: Տարուած էր մանաւանդ երաժշտութեամբ, դաշնամուր կը նուագէր եւ մտադիր էր երաժիշտ դառնալ:

Լուիզա Ասլանեանի կեանքը եւ գործը ուսումնասիրած Արփինէ Հարոյեան Երեւանի մէջ իր բանախօսութեան ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուց ինչպէս անոր կեանքի սկզբնական շրջանէն, այնպէս ալ Փարիզի տարիներէն, ուր Ասլանեան տեղափոխուած էր իր ամուսինին հետ: Երբ ան Թիֆլիզի մէջ կ՚աւարտէ ուսումը, 1923 թուականին կը վերադառնայ Թաւրիզ, եւ հոն շուտով կ՚ամուսնանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ Արփիար Ասլանեանին հետ: Վերջինս Թաւրիզ փոխադրուած էր Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն յետոյ՝ փախչելով հետապնդումներէ։ Ամուսնանալով՝ Լուիզան ու Արփիարը կը տեղափոխուին Ֆրանսա, որպէսզի Լուիզան հոն շարունակէ կրթութիւնը եւ դառնայ դաշնակահար: Անոնց հետ Փարիզ կը փոխադրուին նաեւ Լուիզայի մայրը՝ տիկին Մանեան եւ քոյրը՝ Արշալոյսը, իսկ հայրը կանուխ հեռացած էր կեանքէն: Փարիզի մէջ Արփիար Ասլանեան ամէն տեսակ աշխատանք կը կատարէ, որպէսզի ապահովէ իր կնոջ երաժշտական կրթութեան համար անհրաժեշտ ծախսերը եւ ընտանիքին ապրուստը:

Բանախօսը նկատեց, որ Փարիզի մէջ դիւրին չէ եղած այս ընտանիքին կեանքը, նիւթական դժուարութիւններ կրած են, եւ Լուիզան ստիպուած եղած է հրաժարիլ երաժիշտ դառնալու մտադրութենէն, ստանալ այլ կրթութիւն: Ան գրականութեան դասեր կ՚առնէ Սորպոնի համալսարանին մէջ եւ հայկական թերթերուն համար յօդուածներ կը գրէ՝ ճիշդ այդ ժամանակ ալ որդեգրելով ԼԱՍ գրչանունը:

1920-ականներուն Օսմանեան կայսրութենէն Փարիզ հասած էին բազմաթիւ հայ մտաւորականներ, որոնք խոյս տուած էին Ա. Աշխարհամարտի իրադարձութիւններէն: Անոնց մեծ մասը յետագային նշանակալի դեր ունեցաւ սփիւռքահայ մշակութային, հասարակական կեանքին մէջ, եւ Լուիզա Ասլանեանն ալ, համակուելով մտաւորականութեան այդ շունչով, կը դառնայ միջավայրին մէկ մասը, կը մասնակցի բանավէճերու, արուեստի ձեռնարկներու, ֆրանսահայ եւ իրանահայ թերթերու մէջ յօդուածներ եւ գրական գործեր տպագրելէ ետք, կը հրատարակէ իր առաջին գիրքերը: Լոյս կը տեսնեն «Խան» (1928), «Գիծէն դուրս» (1935) պատմուածքներու ժողովածոները եւ արդէն՝ 1936-ին անոր մեծածաւալ գործը՝ երեք հատորէ կազմուած «Հարցականի ուղիներով» նորավէպը: Այս վէպին մէջ գրագիտուհին կը պատկերէ ֆրանսահայութեան կեանքը եւ անոնց փրկութիւնը կը տեսնէ հայրենադարձութեան մէջ:

Արփինէ Հարոյեան կը նկատէ, որ թէ՛ Լուիզա Ասլանեան եւ թէ՛ իր ամուսինը ջատագով էին խորհրդային կարգերու եւ իրենց շրջանակն ալ կազմած էին մանաւանդ այդ գաղափարախօսութիւնը կրող մարդոցմէ: Անոնք կառչած էին Խորհրդային Հայաստանի մէջ հայ մարդու բարեկեցիկ ապրելու մտապատկերին:

