ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃԵԼԻ ԸԼԼԱԼ
Վաղուան Սուրբգրային ընթերցումները առնուած են Եսայիի մարգարէութենէն 1-ին գլուխ 21-31 համարներ, Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 7-րդ գլուխ 25-րդ համար եւ 8-րդ գլուխ 1-11 համարներ, եւ Մատթէոսի Աւետարանէն 12-րդ գլուխ, 38-45 համարներ:
• Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը կարդանք.
«Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջներով կը ղեկավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ՚ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է: Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին՝ Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ:
Եթէ իրապէս Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, կը նշանակէ՝ թէ դուք այլեւս մարմնական ցանկութիւններուն համաձայն չէք ապրիր, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կամեցած ձեւով: Իսկ ով որ Քրիստոսի Հոգին չունի, Անոր չի պատկանիր: Եթէ Քրիստոս ձեր մէջն է, թէպէտեւ ձեր մարմինները պիտի մեռնին, որովհետեւ մեղանչեցիք, սակայն Սուրբ Հոգին դարձեալ կեանք պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ արդարացաք: Այսինքն, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, Աստուած, որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, Իր Հոգիին միջոցաւ որ ձեր մէջ կը բնակի՝ պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները» (Հռ 8.5-11):
Պօղոս առաքեալին վերոնշեալ խօսքերը յստակ կերպով կը յայտնեն, թէ ան որ մարմնական ցանկութիւններով կ՚ապրի, այլ խօսքով, ան որ իր մարմինին գերին դարձած է, ապա այդպիսին իր մէջ զԱստուած չունի, աւելին՝ Քրիստոսի չի պատկանիր եւ զուրկ կը մնայ Սուրբ Հոգիին շնորհներէն:
Մարմնականին համաձայն ապրիլը, աւելին՝ մարմնականը խորհիլը մարդը կը հեռացնէ հոգեւորէն, որովհետեւ մարդ երբ իր մարմինին պահանջներով կը ղեկավարուի, այսինքն՝ արբեցութեամբ, շատակերութեամբ, շնութեամբ եւ պոռնկութեամբ, հարստութիւն դիզելով եւ այլ աշխարհիկ՝ մարմնական պահանջներ, ապա այդպիսին չի՛ կրնար հոգեւորները խորհիլ, քանի որ Հոգիով չ՚առաջնորդուիր, Հոգիին թելադրած ձեւով չ՚ապրիր:
Արդարեւ, Սուրբ Հոգին կենդանարար է, այսինքն՝ կեանք տուող է, ապրեցնող է, եւ երբ մարդ Հոգիէն կը հեռանայ, կը մերժէ Հոգին, ապա ինքն իր վրայ մահ կը բերէ, ինքզինք մահուան կը դատապարտէ: Մինչդեռ, եթէ մարդ Հոգիով ապրի, որով Քրիստոսին իր մէջ ունենայ, ապա նոյնիսկ եթէ մեռնի մարմինով, սակայն Սուրբ Հոգին դարձեալ կեանք պիտի տայ անոր, որովհետեւ արդարացաւ:
Ըսինք, թէ Հոգին կենդանարար է, ապրեցնող է, այլ խօսքով՝ Հոգին կեանքի ակն է: Այս հաստատումին վկայութիւնը կը տեսնենք Ծննդոց գիրքին մէջ, ուր կը կարդանք. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (Ծն 2.7): Եւ եթէ Աստուծոյ Հոգին մարդուն մէջ կը բնակի, ապա Աստուած Իր Հոգիին միջոցաւ, որ ձեր մէջ կը բնակի՝ պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները: Կարեւորը, մարդ գիտակցի, զգայ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը իր կեանքէն ներս, որովհետեւ դարձեալ Պօղոս առաքեալին հաստատումով, «չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ: Հետեւաբար, եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը» (Ա. Կր 3.16-17):
Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետը կը գրէ. «Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնը բարութիւն եւ խաղաղութիւն է. այդ մէկը կը զգաս Իր բուրմունքէն: Անոր ներկայութիւնը շատ թեթեւ է: Անոր առջեւէն լոյսի եւ իմացութեան ճառագայթներ կը ճառագայթեն: Ան կու գայ անեղծ հովանաւորի զգացումով: Քանի Ան կու գայ փրկելու եւ բժշկելու, ուսուցանելու, իմաստնացնելու, օգնելու, մխիթարելու եւ լուսաւորելու նախ անոր՝ որ կ՚ընդունի զԻնք եւ յետոյ անոր միջոցաւ նաեւ՝ ուրիշներուն: Ինչպէս որ նախապէս մէկը մութի մէջ գնտուելով յանկարծ արեւը տեսնելով՝ անոր մարմնաւոր աչքերը կը լուսաւորուին եւ պարզ կը տեսնէ ամէն ինչ, որ նախապէս յստակ չէր տեսներ, այդպէս ալ ան՝ որ կ՚արժանանայ Ս. Հոգին ընդունելու՝ կը լուսաւորուի ներքնապէս եւ կը տեսնէ բաներ, որոնք վեր են մարդկային չափումներէն եւ որոնք նախապէս չէր տեսած»:
Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը բարութիւն եւ խաղաղութիւն է. Երուսաղէմացի Հայրապետին այս տողը կարծէք ամբողջացումն է Պօղոս առաքեալի այս միտքին. «Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն» (Հռ 8.6), իսկ հոգեկանը խորհիլը առանց Սուրբ Հոգիին ներկայութեան անկարելի է:
Դարձեալ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին՝ Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (Հռ 8.7-8): Պարզ եւ յստակ է. ան որ ինքզինք կը կապէ աշխարհին, մարմնականին, չի՛ կրնար Աստուծոյ հաճելի ըլլալ, որովհետեւ աշխարհին-մարմինին կառչած միտքը չի՛ կրնար ենթարկուիլ Աստուածային պատգամներուն եւ թելադրութիւններուն, որով բնականաբար չի՛ կրնար հնազանդիլ Աստուծոյ օրէնքներուն: Մարմնականը խորհիլը մարդը թշնամի կը դարձնէ Աստուծոյ, որովհետեւ մարմնականին կառչածութիւնը մարդը ամբարտաւան կը դարձնէ, եսասէրի կը վերածէ, որով մարդ կը սկսի միայն իր հաճոյքներուն եւ պահանջներուն մասին մտածելու: Իսկ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին կը գարշի ամբարտաւաններէն ու եսասէրներէն եւ այդպիսիներուն մէջ չի՛ բնակիր, ընդհակառակը պարզ եւ խոնարհ մարդոց մէջ կը բնակի, ինչպէս կը գրէ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը. «Ինչպէս որ ջուրը կը սիրէ վերէն վար իջնել, իսկ վարէն դժուարութեամբ կը բարձրանայ, այլ՝ հարթ վայրի մը մէջ կը հաւաքուի ու կը լճանայ, այդպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ շնորհներու աղբիւրն է եւ հաւատացեալներուն որովայնէն բխող առատ գետ է (տե՛ս Յհ 7.38), յօժարութեամբ կը հոսի հեզերուն եւ դիւրահաւաններուն մէջ, իսկ խոնարհներուն մէջ ալ աւելի կը լեցուի, կը բնակի եւ ծով կը դառնայ ու գետի նման կը հոսի եւ շատերը կ՚ոռոգէ: Իսկ ամբարտաւաններուն մէջ չի բնակիր, այլ կը խուսափի եւ կը հեռանայ անոնցմէ, ինչպէս որ իմաստունին մէկը ըսած է. “Յանդիմանող Սուրբ Հոգին մեղքերով շարժող հոգիին մէջ չի՛ բնակիր”»:
Հետեւաբար, մարդ որպէսզի հաճելի ըլլայ Աստուծոյ, նախ եւ առաջ պէտք է հեռանայ աշխարհէն, այսինքն՝ մարմնական եւ աշխարհիկ մտածելակերպէն, մարմնական եւ աշխարհիկ հաճոյքներուն գերի ըլլալէն, որովհետեւ «անոնք որ Տէրը կը թողուն, բնաջինջ պիտի ըլլան» (Ես 1.28), ընդհակառակը՝ մօտենայ Աստուծոյ եւ հնազանդի Անոր օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն, որով ինքզինք անուշահոտ խունկ ընէ Աստուծոյ առջեւ:
• Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.
«Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի:
-Վարդապե՛տ, կ՚ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ՚ուզէք. բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ: Դատաստանի օրը նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար: Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ ան իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար: Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս» (Մտ 12.38-42):
Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան այսպէս կը մեկնէ.
• Օրէնքի ուսուցիչները կեղծաւորութեամբ Յիսուսի կը մօտենան եւ հրաշք մը կ՚ուզեն: Բայց արդէն հրաշալի բժշկութիւններ կատարած էր Յիսուս: Օրէնքի ուսուցիչները արդեօք ուրի՞շ հրաշք մը կ՚ուզէին քան կատարուածները: Ի՞նչ էր անոնց սպասումը:
Յայտնապէս, անոնք Յիսուսի կատարած բժշկութիւնները ճշմարիտ հրաշքներ չէին ընդուներ: Զինք անկարող կը տեսնէին, եւ հեգնական էր անոնց մօտեցումը:
Իսկ ի՞նչ տեսակ հրաշք մը՝ համոզիչ հրաշք կրնար ըլլալ անոնց համար:
Մարկոսի Աւետարանին մէջ բացատրութիւն մը կայ, որ կը լուսաւորէ անոնց սպասումը: Գրուած է. «Իրմէ նշան մը կ՚ուզէին, Աստուծմէ վկայուած ըլլալը հաստատելու համար» (Մր 8.11): Ուրեմն, անոնք կը սպասէին նշանի մը, որ օրինակ Մովսէս մարգարէի կատարած հրաշքներուն նմանէր:
Սակայն Յիսուս անոնց կը պատասխանէ, ըսելով. «Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ»: Արդարեւ, անոնք Մովսէս մարգարէի միջոցաւ կատարուած նշանները տեսնելով հանդերձ՝ մնացած էին իրենց անհաւատարմութեան եւ չարութեան մէջ: Մարգարէէն ետքն ալ Աստուած նշաններ ցոյց պիտի տար, բայց անհաւատարմութիւնը եւ չարութիւնը պիտի չդադրէր:
Եւ կը շարունակէ ու կ՚ըսէ. «Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ»:
Ինչպէ՞ս հասկնալ այս խօսքը:
Յովնան մարգարէին նշանը նախ իր ներկայութիւնն էր: Մարգարէին ներկայութիւնը բաւեց, որ նինուէացիները ապաշխարեն: Եւ երկրորդ, երեք օր՝ ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնալը, եւ ապա անկէ դուրս գալը:
Մարգարէն յիշելով, Յիսուս նախ Իր ներկայութեան կ՚ակնարկէր, որուն դիմաց նինուէացիներուն օրինակը պիտի չկրկնուէր: Բայց Յիսուս ոչ թէ մահը եւ երեքօրեայ թաղումը իբր նշան կ՚ըմբռնէր, այլ մահուան եւ երեքօրեայ թաղումին յաջորդած յարութիւնը:
Յաջորդած համարներուն նախապէս անդրադարձած ենք:
Հակառակ անոր որ Յիսուս Յովնան մարգարէէն եւ Սողոմոն թագաւորէն «աւելի մեծ» էր, Իր քարոզութիւնը չուզեցին լսել եւ իր իմաստութեան ալ չուզեցին ականջ տալ հրեայ ժողովուրդին կրօնական ղեկավարները, մինչ նինուէացիները լսեցին մարգարէին, իսկ Հարաւի (որ այսօրուան Եմէնն է) թագուհին ալ եկաւ մտիկ ընելու Սողոմոնի իմաստութիւնը:
«Երբ չար ոգին դուրս կ՚ելլէ մարդու մը մէջէն, կ՚երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար: Եւ երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ՚ըսէ. “Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ”: Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած: Ապա կ՚երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ: Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին» (Մտ 12.43-45):
