140-ԱՄԵԱԿ ՇԱՒԱՐՇ (ԵՂԻԱԶԱՐ) ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ
2024 թուականը յոբելենական է բազմաթիւ հայ մտաւորականներու, գիրի, գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի գործիչներու համար:
Անոնց մէջ իր ուրոյն տեղը ունի հայ մամուլի եւ հրապարակախօսութեան անխոնջ նուիրեալ Շաւարշ Միսաքեանը, որ ծնած է ասկէ 140 տարի առաջ՝ Սեբաստիոյ նահանգը եւ պզտիկ տարիքին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Պոլիս: Հոս Շաւարշ (աւազանի անունով՝ Եղիազար) կը յաճախէ, յաջորդաբար, Գումգաբուի Մայր վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկփաշայի Կարկուրեան դպրոցը։ Տասնվեց տարեկանին մուտք կը գործէ հրապարակագրութեան ասպարէզ: Անոր հրապարակագրական ինքնահաստատումը սակայն կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ 1900-ական թուականներուն, հրատարակած ու տարածած է յեղափոխական գրականութիւն՝ աշխատակցելով «Դրօշակ»ին եւ «Ռազմիկ»ին։ 1907-ին մտած է Հ.այ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը։ Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք հիմնած է «Արծիւ» գրատունը, որ նաեւ հրատարակչական գործունէութիւն ունեցած է։
Շաւարշ Միսաքեան 1911-1912 թուականներուն ստանձնած է Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթի խմբագրութիւնը, իսկ 1913 թուականին վերադարձած է Պոլիս՝ մաս կազմելու համար ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրութեան։ Խոյս տալով ձերբակալութիւններէն՝ շուրջ տարի մը ապրած է թաքստոցներու մէջ, ազատութեան մէջ գտնուող խումբ մը շարքայիններ գլխաւորելով, որպէս կուսակցական մարմին։
Շաւարշ Միսաքեան պուլկարացի լրտեսի մը դաւաճանութեամբ ձերբակալուած է 26 մարտ 1916 թուականին, երբ փորձած է Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա ապաստանիլ։ Փորձած է փախչիլ՝ բանտի երրորդ յարկէն վար նետուելով, բայց ոտքը կոտրած ու բռնուած է։ Մահուան դատապարտուելով, մահավճիռը փոխարինուած է հինգ տարուան բանտարկութեամբ։ Բանտին մէջ մնացած է մինչեւ 17 նոյեմբեր 1918 թուական, երբ ազատ արձակուած է Մուտրոսի զինադադարէն ետք (30 հոկտեմբեր 1918)։
1925 թուականին հիմնած է Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը, որուն հրատարակիչն ու վարիչ խմբագիրը մնացած է մինչեւ մահը։ Շաւարշ Միսաքեան «Յառաջ»ի կողքին նաեւ մաս կը կազմէ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան ու կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատու պաշտօն կը վարէ՝ իբրեւ ՀՅԴ պիւրոյի անդամ, ապա ՀՅԴ Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ։
