ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՎԿԱՆԵՐԸ. ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՀԱՅԱԱՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի մէջ բացուած հերթական ցուցահանդէսը լայն արձագանգներ ու մեծ հետաքրքրութիւն ունեցաւ. «Զարթօնքի վկաները» խորագրեալ ցուցահանդէսը պոլսահայ լուսանկարիչ Ապտուլլահեան եղբայրներու լուսանկարներու՝ Հայաստանի մէջ առաջին յետահայեաց ցուցադրութիւնն է:
1858 թուականին Պոլսոյ մէջ երեք եղբայրներու կողմէ հիմնուած «Ապտուլլահ եղբայրներ» լուսանկարչական ընկերութեան կնիքը կրող լուսանկարները Օսմանեան կայսրութեան նախանցեալ դարու շունչը բերած են Երեւան: Այս ցուցահանդէսը կ՚ուրուագծէ Ապտուլլահ եղբայրներու արուեստանոցի գործունէութիւնը 1860-ականներու սկիզբէն մինչեւ անոր գոցուիլը՝ 1899 թուականին: Լուսանկարչատունը ճանչցուած էր մանաւանդ դիմանկարներով, Օսմանեան կայսրութեան մէջ լաւագոյն եւ առաջատար արուեստանոցը կը նկատուէր իր մարզին մէջ, եւ իբրեւ այդպիսին սկիզբ դրած է Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ու մշակոյթներու ինքնաներկայացման նոր դարաշրջանի։
«Զարթօնքի վկաները» խորագրով ցուցահանդէսի կազմակերպիչները կը յայտնեն, որ ընդգծելով երեք եղբայրներուն առընչութիւնները 19-րդ դարու լուսանկարչութեան զանազան ժանրերու եւ ոճերու հետ՝ ցուցահանդէսը կը շեշտադրէ հայկական լուսանկարչական ցանցերու գերիշխող եւ եզակի դիրքը Միջին Արեւելքի մէջ, կը բացայայտէ հայ պատկերահաններու բացառիկ ներդրումը համաշխարհային ժամանակակից տեսողական մշակոյթի զարգացման գործին մէջ եւ միաժամանակ կը ներկայացնէ այն յղկուած եւ արդիական գեղագիտական որակները, որոնք այս արուեստանոցին բերած են միջմշակութային մեծ յաջողութիւն։
Ցուցահանդէսի տեղեկագիրէն կը տեղեկանանք, որ Վիչէն (1820-1902թթ.), Յովսէփ (1830-1908թթ.) եւ Գէորգ (1839-1918թթ.) Ապտուլլահեանները կը սերին հայ կաթողիկէ վաճառական ընտանիքէ մը:
Շատ քիչ գիտակցուած եւ հռչակուած է անոնց ներդրումը 19-րդ դարու հայկական «զարթօնք»ին մէջ, որու ընթացքին անոնք զգալի դեր խաղացած են որպէս հայկական մշակութային արդիականութեան ջատագովներ. ահա եւ ինչու անոնց ցուցահանդէսը խորագրուած է «Զարթօնքի վկաները»:
Եղբայրները հրատարակած են 51 անուն լուսանկարչական պատկերագիրք, որոնք այսօր կը պահուին աշխարհի մեծ գրադարաններու մէջ, իսկ աշխարհի զանազան թանգարաններու մէջ հայ լուսանկարիչներու ձգած ժառանգութիւնը գեղարուեստական մեծ արժէք կը ներկայացնէ:
Պոլիսէն զատ, եղբայրները իրենց լուսանկարչատան մասնաճիւղերը հիմնած են նաեւ Իզմիր, Թեհրան, Փարիզ:
Ապտուլլահեաններու ցուցահանդէսը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կազմակերպած են «ՄանԲան» տեսողական մշակոյթի արխիւը՝ «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի մասնակցութեամբ եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Այս ցուցահանդէսի համադրողն է արուեստաբան Վիգէն Գալստեան, որ, ի միջի այլոց, յօդուածաշար ունի միջազգային ճանաչում ունեցող հայ լուսանկարիչներուն մասին: Հրապարակման կը պատրաստուին Վիչէն եւ Յովսէփ Ապտուլլահեաններուն մասին յօդուածները եւ արդէն պատրաստ է եղբայրներէն Գէորգ Ապտուլլահեանի մասին յօդուածը, զոր արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք ստորեւ: Նշենք, որ Վիգէն Գալստեան այս նիւթին համար իբրեւ հիմնական աղբիւր գործածած է Եսայի Տայեցիի «Յուշագիր կենաց եւ գործունէութեան նախկին Կայսերական լուսանկարիչ Գէորգ Ապտուլլահի» (Սբ. Ղազար, Վենետիկ, 1929) աշխատութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԵԱՆ (ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ)
(1839-1918 - 1850-1890 թուականներ)
ՎԻԳԷՆ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
«Ապտուլլահ եղբայրներ» լուսանկարչական ընտանիքի կրտսեր ներկայացուցիչ Գէորգ Ապտուլլահեանը եղած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսի Կոստանդնուպոլսոյ առաւել նշանաւոր եւ աշխոյժ մշակութային գործիչներէն մէկը։ Ան ծնած է մետաքսագործ Աբրահամ Ապտուլլահեանի (Աստուածատուրեանի) հայ-կաթոլիկ ընտանիքին մէջ՝ Պոլսոյ Միջագիւղ հայաբնակ թաղամասը։ Դպրոցական տարիներուն ուսանելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի մօտ՝ Լուսաւորչական վարժարանը, Գէորգը կը տոգորուի հայրենասիրութեան շունչով, ինչ որ աւելի կը խորանայ 1852-ին, երբ ան կը տեղափոխուի Վենետիկ՝ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ աւարտական կրթութիւն ստանալու։ Այստեղ անոր ուսուցիչներուն մէջ էր Ղեւոնդ Ալիշանը, որ յետագային մեծապէս աջակցած է Ապտուլլահեաններու լուսանկարչական յառաջխաղացման:
Հակառակ ուսումը Եւրոպայի մէջ շարունակելու իր յոյսերուն, ընտանեկան պատճառներու բերումով Գէորգը ստիպուած կ՚ըլլայ 1857-ի վերջին վերադառնալ Պոլիս։ Այստեղ իր աւագ եղբայրը՝ Վիչէնը ձեռք ձգած էր Րապախ անունով գերմանացի քիմիագէտի լուսանկարչական արհեստանոցը, որ մասնագիտացած էր դագերատպութեան (լուսանկարչութեան առաջին թեքնիքապէս մշակուած եղանակը) պատրաստման մէջ։ Միջնեկ եղբօր՝ Յովսէփին հետ միասին Գէորգը կը ներգրաւուի ընտանեկան այս նոր ձեռնարկութեան մէջ՝ այսպիսով դառնալով Օսմանեան կայսրութեան առաջին տեղական լուսանկարչատան համահիմնադիրներէն մէկը։
1850-ականներու վերջին դագերատպութիւնը արդէն վերացող միջոց էր։ Քաջ հասկնալով իրենց փորձառութեան պակասը, ինչպէս նաեւ լուսանկարչական նոր միջոցներուն ծանօթանալու անհրաժեշտութիւնը, Վիչէնն ու Գէորգը կարճ ժամանակ անց կը մեկնին Վենետիկ՝ Սբ. Ղազար, ապա՝ Փարիզ։ Ղեւոնդ Ալիշանի միջնորդութեամբ անոնց կը յաջողուի մտերմանալ լուսանկարչութեան մեծ ջատագովներ պարոն Թէյլորին եւ կոմս Ակուատոյին, որոնք սկսնակ հայ լուսանկարիչներուն կը ծանօթացնեն այդ թեքնիքի նորամուծութիւններուն եւ կ՚օգնեն անոնց՝ կապեր հաստատել Փարիզի, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ կարեւոր դիրքեր վայելող զանազան անհատներու հետ։
Կոմս Ակուատոյի շնորհիւ եղբայրներուն հնարաւորութիւն կը տրուի մտերմանալ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Մարքիզ տը Մուստիէյին, որուն կապերը՝ Օսմանեան Բարձր Դրան հետ, շուտով Ապտուլլահ եղբայրներուն առիթ կ՚ընձեռնէ ներկայանալու Սուլթան Ապտիւլ Ազիզին։ Քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներու ու արդիականացման ջատագով Ապտիւլ Ազիզը 1863-ին լուսանկարիչներուն կը յանձնարարէ կատարել իր լուսանկարչական դիմանկարը։ Հնարաւորինս շահաւէտ ներկայացնելով անշուք կազմ ունեցող տիրակալին, Ապտուլլահեաններու դիմանկարը կ՚արժանանայ Ապտիւլ Ազիզի մեծ հաւանութեան եւ իսկոյն կը տարածուի որպէս անոր պաշտօնական լուսանկարչական պատկերը Օսմանեան կայսրութեան տարածքներուն եւ ատկէ դուրս։ Այդ ծառայութեան համար Ապտուլլահեաններուն նաեւ կը շնորհուի Կայսերական լուսանկարիչներու կոչումը եւ Սուլթանական դրոշմի գործածման իրաւունքը, որ, ըստ լուսանկարչութեան պատմաբան Պահատտին Էօզթունճայի, «այն հրաշագործ բանալին էր, որ կարող էր բանալ որեւէ դուռ»։
Ապտուլլահեաններու այս առաջին մեծ յաջողութեան կը հետեւին այլ կարեւոր ձեռքբերումներ։ 1867-ին անոնք Իսթանպուլի լայնածաւալ համայնապատկերներով ու ազգագրական բնոյթի լուսանկարներով կը ներկայանան Փարիզի Համաշխարհային ցուցահանդէսին եւ կը գրաւեն ֆրանսական եւ անգլիական մամուլի ուշադրութիւնը։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին անոնց հազարաւոր յաճախորդներու կարգին կը յայտնուին ականաւոր դէմքեր. ինչպէս՝ Աւստրիայի կայսրուհի Էօժէնի, գրող Մարք Տուէն, Պոլսոյ մէջ եւրոպական երկիրներու գրեթէ բոլոր դեսպանները, Յովհաննէս Այվազովսքի եւ ուրիշներ։
Բերա թաղամասին մէջ գտնուող անոնց լուսանկարչատունը կը դառնայ Պոլսոյ հայ համայնքի կարեւոր հաւաքատեղիներէն մէկը։ Այնտեղ կը հանդիպէին ժամանակի մեծանուն հայ գրողներ, արուեստագէտներ, երաժիշտներ եւ քաղաքական գործիչներ, որոնք կը քննարկէին հայութեան ծանրացող վիճակը բարելաւելու միջոցները եւ կը ձեռնարկէին նոր մշակութային նախագիծեր։ 1870-ականներու սկիզբին Գէորգը աւելի աշխուժօրէն կը լծուի հայրենասիրական գործունէութեան։ Ան կը շարունակէ համագործակցիլ Ղեւոնդ Ալիշանին հետ, որ Գէորգէն պարբերաբար կը ստանար միջնադարեան հայ արուեստի գործերու լուսանկարչական պատճէններ։ 1872-ին Գէորգ գերմաներէնէ կը թարգմանէ եւ սեփական միջոցներով կը հրատարակէ արեւելագէտ Անդրէաս Մորտմանի «Հայաստանի սեպագիրները» աշխատութիւնը, որ ուրարտական լեզուի առանցքային ուսումնասիրութիւններէն մէկն էր։ Գէորգի հայրենասիրական եւ ազգայնական այս հակուածութիւնները յատկապէս կը սրուին Սուլթան Ապտիւլ Համիտի գահադրումէն յետոյ։ Ղեւոնդ Ալիշանէն զատ ան սերտ ընկերական, գործնական եւ նամակագրական կապեր ունէր ականաւոր գործիչներու հետ. ինչպէս՝ Սրբուհի Տիւսաբ, Մինաս Չերազ, Գրիգոր Պալեան, Գրիգոր Զօհրապ, Տիգրան Չուխաճեան։
1875-ին, որոշակի հասարարական ճնշման ներքոյ Գէորգը եղբայրներուն հետ միասին կը հրաժարի կաթոլիկութենէն, ընդունելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանութիւն։ Քանի մը տարի անց, 1877-78 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի աւարտէն յետոյ Գէորգ ճոխ ընդունելութիւն մը կը կազմակերպէ յաղթանակած ռուսական զօրքի հրամանատարներուն համար։ (…) Այդ լուրը կը փոխանցուի սուլթանին, որ անմիջապէս եղբայրները կը զրկէ կայսերական լուսանկարիչի տիտղոսէն։ Այդ մէկը անդառնալիօրէն ծանր հարուած էր լուսանկարչատան համար։ Զրկուելով մեծ եւ շահութաբեր պետական պատուէրներէն, ինչպէս նաեւ Օսմանեան վերնախաւի աջակցութենէն, Ապտուլլահեաններու տաղաւարը նիւթական անկում կ՚ապրի: Թերեւս փորձելով մեղմել իրավիճակը, Գէորգը եղբօր՝ Յովսէփի հետ միասին 1886-ին կը տեղափոխուի Գահիրէ, ուր անոր պաշտօնապէս հրաւիրած էր Եգիպտոսի խտիւը՝ Թեվֆիք փաշան։ «Ապտուլլահ եղբայրներ» լուսանկարչատան Գահիրէի այս մասնաճիւղը կը գործէ մինչեւ 1896 թուականը, երբ Գէորգ կ՚որոշէ վերադառնալ հայրենի քաղաք։
«Ապտուլլահ եղբայրներ» լուսանկարչատունը բաւականին մեծ ձեռնարկութիւն էր, ուր բացի երեք եղբայրներէն կ՚աշխատէին բազմաթիւ օգնականներ եւ գործակատարներ։ Որպէս կանոն ատոնք սովորաբար Յովսէփի եւ Վիչէնի ընտանիքներու ներկայացուցիչներն էին (Գէորգը ամուրի էր եւ ժառանգներ չունէր) կամ այլ հայ ընտանիքներէ երիտասարդներ։ Այդ իսկ պատճառով այսօր անհնար է որոշել, թէ եղբայրներէն ո՛վ պատասխանատու եղած է լուսանկարներու նկարահանման, ո՛վ մշակման, ո՛վ տպագրման եւ ալպոմներու կազմման գործին մէջ։ Ամենայն հաւանականութեամբ ատիկա միասնական աշխատանքի արդիւնք էր եւ անհատական հեղինակութեան հարց այդտեղ չէ ծագած։
Այնուամենայնիւ, կարելի է առանձնացնել Գէորգ Ապտուլլահի եգիպտական շրջանի գործերը, որպէս այս լուսանկարիչի անհատական աշխատանքներ։ 1887-ին Գէորգին ուղեկցող Յովսէփը, չդիմանալով տեղի եղանակային պայմաններուն՝ կը վերադառնայ Պոլիս եւ անոր կը փոխարինէ իր որդին՝ Աբրահամը, որ թերեւս կատարած է հիմնականը կազմակերպչական եւ թեքնիք բնոյթի աշխատանքներ, լուսանկարման աւելի պատասխանատու գործը ձգելով հօրեղբօրը։
1880-ականներու կէսերուն արուեստանոցի լուսանկարչական ոճն ու ձեւային նախասիրութիւնները վաղուց արդէն կայացած էին։ Անհատական եւ խմբային դիմանկարներէն զատ անոնք կ՚ընդգրկէին քաղաքային բնանկարներ, տեսարաններ, ազգագրական «տիպերու» պատկերներ, հասարակական տօներու ու շքերթներու վաւերագրումներ եւ յատկապէս պատմա-ճարտարապետական յուշարձաններու լուսանկարներ։ Թէեւ Գէորգի եգիպտական լուսանկարներուն մէջ առկայ են այդ բոլորը, առաւել մեծ ուշադրութիւն տրուած էր յուշարձաններու եւ «բնիկ» ազգերու լուսանկարման։ Ի տարբերութիւն Իսթանպուլի մէջ կատարուած նմանատիպ լուսանկարներու, Գէորգի այդ լուսանկարները կատարուած են աւելի շարժուն, ակնթարթային ոճով։ Գահիրէի եւ շրջակայքի պատմական եւ արդի ճարտարապետական շինութիւնները լուսանկարելու ժամանակ ան չէ փորձած մեկուսացնել զանոնք շրջապատող կեանքէն, ստեղծելով «ժամանակի մէջ կանգնած արեւելքի» կարօտալի պատկերներ։
Գահիրէի լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւին արագ փոփոխուող, արդիականացող քաղաքը, անոր տարաբնոյթ, բազմամշակութային բնակիչները։
Բնիկներու ազգագրական տիպարներ նկարելու ժամանակ Գէորգ յաճախ կը փորձէր փոխանցել անհատի լիարժէք հոգեբանական կերպարը, ինչ որ հնարաւորութիւն չէր ձգեր, որ դիտողը դիւրութեամբ առարկայացնէր այդ բնորդները։
Գահիրէի մէջ առնուած լուսանկարներուն մէջ, այնուամենայնիւ առկայ է անցեալը լուսանկարչութեան միջոցով վաւերագրելու եւ «պահպանելու» որոշակի ուղղուածութիւն։ Հնասէր լուսանկարիչը, ինչպէս եւ եւրոպացի զբօսաշրջիկներէն շատերը, տխրութեամբ կը դիտարկէին Եգիպտոսի սրընթաց անցումը միջնադարէն դէպի արդիականութիւն, որու արդիւնքին կ՚ոչնչացուէին ոչ միայն տեղական կենցաղն ու մշակոյթը, այլեւ բազմաթիւ նշանակալի յուշարձաններ։ «Պահպանողական» այդ մելամաղձոտ ձգտումը կ՚արտայայտուի մանաւանդ Գէորգի՝ սրահէն ներս կատարուած լուսանկարներուն մէջ, ուր վարձակալուած, աւանդական հանդերձներով վաւաշոտ դիրքեր ընդունած արաբ բնակիչներ թախծոտ տրամադրութեամբ տեսարաններ կը ներկայացնեն:
Ընդհանուր առմամբ Գէորգի եգիպտական, ինչպէս նաեւ Ապտուլլահ եղբայրներու Իսթանպուլի լուսանկարչատան ողջ լուսանկարչական արտադրանքը կը բնորոշէ ոչ միայն Միջին Արեւելքի տեղական լուսանկարչութեան կազմաւորումը, այլեւ կը պատկերաւորէ ատոր անցումը լուսանկարչութեան ընդհանրական, ինչպէս նաեւ արեւելեան սկզբունքներէն դէպի արդի ազգայնականութեան մշակոյթ։
Չնայած Վիչէն Ապտուլլահեան կրցած էր վերականգնել Ապտիւլ Համիտի վստահութիւնը ու ետ ստանալ կայսերական լուսանկարիչի կոչումը 1888-ին, Գէորգը՝ ինչպէս կարելի է դատել լուսանկարիչի յիշողութիւններէն, հիմնականը չէ զբաղած լուսանկարչութեամբ Իսթանպուլ վերադառնալէ յետոյ, նախընտրելով լուսանկարման գործը ձգել ընտանիքի՝ աւելի երիտասարդ անդամներուն։
1899-ին տաղաւարի սեւապատկերներու ողջ արխիւը կը վաճառուի «Ապտուլլահ եղբայրներ»ու մշտական մրցակից, «Սեպա եւ Ժուայյէ» արուեստանոցին, որ յետագային վերատպած է այդ պատկերները՝ ջնջելով Ապտուլլահեաններուն անունը։ Կեանքի վերջին տարիները Գէորգը անցուցած է Լոնտոն, ուր զբաղած է գրականութեամբ եւ գրած է իր յիշողութիւնները, որոնք յետոյ հիմք հանդիսացած են Եսայի Տայեցիի կողմէ 1929 թուականին լուսանկարիչի գործունէութեան նուիրուած հայերէն առաջին մենագրութեան համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024