Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹԻՍ
Միշտ քեզ կը յիշեմ
անոր համար է որ
սիրտս իբրեւ ուռկան
աշխարհը հրաւիրած եմ խրախճանքի
եւ անզգալաբար
երգուած խօսքերս կը կրկնեմ
հաւատայ որ քեզ հանդիպելէս ետք
միշտ ու շարունակ փնտռեցի քեզ
նոյնիսկ ստուերդ
անցքիս վրայ
օրերուս ծայրը
ժամերուս մէջ
քայլերուս որոտին
ու մտածումիս բարձունքին
բայց քեզ չգտայ
եւ երբ գտայ ուշ էր արդէն
ըսեմ
որ դուն մէջս էիր
չէի գիտեր
բայց վերջապէս դուն իմ երգս եղար
անոր համար ճառագայթի պէս պայծառ
նոր երազներ ծնան հոգւոյս խորերէն։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2024