1943 թուականին, ազգային «Յառաջ» վարժարանի հիմնումէն ետք, անմիջապէս հիմը կը դրուի «Յառաջ» պատանեկան միութեան, ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին՝ իբրեւ շարունակութիւն Մուսա լերան պատանեկան միութեան։ Մտաւորականը յանկարծակի մահացած է 1957 թուականին՝ Փարիզ: Անոր մահուան լուրը հաղորդելով՝ օրուան մամուլը գրած է, որ խմբագիր-հրապարակախօսին առողջութիւնը արդէն խանգարուած էր, կը տառապէր սրտի մայր երակի լայնացումէն եւ արեան բարձր ճնշումէն: Հիւանդութիւնը ձեռք բերած է նաեւ խմբագրական ծանր աշխատանքի հետեւանքով, ինչպէս մամուլը կը գրէր՝ կը դարմանուէր, կը հանգստանար ամառները, բայց Փարիզ վերադարձին կը լծուէր դարձեալ գործի՝ միեւնոյն նուիրումով ու լարուածութեամբ: Ան կաթուածահար կ՚իյնայ ուղեղային արիւնախռնումի հետեւանքով եւ յաջորդ օրն իսկ կը փակէ՝ աչքերը, խոր սուգի մատնելով ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները, իր ընթերցողները, աշխարհով մէկ ցրուած ընկերներն ու համախոհները:
Արեւմտահայոց մամուլի եւ հրապարակագրութեան մէջ երկար ճանապարհ անցած մտաւորականին համար «Յառաջ» օրաթերթը ամէն ինչ էր, այն գլխաւոր հարթակն էր, որուն մէջ ազգային, քաղաքական, հասարակական հարցերով նիւթեր, մանաւանդ խմբագրականներ հրապարակած է: Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականները այսօր ալ արդիական են եւ կը փաստեն, որ հայութեան խնդիրները, մեր ինքնութեան հարցերը, ազգային-քաղաքական կեանքի թնճուկները նոյնը եղած են միշտ՝ հարիւր տարի առաջ, յիսուն տարի առաջ, այսօր…
Զանազան առիթներով ներկայացուցած ենք Միսաքեանի խմբագրականներէն: Իր յոբելեանին առթիւ նոյնպէս կը ներկայացնենք իր խմբագրած թերթէն խմբագրականներ եւ մէկ գրական գործ մը՝ աւելի կանուխ գրած:
ԲԱՑԷՔ ՊԱՏՈՒՀԱՆՆԵՐԸ
Արձակուրդի օրեր են եւ ամէն մարդ կը խօսի օդի, լոյսի, ջուրի մասին։
Ամենէն անճարն ալ խօսակից կը փնտռէ, պատմելու համար օդափոխութեան բարիքները։
Աս ու ան լեռ եւ ծով տեսեր են։ Ուրիշներ՝ ջերմուկ եւ արեւ։
Կան ալ որ լեզու կը թափեն, նկարագրելու համար իրենց պտոյտները՝ երկրէ երկիր։
Իրենց համար գաղտնիք չունին Զուիցերիան, Իտալիան, Սպանիան կամ Վոսփորի ափերը։
Օդ, լոյս եւ ջուր։ Նոր հորիզոն եւ թարմութիւն։
Ամէն պարագայի մէջ, կազդուրում։ Տեսակ մը երիտասարդացում՝ աշուն մը եւ ձմեռ մը եւս անցընելու համար։
Անշուշտ մարմնական վերանորոգումը իրեն հետ կը բերէ հոգեկան աշխուժացում ալ։
Մարդիկ աւելի տրամադիր կ՚ըլլան հետաքրքրուելու հանրանուէր գործունէութեամբ։
Գոնէ թմրած ջիղերը կ՚արթննան եւ աչքերը աւելի որոշ կը տեսնեն չարն ու բարին։
Երբ մաքուր օդ շնչած են, կ՚ուզեն որ քիչ մը թարմութիւն մտնէ նաեւ մեր հանրային կեանքին մէջ։
Այս հիւրընկալ երկրին երիտասարդ վարչապետը, որ կարգ մը յանդուգն ձեռնարկներ կատարեց, աչքի կը զարնէ ուրիշ առաւելութեամբ մը։
Կ՚ուզէ, կը փորձէ «քիչ մը թարմ օդ» ներմուծել Ֆրանսայի պետական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքին մէջ։
Քիչ մը թարմ օդի կը կարօտինք մենք ալ, սկսելով այս գաղութէն։
Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է լայն բանալ պատուհանները, որպէսզի բացուին մեր աչքերը։ Որպէսզի թարմ օդ շնչեն միտքերն ու սրտերը։
Հարկ է թօթափել ինքնահաւանութեան, մեկուսացման, թմրութեան եւ լճացման դեղին փոշին, որ կանխահաս ծերութիւն կը նշանակէ։
Չէ՞ք տեսներ, - աշունը տիրաբար նստեր է տարագիր բազմութեանց հանրային կեանքին վրայ։
