ՍԱՂՄՈՍԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՊՍԱԿ

Հայկական ճատրակի արդի հսկաներէն Լեւոն Արոնեան շաբաթավերջին ամուսնացաւ Հայաստանի մէջ։ Իր Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ պատմական վանքի մը մէջ, ստեղծեց լայն արձագանգ։ Լեւոն Արոնեան կեանքը միացուց Արիանա Քաոիլիէի հետ։ Նորապսակ ամոլին խաչեղբայրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Ճատրակի դաշնակցութեան նախագահն է։ Հարսնքոյրն էր Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։ Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Սաղմոսավանքի մէջ։

Կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան եւ Արիանա Քաոիլիէ աւելի քան տասն տարիէ ի վեր ունէին յարաբերութիւն մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017