ՈՐԴԻԱՍՊԱՆ ՄԱՅՐԵՐ

Այլեւս մեզի յայտնի է, թէ հայ մայրը ինչի ունակ է յանուն իր զաւկի բարօրութեան, երջանկութեան: Անխօս, հայ մայրերը ունակ են նուիրուելու մինչեւ վերջ, մինչեւ վերջին կաթիլը: Սակայն ինչո՞ւ, ինչո՞ւ մեր այդ սուրբ մայրերը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, տրուելով զայրոյթին, իրենց անգիտութեամբ, տգիտութեամբ մանկուց ի վեր անփառունակ ապագայ մը կը կերտեն իրենց սիրասուն զաւակներուն համար:

Արցախցի եմ: Անկախութեան սերունդ:

Լոյս աշխարհ եկայ ես: Կարճ ժամանակ անց փչեց Սովետական Միութեան վերջին շունչը: Քանի մը ամիս վերջ սկսաւ Արցախի առաջին պատերազմը, որու աւարտին կերտեցինք փառաւոր յաղթանակ մը: Ազատ, անկախ, յաղթանակած Արցախիս պարզկայ ու խաղաղ երկինքի տակ հասակ առի ես ու իմ ընկերները, հասակակիցները, մեզմէ փոքրերը, մինչեւ...

Մեզմէ շատերուն կօշիկը ծակ էր, փորը կիսակուշտ, աչքը կարօտ համեղ ուտելիքներու, տուրմերու, պտուղներու ու բանջարեղէններու, ինչպէս նաեւ աղուոր խաղալիքի մը, պուպրիկի մը: Ասոնք արտաքին դժուարութիւններ էին, որոնք մեր վխտացող հոգիներու քովը կը դիտուէին ոչինչ: Կտոր մը ցամաք հացով ալ շատ երջանիկ էինք ու բաւարարուած: Երեք պատերազմ տեսած սերունդ մըն եմ, թէպէտ ոչ մէկուն եղայ ականատեսը: Սակայն իմ կենդանութեան օրօք իմ երկիրը երեք անգամ ներկուեցաւ կարմիր գոյնով՝ մեր քաջերու, հերոսներու տաք ու եռացող արիւնով: Իսկ ուրկէ՞ կու գայ այդ արիւնը... երակներէ՞ն... իրենց կեանքի գարունները չվայելած, կիսատ ձգած կէտերէն...

Անէծք, անէծք, վիրաւորանք, հայհոյանք, ինքնագնահատականի նուաստացում.... Ահաւասիկ մեր իրականութիւնը: Ահաւասիկ սիրոյ չափաբաժին մը, զոր մեր նուիրեալ մայրերն ու հայրերը կը թափեն մեր գլուխին տեղատարափ անձրեւի պէս:

Վերջերս յիշած եմ իմ մանկութիւնը, շուրջիններս, մեր դրացիները, ազգական ու բարեկամներս: Լռութեան մէջ իմ ականջներուն հասան շատ հեռուէն եկող ձայներ, աւելի ճիշդ՝ անէծքներ, հայհոյանքներ:

Մեր իրականութեան մէջ, երբ մանչուկները կը սկսին խօսելու, անոնց հայրերը, երբեմն նոյնիսկ մայրերը եւ միւսները հպարտանալով, գոռոզանալով կը փորձեն իրենց պզտիկներուն սորվեցնել հայհոյել: Հրեշտակային կերպարանքով ու հոգիով փոքրիկ մարդուկները պղտորել կը ջանան, թերեւս անգիտակցաբար: «Տղայ երեխան պէտք է գիտնայ հայհոյել», «տղայ չես, մի՛ հայհոյեր» եւ այսպէս շարունակ: Անոնք, որոնք իրենց զաւակները շատ կը սիրեն, ծնած-չծնած կը մխրճեն ծանր մեղքի մէջ: Առանց գիտակցելու, որ հայհոյանք մը հաւասար է քառասուն մեղքի: Իսկ ինչպէս յայտնի է, երեխաները դիւրութեամբ կ՚ընկալեն վատը:

Հայհոյող երեխաներուն ուղղութիւն ալ կու տան, թէ որո՛ւ կրնայ հայհոյել, իսկ որու ոչ: Եւ եթէ յանկարծ փոքրիկը սխալ մարդու հայհոյէ, ապտակ մը կը ստանայ իր մաքրամաքուր երեսին: Տակաւին նոր քայլելու սկսած երեխայի բերանը կը դնեն ծխախոտ, կը լուսանկարեն: Սակայն վա՜յ այն երեխային, որ ժամանակէ շուտ կը փորձէ ծխել. հայրիկը գօտիով կը ծեծէ, քիթ ու բերանը կը ջարդէ: Յետոյ ալ այսպիսի երեխաները կը կոչեն անդաստիարակ, անկիրթ, գող, աւազակ կամ անպիտան: Վայրկեան մը, ո՞վ փճացուց երեխայի մաքրամաքուր հոգին, հրեշտակային կերպարանքը: Ո՞վ ժամանակէ կանուխ հող նախապատրաստեց, որպէսզի չարը դիւրութեամբ բոյն շինէ իր զաւկի ներաշխարհին մէջ:

Իսկ մայրերը... ի՞նչ կ՚ընեն մայրերը: Տեղի-անտեղի, ամէն աննշան փոռթկումի, զայրոյթի պարագային կ՚անիծեն իրենց զաւակները.

«Թաղեմ քեզ», «Մեռնիս դուն», «Գետինը մտնաս», «Գել ու գազանի բաժին դառնաս», «Մէյտդ կապեմ. ըսել է՝ դիակդ փակեմ», «Հայրդ մեռնի», «Չունենամ քեզ, աչքիս չերեւիս»... սա շարքը անվերջանալի է: Զայրոյթի պահին մայրերու լեզուները ժանգոտած խողովակներու պէս կը պայթին, եւ մինչեւ նորոգելը կը հոսի բաւականաչափ պղտոր ջուր:

Քանի մը յարկ վար իջնենք: Այստեղ տարատեսակ վիրաւորանքներն են: Օրեր առաջ դրացուհիս, որու դէմքը չեմ տեսած, սակայն գրեթէ ամէն օր կ՚իմանամ անոր տհաճ ձայնը, իր փոքրիկը կը կոչէր՝ անասուն, ոչխար, անտէր շուն, անպիտան... Այս եւ նմանատիպ ու աւելի ծանր վիրաւորանքներ ինծի ծանօթ են իմ մանկութենէն: Երբեմն ես ու եղբայրս նոյնպէս՝ մեր չարաճճիութիւններու, անհնազանդութեան պատճառաւ կը դառնայինք անէծքներու ու վիրաւորանքներու զոհ: Այսպիսին էր մեր իրականութիւնը: Յաղթանակած, սակայն առանց օրհնենքի, ճշմարիտ հաւատքի, Տիրոջ ողորմածութեան ու փառաբանութեան: Ընդհակառակը՝ լի չարութեամբ, բարկութեամբ, անթիւ ու անհամար անէծքներով, վիրաւորանքներով, հայհոյանքներով, տրտունջներով, լարուածութեամբ... Այսօր ալ ոչինչ փոխուած է: Աւելի՛ն, դարձած են առաւել վատ, յիշաչար:

Սիրելի մայրեր, հայրեր, տատիկներ ու պապիկներ, իսկ ձեզի ի՞նչ կը թուէր, թէ ձեր բերանէն ելած ամէն մէկ չար խօսք օդին մէջ անմիջապէս կ՚անէանայ... բնաւ չխորհեցաք, որ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէք ձեր բերանէն ելած ամէն մէկ բառին. որ ձեր խօսքերը զէնքի պէս պէտք է զգոյշ գործածէք. որ իւրաքանչիւր բառ ունի զօրութիւն եւ վաղ թէ ուշ պիտի վերադառնայ: Իսկ վերադարձը շատ չուշացաւ. Անկախութեան երեսուն տարին տակաւին չբոլորած, ձեր բոլոր խօսքերը հրթիռներու, հրթիռակոծութեան, անօդաչու թռչող սարքերու, արգիլուած ծանր զինատեսակներու, ռումբերու տեսքով թափեցան ձեր սիրասուն զաւակներու գլուխին: Արդիւնքին ունեցանք հինգ հազարէ աւելի զոհ, տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներ, բազում անյայտ կորածներ ու գերիներ: Վատագոյնն ալ այն է, որ սա մղձաւանջը մինչեւ օրս չէ աւարտած, կը շարունակէ: Պահ մը կեցէ՛ք: Փորձեցէ՛ք արդարացի ըլլալ դուք ձեզի հետ, փորձեցէք լսել ձեր ներքին ձայնը, տեսնել ձեր հոգիի խորքը: Աւա՜ղ, ձեր բերանէն ելած ամէն մէկ անէծք թափեցաւ, կը թափի ձեր կտուրին:

Անէծքն ու հայհոյանքը փոխարինեցէք օրհնութեամբ, վիրաւորանքը՝ համբերութեամբ ու հանդուրժողականութեամբ: Միայն այդ ժամ կրնաք ձեր խղճի դիմաց ըլլալ հանգիստ ու արդար: Կեանքի իւրաքանչիւր պարագային, ձեր ամէն մէկ բառը զէնքի պէս զգոյշ գործածեցէ՛ք:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021