Չէ՞ք լսեր դեղնած տերեւներու խշրտուքը, ամէն ասպարէզի մէջ։
Եղածը պահելու աշխատանքը յաճախ կը շփոթուի շուտ մաշեցնելու սովորամոլութեան հետ։
Յոգնած աչքերը պղտոր կը տեսնեն ամէն բան։
Երիտասարդները գունաւոր ակնոցներ կը փնտռեն, ծուռն ու շիտակը զանազանելու համար։
Գործօն ուժեր եւ մամուլը ահագին եռանդ կը սպառեն, տարրական ճշմարտութիւններ պարզելու համար։
Իւրաքանչիւր համրանք իրեն յատուկ պատեանի մը մէջ ամփոփուած, չի համարձակիր տեսնել, թէ ինչ կը բանի դրացին։
Տարագիր բազմութիւնները կը թարթափին անորոշութեան մէջ, անճար նայուածքներ ուղղելով չորս հովերուն։
Հոծ գաղութներէն այն որ ուժ եւ բախտ ունի, վերէն կը նայի միւսներուն վրայ։
Ուրիշներ իրենց իւղով կը տապկուին, միշտ նախընտրելով դիւրին, հարթ ճամբաները։
Ընկալեալ սովորութիւնները մամուռ կապած են ամէն տեղ, կախարդական շրջանակ մը ստեղծելով։
Երեսնամեայ փորձառութիւնը կ՚ապացուցանէ, թէ լրջօրէն կը կարօտինք ներքին օդափոխութեան մը։
Լոյս եւ թարմութիւն։
14 օգոստոս 1954
ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՈՍԿԻ ՉԷ
Տարեկան տեսութեան մը առթիւ ուզեցինք իմանալ, թէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար։
Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց ոչ մէկ ձայն։
Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը, այս կամ այն շրջանէն։
«Լռութիւնը ոսկի է», կ՚ըսէին, երբ դպրոց կ՚երթայինք։
Փորձառութիւնը հաստատեց թէ միշտ ոսկի չէ։ Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ՝ թիթեղ։
Այս երեքէն որո՞ւն կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը։
Փարիզի Կրօն. Ընկերակցութեան վարչական ժողովին մէջ, Բ. ատենապետը առաջարկեր է, որ բարենպատակ հաստատութիւնները իրենց տարեկան գործունէութեան տեղեկագրին եւ հաշուեկշռին մէկ պատճէնը ղրկեն, առ ի գիտութիւն։ Եւ ժողովը հաւանութիւն յայտներ է, սկզբունքով։
Զեկոյցը հազիւ հրատարակուած, դիտողութիւններ լսուեցան.
Հապա Կրօն. Ընկերակցութի՞ւնը։ Ո՞ւր են իր գործունէութեան տեղեկագիրները եւ հաշիւները…
Տարիներէ ի վեր է որ կը ծեծուի այս խնդիրը, Ազգ. Տան հարցին հետ, առանց եզրակացութեան մը յանգելու։
Միայն Կրթ. Խորհուրդն է որ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հաղորդէ մամուլին. իսկ մնացեալը կը մնայ գոց գիրք։
Օրինակ, մինչեւ այսօր ալ հանրութիւնը լուր չունի թէ որեւէ քայլ առնուա՞ծ է, թեմական կազմակերպութեան համար եւ ինչ առաջադրութիւններ ունին։
Նոյն պատկերը՝ Փարիզէն դուրս ալ, մինչեւ Մարսէյլ։
Ոչ մէկ տեղեկագիր կամ համառօտ զեկուցում, Լիոնի, Վալանսի, Կրընոպլի եւ միւս հայաշատ շրջաններու ազգային գործունէութեան մասին։
Ամէն տեղ ալ կան ազգ. իշխանութեան կորիզներ, իբրեւ Միութիւն կամ Վարչութիւն։
Եթէ հարցնէք, թէ ի՛նչ գործեր կատարեցին 1956-ին եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին 1957-ի համար, պարզապէս տհաճութիւն պատճառած կ՚ըլլաք։
Նոյնիսկ վիճակագրական տեղեկութիւններ կը պակսին, - մարդահամար, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւն, նոր սերունդի փրկութիւն, եւ այլն։
Ոչ մէկ փոփոխութիւն՝ գործելու եղանակներուն մէջ։ Նոյն մարդիկը։ Նոյն մեթոտները։ Նոյն սովորամոլութիւնը, որ ի վերջոյ կը յանգի անշարժութեան։
Իսկ շրջանէ շրջան կապն ալ արարողական է, - հանդէս կամ պատարագ։
Մինչդեռ, գոնէ Փարիզն ու Մարսէյլը կրնային օրինակ հանդիսանալ, ծրագրեալ գործունէութեամբ։
Պատկերը շատ աւելի տժգոյն է հարեւան գաղութներուն մէջ, սկսելով Անգլիայէն եւՊելժիայէն։
Ի՛նչ դիտողութիւն կամ հարցում ալ ուղղէք, պատասխանը լռութիւն է։
Երբեմն թղթակցութիւններ կ՚երեւան թերթերու մէջ, առանց ամբողջական գաղափար մը տալու բուն իրականութեան մասին։
Համատարած լռութիւնը կ՚ապացուցանէ, թէ մարդիկ ոչ միայն յոգնած են, այլեւ հաւատք չունին իրենց կատարած գործին վրայ։
Անշուշտ երիտասարդութիւնն ալ կ՚օգտուի այս հոգեբանութենէն, խուսափելու համար որեւէ պարտականութենէ։
Եւ օրերը օրերուն կը յաջորդեն յօրանջելով, հառաչելով, կամ պրիճ խաղալով…
25 յունուար 1957
ՎԷՐՔԻՆ ԽՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կանոնաւոր հայերէն գիտնալու խնդիրը՝ նոր սերունդին համար, ո՛չ քմայք է, ոչ ալ ազգասիրական մարմաջ։
Իրենց ապագան իսկ այդ կը պահանջէ։
Անոնք որ կը գոհանան հաց-պանիր հայերէնով մը, հայրիկին եւ մայրիկին հետ խեղպնալու, կամ պատահաբար կայծկլտալու համար, ի վերջոյ չարաչար պիտի զղջան։
Կորսուած ժամանակը ետ չի դառնար։ Մանաւանդ անոնց համար որ արդար յաւակնութիւններ ունին, - ասպարէզ նետուիլ, դիրքեր գրաւել, հանրային կեանք վարել։ Մինչեւ անգամ ճառ խօսիլ կամ թերթ խմբագրել։
Ո՞ր ատեն միջակութիւնը յարգ վայելած է, այս կամ այն միջավայրին, ասպարէզին մէջ։
Ցարական իշխանութեան տակ, երբ հայկական դպրոցները կը փակուէին ձուլումը փութացնելու համար, ունեցանք սերունդ մը, որ ահագին աւեր գործեց մայրենի լեզուի անդաստանին մէջ։ Բռնակալութեան հարթիչ գլանը տրորեց անոր գլուխն ու սիրտը, եւ լեզուն աղքատացաւ, աղճատուեցաւ չարաչար։ Մարդիկ հասարակ բառերու հայերէնն անգամ չկրցան սորվիլ, եւ իրենց յատուկ բառարան մը շինեցին, որ դժբախտաբար «ի զօրու է» մինչեւ այսօր…
Այստեղ, Ֆրանսայի մէջ, եւ աւելի անդին, ովկիանոսի ափերուն վրայ, ո՞վ կը փակէ մեր ճամբան, բացի միջավայրի հրապոյրներէն, այլ մանաւանդ մեր թեթեւամտութենէն։
Եթէ հարկ ըլլար վէրքին արմատը փնտռել հոգեբանական կամ գիտական գետնի վրայ, պիտի հասնէինք հետեւեալ եզրակացութեան.
Նոր սերունդը «նայում է իր մայրենի լեզուի վրայ ինչպէս մի կոտրած ամանի վրայ, ինչպէս իր մաշուած շորի վրայ» (Գր. Արծրունի, 1876)։
Ուրիշ խօսքով, ան կորսնցուցած է թանկագին գիտելիք մը, - ազգային հպարտութիւնը։ Այսինքն, ստորադաս համարելով իր ժողովուրդը, անոր հիմնական արժէքին ալ կը նկատէ «ի միջի այլոց բաներ»։
Տակաւին շուկայիկ հոգեբանութիւն մըն ալ, - Հայերէ՞ն, ի՞նչ բանի կը ծառայէ։
Անշուշտ բոլորը մէկ ջուրով չենք լուար։ Բայց, կարգ մը լուսաւոր երեւոյթներ չեն կրնար պարտկել պատկերին սեւութիւնը։
Եւ, դժբախտաբար, մեր նորահաս աղջիկները աւելի բացասական դեր կը կատարեն այս ճամբուն վրայ, քան երիտասարդները։
