ԱՄԷՆ ԱՂՕԹՔ ՀԱՍՈՒ ՉԷ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը գիտէ աղօթել՝ աղօթած է: Թէպէտ իւրաքանչիւրիս աղօթքը բովանդակութեամբ կը տարբերի, սակայն իմաստով գրեթէ նոյնն է. շահադիտական, խնդրանք, փափաքի մը իրականացում: Մենք անդադար բան մը կը խնդրենք, կը սպասենք Տիրոջմէ, առանց որեւէ բան պատրաստ տալու: Կ՚աղաչենք, կը պահանջենք առանց վարձահատոյց ըլլալու:
Միայն մէկ բան կ՚ուզենք մենք Աստուծմէ՝ տուեալ պահի մեր ցանկութեան իրականացում: Թերեւս քիչեր կ՚ուզեն ճանչնալ, նմանիլ Տիրոջ, քանզի մեղքը քաղցր է, եւ մենք չենք ցանկար ազատուիլ այդ թուացեալ քաղցր տառապանքի ճիրաններէն:
Մենք կ՚ուզենք, որ մեր աղօթքները առանց վարանելու, միշտ լսելի եւ ընդունելի ըլլան Բարձրեալի կողմէ: Բնաւ կարեւոր չէ աղօթքի պարունակութիւնը բուժի՞չ է մեզի համար, թէ ոչ, կամ մենք ի զօրո՞ւ ենք մեր ցանկացածի ծանրութեան տակ կքելու, արդեօք կրնա՞նք մեր փխրուն ուսերու վրայ տանիլ այդ ծանրութիւնը: Յիրաւի մենք տեղեակ չենք: Սակայն Աստուած մեզմէ աւելի լաւ գիտէ, թէ մենք ինչ բանի ունակ ենք ու պատրաստ:
Երբ մեր աղօթքները կը մնան անպատասխան, մենք կը սրդողինք Աստուծմէ, կը խռովինք: Կը խզենք մեր կապը Տիրոջ հետ, եկեղեցիի ուղղութեամբ ալ չենք նայիր: Բոլոր աղօթքները հասու չեն Աստուծոյ: Աստուծոյ կը հասնին մեր սիրտերէն բխած աղօթքները: Աղօթել պէտք է սրտով, հոգիով ու մտքով՝ կեդրոնացած: Եթէ կրնաս կեդրոնացնել միտքդ, քեզ նուիրել ու վստահիլ Տիրոջ, այն ժամանակ պիտի զգաս նաեւ Տիրոջ ներկայութիւնը:
Այո՛, մեզմէ շատերը կը հետաքրքրէ, թէ ինչո՞ւ զԱստուած չի լսեր մեր աղօթքները, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ մենք կը խնդրենք առողջութիւն, խաղաղութիւն, սէր, համերաշխութիւն, իմաստութիւն...
Վաղուց, շա՜տ վաղուց կ՚ապրէր սուրբ ծերուկ մը, որ շատ կ՚աղօթէր ու կը վշտանար մարդոց մեղքերու համար: Ան կը տարակուսէր, թէ ինչպէս կրնայ պատահիլ, որ մարդիկ կ՚երթան եկեղեցի, կ՚աղօթեն ու կը շարունակեն մեղքեր գործել:
-Տէր Աստուած, միթէ Դուն չես լսե՞ր մեր աղօթքները: Մարդիկ մշտապէս կ՚աղօթեն խաղաղութեան ու անդորրի համար, սակայն չեն յաջողիր: Միթէ՞ զուր են անոնց աղօթքները,- կը խորհէր ան:
Օր մը իր մտքերուն մէջ խորասուզուած ան քնացաւ ու երազ մը տեսաւ: Երազին մէջ լուսաւոր հրեշտակ մը զայն առաւ իր թեւերուն վրայ եւ բարձրացուց երկինք: Որքան աւելի վեր կը բարձրանային, այնքան աւելի կը ցածանային երկինքէն լսուող ձայները: Մարդոց ձայները այլեւս բնաւ չէին լսուեր: Երբեմն-երբեմն կը լսուէին հեռուէն եկող ներդաշնակ մեղմիկ հնչիւններ:
-Այդ ի՞նչ ձայներ են,- հարցուց ծերունին:
-Անոնք աղօթքներ են: Միայն աղօթքներ կը լսուին այստեղ,- պատասխանեց հրեշտակը:
-Բայց ինչո՞ւ անոնք այդքան թոյլ կը հնչեն: Ինչո՞ւ կը լսուին այդքան քիչ ձայներ: Չէ՞ որ այժմ բոլոր ժողովուրդը կ՚աղօթէ:
Հրեշտակը նայեցաւ ծերունիին. անոր հայեացքը շատ տխուր էր.
