ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ պատգամ մը հրապարակեց 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ամէն տարի 1 սեպտեմբերին կը վերաբացուին դպրոցները՝ ո՛ր օրուան ալ զուգադիպի։ Սեպտեմբերի 1-ը Հայաստանի մէջ կը նշուի որպէս՝ Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օր։ Թէեւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ դպրոցները կը վերաբացուին տարբեր թուականներով, սակայն աշնանամուտը ընդհանրապէս, իր հետ կը բերէ վերամուտը։ Ուստի, Նորին Սրբութեան պատգամն ալ կարելի է ընկալել վերամուտի խորհուրդով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի համապատասխան շնորհաւորական ուղերձը։

*

Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օրուան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը բերենք կրթութեան ոլորտի բոլոր պատասխանատուներուն, մանկավարժներուն ու դասախօսներուն, աշակերտներուն եւ ուսանողներուն։

Այսօր վերստին կը բացուին դռները հայրենի ուսումնական հաստատութիւններու, կը բացուին դռները հայ գրի եւ դպրութեան ազգային դարբնոցները։

Մեր ժողովուրդը բոլոր ժամանակներուն առանձնայատուկ կարեւորութիւն ընծայած է գիտելիքին ու դպրութեան՝ աստուածապարգեւ հայոց այբուբենի իւրաքանչիւր տառը դիտարկելով հայոց ինքնութեան պահպանութեան կոչուած զինուոր եւ դպրոցը՝ որպէս ազգի յարատեւման անխորտակելի ամրոց։

Կրթութեան ոլորտի սիրելի մշակներ, դուք երախտարժան առաքելութիւն կ՚իրականացնէք մեր երկրի կեանքին մէջ՝ գիտելիքի հանդէպ ձեր հոգւոյ սէրն ու նուիրումը փոխանցելով ձեր սաներուն, ամուր եւ անյոգնաբեկ ջանքերով ծաղկուն պահելով մեր կրթօճախները։ Այս նուիրական օրով ուժ եւ եռանդ կը մաղթենք ձեզի՝ Սահակ-Մեսրոպեան ոգիով եւ ներշնչումով շարունակելու բարի ներդրում բերել կրթութեան եւ դաստիարակութեան ասպարէզին մէջ։

Սիրելի աշակերտներ եւ ուսանողներ, մեր ժողովուրդը մեծ սպասումներ ունի ձեզմէ։ Մեր յորդորը կը բերենք ձեզի, որպէսզի քաջեռանդ ու հետեւողական ըլլաք ուսման մէջ ձեր միտքն ու հոգին բանալով իմացութեան լոյսի առջեւ, որպէսզի հասակ առնէք իբրեւ հաւատաւոր, լուսաւոր անձեր՝ զօրաւոր՝ ձեր հոգիով, ամուր՝ ձեր գիտելիքներով եւ նախանձախնդիր՝ հայոց աշխարհի ապահով ու երջանիկ յարագնայ ընթացքի կերտման սրբազան առաքելութեան մէջ։

«Տէրը կու տայ իմաստութիւնը եւ անկէ կը բխին գիտութիւնն ու հանճարը» (Առակ. Բ 6), կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը։ Կ՚աղօթենք, որ Բարին Աստուած առատապէս օրհնէ եւ շնորհազարդէ ձեզի՝ ընթանալու աստուածահաճոյ ճանապարհներով եւ ձեզի փոխանցուած գիտելիքները ծառայեցնելու ի բարին։

Թող Բարձրեալի հովանիին ներքեւ նոր ուսումնական տարին արգասաւորուի նորանոր ձեռքբերումներով ի պայծառութիւն մեր հայրենիքի եւ ի զօրացումն հայոց կեանքին։

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կրթութեան ոլորտի երախտաւորներուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած արարողութեան աւարտին ընդունելութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ ի պատիւ հրաւիրեալներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2019