ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒՄԸ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 10.12-19:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած Երկրորդ Նամակէն 2.12-3.3:
Մարկոսի Աւետարանէն 6.30-44:

Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

 Առաքեալները վերադարձան Յիսուսի մօտ եւ Անոր պատմեցին ինչ որ կատարեցին եւ սորվեցուցին։ Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը հանգչինք։

Որովհետեւ ժողովուրդէն շատերուն երթալ-գալուն պատճառով ուտելու իսկ առիթ չէին ունեցած։ Հետեւաբար իրենք առանձինն նաւակ առին եւ գացին ամայի վայր մը։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ անոնց երթալը եւ գիտցաւ, թէ Յիսուս անոնց հետ է, շրջակայ քաղաքներու բնակիչներէն շատեր լիճի եզերքէն վազելով՝ անոնցմէ առաջ հասան անոնց երթալիք վայրը։ Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ եւ տեսաւ ամբոխը, գթաց անոնց, որովհետեւ հովիւ չունեցող ոչխարներու կը նմանէին։ Ապա սկսաւ շատ բաներ ուսուցանել անոնց։

Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.

-Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան՝ իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին։

Յիսուս անոնց ըսաւ.

-Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։

Անոնք հարցուցին.

-Կ՚ուզե՞ս որ երթանք եւ երկու հարիւր արծաթ դահեկան հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար։

Յիսուս ըսաւ.

-Քանի՞ հաց ունիք, գացէք ստուգեցէք։

Աշակերտները ստուգեցին եւ ըսին.

-Հինգ հաց եւ երկու ձուկ։

Յիսուս հրամայեց աշակերտներուն, որ ժողովուրդը խումբ-խումբ նստեցնեն դալար խոտին վրայ, եւ անոնք հարիւրական եւ յիսունական հոգիներէ բաղկացած խումբերով նստան։ Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն՝ որպէսզի բաշխեն, եւ երկու ձուկերը բաժնեց ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աւելցած հացի եւ ձուկի կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ Իսկ ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր (Մր 6.30-44)։

Հինգ հազարին կերակրումի այս դրուագը չորս աւետարանիչներն ալ յիշած են: Առ այդ, այսօր, մեր սիրելի ընթերցասէրներու ուշադրութեան կը յանձնենք լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի տուած մեկնութիւնը այս դրուագին մասին, որ արձանագրուած է լուսահոգի սրբազանի Մատթէոսի Աւետարանի մեկնութեան մէջ:

Բոլորիս ծանօթ կարեւոր դէպք մըն է ասիկա:

Դէպքին կարեւորութիւնը նախ կարելի է հասկնալ անկէ, որ չորս աւետարաններուն մէջ ալ պատմուած է:

Ինչո՞ւ համար Յիսուս ամայի վայր մը գնաց:

Այն պահերուն երբ Իր հոգին ալեկոծ կը զգար Յիսուս, կ՚առանձնանար աղօթելու եւ խոկալու համար: Այս պարագային, ամայի վայր մը երթալուն առիթը՝ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատումն էր:

Զարմանալի թող չթուի Յիսուսի հոգիին ալեկոծումը: Մենք յաճախ՝ Յիսուսի մարդկային կողմը անտեսելու փորձութեան առջեւ կը գտնուինք: Բայց աւետարանիչները այս եւ այլ դրուագներով կու գան մեզի յայտնելու եւ շեշտելու, թէ Աստուծոյ Որդին երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ եւ մարդացա՛ւ: Յիսուս երկրի վրայ նոյն ատեն ապրեցաւ որպէս ճշմարիտ մարդ եւ ճշմարիտ Աստուած, ո՛չ անջատաբար, այլ իբր մի բնութիւն:

Հակառակ առանձնանալու Իր ցանկութեան՝ Յիսուս չէր յաջողեր, որովհետեւ մեծ բազմութիւն մը Իրեն կը հետեւէր եւ չէր ուզեր բաժնուիլ Իրմէ։ Յիսուս բազմութեան վրայ կը գթայ եւ անոր հիւանդները կը բժշկէ։

