ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԳԻՆ ԳԱՆՁԵՐԸ

Ինչպէս ծանօթ է մամուլէն եւ զանազան յայտարարութիւններէն, Երուսաղէմի մէջ պիտի վերաբացուի հայոց պատրիարքարանի թանգարանը, որ քսանէ աւելի տարիներէ ի վեր չի գործեր: Մօտ մէկուկէս տարի առաջ, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան ֆրանսահայ անուանի գիտնական Քլոտ Արմէն Մութաֆեանին առաջարկած է զբաղիլ թանգարանի վերաբացման աշխատանքներով: Պատմաբան-հայագէտն ալ առաջարկած է այդ գործին համար կազմել խումբ մը, նշելով, որ իր ուժերէն վեր է այդ ծաւալուն գործով առանձին զբաղիլ, եւ ահաւասիկ թանգարանի վերաբացման համար կազմուած է հայ մասնագէտներու խումբ մը եւ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան, ֆրանսահայ հայագէտ Յարութիւն Գէորգեան եւ լիբանանեան ծագումով ֆրանսաբնակ թանգարանագէտ Յարութիւն Պէզճեան սկսած են պատրաստել ցուցադրութեան գիտական նախագիծին նախնական տարբերակը: Գործին մէջ նաեւ ներգրաւուած են այլ մասնագէտներ, բայց հիմնական խումբը կազմուած է նշուած անձերէն: Վերջերս Քլոտ Արմէն Մութաֆեան Երեւանի մէջ հանրային դասախօսութիւններ ունեցաւ՝ Երեւանի Պատմութեան թանգարանին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ ներկայացուց Երուսաղէմի Պատրիարաքարանի ապագայ թանգարանը, որ պիտի ըլլայ ժամանակակից կառոյց մը, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ մտաւորականը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ յաւելեալ զրոյցին ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուց վերաբացուելիք թանգարանին առընչութեամբ տարուող աշխատանքներուն կապակցութեամբ: Ինչպէս տեղեկացանք, Քլոտ Արմէն Մութաֆեան պատրիարքին հետ հանդիպման ընթացքին նախապայման դրած է, որ խումբին առաջարկները սովորաբար պէտք է ընդունուին Պատրիարքարանին կողմէ եւ միաբանութիւնը, քանի որ արդէն թանգարան կազմելու որոշում առած է, ուրեմն վերապահութիւններ պէտք չէ ունենայ այդ առթիւ կազմուած մասնագիտական խումբին առաջարկներուն հանդէպ: Այդ առթիւ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան հետեւեալը մեկնաբանեց. «Միաբանութեան անդամները սովորաբար հայկական տեսակ մը հիւանդութենէ կը տառապին, թէ ինչ որ իրենցն է, պէտք է պահել, օտարին ցոյց չտալ, մինչդեռ անիմաստ է այսպիսի մօտեցում մը եւ այդ մէկը ոճիր կարելի է նկատել հայ մշակոյթին հանդէպ»:

Ան օրինակ բերաւ Պատրիարքարանէն ներս պահուող գաւազանները, որոնք երբեք չեն հանուած հանրային դիտումի եւ երբ ինք՝ Մութաֆեան, առաջին անգամ տեսած է զանոնք՝ շուրջ յիսուն-վաթսուն գաւազան, զարմացած է ի տես անոնց գեղեցկութեան ու արժէքին եւ միեւնոյն ժամանակ աչքէ հեռու մնացած ըլլալուն հանգամանքով:

«Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Հայաստանէն դուրս Երուսաղէմը հայագիտութեան եւ հայկական արուեստին ամենէն հարուստ նիւթեր պարունակող կեդրոնն է: Հոն կան անգին գանձեր, որոնք կը կարօտին ցուցադրութեան եւ ուսումնասիրութեան: Այսօր այդ բոլոր արժէքները, որոնք իբրեւ ցուցադրութիւն հոն են, շատ խղճալի վիճակի մէջ են եւ ըսեմ, որ այդ անմխիթար վիճակը նոր չէ: Երբ առաջին անգամ 1979 թուականին այցելած էի այդ թանգարանը, արդէն այդպիսի վիճակ մը կը պարզէր», ըսաւ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան:

Ան յոյս յայտնեց, որ նախնական աշխատանքներու հետեւանքով կը յաջողին կասեցնել միաբաններու կողմէ ստեղծուած դիմադրութիւնը եւ առ այսօր ծածուկը հանրային դարձնել, իբրեւ հայկական եւ համաշխարհային մշակոյթի գանձեր պատշաճօրէն ցուցադրել:

