ՕՁՈՒՆԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Լոռիի մարզի Օձուն գիւղի Զ. դարու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքը նախատեսուած է աւարտել Հոկտեմբերի 5-ին: Այս մասին, «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Օձունի հոգեւոր հովիւ Տ. Վրթանէս Քահանայ Պաղալեան նշեց, որ աշխատանքները պատշաճ կարգով եւ որակեալ կ՚իրականացուին:
«Աշխատող մասնագէտները բաւական փորձառու են: Անոնցմէ շատերը այլ երկիրներու մէջ աշխատելու առաջարկներ ստացած են, սակայն նախընտրեցին մնալ հայրենիք եւ իրենց նպաստը բերել Օձունի եկեղեցիի վերականգնման աշխատանքներուն: Շատ փորձառու վարպետներ ունինք՝ Համլէթ Յակոբեան, Դերենիկ Յակոբեան, Թադէոսեան եղբայրներ, Գեղամ Մուրատեան, Գարեգին Մանուկեան եւ այլք: Բանուորական ուժը գիւղէն է», ըսաւ Տ. Վրթանէս Քահանայ Պաղալեան:
Վերականգնման աշխատանքները սկսած են Ապրիլի 4-ին: Նախատեսուած է վերականգնել եկեղեցիի արտաքին բաց սրահներու բոլոր վեց կամարները, որոնք քանդուած էին անցեալ դարու 80-ական թուականներուն, ինչպէս նաեւ վերականգնել պատերը եւ քիւերը: Բոլոր պատուհաններուն կը տեղադրուին նոր փայտէ շրջանակներ եւ քարէ լուսամուտագոգեր՝ պատրաստուած հնագոյն նախատիպերու օրինակով: Վերականգնողները ձեռք բերած են ներարկման արդիւնաւէտ նիւթեր, կարանախցումներու համար օգտագործուած է բարդ կրաշաղախ: Տաճարի շուրջը կը նախատեսուի կառուցել ջրահաւաքման եւ ջրահեռացման համակարգ: Աշխատանքները կ՚իրականացուին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան գիտամեթոտական խորհուրդի կողմէ հաստատուած նախագծի համաձայն: Այս փուլէն ներս 63 միլիոն դրամի աշխատանքներ նախատեսուած են:
«Նախատեսուած է Հիւսիսային կամարակապ սրահը վերականգնել Հարաւային կամարակապ սրահի նիշին համահունչ: Աշխատանքները բաւական լաւ կ՚իրականացուին, պարզապէս իմ ցանկութիւնն է, որպէս գործող եկեղեցի, սրահները ամբողջացուին, որպէսզի գործնականօրէն օգտագործուին: Ցանկալի կ՚ըլլար, որ այս փուլէն յետոյ աշխատանքներու փուլ մը եւս ըլլայ եւ սրահները ամբողջացուին», ըսաւ ան:
Եկեղեցիի վերականգնման աշխատանքներու գանձատրումը կը կատարէ բարերար Մովսէս Ձաւարեան: Շինարարական աշխատանքները կ՚իրականացէ «Լեւգուկ» ընկերութիւնը:
Քահանայ Հայրը տեղեկացուց, որ շինարարական աշխատանքները այնպէս կազմակերպուած են, որ եկեղեցիէն որեւէ հատուած փակուած չէ:
«Եկեղեցիի գործունէութիւնը չի խոչընդոտուիր: Մենք օրական 150-200 օտարազգի այցելուներ կ՚ունենանք: Փորձառու վարպետներու միջոցով զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն ունին մասնակցիլ տեղոյն աշխատանքներուն, տեսնել, թէ վարպետը ինչպէս ձեռքով կը վերականգնէ» աւելցուց Տ. Վրթանէս Քահանայ Պաղալեան:
Օձունի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերականգնման նախորդ՝ առաւել կողմանի փուլը ընթացած է երեք տարի եւ յաջողութեամբ աւարտած 2014 թուականին: Վերականգնուած է գմբէթը իր նախնական տեսքով եւ խաչով հանդերձ, հիմնովին ամրացուած են պատերը: Այս աշխատանքներու կատարման ընթացքին յայտնաբերուած են 6-րդ դարու զարդանախշերու դրուագներ եւ կղմինտրի նմոյշեր: Մասնագէտներու կարծիքով, վաղմիջնադարեան հայոց ճարտարապետութեան գլուխգործոցը այսպէսով փրկուած է հնարաւոր աւերումէն:
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024