-Կ՚ուզե՞ս գիտնալ, թէ ինչո՞ւ, ուրեմն նայէ:
Ներքեւին կ՚երեւէր մեծ եկեղեցի մը: Հրաշքով բացուեցան եկեղեցիի կամարները եւ ծերունին կրցաւ տեսնել, թէ ներսը ինչ տեղի կ՚ունենար: Եկեղեցին մարդաշատ էր: Արարողութեան ընթացքին կ՚երգէր մեծ երգչախումբ մը, հոգեւորականը կը կրէր ծիսական համազգեստ: Չնայած ընթացող արարողութեան՝ ոչ մէկ ձայն կը լսուէր: Կ՚երեւէր, թէ հոգեւորականը կ՚ընթերցէ բան մը՝ շարժելով շուրթերը, սակայն բառերը չէին լսուեր: Ապա սարկաւագը սկսաւ երգելու, սակայն դարձեալ ոչ մէկ ձայն կը լսուէր: Երգչախումբը նոյնպէս միացաւ սարկաւագին, սակայն ոչ մէկ ձայն: Բոլորի շուրթերը կը շարժէին, սակայն երգեցողութիւն չէր լսուեր: Եկեղեցիի մէջ կը տիրէր լռութիւն:
-Ի՞նչ կը կատարուի,- տարակուսած հարցուց ծերունին:
-Իջնենք եւ դուն կը հասկնաս,- պատասխանեց հրեշտակը:
Հրեշտակն ու ծերունին իջան եկեղեցի՝ մնալով անտեսանելի բոլորին: Դիմացը կեցած, շքեղ հագուած կին մը կ՚աղօթէր ջերմեռանդօրէն: Հրեշտակը մօտեցաւ եւ ձեռքով դպաւ անոր: Ծերունին տեսաւ կնոջ սիրտն ու կարդաց անոր մտքերը. «Փոստատան աշխատակցուհին կը կրէ նոր գլխարկ մը: Ամուսինը արբեցող է, երեխաները՝ քրջոտ թափառաշրջիկներ, իսկ ան զուգուած ու զարդարուած՝ զինքը կը ցուցադրէ»,- կը խորհէր ան:
Կնոջ կողքին կանգնած էր վաճառական մը ու մտախոհ կը նայէր սրբապատկերին: Հրեշտակը դպաւ անոր ու ծերունին կարդաց անոր մտքերը. «Գործերս վատ են: Ապրանքի գինը ինկաւ, ես կորսնցուցի հազարներ, գուցէ աւելին...»:
Քիչ մը այն կողմ երիտասարդ մը կը կենար: Ան գրեթէ չէր աղօթեր, այլ անդադար կը նայէր իր ձախ կողմը կեցած կանանց: Հրեշտակը դպաւ անոր, եւ ծերունին կարդաց անոր մտքերը. «Ինչ գեղեցիկ է Անէթը: Գրաւիչ է թէ՛ դէմքը, թէ՛ քալուածքը, նաեւ աշխատասէր է: Երանի թէ այդպիսի կին մը ունենայի... Տեսնես կ՚ամուսնանա՞յ ինծի հետ»:
Հրեշտակը շատերուն դպաւ: Բոլորն ալ տարուած էին նմանատիպ սին ու դատարկ, կենցաղային, առօրեայ մտքերով: Գտնուելով Աստուծոյ տունը՝ անոնք Տիրոջ մասին չէին մտածեր, այլ միայն կը ձեւացնէին, թէ կ՚աղօթեն:
-Հիմա կը հասնա՞ս: Նմանօրինակ աղօթքները մեզի չեն հասնիր: Այդ իսկ պատճառաւ կը թուի, թէ անոնք համր են: Կը փորձեն խօսիլ, սակայն իրենց ձայնը դուրս չի գար,- բացատրեց հրեշտակը:
Այդ պահուն պարզ ու յստակ մանկական ձայն մը լսուեցաւ.
-Տէր Աստուած, Դուն բարի ու ողորմած ես: Կ՚աղաչեմ, գթա՛ եւ փրկէ իմ խեղճ մայրիկին,- եկեղեցիի անկիւնի մէջ, պատին սեղմուած, տամուկ աչքերով կ՚աղօթէր պզտիկ մանչուկ մը:
Հրեշտակը դպաւ անոր եւ ծերունին տեսաւ անոր վշտահար ու սիրառատ սիրտը:
-Ահա այսպիսի աղօթքներն են, որ լսելի են մեզի համար,- ըսաւ հրեշտակը:
«Ես Տէրս, կը քննեմ սրտերը ու կը փորձեմ երիկամները, որպէսզի իւրաքանչիւրին հատուցեմ ըստ իր ընթացքի եւ ըստ իր գործերու արդիւնքի» (Եր. 17.10):
«Տէրը կը քննէ արդարն ու ամբարիշտը, որ կը սիրէ մեղքը, կ՚ատէ իր անձը» (Սղմ. 10.6):
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան