ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՔԵՂ ՀԱՄԵՐԳ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր հա­մեր­գով մը նշուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած հա­մեր­գը պա­տուե­ցին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի հրա­մա­նագ­րե­րով՝ ե­րաժշ­տա­կան ա­րուես­տի բնա­գա­ւա­ռէն ներս ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին եւ այս յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր խմբա­վար Է­տուարտ Թոփչեան պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ մե­տայ­լով մը։ Գնա­հա­տուե­ցան նաեւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը Վա­ղար­շակ Պե­պա­նեա­նի եւ Շա­հէն Գէոր­գեա­նի։

Յո­բե­լե­նա­կան հա­մեր­գին ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան շարք մը հռչա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­ներ. ինչ­պէս՝ սոփ­րա­նօ Յաս­միկ Պա­պեան, ջու­թա­կա­հար Սէր­կէյ Խա­չա-տ­ըրեան, պաս Բար­սեղ Թու­մա­նեան, թաւ­ջու­թա­կա­հար Ա­լեք­սանտր Չա­վու­շեան եւ դաշ­նա­կա­հար Վա­հագն Պա­պեան։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016