Բացի գաւազաններէն, Արմէն Մութաֆեան խօսեցաւ նաեւ բազում այլ գանձերու մասին, որոնք ցոյց կու տան Հայ Երուսաղէմի հարուստ պատմութիւնը եւ անգամ մը եւս կը պարզեն աշխարհին հայկական մշակոյթին դէմքը:

Զրոյցէն յայտնի դարձաւ, որ Պատրիարքարանի մէջ Եղեռնին առընչուող շատ նիւթեր կան, եւ անոնք կրնան զբաղեցնել վերաբացուելիք թանգարանին կարեւոր մէկ բաժինը: Մութաֆեան վստահ է, որ այդ նիւթերուն մեծ մասը ուսումնասիրուած է, հակառակ անոր որ աւանդաբար արխիւները փակ եղած են, իսկ հիմա արդէն պէտք է բացուին եւ նաեւ ցուցադրուին: Երուսաղէմի այս թանգարանի վերաբացման առթիւ աշխատախումբը կատարած է աշխատանքի բաշխում. Յարութիւն Գէորգեան պիտի զբաղի նոյն այդ արխիւներով, Քլոտ Արմէն Մութաֆեան՝ միջնադարեան շրջանով, իսկ Յարութիւն Պէզճեան՝ թանգարանային հարցերով. ան թանգարանը պէտք է յարմարեցնէ ժամանակակից բոլոր պայմաններուն՝ ազդանշաններու եւ անվտանգութեան համակարգերու ներդրում, լուսաւորում, ձայնային, ջերմային եւ այլ կարգաւորումներ կատարէ: Ի դէպ, Յարութիւն Պէզճեան ֆրանսական նշանաւոր թանգարաններուն հետ աշխատած ու կատարեալ փորձառութիւն ձեռք ձգած է եւ զայն պիտի ներդնէ նաեւ այս գործին մէջ:

Պատմաբանը մեծ հարստութիւն եւ անգին գանձեր համարեց Պատրիարքարանի ձեռագիրները, բայց այսօր ձեռագիրները, իր նկարագրածին համաձայն կը պահուին զաւեշտալի պայմաններու տակ: «Կը մըտ-նես ձեռագրատուն, ազնիւ տիկին մը կայ, կ՚ըսես այսինչ ձեռագիրը կ՚ուզեմ, սանդուխէն կը բարձրանայ, դարակէն կը հանէ, կու տայ, կարծես հագուստի խանութի դարակէն հագուստ մը կը հանէ… Զարմանալի է… Ո՛չ լուսաւորութիւն, ո՛չ ջերմութիւն, ո՛չ ալ ձեռագիր պահելու համար անհրաժեշտ պայմաններ գոյութիւն ունին: Արժէքաւոր, դարաւոր ձեռագիրներ են, օրինակ մը բերեմ, հայ նշանաւոր մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինէն աշխարհի մէջ այսօր միայն եօթ աշխատանք մնացած է, մէկը՝ Միացեալ Նահանգներ, երկուքը՝ Երեւանի Մատենադարան, չորսը՝ Երուսաղէմ, բայց ինչպէս գրախանութի մէջ գիրքերը կը շարուին, հոն ալ այդ ձեւով ձեռագիրները շարուած են: Հակառակ որ ձեռագրապահեստը անմխիթար վիճակի մէջ է, բայց բարեբախտաբար ձեռագիրները չեն տուժած: Մութաֆեան կ՚առաջարկէ ձեռագիրներուն համար պայմաններ ապահովել, բայց անոնք, որոնք միաբանները չեն ուզեր մշտական ցուցադրութեան հանել, կարելի է ցուցադրել անոնց նմանօրինակները (ֆաքսիմիլէ), իսկ ձեռագիրներու բնօրինակները տարուան ընթացքին մէկ կամ երկու անգամ հանել ցուցադրութեան եւ ամէն մարդ գիտնայ, որ այսինչ թուականներուն, օրինակ՝ բնօրինակները ցուցադրութեան դրուած են, իսկ մնացեալ օրերուն՝ նմանօրինակները: Նաեւ Երուսաղէմի մէջ Սարգիս Պիծակէն երկու մանրանկար կայ, եւ հայկական մանրանկարչութեան առընչուող բազում նմոյշներ», ըսաւ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան:

Արժէքաւոր են նաեւ Պատրիարքարանէն ներս պահուող կոնդակները, սուլթաններու եւ խալիֆաներու նշանաւոր ֆերմանները (հրովարտակները), որոնցմէ, Մութաֆեանի բնորոշմամբ, յատկանշական է, օրինակ՝ Սալահ ալ Տինի հրովարտակը, երբ ան գրաւած է Երուսաղէմը եւ հրահանգ մը տուած է, որ հայերուն ձեռք չտան, եւ այդ հրովարտակը այսօր շատ գեղեցիկ պատմական ցուցանմոյշ կրնայ դառնալ, որ նաեւ կը փաստէ հայոց դարաւոր ներկայութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ:

