ՏԱՏԵՐԱԶՄ

Մարտակերտի մէջ վերջին օրերուն ծածկոցներով կա՛մ դիակ կը տեղափոխէին, կամ՝ միրգ: Գիւղի կանայք թութ կը թափէին, երբ մօտակայքին կ՚իյնար արկ մը: Անոնցմէ միայն մէկը վախէն կը ձգէր ծածկոցի ծայրը, գլուխը կը ծածկէր ձեռքերով եւ սեւ թութի քանի մը հատիկ կը գլորէր գետին: Քովը կեցած Վանուշ աքան կը հասցնէր համրել. ճիշդ տասնեօթ հատ: Այնուհետեւ իր հայեացքը կը մեխէր կնոջը: Իբրեւ՝ հազիւ ծածկոցի մէջ դիակ չկայ: Իբրեւ՝ հազիւ թութը հասած է: Իբրեւ՝ ամէնքս ալ նոյն ժամուն լուացք ըրած ենք, որպէսզի թութը թափենք, դուն տասնեօթ հատը կը հողոտիս: Ճիւղը ելած պզտիկ մը պայթիւնէն վայրկեան մը կը սառի, այնուհետեւ կը շարունակէ թափ տալ ծառը:

-Դէ սնարեատ (արկ) ար, լի, ես էլ պյան ըրեցի... հո պիտի չըսէ՝ վախեցայ. ծածկոցը թողնելը արդէն իսկ աններելի էր:

-Թա չէ՝ տեսած չըս,- վրայ կը բերէ Վանուշ աքան ու կը շարունակէ անթարթ նայիլ ուղիղ սարերուն: Հայեացքը աջ՝ դէպի արկափոսը չթեքելով: Իբրեւ՝ մեր նշանակէտը մեր սարերն են: Իբրեւ՝ հազիւ ծածկոցի մէջ դիակ մը չկայ, իսկ դուն կը համարձակիս իյնալ մօտակայքին: Իբրեւ՝ նոյն ժամուն լուացք ըրած ենք, որ դուն պայթիս, փոշի բարձրացնես, այդ ալ հերիք չէ՝ «էս անթալիմը շորը պեց թողնէ, թոթն տափաւը հաշան անէ»:

Ծածկոցը տուն տանելէ երկու ժամ վերջ արկի փոսը չկար: Հրանուշ աքան, «թաղեմ ծեր անտար կիլյոխը, ճընըրնետ ալավ ինկի», օրհնելով տախտակներով ծածկեց, բուրդը փռեց վրան, «թակելու ճիպոտը» վրայ բերաւ:

Պատերազմը կը ստիպէ համրել այն, ինչ որ խաղաղութեան ատեն չես համրեր: Օրինակ՝ թութը: Կամ ոտքերը: Խաղաղութեան համար մէկ է՝ քանի ոտք կը քալէ փողոցի մէջ: Պատերազմը կը ստիպէ համրել ու յաճախ զոյգ թիւի փոխարէն կը ստանաս կենտ՝ անզոյգ թիւ մը:

Վարսենիկը թութը թափելու ատեն կը յիշէր, որ երէկ գիշեր իր անկողինի մէջ զոյգ ոտքերով էին եւ կ՚ամչնար ատոր համար: Կ՚ամչնար, որ գիշերուընէ ետք կուրծքի կարմիր հետքերը հին ու նեղլիկ կրծկալէն չեն, որ տնքոցները լացէն չէին: Կ՚ամչնար, որ երէկ ոչ մէկը կը կարօտնար: Այն պարագային, երբ գիւղի մէջ շատեր կ՚երազէին թէկուզ կենտացած ոտքով իրենց ամուսինը անգամ մը տեսնելու մասին, ինքը ունի ժամանակ՝ կին ըլլալու՝ ուսի շրջանին փամփուշտ ստացած, սակայն ոտքերուն վրայ պինդ կեցող ամուսինի հետ ու համար: Ու տակաւին ամիս մը տունէն՝ աժան ծխախոտի, անկողինէն՝ տղամարդու՝ գիշերուընէ մնացեալ թեթեւ քրտնահոտ կու գայ: Հոգ չէ, որ ամէն օր իր տունը պիտի օդափոխէ ծխախոտի հոտէն, իսկ սենեակի սպիտակեղէնն ալ ազատէ սիրոյ հոտէն: Կարեւորը՝ փայտը ինք չկրէր, գոմի ծանր դուռը բանալուն օգնող կայ: Կայ մէկը, որու համար կարելի է գիշերուայ կէսին թէյ պատրաստել ու միրգ կտրտել՝ ամենահասունները պահելով երեխաներու համար:

Թութը թափ տուած ատեն կը նայէր կանանց ու կ՚ամչնար, որ պատերազմի մէջ ամբողջ ամիս մը երջանիկ պիտի ըլլայ. երբ լեռները կը ստուերեն հրանօթի պայթիւնները, քու ներսդ հրավառութիւններ պիտի չըլլան: Թէ՞ պիտի: Թերեւս այդ մանրիկ երջանկութիւններն են, որ կ՚օգնեն դիմանալու անդիմադրելիին: Հիմա ներսի մինակութեան կռիւը միամսեայ զինադադար կնքած է: Լեզուակռիւ տալու, չնչին պատճառներէն կռուելու ու խոշոր ապացոյցներով հաշտուելու ժամանակ ունի, վերջապէս կրնայ անմիտ պատրուակ մը գտնել, որ յօնքերը վրայ բերէ ու բողոքէ, թէ՝ զիս չես սիրեր, անուշադիր դարձած ես՝ հակառակը լսելու համար: Վառ գունաւորում ունեցող զգեստներն ու մազերը հինայ դնելու ատեն կայ, ու երջանկութիւն է, որ բարձի փոխարէն պիտի գրկէ Սիսակի ուսը: Բայց Նարինէի ամուսինը զոհուեր է: Վանուշ աքայի սրտի ծերուկէն նորութիւն չկայ: Իսկ ինքը ունի Սիսակ ու Վարսենիկ չի կրնար իր մտքերը պոկել ամուսինի՝ ուսէն վիզ տանող հատուածէն: Ատոր համար, երբ արկը ինկաւ, թութի կերպասի ծայրը ձեռքէն ինկաւ գետին: Քանզի յիշեց, որ այլեւս չի գիտեր, թէ ե՛րբ կը հագնի գունաւոր զգեստներ, ե՛րբ տղամարդու ձեռք մը կ՚օգնէ բանալու համար գոմի դուռը, երբ անկողինը հաւաքած ատեն, բարձերը թափ տուած ատեն ամուսինի մարմնահոտը կու գայ եւ կը ժպտայ: Սակայն աւելի լաւ է ըսել, թէ պայթիւնէն վախցաւ, աւելի ճիշդ՝ «պյան ըրաւ», քան կարմրած դէմքով մատնել, որ մտքերով տակաւին իր, ամիս մը՝ իրենց անկողինին մէջ է, եւ իրեն թուաց, թէ իր ներսի հրավառութիւնն այնքան ուժեղ էր, որ դրացիները նոյնպէս լսած են: Ու մեղաւոր էր, որովհետեւ տասնեօթ հատիկ թութ հողոտած է, որովհետեւ վաղը մազերը սպիտակը կը ծածկէ, որովհետեւ Նարինէի ամուսինը նոր զոհուած է, իսկ ինք տղամարդու ուս ունի: Վիրաւոր, բայց ունի: Դեռ:

Պատերազմէն միայն սեփական հաշիւին արձակուրդ կար՝ վէրքերու կամ կտրած վերջոյթներու գինով: Վերադարձողները յաճախ կը կատակէին. Կ՚ուզենք օր առաջ յաղթել, որպէսզի հասնինք մեր կանանց, բայց չէք գիտե՞ր, որ պատերազմին կը յաղթեն սիրով: Սագոյի հաւնած աղջիկն ըսած էր, դուն միայն եկուր, յաւերժ իրարու պիտի կապուինք, պիտի խօսկապուինք, միայն թէ դուն եկուր: Տեսան, որ պատերազմը կը ձգձգուի՝ երջանկութիւնը խաղաղութենէ առաջ բերին: Սագոն նշանուեցաւ՝ զինուորական գլխարկը սիրելիի գլուխին դրած, զինակից ընկերներն ալ տօնական՝ դէպի օդ կրակոցներով շնորհաւորեցին: Բեղ Հայկի կինն ըսած էր՝ երեք որդի պիտի ունենանք՝ զոհուած ընկերներուդ անուններով: Հայկը կը պատկերացնէր, թէ ինչպէս իր տղուկներու հետ ազատագրած տարածքներու մէջ ոտնագնդակ պիտի խաղան, քարերու վրայ իյնան, վէրքոտին, ինքն ալ վրայ բերէ՝ տղամարդ էք, չլաք: Սառելէն առաջ տղոցմէ մէկը իր մօտ քաշեց. «Կնոջս կ՚ըսէք՝ ամուսնանայ, չորս տղայ ունենայ, երեքի անունները գիտէ, չորրորդն ալ իմն է: Մէկ ալ աղջիկ, անպայման, սիրուն-սիրուն աղջիկ մը ունենայ, որ իր եղբայներու թուլութիւնը ըլլայ»:

Միսաք այնպէս կը պատմէր, կարծես ինքը չէր երգած Սագոյի նշանդրեքին կամ ինքը չէր փակած Բեղ Հայկի եղեամապատ աչքերը: Պատմածները շարժանկարներէ միմիայն տարբերութիւն մը ունէին. շարժանկարներու մասին տամուկ աչքերով ու անդադար ծխելով չես խօսիր:

ՍԻՒՆԷ ՍԵՒԱՏԱ

Արեւելահայերէնէ վերածեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ 

•շար. 1

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020