«ԱՇԽԱՐՀԱԺՈՂՈՎ» ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւանի մէջ լոյս տեսած է 17-րդ դարու մանկավարժ, բնագէտ ու վարդապետ, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի դպրոցի ուսուցիչ, վաճառական Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով» աշխատութիւնը՝ աշխատասիրութեամբ երիտասարդ հետազօտող, Մաշտոցեան Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Սարգիս Պալտարեանի:

Գիրքը կը ներկայացնէ Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով» խորագիրը կրող վաճառականական ձեռնարկ-դասագիրքի գիտաքննական բնագիրը՝ յառաջաբան-ուսումնասիրութեամբ եւ դժուարամատչելի բառերու ու եզրոյթներու բառարանով:

«Աշխարհաժողով» երկը, հասցէագրուած ըլլալով հայ վաճառականներուն, շարադրուած է որպէս տնտեսական համաշխարհային աշխարհագրութիւն. հայկական իւրօրինակ համայնագիտարան մըն է, որուն մէջ ամփոփուած են առեւտրական բացառիկ տեղեկութիւններ Եւրոպայի, Ասիոյ ու Ափրիկէի բոլոր այն երկիրներուն ու քաղաքներուն մասին, որոնք Նոր Ջուղայի համաշխարհային առեւտրական ցանցին շուրջ միաւորուած հայ վաճառականներու հետաքրքրութիւններու ոլորտին մէջ էին:

«Աշխարհաժողով»ը, իր տեսակին մէջ եզակի է, իսկ հեղինակը՝ Կոստանդ Ջուղայեցին կը նկատուի վաճառականական գրականութեան ժանրի հիմնադիրը հայ իրականութեան մէջ:

«Աշխարհաժողով»ի հրատարակութիւնը եւ անոր շուրջ աշխատասիրութիւնը իրականացուած է Սպահանի հայոց թեմի եւ թեմական խորհուրդի աջակցութեամբ, հրատարակուած է Մուհամմէտ Մաքքիի (Սուրիա) հովանաւորութեամբ։ Գիրքին խմբագիրը Մատենադարանի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Վահան Տէր-Ղեւոնդեանն է:

Յառաջաբանին մէջ Սարգիս Պալտարեան կը նշէ, որ զանազան ժամանակներու ընթացքին հետազօտողները անդրադարձած են Կոստանդ Ջուղայեցիի գործին, «Աշխարհաժողով»ի բնագրին հրատարակութեան գործը վաղուց յայտնուած էր գիտնականներու ուշադրութեան ներքոյ, սակայն այդպէս ալ աւարտին չէր հասած՝ զանազան հանգամանքներու բերումով։ Ահաւասիկ, երկար տարիներու ուսումնասիրութիւններէ ետք, մեր սեղանին է պատմական այս աշխատութիւնը, որ 17-րդ դարու հայ գրաւոր մշակոյթին մէջ մեծ դեր ունեցած Կոստանդ Ջուղայեցիի անունին անգամ մը եւս անդրադառնալու, գործին ծանօթանալու առիթ է:

«Աշխարհաժողով»ը ուսումնասիրող եւ հրատարակութեան պատրաստող Սարգիս Պալտարեան կը նշէ, թէ այս գործով Ջուղայեցին 17-րդ դարու հայ գրաւոր մշակոյթը հարստացուցած է առեւտրական երկերով՝ ատով իսկ ստեղծելով ու կայացնելով հայկական վաճառականական գրականութիւնը։

Կը տեղեկանանք նաեւ, որ վաճառականական ձեռնարկ-դասագիրքերէն զատ Կոստանդ Ջուղայեցիի ձեռագիր աշխատութիւններու կարգին է նաեւ «Հարցմունք եւ պատասխանիք» վերնագրով երկ մը, որ գրուած է վաղ միջնադարեան քրիստոնէական մատենագրութեան մէջ տարածուած հարցուպատասխանի ժանրով՝ հիմնուած Աստուածաշունչի ու եկեղեցւոյ հայրերու երկերուն վրայ։

Կոստանդ Ջուղայեցիի ձգած գրաւոր ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ կարգ մը փոքրածաւալ, չափածոյ ստեղծագործութիւններ, սակայն նկատելի է, որ Ջուղայեցիի մատենագրական ժառանգութեան գերակշիռ մասը առեւտրական ձեռնարկ-դասագիրքերն են՝ «Արհեստ համարողութեան», «Աշխարհաժողով», «Դռներն ռաղամին»։

Սարգիս Պալտարեան, որ Կոստանդ Ջուղայեցիի մատենագրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան ու «Աշխարհաժողով»ի բնագրի կազմութեան ձեռնամուխ եղած է 2016-ին, իր աշխատանքին ընթացքին ստացած է բազմաթիւ հետազօտողներու աջակցութիւնը, մասնաւորապէս կը նշէ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանէն փրոֆ. Սեպուհ Ասլանեանը, որ մեծ սիրայօժարութեամբ տրամադրած է «Աշխարհաժողով»ի բնագրի՝ Նոր Ջուղային մէջ պահուող ընդօրինակութեան լուսանկարները, Օքսֆորտի Պոտլէեան գրադարանի գրչագիր օրինակներէն մէկուն, ինչպէս նաեւ՝ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի արխիւին թղթապանակներէն մէկուն թուային պատկերները։

Սարգիս Պալտարեանին աջակցած է նաեւ փրոֆ. Հայրապետ Մարգարեան, որ երիտասարդ գիտնականին ծանօթացուցած է դասական հայագիտութեան աւանդութիւնները եւ ազդած է անոր պատմութեան ու պատմագիտութեան ընկալումներուն վրայ: Այլ աջակիցներու կարգին Պալտարեան կը նշէ պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանը, իրանագէտ Քրիստինէ Կոստիկանը, Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի տոքթորականի ուսանող Սօնա Թաճիրեանը, Մխիթարեան հայրերը, որոնք հնարաւորութիւն ընձեռած են աշխատելու Վենետիկի ու Վիեննայի ձեռագրական հաւաքածոներուն մէջ:

Հեղինակը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նաեւ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի դիւանատան աշխատողներուն, Սպահանի հայոց թեմին եւ թեմի պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Օհանեանին: Իր աշխատանքին ընթացքին ան զգացած է նաեւ Հայ մատենագրութեան թուային գրադարանի գիտական ղեկավար Մերուժան Կարապետեանի եւ Մատենադարանի տնօրէնութեան աջակցութիւնը:

ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ԵՒ ԳՐՈՂ

Կոստանդ Ջուղայեցիի կենսագրութենէն կը տեղեկանանք, որ մինչեւ վանք մտնելը, ան վաճառականական ուղի անցած է:

14 յուլիս 1662 թուականին Նոր Ջուղայէն սերող երկու հայ վաճառականներ՝ Ռամազի որդին Կոստանդն ու Պտումի որդին Սիմէոնը, կը կնքեն կոմենտա տեսակի պայմանագիր եւ իրենց դրամագլուխը կը դնեն համատեղ շրջանառութեան մէջ: (Կոմենտան առեւտրական պայմանագիր էր, որ կը ներառէր առնուազն երկու կողմ՝ վաճառական, ունէր որոշակի դրամագլուխ կամ ապրանք եւ գործակատար, որ իր կարգին ունէր առեւտրական անհրաժեշտ հմտութիւններ երկար տարածութիւններ յաղթահարելու ու իրեն վստահուած դրամագլուխը կամ ապրանքը շրջանառութեան մէջ դնելու համար):

Վաճառականական գործունէութենէն ետք, վաճառականներուն համար նախատեսուած գրականութեան ստեղծման անցնելով, ինչպէս կը նկատէ հետազօտողը, Կոստանդ Ջուղայեցին փաստօրէն դարձած է վաճառականական գրականութեան ժանրին հիմնադիրը հայ իրականութեան մէջ։ Առեւտուրի ասպարէզէն ներս ունեցած փորձառութիւնը զայն զինած էր գիտելիքներու անհրաժեշտ պաշարով՝ հիմքեր ստեղծելով վաճառականներուն հասցէագրուած մասնագիտական երկեր շարադրելու համար։

Վաճառականներուն ուղղուած խրատները, որոնք «Աշխարհաժողով»ին կարեւոր մասը կը կազմեն, այնքան դիպուկ ու յստակ կ՚արտացոլացնեն առեւտրական առօրեան ու կենսակերպը, ինչպէս կը նկատէ Պալտարեան, ատոնք միայն վաճառականի կենսափորձ ունեցող հեղինակին գրիչին արդիւնքը կրնային ըլլալ։ Աշխարհի զանազան վայրերու մէջ գործածուած չափին, կշիռքին, դրամական միաւորներուն, հարկատեսակներուն եւ այլնին վերաբերեալ փաստական տեղեկատուութիւնը եւս կը բնորոշուի ճշգրտութեամբ, իսկ այս տուեալներուն համեմատութիւնը հայկական առեւտրական հաշուեմատեաններուն հետ ի յայտ չեն բերեր զգալի տարբերութիւններ:

Կը նկատենք, որ «Աշխարհաժողով» առեւտրական դասագիրքը վաճառականներուն համար աւելի գրաւիչ եւ ընկալելի դարձնելու համար Կոստանդ Ջուղայեցին մասնայատուկ շարադրանք մը ընտրած է. «Աշխարհաժողով»ը շարադրուած է երկու վաճառականներու միջեւ ընթացող երկխօսութեան ձեւաչափով։ Գրուած է Նոր Ջուղայի բարբառով։

Իր կուտակած առեւտրական հսկայական տեղեկատուութիւնը Կոստանդ Ջուղայեցին կը ներկայացնէ որպէս պատասխան այն հարցումներուն, որոնք իրարու կ՚ուղղեն զրուցակից վաճառականները։ Երկին առաջին կէսին մէջ պատասխանողի դերով յայտնուած վաճառականը երկրորդ հատուածին մէջ հանդէս կու գայ որպէս ունկնդիր։ Երկու վաճառականները իրենց զրոյցին ընթացքին կը փոխանակեն խրատական խորհուրդներ եւ զանազան երկիրներու մասին բացառիկ տուեալներ։

Վերլուծելով եւ մանրամասն քննելով «Աշխարհաժողով»ը, Սարգիս Պալտարեան անջատ գլուխ մը նուիրած է վաճառականական բարոյագիտութեան ու խորհուրդներուն: Բազմաթիւ խորհուրդներ կան ուղղուած վաճառականաց, որոնցմէ մէկն ալ գինիի չափաւոր գործածութեան կը վերաբերի: Վաճառականը սթափ պէտք է ըլլայ իր գործերուն մէջ, այլապէս կը կորսնցնէ հաշիւ, գործ եւ համբաւ: Վաճառականներուն ուղղուած խորհուրդներուն մէջ «Աշխարհաժողով»ը կարեւորութիւն կու տայ նաեւ եկեղեցական արարողութիւններուն ու հանգանակութիւններուն եռանդուն մասնակցութեան:

Իր գործին մէջ Ջուղայեցին կը զգուշացնէ նաեւ առեւտուրի մէջ առկայ վտանգներէն, ինչպէս՝ վաճառականական կեանքի անբաժան մասը կազմող կողոպուտէն ու աւազակութենէն եւ շատ ու շատ այլ փորձանքներէ:

Առեւտուրի կեդրոններուն նկարագրութեան Կոստանդ Ջուղայեցին կը սկսի ցանկով մը, ուր ներգրաւուած են եօթանասուներկու երկիրներ ու քաղաքներ։ Այդ ցուցակին մէջ ընդգրկուած բնակավայրերը ոչ միայն ծանօթ էին ջուղայեցի վաճառականներուն, այլ անոնց մէկ մասին մէջ արդէն իսկ հաստատուած էին հայկական առեւտրական համայնքներ։

Հետազօտողը կը նկատէ, որ Կոստանդ Ջուղայեցիի ձեռնարկները ազդեցութիւն ձգած են հայ վաճառականական գրականութեան վրայ: Զանազան հեղինակներ եւ գրիչներ, զանազան վայրերու մէջ, ընդօրինակած են զանոնք կամ որպէս աղբիւր գործածած իրենց իսկ աշխատութիւններուն մէջ: Անոնք ընդօրինակուած ու տարածուած են Ամսթերտամ, Աստրախան, Ագուլիս, Կոստանդնուպոլիս ու Շամախի, նոյնիսկ Նոր Ջուղայի առեւտրական ազդեցիկ դիրքերուն փլուզումէն տասնամեակներ անց։ Զանոնք նաեւ, որպէս գրպանի ուղեցոյց, հայ վաճառականները տարած են զանազան ուղղութիւններով՝ Սուրաթ, Եւրոպա, Թիֆլիզ, Թաւրիզ, Իրանի տարածքին մէջ՝ Մաշհատ ու Շիրազ։

Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով»ը մեզի հասած է վեց ձեռագիր ընդօրինակութիւններով, վաղագոյն օրինակները կը վերաբերին 1687 թուականին: Ուսումնասիրողը կը նկատէ, որ այդ թուականին գրուած են ձեռագիրներէն երեքը, նոյն վայրին մէջ՝ Նոր Ջուղա:

Երկը կը պարունակէ նաեւ խրախճանական բնոյթի շուրջ 130 խնդիր՝ լուծուած նախապէս տրուած կանոններով։ Անոր մէջ կիրարկուած են ամբողջ եւ կոտորակային թիւեր, հայկական եւ հնդկական թուանշաններ:

Հետազօտող Սարգիս Պալտարեան կը պարզաբանէ նաեւ, թէ ինչո՛ւ Կոստանդ Ջուղայեցիի ձեռնարկ-դասագրքերը չեն հրատարակուած դարաշրջանի մը ընթացքին, երբ հայկական տպարանները սփռուած էին Եւրոպայի հայաբնակ քաղաքներուն մէջ՝ Վենետիկէն մինչեւ Ամսթերտամ, իսկ, աւելի կարեւոր է, գրատպութիւնը նորութիւն չէր Նոր Ջուղայի մէջ, ուր կը բնակէր հեղինակը:

Անտիպ մնալուն պատճառը, ըստ հետազօտողին, հաւանաբար պէտք է փնտռել այն տպագրական դժուարութիւններուն մէջ, որոնց կը հանդիպէին հրատարակչական գործի կազմակերպիչները՝ Նոր Ջուղայի մէջ։ Կը յիշեցնէ, որ հակառակ անոր որ Ս. Ամենափրկիչ վանքի տպարանը՝ որպէս Մերձաւոր Արեւելքի առաջին տպարան, գիրքերու հրատարակութեան սկսած էր 1638 թուականին, սակայն պարզունակ սարքաւորումներու առկայութեան պայմաններով տպարանին աշխատանքները կանգ առած էին 1640-ական թուականներու վերջերուն։ Յետագային, տպարանը թէեւ վերագործարկուեցաւ, սակայն տպագրական սարքաւորումներու ու թուղթի սուր կարիքը կը խոչընդոտէին հրատարակչական բուռն աշխատանքներու ծաւալումը:

Ինչպէս կը նկատէ կազմողը, «Աշխարհաժողով» ձեռնարկը Կոստանդ Ջուղայեցին իսկապէս վերածած է աշխարհի մասին տեղեկութիւններու ժողովածոյի մը եւ անիկա, իբրեւ նորագոյն հանրագիտարան, այսօր մեր սեղանին է:

​ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021