ԵՐԵՒԱՆԻ ՑԱՄՔՈՂ ԳԵՏԸ…

Նախանձիլ կարելի է այն քաղաքներուն, որոնք հոսող գետ ունին իրենց մէջ: Աշխարհի բազմաթիւ մայրաքաղաքներ, նոյնիսկ պզտիկ քաղաքներ, ունին այդ գեղեցկութիւնը, գետին կչկչացող, առողջ ձայնն ու անոր ջրառատ տեսարանը ուրիշ հմայք կը հաղորդեն քաղաքին: Իշխանութիւնները, սովորաբար, քաղաքին մէջ գետը առաւելութիւն նկատելով, կը խնամեն, առանձնապէս հոգ կը տանին, յատուկ պահպանութեան տակ կ՚առնեն, քանի որ գետը նաեւ գրաւիչ պատկեր մըն է զբօսաշրջիկներուն համար: Գետը նաեւ ինքնութեան մաս կը կազմէ քաղաքի բնակիչներուն, քանի որ անոր կողքին ապրած ըլլալով, գետին յիշողութիւնն է, որ կը կրեն իրենց մէջ ողջ կեանքին ընթացքին, իսկ այդ մէկը կեանքի, յարատեւութեան իմաստը ունի իրեն մէջ:

Գետին մասին պատմութիւններ կը հիւսուին, անոր մասին երգեր կը գրուին, ան ներկայ է տուեալ քաղաքի լուսանկարներուն, տեսանիւթերուն ու խորհրդանիշերուն մէջ:

Քաղաքի գետերը նաեւ քաղաքակրթութեան հետքը ցոյց կու տան. հինէն ի վեր մարդիկ միշտ ձգտած են տուն կառուցել գետի, ջուրերու ափին, եւ այդ տուներն են, որ քաղաքներ կազմած են ժամանակի ընթացքին: Որոշ ազգեր նաեւ սրբազան խորհուրդ տեսած են իրենց շուրջ հոսող գետերուն մէջ, ինչպէս Կանկէսը, զոր հնդիկները կը կոչեն «Մայր Կանկա» եւ կենսատու ուժ կ՚առնեն անկէ: Զանազան խորհուրդներ ունեցած են ու ունին Նեղոսը՝ հին եգիպտացիներուն, Եփրատն ու Արաքսը՝ հայերուն, եւրոպական խոշոր գետերը՝ եւրոպացիներուն, Եանցզին՝ չինացիներուն համար, որոնք իրենց տնտեսական աճի ցուցանիշերը նաեւ գետերուն հետ կը կապեն:

Պատահական չէ, որ քաղաքային բազմաթիւ իշխանութիւններ, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, որոշումներ կը կայացնեն եւ կը բանան ժամանակի ընթացքին գոցուած գետերը, անոր հունը կ՚ուղղեն դէպի քաղաք ու քաղաքամերձ տարածքներ:

Ուրիշ գրաւչութիւն ունին քաղաքային գետին շուրջ կառուցուած սրճարաններն ու ճաշարանները: Քաղաքի բնակիչները, զբօսաշրջիկները յաճախ ժամեր կ՚անցընեն այդ վայրերուն մէջ՝ վայելելով գետին մտերմիկ ներկայութիւնը, սրճարանէն ետք նաեւ ցանկութիւն կ՚ունենան զբօսնելու անոր ափերուն: Ուրեմն, գետը նաեւ քաղաքի մշակութային դէմքն ու դիմագիծն է:

ԳԵՏԱՌԻ ՃԻՉԸ

Գետեր ունի նաեւ Երեւանը: Հրազդան գետին մէկ հատուածը եւ Հրազդանի ձախ վտակը՝ Գետառը ժամանակին Երեւանի հարստութիւններէն կը նկատուէին, իսկ այսօր աղտոտած եւ ցամքելու պատրաստ, դանդաղ կը հոսին Երեւանի քանի մը վայրերէն:

Աշնանային մշուշապատ օր մը առիթ եղաւ քալելու Երեւանի՝ ժամանակին նշանաւոր եղած գետին՝ Գետառին քովէն եւ սրտի ցաւով, աչքի արցունքով տեսնել անոր խեղճացած վիճակը:

Գեղամայ լեռնաշղթային արեւմտեան լանջերէն բխող Քառասունակն աղբիւրներէն սկիզբ առնող Գետառը ժամանակին անցած է Երեւանի գրեթէ բոլոր վայրերէն եւ շէնցուցած քաղաքը: Հին Գետառը հոսած է Աբովեանի պուրակէն մինչեւ ներկայիս Ճարտարագիտական համալսարանը, թեքած դէպի Ֆրանսայի հրապարակ, ապա Մաշտոցի պողոտային ու Կողբացիի փողոցին արանքով հասած քաղաքապետարանի հրապարակը, ուրկէ ալ գինիի գործարանին առջեւէն միացած է Հրազդանին, դէպի Կարմիր կամուրջ իջնող ձորակէն։ Գետին այս հունը լաւ կ՚երեւի քանի մը նկարներու մէջ, այդ կարգին Ղեւոնդ Ալիշանի 1880 թուականին կատարած նկարագրութեան մէջ:

2007 թուականին Խանջեան փողոցի ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու համար քաղաքապետարանը որոշած է Գետառը փակել պեթոնէ խողովակով՝ վրան կառուցելով փողոց մը: Փաստօրէն, քաղաքային իշխանութիւնները, փոխանակ աւելի ընդարձակելու, տեսանելի դարձնելու անոր հունը, խեղդած են զայն: Ժամանակին վարարուն եւ գեղեցիկ Գետառը Երեւանի կեդրոնին մէջ այսօր տեսանելի է միայն Միասնիկեան պողոտայի ու Խանջեան փողոցի վերջնամասը: Քաղաքին ծայրամասը, Շէնգաւիթի հատուածին մէջ, տեղ մը կրկին կ՚երեւի եւ արդէն կը թափի Հրազդան գետին մէջ:

Մենք բնութիւն չսիրող մարդիկ ենք, այդ մէկը բազմիցս փաստուած է: Մեր ժողովուրդը բնութիւնը կը սիրէ միայն բանաստեղծութիւններու, գեղարուեստական գրութիւններու մէջ: Գետին մասին գրուած հայերէն բոլոր քերթուածներն ու գրական գլուխ-գործոցները ոչինչ են, երբ մարդիկ արտօնեցին քաղաքին երբեմնի գեղեցկուհին՝ Գետառը այսպէս խեղդել երկաթախառն, կրաձոյլ խողովակներու մէջ եւ զայն չքացնել քաղաքին տեսարանէն: Գետառը խեղճացնելը մեր քաղաքի ամօթներէն մէկն է: Երեւցող հատուածները այլ խարան են մեզի համար, քանի որ անոնք լեցուած են աղտոտութեամբ, շինարարական, կենցաղային աղբով եւ հազար ու մէկ տեսակ իրերով, որոնք զզուելի տեսարան կը հաղորդեն գետին:

Եթէ երեւանցիներուն համար այդ մէկը սովորական դարձած է, ապա մայրաքաղաք ժամանող հիւրերը միայն ապշած, տարակուսանքով կը դիտեն այդ նողկալի երեւոյթը: Տակաւին չեմ ուզեր հաւատալ բնակիչներու այն ահազանգներուն, թէ Երեւանի որոշ հատուածներուն մէջ կոյուղի ուղղուած է դէպի Գետառ: Այդ մէկը արդէն այս ողբերգութեան վերջին շեշտը պիտի ըլլայ…

Մինչդեռ մենք այսօր Երեւանի մէջ կրնայինք ունենալ բաւական երկար ջրուղի մը, որուն ափերուն կը զբօսնէին մեր զաւակները, ուր բացօթեայ սրճարաններու գեղեցիկ շարք մը կրնար ըլլալ, ուր մարդիկ կը նստէին, կ՚երազէին, կը քալէին գետի ափերուն եւ երազանքները պահ կու տային կախարդական ջուրերուն:

Այսօր մարդիկ երազանքներ ալ չունին: Մեր երազները գետի ջուրերուն հետ իշխանութիւնները խորտակած են պեթոնէ այդ խողովակներուն մէջ, որուն խուլ պատերուն քսուելով կը հոսի բարակցած Գետառը: Պետական համալսարանին քովէն անցնող հատուածի Գետառէն տհաճ հոտ մը կը տարածուի եւ ուսանողներ ամէն օր, աներազ, անտարբեր կ՚անցնին այդ վայրէն, ոմանք ալ իրենց ձեռքին եղած թուղթի կտորը կամ այլ անպէտք իր մը կը ճմռթկեն եւ կը նետեն Գետառին ցամքող ջուրերուն մէջ: Անհաւատալի է, բայց Գետառի աղտոտած ջուրերը ատոր վկայութիւնն են:

Արդեօք օր մը պիտի բացուի՞ Գետառը… Այս մտածումն էր, որ ամբողջ ժամանակ կ՚ուղեկցէր ինծի, երբ կը քալէի Խանջեան փողոցէն անցնող Գետառին կողքէն: Պիտի բացուի՞ արդեօք Գետառը եւ նոր պատկերներ պիտի բերէ՞ մեր միտքին ու սիրտին:

ԳԵՏԱՌԻՆ ՎԱՐԱՐՈՒՄԸ

Ժամանակին Գետառը այնքան ջրառատ եղած է, որ նոյնիսկ վարարած եւ մէկ գիշերուան մէջ աւրած է Երեւանի կեդրոնը: Այդ մէկը եղած է քաղաքաշինական սխալներու հետեւանքով, քանի որ գետը պահող պատնէշները ամուր ու օրինաւոր չէին կառուցուած: Հակառակ այս ողբերգութեան, այնուամենայնիւ, ուրիշ սխալ մըն էր Գետառը խողովակներու մէջ խեղդելը: Անկէ զատ, որ Գետառը քաղաքային գեղեցիկ տեսարան է, ան նաեւ հեղեղատար դեր կ՚ունենայ քաղաքին համար. անձրեւներու, ձիւնհալքի ժամանակ կը հեռացնէ աւելորդ ջուրը եւ ջուրը չի հոսիր քաղաքին փողոցնէրէն եւ չի լեցուիր բակերն ու նկուղները, ինչպէս յաճախ կ՚ըլլայ յորդառատ անձրեւներու տարափին ժամանակ: Գետը նաեւ խոնաւ կը պահէ քաղաքին չոր օդը, որ ինքնաբերաբար կը չորնայ արդիւնաբերական եւ այլ ծանրաբեռնուածութենէն:

Նոր սերունդը նոյնիսկ չի գիտեր այս գետին մասին, անոր յիշողութիւններուն մէջ չկայ երբեմնի առատահոս գետը, մինչդեռ Երեւանի մէջ տակաւին կ՚ապրին մարդիկ, որոնք կը յիշեն 1946 թուականի այն օրը, երբ Գետառը դուրս եկած է իր ափերէն եւ ողողած քաղաքը: Գետը բազմիցս վարարած է, բայց նշանաւոր է յատկապէս 25 մայիս 1946 թուականի վարարումը:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը նոր աւարտած էր եւ հակառակ Խորհրդային Միութիւնը յաղթանակ տարած ըլլալուն, քաղաքը լի էր ողբերգական պատմութիւններով եւ Գետառին վարարումը այլ սարսափ մը աւելցուցած էր այդ գոյներուն:

Գետառին պատնէշներուն մէկ մասը կառուցած են գերմանացի ռազմագերիները, որոնք կը պահուէին Երեւանի եւ մերձակայ աւաններու մէջ: Եւ սնապաշտական զրոյցներ կան այն մասին, որ ռազմագերիներուն զայրոյթն է, որ դուրս յորդած է Գետառի ջուրերու տեսքով եւ ողողած Երեւանը:

Այս դէպքը ծանօթ է նաեւ «Երեւանի մեծ ջրհեղեղը» անունով, որ երկար ժամանակ սոսկումի մատնած էր բնակչութիւնը:

Մայիս 25-ի երեկոյեան տեղացած յորդառատ անձրեւը, կարճ ժամանակ անց, վերածուած է տեղատարափի: Գարուն էր եւ գարնանային անձրեւները նորութիւն չէին մարդոց համար, բայց այդ օրը սովորականէն աւելի էր անձրեւին ուժգնութիւնը: Երեկոյեան Գետառը վարարած եւ սկսած է հոսիլ մայրաքաղաքին փողոցներէն՝ իրեն հետ տանելով հողաշէն տուներ, կրպակներ, քարեր, աւազ ու տիղմ: Ջուրին հոսքը իր ճանապարհին փլուզած է հանդիպած խրճիթները, ցանկապատերը, ոչ-ամուր պատերը եւ ամենակարեւորը՝ կամուրջը, որ կ՚անցնէր գետին վրայէն: Բնակելի շէնքերուն նկուղներն ու առաջին յարկերը պարզապէս մնացին ջուրերուն մէջ, մարդիկ սարսափած փողոց ելած էին գիշերուան այդ ժամին, կամ բարձրացած տանիքներն ու ծառերուն վրայ: Ոմանք դոյլեր ու բահեր առած փորձած էին շեղել ջուրին հունը, բայց այդ մէկը ապարդիւն քայլ մըն էր այն արագութեան դէմ, որ կը հոսէր գետը:

Յետագային մասնագէտներ պիտի զարմանային այդ արագութեան վրայ, որ ահռելի ալիքի վերածուած եւ փշրած էր իր ճամբուն ամէն ինչ, նոյնիսկ գծուղիի երկաթէ գիծերը, ինքնաշարժները, մայթերը, ճամբու սալիկները եւ ջուրին հզօր հոսքէն որոշ ծառեր արմատախիլ եղած են:

Ժամանակակիցները իրենց յուշերուն մէջ նկարագրած են այդ օրուան այլ սարսափելի տեսարան մը: Վարարած գետը փլուզած էր մայրաքաղաքի դիահերձարանին շէնքը եւ շէնքին մէջ գտնուած մեռելները դուրս հանած էր:

Երեւանի Կենդանաբանական այգին ընդամէնը քանի մը տարուան կառուցուած էր, հոն գտնուող բազմաթիւ կենդանիներ նոյնպէս զոհ գացած են այս աղէտին: Մայրաքաղաքին մէջ անջատուած էին բոլոր լոյսերը եւ մութին մէջ պարզուած տեսարանները աղէտի եւ դժոխքի պատկերներ կը յիշեցնէին ականատեսներուն:

Տեղեկութիւններ պահպանուած են նաեւ այն մասին, թէ ինչպէս, օգտուելով այդ իրավիճակէն, Երեւանին մերձակայքը պահուող գերմանացի ռազմագերիները փորձած են փախչիլ, ջուրը հասած էր նաեւ անոնց ճամբարը, սակայն զինուորականները, տեսնելով անոնց փախուստը, կրակ բացած են… Յայնտի չէ, թէ քանի գերի զոհուած է, սակայն տեղեկութիւններ կան քաղաքի բնակիչներուն մասին, որոնք խեղդամահ եղած են ջուրերուն մէջ:

Ըստ որոշ աղբիւրներու, այդ մայիսեան հեղեղը 200 մարդու կեանք խլած է…

Այս ծանր պատմութիւնը հարցումներ կ՚առաջացնէ. արդեօք Գետառը նորէն դուրս պիտի ելլէ՞ իր ափերէն եւ այս անգամ պիտի պատժէ՞ զինք պեթոնէ պատնէշներու մէջ խեղդող, ապա՝ աղբ «նուիրող» մարդոց:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021