Ո՞ՒՐ ԿԸ ՏԱՆԻ ԱՅՍ ՃԱՄԲԱՆ…
-Մեծ հայր, դէպի ո՞ւր կը տանի սա ճամբան,- հարցուց փոքրիկ Վաղինակը։
-Սա ճամբան բաւական երկար է ու անծիր։ Ամէն մի ճամբայ կը նմանի խիտ ճիւղարձակած ծառի մը։ Ուղիները չեն վերջանար, անոնք սերտօրէն փոխկապակցուած են իրարու։ Երբ մէկ ուղին կը վերջանայ, անմիջապէս կը միանայ ուրիշի մը։
-Այսինքն ճամբան անվերջանալի՞ է։
-Անանկ կ՚երեւի, սակայն ոչ։ Իրականութեան մէջ ճամբաները շրջանաձեւ են։
-Ինչպէ՞ս,- աչուկները զարմանքէն լայն բանալով հարցուց հետաքրքրասէր փոքրիկը։
-Այդպէս թոռնիկս, բոլոր ուղիները օր մը կը վերադառնան նոյն կէտին, ուրկէ սկիզբ առած են։ Գիտես, մարդու կեանքն ալ մաշած ուղի մըն է։ Ծննդեան առաջին իսկ երկվայրկեանէն սկիզբ կ՚առնէ մեր կեանքի ուղին։ Սակայն, դժբախտաբար, ոչ բոլորը կրնան այդ ուղին անցնիլ շրջանաձեւ, երբեմն ճամբան անցնելու ընթացքին կը կտրի մէկու մը կեանքի թելը։
-Մեծ հայր, իսկ ովքե՞ր կրնան իրենց կեանքի ուղին անցնիլ շրջանաձեւ։
-Անոնք, որոնք կ՚ապրին կեանքի բոլոր փուլերը՝ մանկութիւն, պատանեկութիւն, երիտասարդութիւն, հասունութիւն ու ծերութիւն։
-Է՜հհ, այսպէս չեղաւ շրջանաձեւ։ Չէ՞ որ ծերութեան շրջանին կը կտրի կեանքի թելը։ Ուրեմն մեր կեանքը բնաւ չի նմանիր ուղիի մը։
-Երբեւէ խորհած ես, թէ ինչո՞ւ ես եւ դուն զիրար աւելի լաւ կը հասկնանք, իրարու հետ աւելի շատ կը զուարճանանք, քան դուն եւ ծնողքդ։
-Չխորհեցայ…
-Որովհետեւ, երբ մարդ կ՚ապրի կեանքի մայրամուտը, այդ փուլին ժամացոյցի սլաքը կը սկսի աշխատիլ դէպի ետ։ Ծերունիները օր ըստ օրէ կը մանկանան։ Ծերութեան շեմին մենք շրջանաձեւ ետ կ՚ապրինք կեանքի բոլոր փուլերը։
-Այսինքն ես եւ դուն այժմ հասակակի՞ցներ ենք։
-Ի հարկէ, պարզապէս դուն նորաթուխ երեխայ մըն ես, իսկ ես՝ հնամաշ։ Դուն տակաւին ունիս անցնելու երկա՜ր ճամբայ, իսկ ես այլեւս կը մօտենամ իմ սկզբնակէտին։
-Մեծ հայր, որքան զարմանահրաշ բան մըն է կեանքը։
-Իմ սրամիտ ձագուկ, ճիշդ նկատած ես։ Բաց աստի, կեանքը լի է հրաշքներով, անակնկալներով, սիրով ու երջանկութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ իմ թուածի հականիշներով։ Ամէն մարդ ինք կ՚ընտրէ իր կեանքի ուղին. ոմանք կը նախընտրեն հարթ, իսկ ոմանք ալ, ես կը պնդէի, թէ մեծամասնութիւնն ալ՝ փշոտ ճամբայ։
Փշոտ ճամբայ ընտրողները իրենց կեանքի հոլովոյթին անկարող կ՚ըլլան ըմբոշխնելու կեանքի բերկրանքն ու արեւի համը։ Անոնք մշտապէս կ՚ուզեն խղճահարութիւն յառաջացնել եւ իրենց վրայ սեւեռել շուրջիներու կարեկցանքը։ Իրենց բոլոր ձախորդութիւններուն մէջ միշտ մեղաւոր են ուրիշները։ Անոնք շատ կը սիրեն գանգատիլ ու մրթմրթալ, եւ հազուադէպ կ՚ըլլան գոհ։
Մինչդեռ հարթ ճամբայ ընտրողներուն կեանքը կը սահի հալած իւղի պէս։ Այսպիսի անձերը կ՚ըլլան երջանիկ ու յաջողակ։ Դժբախտութիւններն ու ձախորդութիւնները կը գերադասեն հեռու մնալ ինքնաբաւ ու լաւատես մարդոցմէ։ Յիրաւի, երբեմն անոնց կեանքի մէջ ալ կը ծածանին մոխրագոյնի երանգները, սակայն շատ կարճատեւ՝ գարնան անձրեւի պէս։
-Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք զանազանել այդ երկու ուղիները իրարմէ։
-Նախ եւ առաջ ներաշխարհով ու մտքերու պայծառութեամբ։ Իւրաքանչիւր ոք պէտք է յստակ գիտնայ, թէ ինչպիսի կեանք մը կ՚ուզէ ապրիլ։ Երբ ենթագիտակցաբար վճռորոշ ըլլաս, ժամանակը կը սկսի աշխատիլ՝ յօգուտ քեզի։ Պէտք է խոստովանիլ, որ այդ ճամբան անցած ատեն վերիվայրումներ ալ կ՚ըլլան։
Թոռնիկս, կեանքի մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու համար պէտք է միշտ զգօն ըլլալ, պատրաստ՝ յաղթահարելու իւրաքանչիւր փորձութիւն։
-Մեծ հայր, երբ մեծնամ, ես ճամբորդ պիտի դառնամ։
-Օ՜հ, քու ընտրած ուղին բաւական հրապուրիչ է։ Իսկ խորհեցար, թէ ո՞ր երկիրները պիտի ճամբորդես։
-Մեր Երկիր մոլորակը՝ ծայրէ ի ծայր։ Երբ չափահաս դառնամ, կը ժողվեմ ճամպրուկս, կ՚առնեմ հայրիկիս ինքնաշարժը եւ մեր գիւղի արահետով կ՚ընթանամ դէպի լայն աշխարհ։ Թէ՛ կը ճամբորդեմ, թէ կը վայելեմ կեանքը։ Իսկ իմ կեանքի մայրամուտին ալ կը բռնեմ մեր գիւղի ճամբան։
-Հիանալի մտայղացում մըն է,- ըսաւ մեծ հայրը ու համբուրեց թոռան ճակատը։
Յաջորդ օր, առտու կանուխ աքաղականչի հետ արթնցաւ Վաղինակը։ Ուսապարկին մէջ տեղաւորեց քանի մը կտոր հագուստ, վերմակ մը, հաց ու պանիր, միրգեր ու բանջարեղէն։ Փոքրիկը փորձեց անձայն քալերով հեռանալ տունէն։ Այդ վայրկեանին ձայն մը.
-Տղայ, այդ ո՞ւր։
-Ներողութիւն մեծ հայր, տասն տարին բաւական երկար ժամանակ է, չեմ կրնար այդքան սպասել։ Որոշեցի այսօրուընէ սկսիլ իմ ճամբորդութեան։
-Շատ լաւ, իմ փոքրիկ ճամբորդ… Կրնա՞մ ես ալ քեզի միանալ։
-Կարծեմ անկարելի է, դուն այլեւս կ՚ապրիս քու կեանքիդ մայրամուտը։ Ես մինակս գլուխ կը հանեմ,- ըսաւ փոքրիկ Վաղինակը, ողջագուրուեցաւ մեծ հօրը հետ ու ինկաւ ճամբայ։
Իմաստուն ալեզարդ ծերունին թոռան սիրտը չկոտրելու նպատակաւ, չփորձեց վերջինս իր փափաքէն ետ պահել։ Ընդհակառակը, ան թոռնիկին մաղթեց բարի ճանապարհ, նոյնիսկ անոր ետեւէն ջուր թափեց։ Պատուհանէն վարագոյրի անցքէն դիտեց փոքրիկ ճամբորդը։ Երբ այլեւս ան հորիզոնէն կորսուեցաւ, պապը անմիջապէս հագաւ իր կօշիկները ու շտապեց թոռան ետեւէն։ Ան ծածուկ սկսաւ հետապնդել թոռնիկը։
Փոքրիկ Վաղինակը երկար քայլելէ վերջ, քիչ մը հանգչելու համար նստաւ քարի մը վրայ։ Շունչ առնելու ընթացքին զգաց անօթութիւն։ Ուսապարկէն հանեց պանիրն ու հացն եւ ըմբոշխնեց, այնուհետեւ շարունակեց իր ճամբան։
Քանի մը քիլօմեթր քայլելէ վերջ պահ մը կեցաւ, ետ նայեց ու նշմարեց, որ իրենց գիւղը մնացեր է սարերուն ետեւը։ Երկար-բարակ խորհելէ վերջ, հրաժարեցաւ ճամբորդելու գաղափրէն եւ արագ քայլերով, վայրկեան մը առաջ ուզեց վերադառնալ տուն։ Այդ ընթացքին մեծ հայրը, որ գաղտագողի կը հետեւէր թոռանը, հեռուէն հասկցաւ թոռան մտայնութիւնը ու շտապեց տուն։
Այլեւս երեկոն կը մօտենար…
Պապը աճապարանքով տուն հասաւ, գիրք մը առաւ, նստաւ բազմոցին ու սկսաւ կարդալ։ Քիչ վերջ փողոցէն լսելի դարձաւ Վաղինակին ձայնը։
-Մեծ հա՜յր, մեծ հայր, ես վերադարձայ,- կը պոռար ան։
-Բարի եկար, իմ փոքրիկ ճամբորդ, ինչպէ՞ս յաջողեցար քանի մը ժամուայ ընթացքին պտըտիլ աշխարհը։
-Հրաժարեցայ, մեծ հայր, պէտք է խորհիմ ուրիշ տարբերակ մը…
-Վաղինակս, դուն այսօր զիս ծանօթացուցիր քու տեսակիդ հետ։ Դուն պրպրտող ես, միշտ դէպի առաջ ընթացող… Քու տեսակին համար կեանքի հոլովոյթին գոյութիւն ունի ոչ մէկ արգելք։
Կը յիշե՞ս, երէկ ինծի հարցուցիր, թէ ինչպէ՞ս պիտի կողնորոշենք, թէ ո՛ր ուղին հարթ է, իսկ որը՝ քարքարոտ։
-Ի հարկէ, կը յիշեմ,- վստահ պատասխանեց Վաղինակը։
-Ուրեմն գիտցած եղիր, որ դուն ընտրեցիր անսայթաք ուղին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