ԵՐԲ ԹԵՐԹԸ Կ՚ԱՌԱՔՈՒԻ ՄԷԿ ՀՈԳԻԻ, ԲԱՅՑ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ ՏԱՍԸ ՀՈԳԻ
Արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու նպատակով սփիւռքահայ թերթերը սկսան իրենց օրուան թիւը առցանց ձեւաչափով առաքել ընթերցողներուն: Սա ձեւ մըն էր ոտքի վրայ մնալու, յարակայելու եւ կարդացուելու. աւելի քան անհրաժեշտութիւն մը, այնպէս չէ՞: Եթէ ոչ, անոնք իսկոյն կը կորչէին ու պատմութեան գիրկը կ՚անցնէին: Ի վերջոյ ո՞ր թերթին խմբագիրը կը փափաքի, որ իր պաշտօնավարութեան օրօք նման անախորժութիւն պատահի: Բայց, ա՜խ, եկէ՛ք-տեսէ՛ք, որ առցանց (կամ ելեկտրոնային) առաքումներն ալ ձեւով մը կը վնասեն թերթին ոչ այլ ինչին, քան քսակին:
Այդ վնասներէն ամենագլխաւորը այն է, որ թերթը ստացողը, իր կարգին, զայն այնքան մեծ ցնծութեամբ կ՚առաքէ տասնեակ ուրիշներու, իմա՝ ծանօթ-բարեկամներու: Եւ ի՛նչ կ՚ըլլայ՝ գիտէ՞ք,- մէկ բաժանորդագին վճարելով՝ քանի՜-քանիներո՜ւ ձրի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի վայելելու թերթը: Սա գիտակցուած դաւադրութիւն է հայ թերթին դէմ:
Այսպէս կարելի չէ նպաստել հայ թերթի զարգացումին, ո՛չ: Ի դէպ, որեւէ իմաստ ունի՞ այդ տասը հոգիին կարդալը, երբ թերթը իր տուածին դիմաց չի վարձատրուիր՝ համակերպում ցուցաբերելով տիրող իրավիճակին, պարտադիր համակերպում: Եւ ըսեմ, որ ուրիշ ուղի չունի թերթը, վասնզի հակառակ պարագային չկարդացուելու, մէկ խօսքով՝ յումպէտս լոյս տեսնելու կացութեան դէմ-յանդիման պիտի գտնէ ինքզինք. բան մը, որ ահ ու սարսափ կը պատճառէ որեւէ թերթի (եւ սա բնական երեւոյթ է):
Այլ հարց, թէ որոշ թերթեր տակաւին ցարդ անվճար առաքումներ կ՚ընեն՝ ստեղծելով այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ իրենք նիւթական որեւէ աղբիւրի կարիքը չունին: Մինչդեռ, ա՜հ, բոլորս ալ գիտենք, որ ճիշդ հակառակն է:
Չշեղինք նիւթէն:
Այստեղ կայ պարագայ մը. այսօր մեզմէ ոեւէ մէկը ի վիճակի չէ միաժամանակ 10-էն 15 թերթի բաժանորդագրուելու՝ հակառակ մեր բուռն փափաքին: Ի միջի այլոց, սա ալ ըսեմ, որ ոչ ոք հարկադրուած է ընելու նման բան մը: Բայց, կը կարծեմ, ընդամէնը մէկ թերթի,- ո՛չ աւելի,- բաժանորդագրուիլը սուղի չի նստիր, պէտք չէ որ նստի մեր քսակին վրայ: Թող գոնէ սաքանը ընելու պատրաստակամութիւնը ունենանք եւ չընկրկինք, չվարանինք, երկու անգամ չմտածենք՝ բաժանորդագրուի՞նք, թէ՞ ոչ: Միայն այնուհետեւ լրիւ «իրաւասու» կը դառնանք, այսպէս ըսած, ձրիաբար ստանալու այլ թերթեր: Ըսել ուզածս այն է, որ առնուազն մէկ թերթի նիւթապէս «քաջարելենք», որովհետեւ ի վիճակի ենք այնքանին: Յետոյ արդէն կրնանք ուրիշ «ծաղիկներ» ալ հոտոտալ՝ նկատի ունենալով, որ մէկ «ծաղիկը» յագուրդ պիտի չկարենայ տալ մեր բոլոր պահանջներուն:
Ինչպէս գիտէք, ամէն ինչէն ձրիաբար օգտուելու սովորութիւն մը կայ մեր մէջ, ինչը կը զզուեցնէ զիս: «Հեղինակը մակագրեց-նուիրեց ինծի գիրքը» (եւ ոչ թէ «գնեցի»), «Ինծի միշտ ձրի կ՚առաքեն թերթը, կը կարդամ» (եւ ոչ թէ «բաժանորդագրուած եմ անոր»), «Այսօր ձեռնարկ մը կայ, հրաւէր է, եկուր-երթանք» (սա արդէն կազմակերպիչներուն յանցանքն է. իբր թէ սապէս պիտի յաջողին ի մի հաւաքել գրասէր բազմութիւնը. ափսո՜ս, անոնք չեն նկատեր, որ այսպէս ընդամէնը կը հեղինակազրկեն ու կ՚արժեզրկեն այդ ձեռնարկը՝ անուղղակիօրէն ըսելով, որ «այնքան ալ բարձր մակարդակի բան չէ մեր ըրածը, սիրելինե՛ր, բայց եթէ՜ կը փափաքիք գալ, բարի եկած էք»): Եւ պատկերացուցէ՛ք, որ այս բոլորը գրքասէր-գրասէր հայը կ՚ընէ: Արդէն եթէ միմիայն գրասէրները ձանձրոյթը կրէին «ցնծալու» (չեմ ըսեր՝ նիւթապէս օժանդակելու, եւ, կը կարծեմ, պարզ է, թէ ինչո՛ւ. որովհետեւ գրասէրներուն ընելիքը բարեգործութիւն չէ, այլ լոկ ու մինակ պարտականութիւն), այսօրուան իրականութիւնը չէինք ունենար:
Վերադառնանք մեր բուն նիւթին:
Երբ բաժանորդէ մը ազնուօրէն խնդրուի առաքել սա կամ նա թերթին թիւերը, ան, ըստ իս, պարտի լաւապէս հասկցնել առ որ անկ է, որ «մակաբուծութիւն» ընելու լաւագոյն թիրախը հայ թերթը չէ, դիտել տալով, որ վերջինս արդէն դժուար պայմաններու մէջ լոյս կը տեսնէ եւ ի վաղուց անտի կ՚ապաւինի կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ բարերարներու ջերմ ու ինքնաբուխ օժանդակութեանց. ուստի ամբողջովին սխալ է նոյնիսկ մտածել անորմէ ձրիաբար օգտուելու կարելիութեան մասին:
Պէտք է սա յստակ ըլլայ բոլորիս համար. գրողը, խմբագիրը, լրագրողը, ուսուցիչը եւ այլն մեր լեզուի նուիրեալներն են. առանց անոնց լեզուն չ՚ապրիր, չի գոյատեւեր եւ օր մը կը մեռնի: Հետեւաբար մե՛նք պարտական ենք իրենց եւ ոչ թէ իրենք՝ մեզի: Թող դերերը չշրջուին, այլ մնան այնպէս, ինչպէս որ են: Եւ քանի որ լեզուն ամենակարեւոր կռուանն է մեր յարակայ շնչառութեան, ապա պէտք է մեր աչքին լոյսին պէս պահենք-փայփայենք գրական, կրթական ու մամլոյ մշակները՝ անշուշտ ոչ միայն ծափահարութիւններով, այլ նաեւ մեր քսակները լայն բանալով անոնց (կը տեսնէ՞ք, թէ հակառակ մեր քսակը չբանալուն՝ դեռ ինչքա՜ն նուիրեալներ ունինք, որոնք հլու-հնազանդ կը ծառայեն մեր լեզուին, գրականութեան ու մշակոյթին):
Ի վերջ բանիս ըսեմ, որ երբ այսուհետեւ բաժանորդէ մը խնդրուի պարտաճանաչօրէն առաքել այսինչ թերթին թիւերը, թող ան ընդամէնը պատասխանէ այսպէս (անշուշտ եթէ այդ խնդրողը չէ բաժանորդագրուած որեւէ թերթի եւ կ՚ուզէ բոլորէն ալ համտեսել՝ առանց կոպէկ մը իսկ վճարելու). «Սիրելի՛ս, ահաւասիկ խմբագրութեան ել. հասցէն. ըսէ՛, որ կը փափաքիս ստանալ թերթը, չմոռնալով հարցնելու տարեկան բաժանորդագինը»:
Եւ հարցը տեղւոյն վրայ կը լուծուի:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