ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅԵԼԻՆ՝ «ԿԱՓԱՌՆԱՈՒՄ»

Անցեալ տարուայ Օսքարի մրցանակի «Օտարալեզու լաւագոյն շարժանկարը» անուանակարգի թեկնածուներէն լիբանանեան «Կափառնաում» (կը նշանակէ քաոս) կը բացայայտէ տարածքաշրջանի ողբերգական եւ զարհուրելի վիճակը։ Շարժանկարը կը պատմէ թէ՛ ծննդավայրի եւ թէ ծնողներու տեսակէտէ դժբախտ տասներկու տարեկան Զաինի մղած կեանքի դժուարին պայքարին մասին։

Շարժապատկերը կը սկսի դատարանի տեսարանով մը։ Գիտակցաբար մարդ վիրաւորելու մեղադրանքով հինգ տարուայ ազատազրկման դատապարտուած Զաինին կ՚ուղղուի հարցում մը, թէ ան ինչո՞ւ դատ բացած է իր ծնողներուն, ան կը պատասխանէ. «որովհետեւ անոնք զիս աշխարհ բերին»։ Դեռ առաջին վայրկեաններուն կ՚իմանանք այս ցնցիչ խօսքերը Զաինի։ Իսկ աւելի վերջ ականատես կ՚ըլլանք Զաինի կեանքի այն ընթացքին, թէ ան ինչպէս սկսաւ յանցագործութիւններու, ինչպէս ստանձնեց իր «հասակէն բարձր» պատասխանատուութիւններ…

Շարժանկարը հետաքրքրական է զանազան առումներով։ «Կափառնաում» միեւնոյն ժամանակ խոշորացոյցի տակ դրած է բազում ընկերային-քաղաքական խնդիրներ. ինչպէս՝ մարդոց շահագործումը, կիներու իրաւունքները, բանուոր երեխաներու իրաւունքները, երեխաներու չարաշահումը, փախստականներու եւ ներգաղթեալներու հարցերը եւ այս բոլորի նկատմամբ անտարբերութիւնն ու անգիտակցութիւնը: Երկինքի վճիտ կապոյտին տակ «մռայլ» կեանք ապրողներու ճշգրտօրէն ներկայացումն է «Կափառնաում»ը։ 

Նախ պէտք է նշեմ, որ ես համաձայն չեմ այն մեկնաբանութիւններուն, որոնք կը պնդեն, թէ շարժանկարը «յուզական շահագործում» է։ Լիբանանի արուարձաններէն ապրումներ ձեռք առնուած են իրատեսօրէն։ Իմ կարծիքով, շարժանկարը ունի վաւերագրական ժապաւէնի բնոյթ, որովհետեւ գլխաւոր հերոսը՝ Զաինը իրական կեանքի մէջ սուրիացի փախստական մըն է, որ չունի նոյնիսկ անձնագիր, չէ կրցած իր շատ մը տարեկիցներուն նման դպրոց յաճախել եւ ստիպուած է վաղ տարիքին նետուիլ աշխատանքի։ 

«Դուք չէք կրնար զիս մեղադրել այն բանի համար, զոր ես չեմ գիտեր։ Ես միայն սա գիտեմ. անոնք ինծի ըսին, որ երեխան ընտանիքի մը ողնասիւնն է, ոչ մէկ ընտանիք առանց երեխայի կ՚ըլլայ։ Ամուսնութեան անիծեա՜լ օրս», կ՚ըսէ Զաինի հայրը։ Իսկ Զաինի մայրը սապէս կ՚արտայայտուի. «Դուք չէք ապրած իմ ապրածները եւ պիտի չապրիք։ Դուք իրաւունք չունիք զիս դատելու։ Իմ խիղճը արդէն կը դատէ զիս»։ Այս խօսքերը մեզ կը մղեն անոնք քննադատել նախ ընկերային եւ մշակութային տեսանկիւնէն, ո՛չ թէ միայն նկատի ունենալով իրենց անգիտակցութիւնն ու անպատասխանատուութիւնը։ Եթէ այլ կերպով բացատրենք՝ շաժանկարը ոչ թէ «առանց նիւթական վիճակին նայելու երեխաներ ծնելու եւ անոնց կեանքը վրդովելու» մասին է, այլ՝ դաս է մարդկութեան, որով կարելի է կասկածի տակ դնել կեանքի բազում երեւոյթները։ 

Զաինի հօր խղճահարութիւնը, մօր անզօրութիւնը, երեխաներու յուսահատութիւնը տպաւորիչ կերպով կը ցոլանայ շարժանկարին մէջ։ Համեստ խաւի բռնագրաւումները, թշուառութիւնները, բանտ գացող հոգեւորականները, Զաինի հիասթափութիւնները… Զաին միշտ կը նշէ, թէ ան կ՚ուզէ լաւ մարդ մը ըլլալ, բայց Աստուած չ՚ուզեր։

Եթէ Տիքընս եւ Ֆելլինի ստեղծէին արուեստական երեխայ մը, ապա հաւանաբար անոր պատմութիւնը պիտի ըլլար Զաինինի նման եւ պիտի անցնէր Պէյրութի մէջ։

Մերձաւոր Արեւելքի իրողութիւններու մասին վաւերագրական մը կարելի է համարել հոգեցնցիչ, կեանքի անգութ եւ գորշ կողմերուն հայելի հանդիսացող այս շարժանկարը, որու բեմադրիչը զայն «ստեղծագործած» է Պէյրութի արուարձաններուն, անչափահասներու բանտերուն եւ ոստիկանատան մէջ կատարած լուրջ դիտարկումներով։ Զաին իրականութեան մէջ սուրիացի է։ 2018 թուականի օգոստոսին իր ընտանիքի հետ որպէս փախստական հաստատուած է Պէյրութ։ Շարժանկարէ յետոյ ինքը եւ ընտանիքը բնակութիւն հաստատած են Նորվեկիոյ մէջ։ Զաին եւ իր եղբայրներն ու քոյրերը կրցան դպրոց յաճախել այնտեղ։ 

Շարժանկարի արտադրողները հիմնեցին «Կափառնաում» հիմնադրամը՝ դերասաններուն եւ անոնց ընտանիքներուն մշտական ​​օգնութիւն ցուցաբերելու համար:  Հիմնադրամի նպատակն է զօրացնել իրերօգնութեան ոգին, հասցնել ստեղծագործ, վճռական, բարեսիրտ եւ ինքնակամ անձեր եւ օժանդակութիւն տը-րամադրել այն բոլոր երեխաներուն, որոնք կարիքն ունին։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2020