ԲՈՂՈՔԻ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄ
Որքա՞ն կը փոխուի մեր կեանքը, եթէ հրաժարինք գանգատելէ։ Արդեօք սա հնարաւո՞ր է։
Փետրուար ամսուան ընթացքին Լիա Շափիրօ ունէր նպատակ մը. չբողոքել։ .«Ես պարզապէս կ՚ուզէի զարգացնել իմ ինքնագիտակցութիւնը եւ ըլլալ աւելի գիտակից», կ՚ըսէ Շափիրօ։ Աւելի քան հազար մարդ, այդ շարքին նաեւ Շափիրօ, մասնակցեցան Թիերի Պլանքփէյնի եւ Փիթըր Փելկրիմսի նախաձեռնած «Բողոքի սահմանափակում» ծրագրին, որու նպատակն է հասնիլ աւելի դրական կեանքի, ուր բացասական արտայայտութիւնները վերացած են։ «Կը մնայ միայն չդժգոհիլ, մնացեալ ամէն ինչ պարզ է»։ Իսկապէս այդքան պա՞րզ է։ Ինչո՞ւ այսքան վատ է բողոքելը։
Գանգատիլը առհասարակ մարդոց բնածին սովորութիւններէն մին է։ Ըստ ուսումնասիրութիւններու, նոյնիսկ հասարակ երկխօսութեան մը ընթացքին երկու կողմերն ալ կը բողոքեն գրեթէ ամէն վայրկեան։ Այս վարկածը ունի պատճառ մը։ «Չկայ բան մը, որ մարդիկը աւելի ամուր միացնէ, քան համընդհանուր դժգոհութիւնը», կը նշէ «Երեք պարզ քայլ» գիրքի հեղինակը՝ Թրեվըր Պլէյք։ Ըստ իրեն, բացասական յայտարարի միջոցաւ միանալը ընկերներ ձեռք բերելու եւ շփուելու ամենապարզ միջոցն է։
Ըստ «Չբողոքելու կանոնը» գիրքի հեղինակ Ճոն Կորտընի բարեշրջումը մեզի թոյլ կու տայ կեդրոնանալ բացասականութեան վրայ, որպէսզի կարենանք պաշտպանել մենք մեզ։ Ըստ Կորտընի, երբ մենք դէմ յանդիման մնանք բանի մը, որ կրնայ վնաս հասցնել կամ նոյնիսկ սպաննել մեզ, մենք կը պատրաստուինք ինքնապաշտպանութեան։
Ոչինչ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները աւելի ամուր կը պահէ, քան հասարակաց դժգոհութիւնը։ Բայց այդ համընդհանուր դժգոհութիւնը գին մը ունի։ Տրտնջալով, մարմնի մէջ կ՚արտադրուին ճնշուածութեան հորմոններ, որոնք կը վնասեն նեարդային կապերը մեր ուղեղի այն հատուածներուն մէջ, ուր տեղի կ՚ունենան խնդիրներու լուծման եւ ճանաչողական այլ պաշտօններ։ Այս պարագան նոյնպէս տեղի կ՚ունենայ, երբ լսենք ուրիշի մը տրտունջը, դժգոհութիւնը, գանգատը։ Սա կը նմանի կրաւորական ծխելու։
Ինչպէս աշխատատեղիներու մեծ մասը արգիլած է ծխելը, այնպէս ալ Պլէյք արգիլած է բողոքելը իր խումբի անդամներուն։ «Ես անոնց հնարաւորութիւն կու տամ, եթէ երկրորդ անգամ ականատես ըլլամ անոնց գանգատելուն, ապա սա անոնց համար ճանապարհի վերջը կ՚ըլլայ», կ՚ըսէ Պլէյք։
Քիչ մը դաժան է, չէ՞։ Խոստումներ տալը կամ երդուելը, բնականաբար, կրնայ հիասթափութեան յանգեցնել։ Պլանքփէյն եւ Փելկրիմս կ՚ընդունին այս հարցին մէջ իրենց անյաջողութիւնները։ Քառնեկի-Մելոն համալսարանի անգլերէնի դասախօս փրոֆ. Ճոանա Ուոլֆ կ՚ըսէ. «Բաւական դժուար է ձերբազատիլ ձեր սովորութիւններէն։ Երբեք փորձա՞ծ էք ազատել ձեր նախադասութիւնները տրտունջի աղաղակէն։ Չափազանց դժուար է ընել այս մէկը»։
Միւս կողմէ, երբեմն մենք պէտք կ՚ունենանք մեր յոյզերը «արտանետելու» եւ հանգստանալու։ Ուսումնասիրութեան մը համաձայն, մեր զգացումները «կուտակելը» եւ մեր ներաշխարհը պահելը կը նուազեցնէ մարդու կեանքի տեւողութիւնը առնուազն երկու տարիով։ Բարեբախտաբար կան որոշ ուղիներ հանդարտամիտ ըլլալու եւ «բացասականի մարմնացում» ըլլալու «միջին եզրը գտնելու»։
ա. նախ պէտք է «բողոքի» սահմանումը գտնել։ Օրինակ՝ «Դուրսը շատ ցուրտ է» դիտողութիւն է, ոչ թէ բողոք։ Բայց «Դուրսը շատ ցուրտ է, ես կ՚ատեմ այս քաղաքի մէջ ապրիլը» բողոքի նախադասութիւն է։ Այս պահուն կարեւորը ձեր զգացումներն են։
բ. Պէտք է բացայայտել, թէ ի՞նչ մեզ կը ստիպէ բողոքելու։ Փոփոխութիւնը կը սկսի գիտակցումէն։
գ. Հեռաւորութիւն պահել անընդհատ բողոքող մարդոցմէ։ Եթէ պարտաւորուած էք, ապա պատասխանեցէք միայն դրական նախադասութիւններուն։ Պլէյք կ՚ըսէ. «Ինքնավստահ եղէք, ձեզի պէտք չէ այն ինչ որ կը լսէք ուրիշներէն։ Որոշ ժամանակ անց դուք կը տեսնէք, որ այն մարդիկ, որոնք անընդհատ կը բողոքեն, կը հեռանան ձեզմէ, քանի որ ձեզմէ արձագանգ չեն կրնար ստանալ»։
դ. «Բողոք»ը պէտք է լուծման վերածել։ Փոխանակ հիացումով հեռուէն նայելու ձեր խնդրին, բան մը ըրէք։ Սա կը կոչուի «դրական բողոք» կամ «արդիւնաւէտ բողոք»։ Հնարաւոր է իրավիճակը դարձնել ձեր օգտին։
ե. Բայց+դրական արտայայտութիւն։ Այս առաջարկը կը պատկանի Կորտընի։ «Եթէ կը տրտնջաք, ձեր նախադասութեան աւելցուցէք «բայց» բառը եւ դրական արտայայտուեցէք։ Օրինակ՝ ես ինքնաշարժով գործի գալ չեմ սիրեր, բայց շնորհապարտ եմ, որ կրնամ ինքնաշարժ վարել եւ նոյնիսկ աշխատանք ունենալ։
զ. «Պարտաւորութիւն» չէ «անհրաժեշտութիւն»։ «Ես պարտաւոր եմ երեխաները դպրոցէն տուն բերելու» ձեր յայտարարութիւնը կրնայ ըլլալ «Ես պէտք է երեխաները տուն վերադարձնեմ»։ «Դադրինք բողոքելէ։ Որքան աւելի կեդրոնանանք դրական արտայայտութիւններու վրայ, հետզհետէ այնքան աւելի լաւ կը զգանք մենք մեզ։ Նախ սա քիչ մը դժուար պիտի թուի, սակայն երբ մենք վարժուինք դրական արտայայտուելու, սա կ՚ըլլայ մեր բնական վիճակը», կ՚ըսէ Կորտըն։
Այսինքն, թէեւ դժուար է, սակայն պէտք է ապրիլ առանց բողոքելու, պէտք է դժուարութիւններու առջեւ քրթմնջելու փոխարէն լուծումներ գտնել եւ երբ լուծումը գործունակ չէ, պէտք է ընդունիլ այն փաստը եւ սորվիլ ապրիլ անոնցմով…։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