ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ - Բ.

Քրիստոսին հաւատալու, փառաբանելու համար հայոց թագաւոր Տրդատը կը շարունակէ անմարդկային տանջանքներու ենթարկել Ս. Գրիգորը: Հոգեմաշ, անտանելի ցաւերու մէջ, Գրիգոր տրտնջալու, դժգոհելու փոխարէն կը փառաբանէ բարձրեալը.

-Գոհութիւն ու յաւիտեան փառք Քեզ, Տէր, որ ինծի շնորհեցիր այսպիսի չարչարանքներ՝ որպէս խրատ Մեծ Հայաստանի թագաւորին:

Գրեթէ միշտ ի պատասխան թագաւորը անմիջապէս կ՚արձագանգէ.

-Դուն կ՚ուզես ըսել, թէ քու այդ բոլոր չարչարանքները խրա՞տ են ինծի համար:

-Այո՛, թագաւոր իմ,- կը պատասխանէ Գրիգոր:

Օր մը հերթական այցելութենէն վերջ, երբ Տրդատ թագաւոր կը պատրաստուէր հեռանալ Գրիգորի խուցէն, անոր կը մօտենայ թագաւորի պահակազօրի պետը եւ կ՚ըսէ.

-Ով լուսափայլ թագաւոր Մեծ Հայաստանի, քու հրամանով մենք ձերբակալեցինք Հայաստանի ծպտեալ քրիստոնեաները, եւ անոնցմէ մին չդիմանալով տանջանքներուն՝ յայտնեց, որ Գրիգորը որդին է արքայասպան Անակ Պարթեւի:

Այս լուրը առնելէ վերջ, Տրդատ ցասումի մէջ իյնալով, կը հրամայէ Գրիգորը նետել թագաւորական խոր վիրապը, որ լեցուն էր թունաւոր օձերով ու կարիճներով: Պահակները տկարացած Գրիգորը կը փաթթեն կոշտ կտաւով, կը տանին ութ մեթրնոց խոր վիրապ: Վերեւի նեղ անցքէն զայն կը նետեն գուբը: Օձերն ու կարիճները կը սկսին Գրիգորէն ետ-ետ սողալ՝ հեռանալով դէպի անկիւնները:

Գիտակցութիւնը կորսնցնելով՝ Գրիգոր միայն քանի մը ժամ վերջ ուշքի կու գայ եւ աչքերը բանալով, իր դիմաց կը տեսնէ լուսափայլ հրեշտակ մը: Գլուխին մէջ միտք մը կ՚առկայծի. «Թերեւս ես այլեւս կը գտնուիմ հանդերձեալ աշխարհի մէջ»: Իսկ հրեշտակը ժպտալով կ՚ըսէ.

-Քաջալերուէ՛, Գրիգո՛ր, մեր Տիրոջ հաւատարիմ ծառայ: Տակաւին չէ հասած ժամանակը, որ լքես այս աշխարհը: Աստուած ոչ մէկ վայրկեան քեզ կը լքէ, եւ դուն այդ լաւ գիտես:

Ի պատասխան՝ Գրիգոր համաձայնութեան նշան կու տայ:

-Դուն տակաւին շատ ընելիքներ ունիս: Վերցո՛ւր սա երկնային մանանան ու կենարար ջուրը,- հրեշտակը կը փոխանցէ կլոր փոքրիկ նշխար մը ու ջուրով լի արծաթեայ գաւաթ մը,- ճաշակէ զայն: Այն կ՚ամրապնդէ քեզ: Տիրոջ հրամանով ես շաբաթը անգամ մը քեզի այցի պիտի գամ՝ խրատելու ու գօտեպնդելու:

Ատկէ վերջ հրեշտակը իր աջ ձեռքի ցուցամատը կ՚ուղղէ դէպի պատի անկիւնը, ուր իսկոյն կը յառաջանայ անցք մը: Այդ անցքէն ալ մէկը միւսի ետեւէն կը սկսին հեռանալ օձերն ու կարիճները:

Այսպէս Սուրբ Գրիգոր խոր վիրապի մէջ կը մնայ տասներեքուկէս տարի: Իսկ այդ ընթացքին Մեծ Հայաստանի Տրդատ թագաւորը կը շարունակէ մեղանչել: Անոր հրամանաւ դաժանաբար կը պատժուին ու կը մահանան երեսունեօթ կոյսերը, որոնց շարքին Սուրբ Գայիանէն ու Հռիփսիմէն:

Յագենալով սուրբ կոյսերու արեամբ՝ պահակախումբի քանի մը զինուորներ կու գան թագաւորի մօտ եւ կը զեկուցեն վերջինի անցուդարձի մասին:

Իսկ ան, բազմած գահին, անմիտ, բարոյալքուած ու զարմացած հայեացքով, կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչպէս անոնք մեծ հրճուանքով կը պատմեն կոյսերու հանդէպ իրենց վայրագութիւններու մասին:

-Այս ի՞նչ աղանդ է, այս ի՞նչ ցեղ են այս քրիստոնեաները: Ի՞նչ է, ասոնք ոչ մէկ բանէ կը վախնան,- կ՚ըսէ թագաւորը:

Եւ յանկարծ Տրդատ թագաւոր զարմանքով կը սկսի նշմարել, թէ ինչպէս իր պալատականներու, ծառաներու դէմքերն ու մարմինները կը սկսին այլակերպուիլ: Միեւնոյն ժամանակ ալ կը նկատէ, թէ ինչպէս անոնք, սարսափած ու ապշահար կը նային իրեն:

Զգալով, որ կը կատարուի ինչ-որ վատ բան, կը վազէ դէպի ջուրով լի արծաթեայ մեծ թասը եւ կը նայի իւր դէմքին: Տեսնելով վարազի դէմքի աճող կոպիտ մազեր՝ ան, սարսափահար ետ կը ցատկէ ու կը հրամայէ.

-Հագէք երկար զգեստներ, եւ եկէք գիշերուայ մութին երթանք ու պահուըտինք եղեգնուտներու մէջ, քանզի վայել չէ, որ այս տեսքով դուրս ելլենք ժողովուրդի մէջ:

Այնուհետեւ Տրդատ թագաւորի քրոջ՝ Խոսրովադուխտի յորդորով պահակազօրը խոր վիրապէն կը հանէ Սուրբ Գրիգորը, քանզի ան կը հաւաստիացնէր, որ միայն Գրիգորը կրնայ իր աղօթքներով բժշկել թագաւորն ու անոր մերձաւորները:

Գրիգոր Լուսաւորիչ քառասուն օրուայ ընթացքին աղօթքներով կը բուժէ ապաշխարած հայոց թագաւորներն ու անոր մերձաւորները:

Ապաքինելէ վերջ թագաւորը նամակ մը կը գրէ Կեսարիոյ եպիսկոպոսին ու կը պատմէ Մեծ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածի մասին: Վերջինս մեծահոգաբար հայոց գլխաւոր եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Գրիգորը՝ շնորհելով անոր Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կոչում: Ամբողջ հայ ազգը հայոց առաջին կաթողիկոսէն կը ստանան մկրտութիւնը: Այնուհետեւ Տրդատ թագաւոր կը ստորագրէ համաձայնագիր մը, որով մեր Աստուծոյ՝ Քրիստոսի ծնունդէն վերջ, 301 թուականին Հայաստանը կը հռչակուի քրիստոնեայ պետութիւն:

Իրենց կեանքի ու գործունէութեան ընթացքին Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ թագաւոր կը կառուցեն աւելի քան հազար եկեղեցի Հայաստանի եւ եօթանասուն եկեղեցի Աւետեաց երկրին մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021