Մամուլ, լուսանկարներ, գիրքեր, քարտէսներ, խորանի վարագոյրներ, գորգեր, նուէրներ… Բազում են այն գանձերը, որոնք պիտի կազմեն ապագայ թանգարանի ցուցադրութեան հիմքը: Քլոտ Արմէն Մութաֆեան յիշեցուց, որ Երուսաղէմի մէջ տպուած առաջին գիրքը եղած է հայերէն, եւ այդ մէկը արդէն առանձին նիւթ է, մանաւանդ այդ տպագրական սարքն ալ լաւ վիճակի մէջ կը պահուի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս, այդ ալ պէտք է ցուցադրուի: Նմանապէս կարելի է ցուցադրել հայերէն առաջին գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»ը, առաջին պարբերականը, քարտէսը՝ առնելով անոնց բարձր որակի պատճէնները այն վայրերէն, ուր կը պահուին: Անշուշտ Պատրիարքարանի «Սիոն» ամսագիրը եւս ցուցադրութեան մէջ պիտի ըլլայ, որ 1866 թուականէն ի վեր լոյս կը տեսնէ:

Քլոտ Արմէն Մութաֆեան խօսեցաւ Պատրիարքարանէն ներս պահուող Հեթում թագաւորի գաւազանին մասին: «Հակառակ, որ ես պնդեցի, թէ երկու Հեթում թագաւորներէն ոչ մէկը Երուսաղէմ մտաւ, բայց հոգ չէ, աւանդոյթով այդպէս եկած է գաւազանին անունը, այդպէս ճանչցուած է եւ իբր թէ Հեթում թագաւոր նուէր տուած է Երուսաղէմին: Այդպէս մնացած է անունը, բայց չես գիտեր ինչո՞ւ չեն ցուցադրեր, կը պահեն, գաղտնի կը պահեն, կ՚ըսեն՝ միաբանութեան խորհդանիշ է… Եղբա՛յր, եթէ խորհրդանիշ է, հակառակը՝ պէտք է ցոյց տաս, աւելի վտանգաւոր է անոր գոց սենեակի մէջ մնալը:

«Ինչ որ կայ վանքին մէջ, պիտի ցուցադրուի, եթէ վանքին մէջ չկայ, եւ Երուսաղէմին կ՚առընչուի, անհրաժեշտ է ձեռք բերել անոնց կամ բնօրինակները կամ նմանօրինակները: Օրինակ՝ նշանաւոր ցանկ մը կայ, որ կը կոչուի Անաստաս Վարդապետին ցանկը: Եօթներորդ, ութերորդ դարէն Անաստաս Վարդապետը ցանկ մը ունի, որ Երուսաղէմի եօթանասուն հայկական վանքերուն ցանկն է: Այս մէկը շատ կարեւոր փաստաթուղթ է, դժբախտաբար, Երուսաղէմը չունի այդ մէկը: Պէտք է դուրսէն բերենք: Ես դէմ չեմ, որ դուրսէն ալ նիւթեր բերուին թանգարանին համար, պարզապէս կը գրենք, թէ ո՛ւրկէ բերուած է, բնօրինակը ո՛ւր կը գտնուի եւ այլն: Այդ ցանկը Վենետիկէն կամ Երեւանի Մատենադարանէն կրնանք խնդրել: Երուսաղէմի օտար թանգարաններուն մէջ ալ կան հայկական նմոյշներ, խօսած ենք, պատրաստ են տրամադրելու», տեղեկացուց պատմաբանը:

Հետաքրքական է ուրիշ ցուցանմոյշի մը պատմութիւնը, որ հայերուն վերաբերող Մուհամմէտի հրովարտակը կը սեպուի (երբ արաբները առաջին անգամ գրաւեցին Երուսաղէմը): «Շատեր կ՚ըսեն՝ ասիկա կեղծ է, հոգ չէ, կը դնենք, պարզապէս ըսենք, որ տակաւին վիճելի է: Թող մասնագէտներ տեսնեն եւ իրենց կարծիքը յայտնեն, եթէ այդպէս գզրոցին մէջ մնայ, ո՞վ պիտի վաւերացնէ», իր համոզմունքը յայտնեց Քլոտ Արմէն Մութաֆեան:

Այցելուները ապագայ թանգարանին մէջ կրնան տեսնել Երուսաղէմի Եսայի Պատրիարքին լուսանկարները. պատրիարքը եղած է նշանաւոր լուսանկարիչ մը եւ ունի լուսանկարներ, որոնք չեն ցուցադրուած:

Թանգարանին մէջ առանձին բաժիններ պիտի յատկացուին բարերարներուն եւ ուխտաւորներուն, որոնք Պատրիարքարանին ընծայաբերած են շքեղ նուէրներ, եւ Մութաֆեան յատկանշեց, որ պատահական չէ Երուսաղէմին հարուստ ըլլալը. ան հարուստ է նաեւ նոյնինքն ուխտաւորներու ընծաներուն շնորհիւ:

Թանգարանը իր ամբողջութեան մէջ պիտի ընդգրկէ Սրբոց Յակոբեանց վանքը, տասնչորրորդ դարուն պատկանող ինքնատիպ արձանագրութեամբ դուռ մը, որ թաքուն պատի մը մէջ պահուած է: Հին Քաղաքէն դուրս կայ Պատրիարքարանին պատկանող տարածութիւն մը, որուն յատակին կը գտնուի եօթներորդ դարու խճանկար մը՝ հայկական արձանագրութեամբ, որ անշուշտ կարելի չէ տեղափոխել, սակայն կարելի է այդ հրաշք գործին կրկնօրինակը զետեղել թանգարանին մէջ, եւ գրութեամբ մը տեղեկացնել, որ բնօրինակը ուր կը գտնուի: Ցուցադրութեան ենթակայ են Մայր տաճարի աջ կողմի մատուռին մէջ, պատին վրայ առկայ Կուտինայի հրաշագեղ գործերը: Գիտնականներու եւ մասնագէտներու խումբը պայման դրած է, որ Կուտինան անպայման ցուցադրուի: «Թերեւս անմիջապէս թանգարանին մէջ չդրուի, բայց ձեւ մը պիտի գտնենք, որպէսզի Կուտինան եւ արձանագրութիւններով դուռը ցուցադրուին: Շատ տեղեր տեսած եմ այդպիսի նմոյշներ, եթէ պատշաճ կերպով ցուցադրուի, կը չքանայ անոր գողցուելու վախը: Այդպիսի դռներ տեսած եմ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, Էրմիթաժ, Թէոդոսիա, այս ալ կարելի է նոյն ձեւով ցուցադրել: Շատ զբօսաշրջիկներ Երուսաղէմ կ՚այցելեն եւ անոնց երթուղիին վրայ հայկական թաղամասն ալ կ՚ըլլայ: Բայց Մայր տաճարը այցելութեան համար բաց է միայն ժամը 15.00-էն 15.30-ը: Այդ ժամէն ետք եթէ երթան՝ բան չեն տեսներ: Յետոյ սլաքը ցոյց կու տայ Armenian museum: Կ՚երթան՝ գոց է, միշտ գոց է…», ըսաւ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան, յոյս յայտնելով, որ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը կը յաջողի գտնել բարերարներ, ինչպէս ան խոստացած է, կը նորոգեն շէնքը, այնուհետեւ կը լծուին թանգարանի աշխատանքներուն: Նախ՝ կը լուսանկարեն ամբողջը, լուսանկարները կը ներկայացնեն Պատրիարքարանին, պատրիարքը խոստացած է, որ խնդրուած նիւթերը պիտի տրամադրէ թանգարանին: Թանգարանը երկու յարկանի կառոյց մը պիտի ըլլայ, մօտ 700 մեթր քառակուսի տարածութեամբ, եւ բացի նորոգութեան ծախսերէն, 2 միլիոն եւրօ կ՚արժէ վերակազմակերպումը: Խումբը հաւանաբար յառաջիկայ Յունուարին կը ժամանէ Երուսաղէմ եւ արդէն կը սկսի աշխատանքի, որպէսզի երկու տարի ետք աւարտին հասնի: Քլոտ Մութաֆեան շատ կարեւոր նկատեց պատկերագիրքի տպագրութիւնը, որ շքեղ պիտի ըլլայ եւ մի քանի լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, եբրայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, քանի որ շատ ռուս զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն Երուսաղէմ: Թանգարանը նաեւ սրճարան պէտք է ունենայ:

Իր ելոյթի աւարտին Մութաֆեան շեշտեց այն հանգամանքը, որ այս ծրագիրը զուտ Երուսաղէմի ծրագիր մը չէ, ան կը պատկանի ամբողջ հայութեան եւ ամբողջ հայութիւնը պիտի մասնակցի այսպիսի պատմական թանգարանի մը ստեղծման:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017