ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇՆԵՐ, ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇՆԵՐ…

Մեր կեանքը լեցուած է համախտանիշներով: Կ՚ապրինք համախտանիշներու դարուն մէջ, եւ երբեմն այնքան մտահոգիչ չեն ըլլար ֆիզիքական հիւանդութիւնները, որքան՝ համախտանիշները, որոնց թիւը օրէ օր կ՚աւելնայ եւ որոնցմով աւելի շատ մարդիկ կը սկսին տառապիլ աշխարհի ամէն կողմը: Բժիշկները, մարդաբանները, հոգեբանները, ախտաբանները, ընկերաբանները եւ նմանատիպ այլ մասնագէտներ սկսած են աւելի ուշադրութիւն դարձնել ժամանակակից համախտանիշներուն, որոնք կը խաթարեն մարդկային կեանքին որակը, եւ մարդ մը, կրելով այս կամ այն համախտանիշը, կը զրկուի բնականոն կեանքի ուրախութենէն: Խօսքը, անշուշտ, ի ծնէ ֆիզիքական համախտանիշներու մասին չէ, որոնց դէմ անզօր է բժշկութիւնը (Տաունի համախտանիշ կամ Աղեքսանդրիոյ համախտանիշ եւ այլ գունահատական շեղումներով պայմանաւորուած բազում համախտանիշներ. Աղեքսանդրիոյ համախտանիշի պարագային, օրինակ, ի թիւս այլ դրսեւորումներու, մարդուն աչքերը մանիշակագոյն կը դառնան):

Ժամանակակից համախտանիշներ ըսելով նկատի ունինք ձեռք բերուած, կեանքի պայմաններուն թելադրանքով ստացած գանգատներուն փունջը, որ նման է եւ նման չէ հիւանդութեան:

Համախտանիշներուն ի յայտ գալը երբեմն ժառանգական բնոյթ կը կրէ, սակայն փաստուած է արդէն, որ անոնց յառաջացման մէջ մեծ դեր ունի այսօրուան մեր ապրած կեանքը՝ իր տարատեսակ խիստ, դաժան ու անողոք դրսեւորումներով: Մարդը կորսնցուցած է բնութեան հետ կապը, քաղաքակրթութեան վնասները կրելով թուլցած է մարդուն միտքը, տկարացած է հոգին, մարմինը, եւ մեր ժամանակներու մարդը շատ դիւրութեամբ կ՚ենթարկուի հոգեբանական եւ մտային ճնշումներու: Իսկ հոգեբանական համախտանիշներուն մեծ մասը, իրենց հիմքին մէջ, կապուած են ուղեղին, մտածողութեան, անձին ունեցած բարդոյթներուն, անոր կրած հոգեկան ցաւերուն եւ վիշտերուն:

Համախտանիշներ կան, որոնք ի յայտ կու գան կեանքը շատ կատարեալ կամ երազային կերպով պատկերացնելու, բայց այդպէս չտեսնելու եւ չապրելու հետեւանքով: Երբեմն մարդ ինքն ալ չի հասկնար, թէ ի՞նչ համախտանիշ կը կրէ, դարուն ո՞ր շեղումին ազդեցութեան տակն է… Ըստ գիտնականներուն, այսօր աշխարհի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կամ գրեթէ բոլորը, այս կամ այն համախտանիշի կրողն են: Երբեմն կը կրեն ամբողջական համախտանիշը, երբեմն՝ անոր մէկ նշանը կամ տկար դրսեւորումը:

Վերջին համախտանիշներէն մէկը, որուն մասին կը խօսի բժշկութիւնը՝ Հաւանայի համախտանիշն է:

ՀԱՒԱՆԱՅԻ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇ

Այս համախտանիշը, որ յայտնաբերուած է 2016 թուականին, հիմնականօրէն կը հանդիպի դիւանագէտներուն քով: Առաջին անգամ Հաւանայի համախտանիշը նկատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութեան աշխատակիցներուն մօտ, Քուպա: Այդ ժամանակէն սկսեալ նոյնանման ախտանշաններու փունջը նկատուած է զանազան երկիրներու մէջ՝ ԱՄՆ-ի յատուկ ծառայութիւններու առնուազն 200 դիւանագէտներու եւ աշխատակիցներու մօտ: Բոլորը, զանազան ժամանակներու ընթացքին եւ զանազան վայրերու մէջ, գանգատած են ականջներու մէջ տհաճ աղմուկէ, գլխացաւէ, գլխապտոյտէ, յոգնածութենէ, արեան ճնշման կտրուկ բարձրացումէ, եւ այդ ամէնը տեւած է ամիսներ ու պարբերաբար կրկնուած:

ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը հաստատած է ամերիկեան դիւանագէտներու շրջանին մէջ նման ախտանիշներու առկայութիւնը, սակայն տակաւին չունի բացատրութիւն, թէ ո՞րն է այդ առեղծուածային համախտանիշին յառաջացման պատճառը: Մասնագէտներ զայն կը նմանացնեն ճառագայթումէն, ալիքային ցանցերու վնասներուն ենթարկուելէն ետք յառաջացած վիճակին:

Կը նշուի նաեւ, որ զանազան երկիրներու մէջ աշխատող շատ մը ամերիկացի դիւանագէտներու մօտ այս համախտանիշը յառաջացած է Պայտընի նախագահութեան օրով: Դիւանագէտները եւ անոնց ընտանիքները, ըստ երեւոյթին, ենթարկուած են ձայնային ներգործութեան, որ երկար ազդեցութիւն ձգած է անոնց առողջութեան վրայ:

Մաս մը մեկնաբանութիւններ կ՚ըսեն, թէ այդ ձայները ժամանակակից գործիքներուն աշխատանքին հետեւանքով յառաջացած ձայներն են, ոմանք ալ այն կարծիքին են, որ անոնք կրնան ըլլալ կարճ պոչով ծղրիթներու եւ այլ ճպուռազգիներու ձայներ: Մասնագիտական տեսակէտներ հնչած են նաեւ այն մասին, թէ հաւանական է, որ դիւանագէտները, ներշնչելով կ՚ենթարկուին ձայնային եւ այլ հսկումներու եւ հետապնդումներու, եւ կը տառապին միանման ախտանշաններէ: Այսինքն, քանի որ ամերիկացի դիւանագէտ են, անոնց կը թուի, թէ մշտապէս կապի ու հսկման մէջ են:

Համախտանիշով տառապողները կը նը-շեն, որ բացի ֆիզիքական նշաններէն, յանկարծակի ճնշուածութեան զգացողութիւն կ՚ունենան եւ տարօրինակ ձայներ կը լսեն, որոնք կու գան որոշ ուղղութենէ մը: Ժընեւէն, Պերլինէն, Վենետիկէն, Փարիզէն եւ բոլոր վայրերէն, ուր պատահած են դէպքերը, ամերիկացի որոշ դիւանագէտներ փոխադրուած են ԱՄՆ՝ հետազօտման ու բուժման, ուրիշներուն ալ հոգեբանական եւ առողջապահական օգնութիւն ցուցաբերուած է տեղւոյն վրայ: Ախտանիշներ յայտնաբերուած են նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ, երկու պաշտօնեայի մօտ, որոնց գործատեղին Սպիտակ տան մօտ է: Ամէն պարագայի, ԱՄՆ լուրջ հետաքննութիւն սկսած է այս ուղղութեամբ, որոնց արդիւնքները տակաւին ամբողջական չեն:

ՅԵՏՔՈՎԻՏԵԱՆ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇ

2019 թուականին աշխարհը գլխիվայր շրջեցաւ «Քովիտ-19» ժահրին պատճառով: Այսօր, կը թուի, թէ համաճարակը յաղթահարուած է, սակայն հիմա կը խօս-ւի այլ համախտանիշի մը մասին, զոր գիտնականները կոչած են յետքովիտեան համախտանիշ: Ամերիկացի, եւրոպացի, չինացի եւ այլ ազգերու գիտնականներ ու հետազօտական ընկերութիւններ ուսումնասիրութիւններ կատարելով պարզած են, որ յետքովիտեան համախտանիշը տարածուած է բոլոր երկիրներու մէջ, ուր որ քովիտի համաճարակ եղած է: Մինչ քովիտ անցուցած բազմաթիւ հիւանդներ մոռցած են իրենց ծանր վիճակին մասին, նոյն տառապանքը կրող ուրիշներ կը գանգատին յիշողութեան կորուստէ, յոգնածութենէ, տագնապներէ, աշխատունակութեան անկումէ եւ որ առկայ է բոլորին քով՝ վախերէ: Վախերը հիմնականօրէն կ՚առընչուին այն հարցին, որ անոնք կը վախնան կրկին վարակուիլ այդ ժահրով, որ, մահացու է որոշ պարագաներու: Մանաւանդ ծանր ընթացքով քովիտ տարածներուն քով է, որ վախեր կը յառաջանան եւ անոնք տակաւին չեն յաղթահարած մահէն փրկուած ըլլալու հոգեբանական պահը: Յետքովիտեան համախտանիշէն տառապողները նաեւ աւելորդ կասկածամտութիւն ձեռք ձգած են, նոյնիսկ փոքր անհանգստութիւնները կը նմանցնեն քովիտի եւ կը կասկածին, թէ կրկին ժահրը իրենց մէջն է:

Տրամադրութեան խանգարումները, յոգնածութիւնը եւ այլ հոգեբանական վիճակներ այդ մարդոց քով կը պահպանուին ամիսներ շարունակ, նոյնիսկ՝ աւելի երկար: Հակառակ որ քովիտով վարակուած հիւանդները արդէն ախտամերժութիւն ձեռք ձգած են, սակայն յետքովիտեան համախտանիշ ունեցողները կը խուսափին մարդաշատ վայրերէն՝ զգուշանալով ոչ միայն քովիտէն, այլ եղանակային ուրիշ վարակներ առնելէ:

Ըստ ամերիկեան հետազօտութեան, յետքովիտեան համախտանիշ ունեցող մարդոց մօտ կատարուած ուսումնասիրութեան համաձայն, անոնց մէկ երրորդը յայտնած է տարրական առօրեայ գործունէութիւն իրականացնելու պահուն ճանաչողական դժուարութիւններու մասին: Մասնագէտները վստահ են, որ յետքովիտեան համախտանիշը անկախ հիւանդութիւն է, կը պահանջէ առանձին մօտեցում եւ բուժում, սակայն յստակ է, որ համախտանիշը նեարդաբանական է: Այս համախտանիշը ունեցողներուն հոգեբաններ խորհուրդ կու տան վայելել կեանքը եւ ուրախանալ, քանի որ ժահրը, միլիոնաւոր մարդոց կեանքը խլելու ընթացքին խնայած է իրենց կեանքը:

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇ

Հակառակ որ Հաւանայի եւ յետքովիտեան համախտանիշներու հետ համեմատած Փարիզեան համախտանիշը աւելի հին է, սակայն աւելի քիչ թիւով մարդոց ծանօթ է, քան՝ ժամանակակից համախտանիշները: Միւս կողմէ, Փարիզեան համախտանիշը այսօր աւելի դիւրին յաղթահարուող հոգեվիճակներու կարգին է, քանի որ գոյութիւն ունին տեղեկութեան բազմապիսի աղբիւրներ, որոնք Փարիզ այցելողը կրնայ ուսումնասիրել, այդ քաղաք այցելելէն առաջ: Երեւոյթը ամէն պարագայի, գոյութիւն ունի եւ աւելի ծանր էր անցեալ դարուն, երբ առաջին անգամ յայտնաբերուեցաւ:

Այս մէկը հոգեկան ծանր վիճակ մըն է, որ կը յառաջանայ Ֆրանսա, մասնաւորապէս՝ Փարիզ առաջին անգամ այցելող զբօսաշրջիկներուն քով, որոնք Ֆրանսան չեն տեսներ այնպէս, ինչպէս երազած են տարիներ շարունակ եւ ինչպէս կարդացած են գիրքերուն մէջ, վայելած են շարժապատկերներէն, երգերէն:

Համախտանիշը կը կապեն մանաւանդ ճաբոնցիներուն հետ եւ անոնք են, որ առաւելապէս կ՚ենթարկուին այս համախտանիշի ցնցումներուն:

Փարիզեան համախտանիշը յայտնաբերուած է 1986 թուականին՝ Ֆրանսա աշխատող հոգեբոյժ Հիրոակի Օթոյի կողմէ։ Ամէն տարի, տասնեակ ճաբոնցի զբօսաշրջիկներ կը դիմեն հոգեբանի կամ ախտաբանի օգնութեան՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաք այցելելէն ետք: Անոնց գանգատները երբեմն ի յայտ կու գան Փարիզի մէջ, երբեմն՝ վերադառնալէ ետք կ՚ապրին ծանր զգացումներ: Տուժածներուն մէկ մասը կը կարծէ, որ իրենց խանգարման պատճառը տեղացիներուն անհիւրընկալ վերաբերմունքն է, մինչդեռ իրենք այլ սպասումներ ունէին: Փարիզեան սէրը հեռուէն վայելող ճաբոնցիներուն հետ իրենց երկրին մէջ սկսած են նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ, քանի որ վստահ չեն, թէ անոնք հոնկէ կը վերադառնան դրական հոգեվիճակով:

«Ինչպէս պարզ դարձած է՝ ճաբոնցի զբօսաշրջիկները հոգեպէս պատրաստ չեն այցելելու այնպիսի քաղաքներ, ինչպիսին Փարիզն է։ Անոնք կ՚երթան՝ յուսալով հիւրընկալութիւն, սակայն կը հանդիպին կատարեալ հակադրութեան։ Անոնց ջիղերը պատրաստ չեն այդպիսի ճնշումներու», բացատրած է հոգեբան Էրվ Պենհամոուն։

Ճաբոնական խանութներուն մէջ յաճախորդը արքայ է, մինչդեռ Փարիզի մէջ խանութներու վաճառողները անոնց ուշադրութիւն նոյնիսկ չեն դարձներ։ Փարիզեան համախտանիշով տառապող ճաբոնցի մը պատմած է, որ որքան անսովոր զգացած է Փարիզի մէջ, երբ հանդիպած է տգեղ դէմքով ֆրանսուհիի մը, մինչդեռ իր երազներուն մէջ բոլոր ֆրանսուհիները գեղեցիկ են:

Հակառակ որ համախտանիշը կը կապուի ճաբոնցիներու անունին հետ, սակայն անոր խռովքին ենթակայ է ամէն ազգի ներկայացուցիչ, որ փարիզեան երկարատեւ սէր ունի իր ներսը: Այս համախտանիշին յառաջացման կառուցուածքը պարզ է. իրական Փարիզը բնաւ չի համապատասխաներ այն դիւթիչ պատկերներուն, որոնք կը տպագրեն աշխարհի բոլոր գունաւոր ամսագիրները, այդ կարգին՝ ճաբոնական սնդուսափայլ ամսագիրները։ Դպրոցական տարիքէն ճաբոնցին գիտէ, որ Փարիզը շքեղութիւն է եւ հոն սիրավէպերու եւ գնումներու փառատօն է: Անոնք համոզուած են, թէ ֆրանսացիները ամէն օր ճաշին փրփրագինի կ՚ըմպեն՝ ուտելով կուշտ պահուած սագի կամ բադի լեարդ՝ ֆուակրա: Անոնց սեղանին իրենց երեւակայութեան մէջ միշտ պանիր եւ գինի կայ, իսկ ֆրանսական անուշահոտ սուրճը անպակաս է բոլոր վայրերուն մէջ: Տեղւոյն վրայ անոնք տարբեր բան կը տեսնեն եւ մէկ անգամէն կը կոտրուին:

Հազարաւոր ճաբոնցի կիներ Փարիզ կը մեկնին՝ միայն իրական սէր եւ մանաւանդ՝ փարիզեան սէր գտնելու յոյսով, սակայն ժամանելէ ետք անոնց բոլոր սպասումները կը տապալին: Անոնք կը տեսնեն, որ սէրը «թափած» չէ Փարիզի փողոցները, փոխարէնը այդ փողոցները աղտոտ են, լի՝ խցանումներով, գործադուլաւորներով եւ անխնամ ստեղծագործողներով:

Ի յայտ կու գայ անսովոր հոգեվիճակ մը, մշակութային ցնցում, նախասիրութիւններու խորտակում եւ ճաբոնցիները այն վարկածը առաջ կը քաշեն, թէ ֆրանսացները մտադիր են զիրենք անհասկնալի վէճի մը մէջ ներքաշել: Իսկ քանի որ ճաբոնցիները մանկութենէն վարժ են զսպուած ըլլալու, ուրեմն այս ամէնը լուրջ ճնշում կը դառնայ անոնց համար:

Համախտանիշին բնորոշ են գլխացաւերը, ընկճախտը, քորը եւ մեղմ տեսլահարութիւնները՝ զառանցանք, երեւակայական տեսիլքներ եւ այլն: Փարիզեան համախտանիշը կրողը երբեմն յարձակողական տրամադրութիւն կ՚ունենայ ֆրանսացիներուն հանդէպ: Փարիզեան յուսախաբութենէն ետք արձանագրուած են նաեւ անձնասպանութեան փորձեր։

Փարիզեան համախտանիշով տառապողներուն բուժումը կ՚ընդգրկէ նախ հիւանդին հեռացումը սադրիչ իրավիճակներէն, հոգեկան ու ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութենէն:

Փարիզեան համախտանիշը իր բնոյթով նման է Սթենտալի եւ Երուսաղէմի համախտանիշներուն, որոնց մասին, ինչպէս նաեւ դարու ուրիշ հոգեբանական քանի մը ախտերու, այդ կարգին՝ յետպատերազմեան համախտանիշին մասին, կը խօսինք յաջորդ թիւով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2022