Բազմութիւնը չէր ձգեր Յիսուսը, որովհետեւ Անոր անձին մէջ տեսած էր իր հիւանդներուն բժշկութիւն պարգեւող զօրութիւնը։

Յիսուսի ամայի վայր երթալուն մէջ՝ կարելի է հոգեւոր նշանակութիւն մըն ալ տեսնել։

Յովհաննէսի գլխատումը յստակ կը դարձնէր, որ անօրէնութիւնը տիրապետող դարձած էր այդ ընկերութեան մէջ։ Ուստի, Յիսուս ամայի վայր ուղղուելով՝ բազմութիւնը դէպի հոն կը քաշէր, այսինքն՝ անօրէնութեան տիրապետութենէն դուրս բերել կ՚ուզէր զայն, ինչպէս Մովսէս մարգարէ Յակոբի ցեղերը դուրս բերաւ եգիպտական անօրէնութենէն, եւ անապատ տարաւ, որպէսզի այնտեղ՝ յագենան անոնք:

Թերեւս մտածէք, որ հրեաները անապատի մէջ միշտ դժգոհ մնացին, հակառակ Աստուծոյ բաշխած բոլոր բարիքներուն եւ հոգատարութեան: Հետեւաբար՝ չյագեցան:

Մարդ էակը առհասարակ ապերախտ է իրեն ընծայւած բարիքներուն եւ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած հոգատարութեան հանդէպ, եւ չի յագենար: Բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ Աստուծոյ բաշխածները եւ հոգատարութիւնը չեն յագեցներ: Նիւթական խնամքէն անդին եւ աւելի էականը՝ Աստուծոյ հոգեւոր առաջնորդութիւնն է եւ հոգեւոր սնունդի մատակարարումը: Եգիպտական գերութենէն ազատելով Յակոբի ցեղերը՝ Աստուած գլխաւորաբար անոնց տուաւ հոգեւոր կտակ մը եւ անոնց հետ ուխտ հաստատեց: Անոնք այդ ուխտին հաւատարիմ չգտնուեցան, սակայն ատիկա իրենց յանցանքն էր եւ ապերախտութեան նշանը:

Ուրեմն, հինգ հազարի կերակրման այս դրուագին հոգեւոր նշանակութիւնը մեզի կը յիշեցնէ ելքի դրուագը, եւ ուստի կը թելադրէ, որ նման Մովսէսի՝ Յիսուս Իրեն հետեւած մեծ բազմութիւնը պիտի արժանացնէր աստուածային խնամքին եւ զայն յագեցնէր նաեւ հոգեւոր սնունդով։

Երեկոն մօտեցած էր եւ աշակերտները Յիսուսի կ՚ըսեն. «Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը իրենց համար ուտելիք գնելու»։

Յիսուս կը պատուիրէ ըսելով.

«Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը»։

Այս պատուէրը տարօրինակ չէ՞։ Յիսուս չէ՞ր տեսներ բազմութիւնը։ Պարզ չէ՞ր, որ աշակերտները չէին կրնար զայն կերակրել, որովհետեւ անկարելի էր որ բոլորին բաւող կերակուր ունենային։ Յիսուս շատ լաւ գիտէր ատիկա։

Պատուէրը իր բառային իմաստէն անդին՝ կտակ մըն էր թէ՛ Իր անմիջական աշակերտներուն ուղղուած եւ թէ՛ եկեղեցւոյ, որ յանձնառու ըլլան եւ մնայուն կերպով իրենք զիրենք պատրաստեն բոլոր ժամանակներու բազմութիւնները յագեցնելու։

Յետ Քրիստոսի յարութեան եւ համբարձման, եկեղեցւոյ աճումին եւ տարածման գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ՝ բազմութիւնները թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ հոգեւորապէս յագեցնելու ծառայութիւնը եղաւ։

Պատուէրին վրայ աշակերտները Յիսուսի կ՚ըսեն.

-Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ։

Ապա, Յիսուսի կը բերեն իրենց ունեցածները։ Յիսուս զանոնք կ՚առնէ, աչքերը երկինք կը բարձրացնէ, կ՚օրհնէ, կը կտրէ հացերը եւ կու տայ աշակերտներուն, որոնք ժողովուրդին կը բաժնեն։

Հինգ հացը եւ երկու ձուկը երկինք բարձրացնելով՝ կ՚օրհնէ, այսինքն՝ գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ։

Յետ գոհաբանական աղօթքին, հացերը կը կտրէ եւ կու տայ աշակերտներուն, որոնք բազմութեան կը բաժնեն։ Եւ բազմութիւնը կ՚ուտէ ու կը կշտանայ։ Ապա աշակերտները աւելցած կտորները կը հաւաքեն եւ տասներկու սակառ կը լեցնեն։ Դրուագը կ՚աւարտի տեղեկութեամբ, թէ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, առանց հաշուելու կիներն ու մանուկները։

Նշեմ, որ Հինգ հազարին կերակրումը իր վերջին մանրամասնութիւններով կը յիշեցնէ Հին կտակարանի մէկ դրուագը։ Դ. Թգ-ին մէջ կը պատմուի, թէ Եղիսէ մարգարէ սովի ժամանակ գարիի քսան հացերով եւ ցորենի հասկերով հարիւր հոգիներ կը կերակրէ եւ կը կշտացնէ, նոյնիսկ մատակարարուածէն կ՚աւելնայ ալ (Դ. Թգ 4.42-44):

Այս նմանութիւնը մեզի կը սորվեցնէ այն ճշմարտութիւնը, թէ Տիրոջ կամքով կատարուած բաշխումը եւ հոգատարութիւնը կը յագեցնէ եւ կ՚աւելնայ ալ։

Հրաշքէն ետքը աշակերտները աւելցած կտորները կը հաւաքեն եւ տասներկու սակառ կը լեցուի։ Այս թիւը արդեօք խորհրդանշակա՞ն թիւ մըն է, թէ իրական։

Մենք անշուշտ պատճառ մը չունինք կասկածելու, որ տասներկու սակառ լեցուեցաւ։ Ատով հանդերձ կարելի է հասկնալ նաեւ, որ Յիսուս պատգամ մը կու տար Իր աշակերտներուն, որ անոնք իրենց համեստ ունեցածը առատաձեռնօրէն եւ առ Աստուած ամբողջական վստահութեամբ մատակարարեն։ Ու Աստուած ո՛չ թէ միայն կարիքաւորներուն մարմնական անօթութիւնը կը կշտացնէ, այլեւ հոգեւոր անօթութիւնը, ու կ՚աճեցնէ եկեղեցին։

Ըսի, որ այս դրուագը արձանագրուած է չորս աւետարանիչներուն մօտ։ Կը նշանակէ, թէ աւետարանիչները ասոր միջոցով իրական դէպքէն անդին՝ պատգամ մը ուզած են տալ մեզի։ Ի՞նչ է այդ պատգամը։

Աւետարանիչներէն Յովհաննէսի մօտ, այս հրաշքը ներկայացուած է յաւելեալ բացատրութեամբ մը: Յիսուս զայն մեկնած է եւ Իր պարգեւած հացերուն նշանակութիւն մը տուած է: Ու ելքի ժամանակ անապատային կերակրումին հետ բաղդատական ընելով, ըսած է. «Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր: Հայրս է, որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը: Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է, որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին… Ես եմ կեանքի հացը… Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք Անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ» (Յհ 6.32-33, 35, 53):

Յիսուսի այս խօսքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Հինգ հազարին կերակրումի դրուագը կապուած է Վերջին ընթրիքի իմաստին: Այդ է պատճառը, որ դրուագը չորս աւետարանիչներուն մօտ արձանագրուած է:

Կ՚ուզեմ այստեղ ըսել, որ Հինգ հազարին կերակրումը նաեւ նախապատկերացումն է վախճանաբանական հարսանիքի խնճոյքին, երբ Աստուծոյ ժողովուրդը՝ Քրիստոսի հետ յաւիտեան պիտի վայելէ ուրախութեան կերակուրը եւ բաժակը:

Աստուծոյ Արքայութեան սեղանին մասնակից ըլլալու համար պայման է, որ մեր ներկայ կեանքին մէջ մնայուն կերպով շարունակենք Աստուծոյ ճշմարիտ մանանայէն ճաշակել, այսինքն՝ Քրիստոսի մարմինին եւ արեան ճաշակումը մնայուն դարձնենք, որովհետեւ ատիկա մեզ պիտի պահէ հոգեւոր աճումի մէջ: Այս աշխարհը սովի մէջ է եւ Աստուծոյ ճշմարիտ մանանային պէտքը ունի, որպէսզի կեանք ունենայ (Զարեհ Արք. Ազանւորեան, «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Խմբագիր՝ Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գ., Մոնթրէալ 2016, էջ 289-292):

Իսկ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին հետեւեալը կը գրէ Հացի օրհնութեան եւ զայն անապատին մէջ տալու եւ նոր հաց չստեղծելու մասին.

ՀԱՑԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոս Իր հրաշագործութիւններուն սկիզբը՝ որ կը գործէր, Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնէր չորս պատճառով.

Նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ պէտք է ամէն բան Աստուծմէ խնդրել:

Երկրորդ, որովհետեւ ամբողջ պատիւը Հօր կը վերաբերէր:

Երրորդ, Ինքզինք Հօրմէն ցոյց կու տար, որովհետեւ ինչ որ կը կատարէր, Հօր կամքով ու զօրութեամբ կը կատարէր:

Չորրորդ, մեզի սորվեցնելու համար, որպէսզի մեր բոլոր գործերը Աստուծոյ պատիւին ու փառքին համար ընենք եւ ո՛չ թէ մեր անձերուն գովութեան համար:

Իսկ այն որ Մատթէոս կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս դէպի երկինք նայեցաւ (Հմմտ Մտ 14.19), այդ ալ երեք պատճառով.

Նախ՝ ցոյց տալու համար, թէ Իր միտքը դէպի Աստուած վերցուած էր:

Երկրորդ, սորվեցնելու համար մեզի, որպէսզի աղօթած ժամանակ համեստութեան արտաքին նշաններ ունենանք ու այս կողմ-այն կողմ չնայինք:

Երրորդ, որովհետեւ այդպէս կը վայելէր Քրիստոսին, Հօրը միտքով պատուել. ինչպէս ցոյց կու տայ աչքերուն հայցուածքը ու ձեռքերուն բարձրացումը դէպի վեր՝ միտքին հետ:

Դարձեալ, ըստ Մատթէոսի Քրիստոս օրհնեց, այսինքն՝ զԱստուած ու հացը, սակայն տարբեր-տարբեր կերպերով, որովհետեւ զԱստուած օրհնեց շնորհակալ ըլլալով, իսկ հացը օրհնեց՝ սրբելով ու աճողական զօրութիւն տալով:

Խօսք. «Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն: Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց» (Յհ 6.11):

Այստեղ երեք հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին, թէ ինչո՞ւ համար միայն հացին համար շնորհակալութիւն յայտնեց, եւ ո՛չ ծովը սաստելուն, ո՛չ անդամալոյծին եւ ո՛չ ալ կոյրը բժշկելու [պարագաներուն]:

Պատասխան. Այս մասին Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ երեք պատճառով.

Նախ՝ որպէսզի սորվեցնէ մեզի միշտ աղօթել, շնորհակալութիւն յայտնել ու նոր միայն ճաշակել:

Երկրորդ, որպէսզի ցուցնէ, թէ Հօր հակառակ չէ, ինչպէս հրեաները կը կարծէին, այլ՝ միշտ միակամ եւ միազօր էր Հօր հետ:

Երրորդ, գոհացաւ, որպէսզի չկարծուի, թէ չար արուեստով ու սատանայով եղած ըլլայ [բազմացումը հացին ու գինիին], այսինքն՝ կախարդութեամբ, այլ՝ Աստուծոյ զօրութենէն:

Դարձեալ, չորս պատճառով մենք պէտք է աղօթենք ու գոհութեամբ [շնորհակալութիւն յայտնելով] ճաշակենք.

Նախ՝ որովհետեւ աղօթքը հոգիին կերակուր է, ինչպէս հացը՝ մարմինին:

Երկրորդ, որովհետեւ պէտք է Պարգեւատուն օրհնել ու ապա միայն պարգեւը ընդունիլ, որպէսզի ապերախտ չըլլանք:

Երրորդ, որովհետեւ շնորհակալութիւն յայտնելը կրկնակի օգուտ ունի, այսինքն՝ որովհետեւ առաւել պարգեւներուն հատուցումն է եւ վերստին պարտական կը դարձնէ:

Չորրորդ, որպէսզի քրիստոնեաներուն կերակուրները տարբերին այլազգիներու [կերակուրներէն], ե՛ւ կռապաշտներէն, ե՛ւ հրեաներէն, այլեւ՝ անասուններէն ու գազաններէն, որոնք միայն կերակուր կ՚ուտեն առանց աղօթքի ու շնորհակալութեան, հետեւաբար պէտք է Քրիստոսի Մարմինին ու Արեան Սուրբ Խորհուրդը ճաշակած ատեն՝ «Գոհանամք»ը ըսենք, այլեւ նշխարքը ընդունելով՝ Սուրբ Սաղմոսը երգենք. «Օրհնեցից զՏէր յամենայն ժամ» (տե՛ս Սղ 34.1), իսկ մարմնաւոր սեղանին՝ «զբարձր առնեմ»ը երգենք: Եւ ինչպէս մեր Տէրն ու աշակերտները կանգնած շնորհակալութիւն յայտնեցին, այդպէս ալ մեզի ալ պէտք է կանգնիլ, օրհնել ու ապա նստիլ ճաշակել, եւ դարձեալ կանգնիլ ու շնորհակալութիւն յայտնել:

ԹԷ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ ՏՈՒԱՒ ՀԱՑԸ

Երկրորդ հարցում. Ինչո՞ւ անապատին եւ ո՛չ թէ քաղաքին մէջ բազմացուց հացը:

Պատասխան. Վարդապետները վեց պատճառի համար կ՚ըսեն.

Նախ՝ որովհետեւ եթէ քաղաքի մէջ էր, հրեաները կը կարծէին, թէ գաղտնի կերպով տունէն հաց առին ու բաժնեցին, այլ՝ անապատին մէջ ըրաւ, երբ յայտնի դարձաւ ժողովուրդին անօթութիւնը եւ աշակերտներուն աղքատութիւնը:

Երկրորդ, ժողովուրդին պէտքերուն համար, որովհետեւ եթէ գիւղի մէջ ըլլային, կրնային իրենց համար հաց առնել:

Երրորդ, որպէսզի փառասիրութեան ախտին կարծիքը վերցնէ, որովեհետեւ եթէ քաղաքի մէջ եղած ըլլար, կը կարծէին թէ սնափառութիւն էր:

Չորրորդ, ցոյց տալու համար ժողովուրդին ջերմեռանդ սէրն ու հաւատքը, որոնք անտեսած էին մարմնական բոլոր հոգերը ու Քրիստոսի հետ անապատ գացած էին:

Հինգերորդ, առ ի համեմատութիւն այս հրաշքը անցեալի հրաշքին հետ, որ անապատին մէջ մանանայով կերակրուեցան:

Վեցերորդ, ցոյց տալու համար, թէ անոնք, որոնք աշխարհէն կը փախչին ու Քրիստոսի կը հետեւին կամաւոր աղքատութեամբ, իրենց բոլոր պիտոյքները կը պարգեւուին անոնց:

ԹԷ ՆՈՐ ՉՍՏԵՂԾԵՑ

Երրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար նոր հաց չստեղծեց, այլ՝ հինը բազմացուց:

Պատասխան. Այս ալ վեց պատճառով.

