ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՆԻՒ ԵՈՐՔ - ՖՐԵՆՔ ՍԻՆԱԹՐԱ (NEW YORK , NEW YORK - FRANK SINATRA)

«Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը  բազմակի անգամ վերաերգուած է։ Անիկա չհինցող երգերու շարքին կը պատկանի եւ երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է Նիւ Եորք  քաղաքի ոչ պաշտօնական քայլերգը։ Երգը յայտնի է  Ֆրենք Սինաթրայի կատարմամբ, բայց զայն առաջին անգամ հանրութեան դատին ներկայացուց Լայզա Մինելին: Երգը գրուեցաւ Մարթին Սքորսեզէի   «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» շարժանկարի  համար: Ճոն Քետերին եւ  Ֆրետ Էպպին՝ երգի հեղինակներուն պատուիրեցին շարժա-նըկարի համար գրել երգ մը:

Հեղինակները կը պատմեն, որ երգը գրուած է  բարկացած ժամանակ, երբ ցասումը հասած է իր գագաթնակէտին: Հարցը այն  է, որ ժապաւէնի բեմադրիչ Սքորսեզէն հեղինակներուն կը պատուիրէ գրել հինգ հատ երգ, ինչպէս նաեւ շարժանկարի գլխաւոր նիւթը: Երբ հեղինակները երգերը կ՚աւարտեն,  զանոնք ցոյց տալու համար կու գան բեմադրիչի եւ գլխաւոր դերակատարներու հետ հանդիպման։ Դերասաններ Լայզա Մինելին եւ Ռապըրթ տը Նիրոն չեն հաւնիր երգը՝ զայն անուանելով «չոր»: Տը Նիրոն նոյնիսկ հեղինակներէն կը խնդրէ վերանայիլ երգը եւ դարձեալ գրել զայն: Անոր կարծիքով՝ երգը պէտք է ըլլայ աւելի «հզօր»: Հեղինակները կը վիրաւորուին ինքնահաւան դերասանի մեծամիտ դիտողութենէն: Զիրենք կը վրդովեցնէ այն փաստը, որ երիտասարդ դերասանները իրենց գրել կը սորվեցնեն: Անոնք բարկութեամբ լեցուած կը փոխեն երգը  գրեթէ ամբողջապէս: Աւելի վերջ Էպպ կը խոստովանի, որ տը Նիրոն իրաւացի էր, եւ եթէ ան չստիպէր երգի մէջ փոփոխութիւններ ընել, արդիւնքը այդքան յաջող չէր ըլլար:

Երգը կատարեց Լայզան: Շարժանկարը յաջողութիւններ չունեցաւ, բայց  Լայզան կը շարունակէր զայն երգել իր համերգներու ժամանակ:

Երգը  իր հռչակն ու երկրորդ շունչը ստացաւ, երբ զայն վերաերգեց Ֆրենք Սինաթրան, որ յայտնի էր որպէս  60-ականներու երգերու վերաերգող եւ վերակենդանացնող երգիչ: Սինաթրան, սակայն, երգի  մէջ փոխեց մի քանի տող: Էպպ կը խոստովանի, որ թէեւ փոխուած բառերուն հեղինակը ինքը չէ, բայց ան շնորհակալ է Ֆրենքին, որ ինք երգը դարձուց այդքան հանրաճանաչ:

Երգի մասին մի քանի հետաքրքրական փաստեր կան.

«Նիւ Եորք  Եանքիզ» պէյզպոլային ակումբի երզրափակիչ խաղերուն ժամանակ միշտ կը հնչէր  «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը: Եթէ  ակումբը կը յաղթէր՝ կը հնչէր Սինաթրայի կատարմաբ, եթէ պարտուէր՝ Լայզա Մինելիի կատարմամբ: Այս հանգամանքը վերջ ի վերջոյ յանգեցուց անոր, որ Մինելիի համակիրները սկսան վրդովիլ եւ բազմաթիւ բողոքներու եւ դժգոհութիւններու արդիւնքով այս աւանդոյթը դադարեցաւ:

1990 թուականին, Սինաթրան իր 75-ամեակի առիթով կազմակերպուած համերգի ժամանակ այս երգ կատարեց  Լայզայի հետ միասին, անակնկալ ընելով համակիրներուն:

Ամէն տարի Նոր տարիին, ժամը 00.00-ին, «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք»ը  կը հնչէ Թայմ-Սքուերի մէջ: Անիկա ոչ պաշտօնապէս դարձած է Նիւ Եորքի Նոր տարուայ քայլերգը, ազդարարելով նոր  տարուայ սկիզբը:

Երգը կը հնչէ նաեւ համաշխարհային հռչակ ստացած, մեծերու եւ փոքրերու սիրելի «Մատակասքար» մանկական շարժապատկերի մէջ:  

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019