Երեւանի «նոր բնակիչը»՝ Արջը
Երեւանի պուրակները, հրապարակները, կառոյցներու բակերը կը հարստանան նոր արձաններով եւ քանդակներով: Հին արձաններ ու կառոյցներ վար չեն առնուիր, փոխարէնը գրեթէ ամէն ամիս արձան մը, քանդակ մը կը դրուի քաղաքին մէջ:
Այս երեւոյթը յաճախ դժգոհութիւն կը յառաջացնէ մտաւորականութեան կամ պարզ քաղաքացիներուն մօտ: «Հաւանաբար, պետական պաշտօնեաները որոշած են մարդիկը փոխարինել արձաններով», ընկերային ցանցերու վրայ կատակով իր կարծիքը յայտնած է քաղաքացի մը՝ հերթական արձաններու բացման առթիւ:
Դժգոհութիւններու տեղի կու տան մանաւանդ, երբ քաղաքական գործիչներու արձաններ կը տեղադրուին մայրաքաղաքին մէջ, որովհետեւ մտաւորականութիւնը սովորաբար այն արդարացի կարծիքին է, որ քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուելու պարագային, գործիչներու գործուէութիւնը եւս ատոր համեմատ վերատեսութեան կ՚ենթարկուի եւ չ՚արժեր քաղաքական գործիչներու արձաններ տեղադրել քաղաքին մէջ, եթէ անշուշտ այդ մարդիկը մեծ պետական գործիչներ կամ մարդկութեան կեանքին մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն մը ունեցած անձեր չեն: Մանաւանդ, եթէ արձաններու պատրաստման վրայ հսկայական գումարներ ծախսուած են, ապա տեղադրելէ եւ հանուելէ ետք պարզապէս այդ գումարները կ՚ոչնչանան:
Նոյն տրամաբանութեամբ, անկախութենէն ետք Հայաստանի մէջ հանուեցան նախորդ հասարակարգի կարգ մը գործիչներու արձանները, որոնք այլեւս ժամանակավրէպ էին: Ատոնք վերածուեցան մետաղի ու քարէ թափօններու:
Անցնող օրերուն, Երեւանի մէջ տեղադրուեցան մարշալ Համազասպ Բաբաջանեանի եւ ազգային, պետական գործիչ Գարեգին Նժդեհի արձանները: Եթէ Գարեգին Նժդեհի պարագային սուր քննարկումներու դրուեցան միայն արձանի գեղարուեստականին վերաբերող հարցերը, ապա Համազասպ Բաբաջանեանի պարագային թէ՛ արձանի գեղարուեստական կողմը թիրախ դարձաւ, թէ՛ ալ Համազասպ Բաբաջանեանի գործունէութիւնը, որ եղած է Խորհրդային Միութեան զրահահրասայլային զօրքերու գլխաւոր մարշալը եւ 1956 թուականին խորհրդային զօրքերու կողմէ Հունգարիոյ ազատագրական պայքարը արեան մէջ խեղդելու գործին մէջ մեծ դեր ունեցած է:
Զոհուած են 3 հազար հունգարացիներ, տասնեակ հազարաւորներ բանտարկուած են, իսկ 200 հազարը հեռացած է երկրէն: Ապստամբութիւնը ճնշուած է խորհրդային բանակի մօտ 3 հազար հրասայլերով: Անշուշտ, եղան նաեւ կարծիքներ, որ Բաբաջանեանի արձանի տեղադրումը Հայաստանի պատասխանն է ուղղուած Հունգարիոյ, որու հետ մեր երկիրը խզած է դիւանագիտական յարաբերութիւնները, երբ Հունգարիան Ատրպէյճանին յանձնեց ազէրի սպայ՝ Ռամիլ Սաֆարովը, որ կացինահարած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն: Այս արարքին իբրեւ հետեւանք Ատրպէյճանը հերոսացուց իր սպան:
