ԼԵՌՆԱ ՊԱԼՕՂԼՈՒ ԱՔՊՈՒԼՈՒԹ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ
Գատըգիւղի քաղաքապետութեան Եէլտէյիրմենիի մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ֆրանսացի յօրինողներու ստեղծագործութիւններու ձօնուած համերգ մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս համերգին ընթացքին հանդէս եկաւ մեցցօ-սոփրանօ Լեռնա Պալօղլու-Աքպուլութ, որ կատարողական ընդունակութիւնն
երով արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը։ Իրեն նուագակցեցաւ դաշնակահարուհի Ըշըլ Կիրայ։ Լեռնա Պալօղլու-Աքպուլութ երգացանկի բոլոր գործերը մեկնաբանեց խոր տպաւորութիւն գործելով ունկնդիրներուն վրայ, որոնք ձեռնարկի աւարտին ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին զինքը։
Այս երեկոյթը կազմակերպուած էր «Սեմիհա Պերքսօյ օփերա 2000» հիմնարկին կողմէ։