ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (52)

Բեռնակառքի առաջնասենեակին մէջ նստած, դէպի Պամ, դէպի տուն կ՚երթար Զանան։ Գլուխը դուրս կը հանէր, մազերը կու տար հովին, ռունգերէն ներս կ՚առնէր օդը, որ ուշ-աշնանային էր արդէն։ Նոյն ճամբան էր, իր փոփոխուող գոյներով, տարբեր բարձրութիւններով. մէկ՝ դաշտեր, մէկ՝ բլուրներ, մէկ՝ լեռներ վիթխարի... ճիշդ այն, որն առեր էր տարի մը առաջ հակառակ ուղղութեամբ։

Մէկ բան տարբեր էր սակայն։ Այնժամ դատարկ էր ինք ամբողջովին. որբ մըն էր ե՛ւ իրական առումով, ե՛ւ հոգեմտաւոր, քանի որ պարապ էին միտքն ու հոգին։ Ամէն ինչ կորսնցուցած, ոչինչի տէր, ո՛չ մէկ ապագայի նայող էակ մըն էր ան, որ մէկ բանի կը ձգտէր. փախուստի։ Փախուստ՝ անցեալէն ու ներկայէն, այնքան հեռու, ուր կարելի էր մոռնալ ամէն ինչ, կտրուիլ եղածէն ու եղողէն, ձեւով մը պոկուիլ-փրթիլ, կարծես վեր, դէպի երկինք բարձրանալ ու աղաւնեաց պէս ձուլուիլ կապոյտին մէջ անսահման։

Իսկ հիմա ուրիշ էր Զանան։ Ցաւը չեր լքած զինք անշուշտ, մնացեր էր խորունկ տեղ մը ներսիդին. բայց վրայի դատարկութիւնը պատուեր էր, ծեփուեր էր կարծես, լեցուեր էր կեանքի, սիրոյ, եւ երազանքի շաղախով։ Ու հիմա իր հետ ինքզինք բերէր կարծես. մտովի կը նայէր ինքն իր վրայ, կը տեսնէր, թէ ինչպէս մէկ տարուայ մէջ հասունցած, կոփուած, լիովին կեանքի սեմէն ներս մտած երիտասարդ մը կու գար Պամ։ Պամ, արդէն ոչ թէ մերժելի վայր աղէտի, այլ նոր հնարաւորութիւն, Նորային հետ կեանքի օրրան, որ կառուցել էր պէտք։

Անցան ժամերն ու Զանան ոտք դրաւ Պամի, շուտով իրենց թաղամասին մէջ։ Աւերակները կային, բայց մաքուր էին փողոցները, եւ վերականգնումի ոգի մը կար արդէն. աշխատանքներ էին ամէն տեղ։ Հասաւ տուն. հասաւ տունէն մնացած մէկ ու միակ պատին։ Ծնկաչոք թափեց այնքան արցունք, ինչքան պէտք էր տակաւին, թերեւս վերջին անգամ մը մէջէն հանել պարպելու համար ցաւը, ու նորին, լաւին, կեանքին քիչ մը եւս տեղ բանալու։ Յիշեց մայրը, հայրը, մեծ մայրն ու քոյրը, եւ կեանքի երկրորդ ուժեղագոյն խոստումը տուաւ. պիտի շինէր, պիտի ոտքի հանէր տունը իրենց, եւ կեանք տար անոր ու սերունդներ։

Ձեռքն ունեցած չունեցածը դրեր էր պատին տակ։ Ճամպրուկ մը, որուն մէջ իր հագուստներն ու իրերն էին, քիչ մըն ալ դրամ։ Եւ վանդակ մը, մէջը մէկ հատիկ աղաւնի։ Կոնդի Ղուշբասին նուիրածն էր. գեղեցիկ, ձիգ, ու սեւահեր՝ իր նման։ Բարձրացուց վանդակը վեր՝ դէմքի մակարդակին, ու նայեցաւ աղաւնիին, որ կարծես կը լսէր զինք. «Բարի եկար»։ Ու բացաւ դռնակը վանդակին։ Եւ վեր, վե՜ր թռաւ աղաւնին, եօթ մեծ պտոյտ ըրաւ երկնքի կապոյտին, ապա վայրէջք կատարեց։

Հրաշք էր, այս ամէնը հրաշք էր, մտածեց Զանան ի տես պատահածին։ Եօթ սպասողական պտոյտ օդին մէջ, եւ վայրէջքն արդէն ոչ առանձին կատարեր էր աղաւնին...

Իր գոյնի, իր նման սպիտակ, իր նման գեղեցիկ էգ մը հիմա նստեր էր կողքին...

Կեանքը հասեր էր Պամ, կեանքը հասեր էր տուն, ու շուտով, վստահ էր Զանան, պիտի գար նաեւ իր Նորան...

ԵՐԱՄ

•վերջ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020