Առաջին. Ի յայտնութիւն այն սքանչելիքին, որովհետեւ եթէ նոր հաց ստեղծած ըլլար, հակառակորդները կ՚ըսէին, թէ գաղտնաբար ունէր ու յայտնեց:

Երկրորդ. Ի յանդիմանութիւն մանիքէացիներու չար հերձուածողներուն, որ մարմնական բոլոր բաները չար է կ՚ըսէին ու սատանայէն եղած, իսկ Քրիստոս բազմացուց հացը՝ անոր բարի ըլլալը ցոյց տուաւ:

Երրորդ. Ցոյց տուաւ գործուածին նոր կարգը եւ Իր իշխանութիւնը աշխարհին վրայ, որովհետեւ չէր եկած ոչինչէն նոր բան մը ստեղծելու, այլ՝ հինը նորոգելու եւ կատարելութեան հասցնելու:

Չորրորդ. Ցոյց կու տայ ասով քրիստոնէական իմաստութիւններուն աճումը, այսինքն՝ վարդապետութեան ու շնորհներուն, որ Եկեղեցւոյ մէջ գործեց ու միշտ կը կատարէ, քանի որ քիչ գիրքերէ ու խորհուրդներէ անբաւ իմաստութիւն ու շնորհ բազմացուց:

Հինգերորդ. Այն ցոյց կու տայ, որ Քրիստոսի շնորհներու մէկ աղբիւրէն՝ զանազան պարգեւներ կ՚ելլեն մարդկային ցեղին, եւ ինչպէս որ կտրուելով մեզի կը բաժնուին, ատոր համար այստեղ հացերը կտրեց, եւ երբ Իր մարմինը աշակերտներուն տուաւ աշակերտներուն, այդ հացը կտրեց: Եւ յարութենէն ետք հացը կտրած ժամանակ զԻնք ճանչնալու [հնարաւորութիւն] տուաւ:

Վեցերորդ. Այն ցոյց կու տայ, թէ մարդոց ցեղը Աստուծոյ շնորհներուն միջոցաւ, որ մեզ կը կերակրէ, որպէս նիւթական գործակից կ՚ըլլայ մարմինի հինգ զգայութիւններուն, ինչպէս հինգ հացը, իսկ հանճարն ու մեր կամքը որպէս երկու ձուկերը, ու ասոնցմէ առաքինութեան զանազան գործեր կ՚աճին: Իսկ թէ հացն ու ձուկը որո՞ւ ձեռքերուն մէջ կ՚աճէին, ոմանք կ՚ըսեն, թէ միայն Քրիստոսի ձեռքին մէջ կ՚աճէր, իսկ առաքեալները կը բաշխէին, որպէսզի հրաշքը միայն Քրիստոսի ձեռքով ըլլայ. իսկ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ Քրիստոսի ձեռքին մէջ կը բազմանար ու կը բաշխուէր, սակայն առաքեալներուն ձեռքերուն մէջ ալ կը բազմանային, ցոյց տալու համար, թէ բոլոր շնորհները, որ Քրիստոս կու տայ ու մարդիկ կը բազմացնեն իրենք իրենց մէջ, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ:

Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոս մէկ հացէ բազմաթիւ հացեր չըրաւ, այլ՝ նշխարները [կտորները] բազմացնելով, որպէսզի աւելի զգալի կերպով յայտնի դառնայ հրաշքը, որովհետեւ չէին կրնար հակառակ բան ըսել, թէ գաղտնի կերպով կը բերէին: Եւ տե՛ս, թէ Քրիստոս միապէս տուաւ բոլորին, եւ հասարակ տեղի մը՝ դալար խոտերու վրայ նստեցուց: Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, որովհետեւ անով խոնարհութիւնը, եղբայրասիրութիւնը եւ պարկեշտութիւնը ցոյց տուաւ, որպէսզի ամէն բան ընդհանուր ըլլայ աստուածապաշտներուն համար: Դարձեալ, որովհետեւ այստեղ բաշխեց ու նշխարները տուաւ, նոյնպէս մենք պէտք է նշխարները բաշխենք ու ժողովուրդին տանք: Եւ ինչպէս մարմինին հացը բաշխեց ու տուաւ Վերնատան մէջ, պէտք է մենք եւս մաս մը տալ՝ Հաղորդութիւնը, եւ ոչ՝ ամբողջը: Եւ ինչպէս որ յարութենէն ետք խաչանման կտրեց եւ Ինքզինք ճանչցուց հացը կտրած ժամանակ, որ նոյնպէս կ՚ընէր նախքան խաչուիլը, նոյնպէս պէտք է, որ մենք սեղանին վրայ աղուհացը խաչանման կտրենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2023