Մինչ կը սպասուէր որ անոնք մէկ ժպիտով կամ կսմիթով արթնցնէին ցեղային հպարտութիւնը, ընդհակառակն, իրենց անձնական օրինակովն իսկ ճամբայ կը ցուցնեն այլասերումը, ձուլումը փութացնելու։
Գացէք ժամուն դուռը կամ որեւէ հանդէսի, - եւ պիտի կրնաք չափել վէրքին խորութիւնը։
Աչք մը նետեցէք անոնց գրադարաններուն կամ կարդացած գիրքերուն վրայ, եւ ձեր գլխուն լոյս պիտի ցաթի, եթէ պատահաբար հանդիպիք որեւէ հայերէն հրատարակութեան։
Եւ այս վարդագեղ մանկամարդուհիները սահմանուած են ընտանիքներ կազմելու, - սերունդին տեւականութիւնը ապահովելու…
Բաղդատեցէք այս պատկերը այն միւսին արդէն մոռցուա՜ծ պատմութեան հետ, որ կ՚ըսէր թէ հայ աղջիկներ գետը կը նետուէին, չտաճկանալու համար…
Ի հարկէ, տաճկնալու խնդիր չունինք այստեղ։
Բայց, ի՞նչ օգուտ, երբ հոգեկան կապերը կը փրթին հետզհետէ, սրընթաց եւ անդարմանելի։ Երբ չափահաս կամ երիտասարդ մայրը ֆրանսերէն կամ անգլերէն կը ճռուողէ իր զաւկին հետ։ Երբ հայերէն որեւէ հրատարակութիւն ոչ իսկ շրթունքի ներկի մը արժէքն ունի մեր վառվռուն աղջիկներուն համար։
Այդ աղջիկներուն համար իսկ բարիք մը պիտի չըլլա՞ր, եթէ երբեմն քաշէինք իրենց մազերէն։
Թող չվիրաւորուին մեր սեւաչուի մանկամարդուհիները։
Աղջիկներուն վարդով անգամ մի զարներ, ըսած է բանաստեղծը։ Եւ սակայն, վէրքը այնքան խոր է որ - համատարած եւ յարաճուն օտարացում - կնամեծարութեան պահանջները ինքնին ջուրը կ՚իյնան։
Հետզհետէ՝ ուրիշ խոցելի կէտեր։
6 մայիս 1945
ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾ
ՀԱՅՐԻԿԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ
ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ
Ու իր քրմական դէմքը ու ճնշող հմայքը, որ կը ծորէր իր ալպադրոսի բիբերէն, ու իր վիթխարի շունչը ուր գորով եւ սաստ լծորդ էին, ուր՝ առաքելական անդորրութեան մը տակ՝ կը վժար մրրկալի յորձանք մը, ու վեհափառ ըմբոստութիւնը, որ իր էութիւնն իսկ էր…։
Ու այս ամենէն ոչինչ մնացած…։
Եւ ահա անկարծօրէն խզուած իր տիտանեան գոյութիւնը, եւ, որպէս թէ խարիսխ մը փլած ըլլար մեր կռուանէն, անասելի, համասփիւռ ցնցում մը… Ապշահար, անդոհագին փսփսուքներ, ընտանի վերյիշումներ եւ աղիտաւոր կանխատեսութիւններ…։
*
Պա՛հ մը, Հայրիկ, գէթ պա՜հ մը բանայիր քու բարի՛, արի՜ աչքերդ, որ արիւնախանձ վեհապետներու քոմային քունը վրդովելու գաղտնիքն ունէին, ու տեսնէիր տագնապագին իրարանցումը, որ քու անազդարար բաժանումդ սփռեց չորսդին, տեսնէի՜ր պերճիմաստ շուարումը, որ ահա սառեցուցեր է բոլոր դէմքերը…։
-Խայրիկ չկայ…։
Բայց դուն չե՜ս խօսիր, թա՛նկ Հայրիկ, որովհետեւ նորէն արիւնոտ բառեր պիտի բզքտեն թոքերդ, - քու կտրիճ թոքերդ, որ ա՛լ չեն ուռիր, աւա՜ղ, - որովհետեւ, նորէն ցաւոտ, կսկծագին սրտիդ անդոհանքն է, որ պիտի շարմաղես։
Այլ պա՛հ մը, գէթ պա՛հ մը բանայի՜ր քու հրահոսան շուրթներդ, եւ քու գերագոյն կտակդ կարդայիր մեզի, մեզ ամէնուս, քու ըմբոստ պատգամդ որոտայիր ա՛յնպէս բարձր, ա՛յնպէս ուժգին, որ ամէնքն ալ լսէին, ու ամէնքն ալ սարսուռ զգային՝ որպէս թէ շարժէ մը ցնցուած ըլլային.
«Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս. աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իր մրցանակն առաւ, դու դեռ անուս մանուկ մնացիր…»:
Խօսէ՛, Հայրի՛կ, ու թող քու բոլոր ձայնիդ որոտը թափանցէ բոլոր երդիքներէն ներս, թող դղրդացնէ ամրակուռ դուռները մեծատուներուն ինչպէս խարխուլ հիւղակը հարստահարուած մարդուն։
Որոտա՛, բարի Հայրիկ, գէթ վերջին անգամ մըն ալ, ու ա՛յն կորիւն-մոլուցքով զոր սովոր էիր հեղուլ, երբ բազմաչարչար ժողովուրդի մը արիւնահոս սրտէն բխած վիթխարի Ամբաստանագիրը կը կարդայիր օգոստափառ բրիկաներու առջեւ, մակաբոյծ վարչապետներու գլխին, իրաւունքին դագաղակիրներուն եւ երդարութեան փոսահատներուն ականջին։
Մենք քու ձայնի՜դ ենք կարօտ, անվա՛խ Հայրիկ, քու աննենգ, քու ըմբոստ ձայնիդ, որուն շեշտը, օ՜հ, սարսո՜ւռ կ՚ազդէր անոնց, որ վարժուած են կոխոտուած իրաւունքներու վրայ հաստատել իրենց Գայիսոնը, եւ իրենց նմաններուն դիակներէն բուրգեր բարձրացնել՝ իրենց փառքը երգել տալու համար։
«Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս. աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իր մրցանակը առաւ, դու դեռ անուս մանուկ մնացիր…»
Քանի դեռ ողջ էիր, այդ ձայնը անընդհատ կը հնչէր մեր ականջներուն։ Անընդհատ կը զգայինք անոր հզօր թափը, անոր տարերային ուժը որ ցոյց կու տար բոլոր ջլատ գիտակցութիւններուն, բոլոր քնախտաւոր գոյութիւններուն։
Բայց հիմա, որ դուն յարմար դատեցիր լքել մեզ, լքել ու հեռանալ անդարձ, իբրեւ թէ քէն մը ունենայիր մեզի հետ, ո՞վ պիտի փոխանորդէ քեզ, պաշտելի՛ Հայրիկ, ո՞վ պիտի հնչեցնէ Ահազանգը՝ որուն գործածութիւնը դուն ա՜յնչափ լաւ գիտէիր, ու ա՜յնչափ խոր…։
Ո՞վ…
Քանի դեռ ողջ էիր, վախ չկար, որ մոռնայինք զարհուրելի դասը, զոր կը կրկնէիր քու ամէն մէկ քայլիդ, լերան կատարէն ինչպէս վանքի ամպիոնէն, դաշտերու արձակութեան մէջ կամ դահլիճներու խուլ պատերուն ետեւ։ Բայց հիմա որ ա՛լ բաժնուած ես, ու չեմ գիտեր ի՛նչքան իրական ոլորտներու մէջ կ՚օրրես քու անզուսպ հոգիդ, չե՞ս վախնար, որ մոռնան Մեծ Դասը, քու Լերան Քարոզդ, զոր ա՛յնչափ կանուխ խօսեցար եւ որուն սակայն այնչափ ուշ ունկնդրեցին։
Այդ դա՜սը…։
Ո՜րչափ պէտք ունէինք ատոր դեռ մեր խանձարուրքէն, ո՜րչափ ստիպողական էր այն, երբ տակաւին թշնամին կանոնաւոր ձեւ մը չէր տուած իր պայքարին, երբ միայն շղթայազերծ կիրքն էր, որ կը գործէր, երբ տակաւին հալածանքի խարշափը զերծ էր դիւանագիտութեան եւ կանխամտած մեթոտներուն ժահրէն։
«Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս, աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իր մրցանակն առաւ. դու դեռ անուս մանուկ մնացիր…»
Դեռ մինչեւ ե՞րբ…։
Գոռա՛, Հայրի՛կ, դեռ մինչեւ ե՞րբ մեր երակները պիտի շարունակեն հոսել այն վատոյժ, գունատ արիւնը, որ մեր զաղփաղփուն գոյութիւնը կը յատկանշէ, պիտի ըսէիր։ Դեռ մինչեւ ե՞րբ մեր վրայ պիտի մնայ համր, համբերող ստրուկի անարգ պարեգօտը, որ ահա դարերէ ի վեր կը սեղմէ մեր ազատ կուրծքը, կը խափանէ մեր արձակ շնչառութիւնը։
Դեռ մինչեւ ե՞րբ հոմանիշ բառեր պիտի ըլլան Հայ եւ հպատակ, Հայ եւ վատոգի, Հայ եւ խանութպան։
Հե՛ղ մըն ալ, արի Հայրիկ, հե՛ղ մըն ալ որոտայիր, քու Սիմէոնեան պատկառանքովդ.
-Դեռ մինչեւ ե՞րբ…։
30 նոյեմբեր 1907
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