Բաբաջանեանի ունեցած ռազմական գործունէութեան յիշատակները վերանորոգուեցան այս արձանի տեղադրումով եւ նման քաղաքական քննարկումներու տեղի տուին, Հայաստանի մէջ բացասական ընդունելութիւն ունեցաւ անոր կերպարի վերանորոգումը:
Մինչ, գեղարուեստական արձանները միշտ ալ ուրախութիւն պատճառած են քաղաքի բնակիչներուն եւ այցելուներուն, մանաւանդ եթէ անոնք ժամանակակից եւ ինքնատիպ լուծումներ ունին եւ կարծրացած չափորոշիչներէ դուրս են:
Այս օրերուն Երեւանի Շարլ Ազնաւուրին անունը կրող հրապարակին վրայ տեղադրուեցաւ մետաղեայ արջի արձան մը, որ թափօնով պատրաստուած է: Արձանին հեղինակը հայրենի հանրաճանաչ ժամանակակից քանդակագործ Արա Ալեքեանն է, որ յայտնի է իր նմանատիպ այլ գործերով եւս, որոնցմէ «Սարդ»ն ու «Ցուլ»ը նոյն վայրին մէջ տեղադրուած են, իսկ մայրաքաղաքի այլ վայրերուն մէջ նոյնպէս ան ունի երկաթեայ թափօններէ պատրաստած արձաններ: «Սարդ»ն ու «Ցուլ»ը Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ տեղադրուած են 2007 եւ 2008 թուականներուն: Անկէ առաջ արձանագործը փոքր ցուլ, արջ եւ երկու ձի քանդակած էր, որոնք հիմա Պրիւքսէլի մէջ տեղադրուած են՝ քաղաքի չորս զանազան պուրակներու մէջ: Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ տեղադրուած «Ցուլ»ը վերջին շրջանին ճամբորդած է եւ այժմ տեղադրուած է Իսթանպուլի կեդրոնը:
Արա Ալեքեան շունչ ու ոգի կու տայ անշունչ մետաղին, անպէտք մետաղեայ լարերուն եւ իրերուն եւ ատոնց միջոցաւ ալ կը ստեղծագործէ:
Երբ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ տեղադրուեցաւ «Սարդ»ին արձանը, մարդիկ տարակուսեցան, որ ինչու արձանագործը սարդ պատրաստած է: Արա Ալեքեան մեկնաբանած է, որ սարդը բարութեան եւ հարստութեան խորհրդանիշ է, հակառակ այն տարածուած մտայնութեան, թէ սարդը լաւ նշան մը չէ: Ան յիշեցուցած է, որ սարդը սարդոստայն կը հիւսէ, որ պաշտպան է, եւ պատմութեան մէջ եղած են դէպքեր, երբ մարդիկ քարանձաւներու մէջ թաքնուած են, եւ սարդը սարդոստայն հիւսած է քարանձաւի մուտքին, որուն հետեւանքով թշնամին ունեցած է այն տպաւորութիւնը, թէ ներսը երկար ժամանակէ ի վեր մարդ չի բնակիր:
Արջը պատրաստելու համար արձանագործը աւելի մեծ քանակութեամբ մետաղ գործածած է, քան՝ իր նախորդ աշխատանքները, քանի որ արջին արձանը աւելի ծաւալուն է:
Արձանին բացումը տեղի ունեցած է նոյնպէս ոչ աւանդական եղանակով: Ազդագիրը գրուած է օրաթերթերու վրայ, որոնցմով մինչեւ բացումին օրը փաթթուած է արձանը, իսկ բացումը տեղի ունեցած է կրակով՝ փաթթուած արջի ծրարը այրելով, հրդեհը գրաւած է անցորդներու ուշադրութիւնը միեւնոյն ժամանակ նաեւ գոյն հաղորդած է մետաղին:
Ռուս բանաստեղծուհի մը իր քերթուածներէն մէկուն մէջ գրած է. «միայն թէ իմանաք ինչ աղբէ կը ծնին ծաղիկները…»։ Այս տողը կը յիշենք, երբ կը դիտենք Արա Ալեքեանին գործերը: Անգործութեան մատնուած ու ժանգոտած ինչ մետաղ ըսես ան գործածած է իր քանդակները շինելու ժամանակ՝ հազար ու մէկ պտուտակ, բռնակներ, ծորակներ, համակարգիչներու կմախքներ, ինքնաշարժներու մարմնի մասեր, կենցաղային մետաղեայ իրեր, որոնք արդէն դուրս եկած են պիտանելիութենէ եւ քանդակագործը ամէնը ժողված եւ վարպետութեամբ մը քով-քովի բերելով արձան շինած է:
Հայաստանի Վետի քաղաքը ծնած է Արա Ալեքեան: Մետաղներու հանդէպ սէրը ի յայտ եղած է պզտիկ տարիքէն, երբ կրկին մետաղներով մանկական շինութիւններ կազմած է: Հետագային նկարիչը արհեստավարժ ուսում ստացած է Երեւանի մէջ, ապա ան ուսումը շարունակած է Մոսկուա: Իր առաջին աշխատանքները սովորաբար դասական ոճի գործեր եղած են, եւ այդ մէկը հիմք եղած է՝ հետագային իր ժամանակակից գործերը ստեղծելու համար: Իր պրոնզեայ արձաններէն մէկն ալ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի արձանն է՝ Վետի քաղաքի հրապարակի վրայ, բայց Արա Ալեքեան ճանչցուած է իր մետաղեայ գործերով: Թափօնը ան կը հաւաքէ զանազան վայրերէ, տուներէ, շատ յաճախ կը նուիրեն, նոյնիսկ երբեմն՝ անծանօթ մարդիկ: Անգամ մը կին մը հեռաձայնած եւ ըսած է, որ ամուսինը տունին մէջ հաւաքած է բազմաթիւ մետաղեայ իրեր, որոնք կը զայրացնեն իրեն եւ խնդրած է գալ ու տանիլ: Արա Ալեքեան այդպէսով տէր դարձած է զանազան մետաղեայ նոր իրերու, զորս կը գործածէ արձանի այս կամ այն մասը կերտելու համար: Կ՚ըսէ, որ այդ կինը հիմա լաւ բարեկամ մըն է, եւ տեսնելով, թէ մետաղը ինչ հրաշքներ կրնայ գործել, այլեւս ինքը մետաղեայ կտորներ կը հայթայթէ եւ քանդակագործին կը բերէ:
Անհրապոյր մետաղին Ալեքեան զարմանալի լուծումներ կու տայ: Երեւանի մէջ տեղադրած անոր արձանները յաճախ հիացմունք կը պատճառեն, մանաւանդ օտարներ, զբօսաշրջիկներ, երկար ժամանակով կը կանգնին, կը լուսանկարուին, կ՚ուսումնասիրեն զանոնք… Իր այս ստեղծած ժանրի մէջ Ալեքեան թերեւս առաջինն է, հետագային նաեւ ընդօրինակողներ եղած են, սակայն իր ձեռակերտը ուրոյն է եւ կը տարբերի:
2005 թուականին հեռատեսիլային բեմադրիչ Սուրէն Տէր-Գրիգորեանի («Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւն)՝ «Երկաթէ ծնածը» Արա Ալեքեանի արուեստի մասին պատմող վաւերագրական ժապաւէնը Փարիզի մէջ արժանացած է Էպոնա միջազգային փառատօնի «Կրան-փրի» մրցանակին: Ժապաւէնին մէջ կ՚երեւի մետաղի թափօնի՝ նախնական վիճակէն մինչեւ արուեստի գործ դառնալու ամբողջ գործընթացը: «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան առջեւ ալ դրուած է Արա Ալեքեանի քանդակած տեսախցիկը:
Քաղաքին մէջ անոր արձանները կը տեղադրուին քաղաքապետարանի որոշումով, բայց որեւէ պահու ատոնք կրնան հանուիլ, եթէ քանդակագործը փափաքի զանոնք վաճառել: Այդպէս ալ եղած է «Ցուլ»ի պարագային, որ նախ Իսթանպուլ ցուցահանդէսի մասնակցեցաւ, այնուհետեւ վաճառուեցաւ եւ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակէն Թուրքիա գնաց ու մնաց: Պրիւքսէլ գացած ձիերն ալ, տեսած եւ գնած են ու քանդակագործը զանոնք հանած է իրենց տեղադրած վայրէն:
Արձաններու շինուած ձեւը այնպիսին է, որ անոնք կրնան դիւրութեամբ մասերու բաժնուիլ եւ վայրէ վայր փոխադրուիլ, նոր վայրի մէջ կազմուիլ:
Արա Ալեքեան ըսած է, որ իր բոլոր գործերը պատրաստած է իր տիկնոջմէ մղուած ներշնչումով եւ կինն է, որ ստեղծագործական լիցքեր կու տայ, միտքեր եւ գաղափարներ կը ներշնչէ: Ալեքեան գործեր նուիրած է նաեւ իր կնոջը, աւելի պզտիկ չափերու, որոնք տեղադրուած են տունին մէջ: Իր աւելի պզտիկ չափերու աշխատանքները կը վաճառուին Երեւանի ժամանակակից արուեստի պատկերասրահներուն մէջ:
Փարիզի մէջ իր մասին ժապաւէնի ներկայացումէն ետք լրագրողները բեմադրիչ Սուրէն Տէր-Գրիգորեանին հարց ուղղած են, թէ ո՞րը պիտի ըլլայ քանդակագործի յաջորդ քայլը, Սուրէն Տէր-Գրիգորեանն ալ կատակով պատասխանած է, որ Արա Ալեքեան կը պատրաստուի թերթով փաթթել Էյֆէլի աշտարակը եւ այրել զայն: Յաջորդ օրը օրաթերթերը գրած են այն մասին, որ հայ քանդակագործը կը պատրաստուի այրել Էյֆելի աշտարակը: Իր գործերը այրելու միջոցաւ ցուցադրելու մասին Արա Ալեքեան կ՚ըսէ, թէ սովորաբար նոր քանդակ մը, բացումէն առաջ սկիզբէն ճերմակ սաւանով կը գոցուի, սաւանը կը հանուի եւ բացումը կը կատարուի, իսկ ինք ընտրած է այդ տարբերակը՝ օրաթերթերով գոցելը եւ թերթը այրելը: Կրակը ան կը կապէ մետաղի հետ, նշելով, որ կրակէն կը ծնի մետաղը:
Քիչ մը կը վշտանայ, որ Երեւանի մէջ դրուած իր գործերը պատշաճ խնամքի չեն արժանանար, պզտիկները կը մագլցին ատոնց վրայ, ինչ որ կը վնասէ արձանները, իսկ քաղաքապետարանն ալ բաւարար լուսաւորութիւն չ՚ապահովեր շուրջ բոլորը, եւ մանաւանդ երեկոյեան արձանները, որ առանց այդ ալ սեւ են, կը յայտնուին անշքութեան մէջ: Սովորաբար իր արձաններու խնամքով կը զբաղի ինքը, կ՚երթայ, կը հսկէ, կը լուայ, կոտրած մասերը կը նորոգէ, որովհետեւ չ՚ուզեր իր ձեռքի ու մտքի աշխատանքը անխնամ վիճակի մէջ տեսնել:
Արա Ալեքեանի գործերուն համար կարծես ճիշդ վայր ընտրուած է Շարլ Ազնաւուրին հրապարակը, որ, ըստ քանդակագործի, սիրտն է քաղաքին:
Իսկ «Արջ»ը, որ օրերս տեղադրուեցաւ, անմիջապէս սիրելի դարձաւ անցորդներու համար: Հսկայական արջը բարութեան եւ լիութեան նշան է, որ կեցած է քաղաքի սիրտին վրայ եւ իր հսկայ մարմնով եւ բարի դէմքով կ՚ողջունէ անցորդները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