ՔԱՀԱՆԱՆ ՈՒ ԱՂՋԻԿԸ
-Կը հաւատա՞ս:
-Կը հաւատամ:
-Ուրեմն խնդրէ ու կը ստանաս:
Ստանալով տէր հօր օրհնութիւնը՝ աղջիկը ուրախ ու զուարթ հեռացաւ եկեղեցիէն:
Քանի մը օր անց նորէն յայտնուեցաւ: Պատարագի աւարտին մօտեցաւ քահանային.
-Տէր հայր, Աստուած զիս չի սիրեր: Ան բնաւ չ՚իմանար իմ աղօթքները: Ամէն գիշեր ծնկաչոք կ՚աղօթեմ, կիրակիները կը հաղորդուիմ, սակայն ապարդիւն. իմ կեանքին մէջ ոչ մէկ բան փոխուած է:
-Դուստր իմ, Աստուած բոլորը կը սիրէ: Աստուած՝ սէր է:
-Եթէ զիս սիրէր, ապա գէթ անգամ մը կ՚արձագանգէր իմ աղերսանքներուն:
-Կը հաւատա՞ս,- կրկին անգամ հարցուց տէր հայրը:
-Այո՛, կը հաւատամ, սակայն...
-Դուստր իմ, քու հաւատքը երերուն է: Փոքր հովի մը պարագային ան ունակ է ի չիք դառնալու:
-Թոյլ տուէք չհամաձայնիլ տէր հայր: Ես ամբողջ հոգւով ու սրտով կը հաւատամ Տիրոջ զօրութեան ու գոյութեան:
-Եթէ այդպէս է, ուրեմն ուշ թէ կանուխ Աստուած կը փորձէ քու հաւատքի չափը:
-Այդ ինչպէ՞ս,- զարմացած հարցուց աղջիկը:
-Քեզ փորձելով,- հանգիստ պատասխանեց քահանան ու շարունակեց,- մարդոց ստուար զանգուած մը իր հաւատքը կը ծառայեցնէ սեփական ցանկութիւններու իրագործման: Մարդիկ կը կարծեն, թէ Աստուած պարտաւոր է լսել ու իրագործել իրենց բոլոր փափաքները: Սակայն երբ Տէրը զանոնք կ՚ենթարկէ փորձութեան, շատ քիչեր կը մնան անսասան:
Առհասարակ, արդեօք մարդիկ ի սրտէ կը հաւատա՞ն Բարձրեալին: Հաւատքը՝ նուիրում է հոգւով ու սրտով: Հոգւով հաւատացեալը կ՚արժանանայ Աստուծոյ լոյսին:
Տիրոջ հետ հաղորդակցութեան ուղին՝ աղօթքն է: Մարդիկ ինչպէ՞ս կը սիրեն աղօթել:
Մէկ շունչի մէջ Տէրունական աղօթքը արտասանելէ վերջ, անմիջապէս կ՚անցնին իրենց ցանկութիւններու շարանին: Մինչդեռ աղօթել պէտք է այսպէս.
Հա՛յր մեր, որ յերկինս ես,
Սուրբ եղիցի անուն Քո,
Եկեսցէ արքայութիւն քո,
Եղիցի կամք Քո,
Որպէս յերկինս եւ յերկրի:
Զհաց մեր հանապազորդ տո՛ւր մեզ այսօր,
Եւ թո՛ղ մեզ զպարտիս մեր,
Որպէս եւ մենք թողումք մերոնց պարտապանաց:
Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն,
Այլ փրկեա՛ ի չարէն,
Զի Քո է արքայութիւն
Եւ զօրութիւն
Եւ փառք յաւիտեանս.
Ամէն
Փա՛ռք Ձեզ Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս,
Օրհնեալ ըլլա՛ք Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս:
Շնորհակալ եմ Տէր իմ, Յիսուս Քրիստոս, որ ողջ եմ ու առողջ:
Շնորհակալ եմ, որ այսօր նոյնպէս կուշտ փորով կը մտնեմ անկողին:
Շնորհակալ եմ, որ սառնարանս լեցուն է, տունս տաք:
Շնորհակալ եմ բոլոր անակնկալներու համար:
Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, շնորհակալ եմ, որ զիս հեռու կը պահէք ամէն տեսակ փորձանքներէ ու փորձութիւններէ:
Շնորհակալ եմ, որ ունիմ սիրելի աշխատանք, լաւ ընտանիք:
Շնորհակալ եմ, որ ունիմ ազատ, անկախ հայրենիք:
Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, շնորհակալ եմ, որ կ՚ապրիք իմ սրտի մէջ:
Փա՛ռքդ շատ, օրհնեալ ըլլա՛ք Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս:
Տէր Աստուած, ներէ՛ զիս իմ գործած մեղքերու համար:
Օգնէ՛ ինծի ձեռբազատուելու նախանձ կոչուող զգացումէն,
Թող որ իմ սրտի մէջ բնակի միմիայն սէրն ու հաւատքը:
Տէր իմ, օգնէ՛ ինծի դառնալ աւելի լաւն ու բարին:
Փա՛ռքդ շատ, օրհնեալ ըլլաք Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս,
Տէր իմ, Դուն գիտես իմ բոլոր փափաքներու մասին,
Եթէ Քու կամքն է, թող որ իմ իղձերն իրականանան,
Հակառակ պարագային, օգնէ ինծի համակերպուելու Քու կամքին:
Տէր իմ, օրհնէ՛ մեր բոլոր հանգուցեալներու հոգիները:
Խաղաղութիւն պարգեւէ մարդոց հոգիներուն:
Թող որ աշխարհի մէջ տիրէ սէր ու համերաշխութիւն:
Ամէն
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան