ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս կառուցուած «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, իր մահուան 17-րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ հանգուցեալ բեմադրիչ Արթօ Պէրպէրեան. անուն մը, որ անջնջելի հետք մը թողած է մեր թատերական աշխարհէն ներս։ Ան Դեկտեմբերի 1-ին աչքերը փակած էր կեանքին, հետեւաբար երէկուան ոգեկոչման երեկոյթը կը զուգադիպէր ճիշդ այդ թուականին։
Արթօ Պէրպէրեան վերյիշուեցաւ իր բեմադրած «Հին Աստուածներ»ու տեսագրութեան ցուցադրութեամբ։ Ներկայ էին իր կողակիցը՝ Պերճուհի Պէրպէրեան, իր բեմակից ընկերները եւ կարգ մը բարեկամները։
Ձեռնարկի սկիզբին անմիջական մթնոլորտի մը մէջ ներկաները ողջունեց Պերճուհի Պէրպէրեան։ Աւելի վերջ ցուցադրուեցաւ «Հին Աստուածներ»ու տեսագրութիւնը։ Բոլորը յուզումնախառն զգացումներով վերյիշեցին թէ՛ այդ ներկայացումը եւ թէ ընդհանրապէս Արթօ Պէրպէրեանը։ Հարկ է նշել, որ Արթօ Պէրպէրեանի վերյիշման այս ծրագրին ողնայարը հանդիսացած է մեր մշակոյթի կեանքի աշխոյժ դէմքերէն Սօնա Մենթեշէ։ Ցուցադրութենէն վերջ բոլոր ներկաները համտեսեցին Արթօ Պէրպէրեանի յիշատակին պատրաստուած հրուշակը։
Ինչպէս հաղորդած էինք, մեծանուն արուեստագէտի ոգեկոչման ծրագրին շրջագծով այսօր ժամը 20.30-ին նոյն վայրին մէջ պիտի ցուցադրուի Պէրպէրեանի կողմէ բեմադրուած «Yedi Kocalı Hürmüz»ին տեսագրութիւնը։ Իսկ վաղը, նոյն ժամուն ու նոյն վայրին մէջ պիտի ներկայացուի տեսագրութիւնը «Քաջ Քիշոտ Տոն Նազար» խաղին, որու պատրաստութեան Արթօ Պէրպէրեան ձեռնարկած էր իր կենդանութեան օրերուն, սակայն ծրագիրը յետ մահու ի կատար ածուած էր Պերճուհի Պէրպէրեանի կողմէ։