1937-ին Լուիզա Ասլանեան կ՚անդամագրուի Ֆրանսայի Համայնավարական կուսակցութեան եւ կը սկսի յօդուածներ տպագրել ֆրանսահայ «Զանգու» եւ «Նոր Կեանք» թերթերուն մէջ։ Այդ տարիներուն երկու թերթերուն ալ խմբագիրը Միսաք Մանուշեանն էր՝ մէկ այլ ֆրանսահայ ականաւոր գործիչ, գրող, որ յետոյ պիտի դառնար ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման հերոս։

«Լուիզա Ասլանեան. Դիմադրութեան շարժման մոռցուած մարտիկը» բանախօսութեան ընթացքին տեղեկացանք, որ գրական գործունէութենէն զատ ԼԱՍ աշխոյժ կերպով նաեւ ֆրանսահայ հասարակական եւ մշակութային կեանքին կը մասնակցէր: Ան Ֆրանսահայ գրողներու միութեան անդամ էր եւ 1937-ին ալ կը նշանակուի Հայ Օգնութեան կոմիտէի նախագահ։ Այդ տարիներուն էր, որ ան կը հիմնէ Ֆրանսայի Հայ կիներու միութիւնը: Միութիւնը շատ աւելի ուշ կը հրատարակէ «Հայ կին» ամսաթերթը:

1940 թուականին նացիական Գերմանիան կը տիրապետէ Ֆրանսային։ Ինչպէս ծանօթ է՝ հազարաւոր ֆրանսացիներ, դէմ էին Հիթլերի վարչաձեւին, կը սկսին դիմադրութեան խումբեր կազմել։ Այդպէս սկիզբ կ՚առնէ փարթիզանական պայքարը, կը հրատարակուին ընդյատակեայ թերթեր, կը հաւաքագրուին հետախուզական տուեալներ: Դիմադրութեան շարժման հայկական խումբի ղեկավարը, ինչպէս ծանօթ է՝ Միսաք Մանուշեանն էր, Լուիզա ու Արփիար Ասլանեանները Մանուշեանի խումբի գործուն անդամներէն էին:

Արփինէ Հարոյեան, մատնանշելով ԼԱՍ-ի քրոջ՝ Արշալոյսի յուշերը, կը նկատէ, որ Արփիարն ու Լուիզան Դիմադրութեան շարժման կը միանան 1941-ի օգոստոսին, երբ Խորհրդային Հայաստանը կը յորդորէր աշխարհասփիւռ հայ մտաւորականութեան՝ մաս կազել հակաֆաշական պայքարին եւ ոչնչացումէ փրկել համաշխարհային ժառանգութիւնը։

ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐԸ

Արփինէ Հարոյեան յատուկ անդրադարձ կատարեց Լուիզա Ասլանեանի պատերազմական օրագրին, որ նոյնպէս կը պահուի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: 1941-ի յունիսին ԼԱՍ-ը կը սկսի օրագիր վարել։ Այն օրագիր չէ դասական իմաստով, այսինքն ամենօրեայ գրառումներ չկան, այլ երկու տարուան ընթացքին զանազան օրերու կատարուած են ցաքուցրիւ գրառումներ: Այդ օրագրին մէջ ան գրած է Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին, իր զայրոյթը արտայայտած է ընդդէմ նացիներու եւ կրկին ցոյց տուած՝ Խորհրդային Միութեան հանդէպ տածած իր համակրանքը:

ԼԱՍ-ի օրագիրը կ՚ընդհատուի 1942-ին։ Ասլանեան ամուսինները հակաֆաշական պայքարի մէջ կը մնան մօտաւորապէս երեք տարի։ 1944 յուլիսի 26-ին ԼԱՍ-ն ու Արփիարը կը ձերբակալուին Փարիզի Էքս փողոցի թիւ 8 հասցէն կրող իրենց բնակարանին մէջ։ Ձերբակալման ժամանակ ֆաշականները կ՚ոչնչացնեն ԼԱՍ-ի երկու անաւարտ գրութիւններու ձեռագրերը («Դիմադրութեան պատմութիւնը», «Փարիզի անկումը»)։

Շուտով ամուսինները իրարմէ կը բաժնեն եւ զանազան համակեդրոնացման ճամբարներ կը փոխադրեն՝ մէկ ճամբարէ միւսը տանելով: 1945-ի յունուար ամսուան վերջաւորութեան արդէն տեղեկութիւններ չկային ԼԱՍ-ի մասին: 1945-ը կը նշուի իբրեւ անոր մահուան թուական, սակայն Արփինէ Հարոյեան պրպտելով, չէ յաջողած գիտնալ, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ մահացած է ԼԱՍ՝ Դիմադրութեան շարժման մոռցուած մարտիկը, որ չէ դադրած ստեղծագործելէ նոյնիսկ ճամբարին մէջ: Անոր ճամբարական գրութիւնները, սակայն, փրկուած են ու 1946-ին Արշակ Չօպանեան հրատարակած է ատոնք «Անահիտ» գրական ամսագրին մէջ։ Մէկ տարի անց Փարիզի «Հայ կին» ամսաթերթը իր առաջին թիւը նուիրած է ԼԱՍ-ին ու անոր գործունէութեան:

ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ ԵՒ ԱՍԼԱՆԵԱՆՆԵՐԸ

Արփինէ Հարոյեան բաւական ուշագրաւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Շարլ Ազնաւուրի, Ասլանեաններու եւ Դիմադրութեան շարժման մարտիկներու կապի մասին: Ազնաւուր իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ պատմած է, որ փոքր տարիքին թուաբանութեան դասեր առած է Ասլանեաններուն քով: Ազնաւուրները նոյնպէս Դիմադրութեան շարժման ջատագովներէն եղած են։ Միսաք Մանուշեանի մասին Շարլ Ազնաւուր իր «Անցած օրեր» գիրքին մէջ այսպէս գրած է.

«Նախքան դիմադրութեան հերոս դառնալը՝ Միսաք Մանուշեան հայկական համայնքէն ներս յատկապէս ճանչցուած էր իր բանաստեղծութիւններով: 1944-ին Մանուշեանն ու իր խումբը ձերբակալուեցան ֆաշական Գերմանիոյ պետական գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ: Միսաքին կինը՝ Մելինէն, խուճապահար թաքնուեցաւ մեր տան մէջ: Մենք մտահոգ կը սպասէինք լուրերու, որոնք վերջնականօրէն վատ լուրեր եղան, քանի որ այդ դիմադրականները, զորս գերմանացիները կ՚անուանէին «ահաբեկիչներ», գնդակահարուեցան»:

Լուիզա Ասլանեանի մասին եւս մէկ յատկանշական տեղեկութիւն յայտնաբերած է Արփինէ Հարոյեան. Դիմադրութեան գործողութիւններու ժամանակ Լուիզա կը ներկայանար «Մատլէն» անունով։

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Շուրջ 80 տարի առաջ Ֆրանսայի հայ համայնքը, երկրի այլ համայնքներու հետ միասին, մեծ դեր ունեցած է Դիմադրութեան շարժման մէջ: Այս շարժումը ֆաշական ​​Գերմանիոյ կողմէ 1940-1944 թուականներուն Ֆրանսայի բռնազաւթման դէմ կազմակերպուած ընդդիմութիւն մըն էր, որ փարթիզանական խումբերով, հակագերմանական քարոզչութեամբ, զանազան գործողութիւններով ժամանակի իրադարձութիւններու մէջ իր նշանակալի դերը ունեցաւ: Լուիզա եւ Արփիար Ասլանեաններու գործունէութենէն զատ նշենք նաեւ քանի մը փաստեր եւ հայերու անուններ, որոնք մասնակցած են Դիմադրութեան շարժման:

Հայ բանաստեղծ եւ համայնավար Միսաք Մանուշեան դարձած է Դիմադրութեան առաջնորդներէն մէկը եւ Մանուշեանի խումբի հրամանատարը: Մանուշեանի հրամանատարութեամբ խումբը մահափորձ կատարած է Փարիզի հրամանատար, զօրավար Շաումպուրկի դէմ, որ յայտնի էր զանգուածային մահապատիժներով, յարձակումներ կատարած են գերմանական նուաճողներուն վրայ: Մանուշեանին խումբը վարկաբեկելու նպատակով գերմանական ղեկավարութիւնը 15 հազար օրինակով տպագրած է նշանաւոր «Կարմիր պաստառ»ը, ինչ որ ցոյց կու տար, թէ գերմանացիներուն դէմ կը պայքարին ոչ-ֆրանսացիներ: Այդ պաստառին վրայ գրուած էր. «Մանուշեան, խումբի ղեկավար, հայ, 56 յարձակում, 150 զոհ, 600 վիրաւոր»։ Սակայն արշաւը հակառակ արդիւնքը կ՚ունենայ՝ յիշեցնելով ազատութեան մարտիկներու յաղթանակին մասին: Պաստառներուն տակ կը յայտնուէին ծաղիկներ, մարդիկ կը գրէին. «Զոհուած են Ֆրանսայի համար»։

1943 թուականի նոյեմբերին Մանուշեան գերմանական հրամանատարութեան կողմէ ձերբակալուած է ընդյատակեայ կայանին մէջ, խոշտանգումներու ենթարկուած է, իսկ երեք ամիս անց իր խումբի 21 անդամներուն հետ մահապատժի ենթարկուած։

1945-ին մահապատժի ենթարկուած է նաեւ Լուիզա Ասլանեանի ամուսինը՝ Արփիար Ասլանեան:

Արփէն Դաւիթեանը (Մանուշեանի խումբի մէկ այլ մահապատժի ենթարկուած անդամը), արդիւնաբերող Նափոլէոն Պուլուկեանը (1905-1984), բանաստեղծներ Գեղամ Աթմաճեանը (1910-1940) եւ Ռուբէն Մելիքը նոյնպէս ֆրանսական Դիմադրութեան ամենայայտնի անդամներէն էին։ Դիմադրութեան մարտիկներ Ալեքսանտր Ղազարեանին եւ Բարթուղ Պետրոսեանին զօրավար Շարլ տը Կոլը պարգեւատրած է Ֆրանսայի բարձրագոյն ռազմական շքանշաններով։ Մանուշեանի խումբի անդամներէն Անրի Կարայեանը (1921-2011) մասնակցած է Փարիզի «լ՚Իւմանիթէ»ի գաղտնի ծաւալումին եւ զինուած պայքարի մէջ մնացած մինչեւ ազատագրումը։ 2012 թուականին Ֆրանսայի նախագահը Մանուշեանի խումբի վերջին վերապրող 95-ամեայ Արսէն Շաքարեանին արժանացուցած է Ֆրանսայի բարձրագոյն պարգեւին:

Ուրախալի է, որ այսօր նոյնպէս ուշադրութեան կ՚արժանանան Դիմադրութեան շարժման հայ մարտիկները: Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններէն զատ, միւս մարտիկներուն մասին նոյնպէս գիրքեր ու յօդուածներ կը հրատարակուին եւ բանախօսութիւններ տեղի կ՚ունենան ոչ միայն Ֆրանսայի մէջ, այլ նաեւ՝ Հայաստան, որ եղած է անոնց իւրաքանչիւրին երազանքի օրրանը: Լուիզա Ասլանեան մարտիկի, գրողի արժեւորումը հայրենիքի մէջ ատոր ապացոյցն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023