• Յիսուսի այս խօսքերը լուսաբանութիւն կու տան դեւերու կամ չար ոգիներու գործելակերպին վրայ:
Յիսուս դեւեր կը հանէր, նաեւ գիտենք, որ Իր աշակերտներուն ալ իշխանութիւն տուաւ դեւեր հանելու: Յիսուսի ժամանակակից հրեայ հրաշագործներ ալ դեւեր կը հանէին (Մտ 12.27):
Լուսաբանութիւնը որ կու տայ այստեղ Յիսուս այն է, թէ հանուած դեւը կը շրջի անջրդի վայրերու մէջ, այսինքն՝ անապատային վայրերու մէջ: Անցեալին այս ըսուածը բառացիօրէն կ՚առնէին:
Սակայն ուրիշ բան կ՚ըսէ Յիսուս:
Մարդու մէջէն հանուած դեւը անպատրաստ եւ հոգեւորապէս անշէն անձեր կը փնտռէ եւ եթէ իրեն հանգիստ տեղը գտնէ, կը վերադառնայ իր նախկին տունը: Մինչ այդ նախկին տունը ինքզինք մաքրած եւ յարդարած կ՚ըլլայ, սակայն առանց անոր մէջ զԱստուած ընդունելու: Դեւը երբ զայն «պարապ» կը գտնէ, «կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ» եւ «ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն»: Նոյնը կ՚ըլլայ ախտի եւ անոր բուժման պարագային:
Ախտ մը կրնայ բուժուիլ: Բայց երբ դարձեալ վերադառնայ՝ աւելի խիստ կ՚ըլլայ եւ խորտակիչ հարուած կու տայ:
Արդ, հոգեւոր կեանքին մէջ ալ նոյնն է: Այն մարդը որ զղջալով ապաշխարութեան կեանքին մէջ կը մտնէ, սակայն քայլերը պէտք եղած լրջութեամբ չ՚առներ, եւ ապաշխարութեան պէտք եղած կարեւորութիւնը չ՚ընծայեր անոր, ժամանակի ընթացքին դարձեալ անկում կ՚ունենայ եւ այն անգամ անկումը աւելի ծանր կ՚ըլլայ, մինչեւ իսկ մահացու կրնայ ըլլալ:
«Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին»:
Կոյր եւ համր դիւահարին բժշկութեան առիթով ըսի, որ Յիսուս հրեայ կրօնական ղեկավարութիւնը կոյր եւ համր կը տեսնէր, որովհետեւ անոնք իրենք զիրենք յանձնած էին չարին, ուստի ո՛չ կրնային տեսնել Աստուծոյ կամքին կատարումը Յիսուսի առաքելութեան մէջ եւ ո՛չ ալ կրնային զայն խոստովանիլ:
«Չար սերունդ» արտայայտութեամբ Յիսուս խստօրէն կը զգուշացնէր, որ իրենք զիրենք մաքրուած կը ճանչնային եւ զերծ ամէն մեղքէ: Կը հասկցնէր, որ ինքզինք մաքրուած համարելը բաւարար չէ: Մաքրուիլն ալ բաւարար չէ բարի սերունդ ըլլալու համար: Առ Աստուած յարատեւ հաւատարմութիւն պէտք է եւ Անոր կամքին հնազանդութիւն: Հրեայ կրօնական ղեկավարները կը գտնուէին Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ Անոր կամքին անհնազանդ ընթացքի մէջ, որ է ըսել՝ իրենց մէջ վերադարձած էր դեւը՝ իրեն հետ բերելով «աւելի չար եօթ ոգիներ»:
Յիսուսի խստութիւնը անոնց փրկութեան նկատմամբ աստուածային յանձնառութենէն կու գար, եւ ոչ թէ մարդկային ես-էն: Վիրաւորուած ես-ի պատմութիւն մը չէր այդ խստութիւնը, այլ զանոնք փրկութեան ճանապարհին մէջ տեսնելու հոգատարութեան (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ 2016, էջ 270-273):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
26 յունիս 2022, Վաղարշապատ