«ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԱԶ ՄԸՆ Է. ԱՐԹՆՆԱԼԸ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ ՄԵԶ»
Հաղորդակցութիւնը յաճախ կը սահմանափակուի՝ որպէս հաղորդագրութեան թարգման: Այնուամենայնիւ, հաղորդակցութիւնը բարդ կառուցուածք մըն է, որ կ՚ընդգրկէ մարդու ամբողջ կեանքը։
Որեւէ հարցի վերաբերեալ որոշում առնելու, ուրիշներու հետ շփուելու ժամանակ, գործընթացի մը վրայ ազդող բոլոր գործօնները չենք գիտեր: Այդ իսկ պատճառով, միշտ պարզ չ՚ըլլար հասկանալ, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս առած ենք այդ որոշումը։ Այս առումով, հաղորդակցութեան գիտութիւնները պէտք է հետազօտեն նոր ոլորտներ այս բարդ գործընթացի խոր ֆոնին վրայ:
Երազ կոչուած երեւոյթը նոյնպէս այս գործընթացի մէկ մասն է։ Մենք կ՚ապրինք կեանքի երկու տարբեր փուլերու մէջ, որոնք կ՚առանձնացնենք որպէս գիշեր եւ ցերեկ։ Ցերեկը կը ներկայացնէ ծանօթ եւ իրական կեանքը, մինչդեռ գիշերը մեր առջեւ կը բանայ անյայտութեամբ զարդարուած երազի դաշտը։ Առօրեայ խօսակցութիւններու մէջ կը շրջանառուին անթիւ երազային պատմութիւններ, որոնք կ՚արտայայտուին «ցերեկուան» լեզուով եւ այսպէսով անոնք ներգրաւուած կ՚ըլլան նաեւ «ցերեկային աշխարհին»։ Զգացումներու թարգմանն է երազը, որ կարելի է համարել նաեւ մարդոց՝ իրական կեանքը վերաիմաստաւորելու ջանքը։ Օրուան ընթացքին մենք կը դիտենք աշխարհի մանրամասնութիւնները, մեր ենթագիտակցութեան մէջ կ՚արձանագրենք մեր տեսած իւրաքանչիւր դրուագը։ Անոնց մասին նոյնիսկ մեր չյիշած տպաւորութիւնները, զգացումները կը մարմնաւորուին երազելու ընթացքին։ Իսկ արթննալու ժամանակ կը փափաքինք երազի ստեղծած զգացական մթնոլորտի ուժգնութիւնը ձեւով մը անմահացնել, արձանագրել՝ հաղորդակցութեան միջոցաւ։ Մենք կը պատմենք մեր երազները, կը մտածենք, կ՚ազդուինք. առօրեան լի է նման երեւոյթներով: Այնուամենայնիւ, երազներու ուսումնասիրութիւնը մնացած է հոգեբուժութեան եւ հոգեբանութեան շրջանակին մէջ։ Այս ուսումնասիրութիւնը կը փորձէ հաղորդակցութեան տեսանկիւնէն դիտարկել երազներու տեղն ու նշանակութիւնը՝ մարդոց կեանքի իմաստաւորման համակարգին մէջ: Եթէ հաղորդակցութիւնը կեանքը իմաստաւորելու փորձ մըն է, ապա երազները, անկասկած, կարեւոր ներդրում ունին այս գործընթացէն ներս: Եթէ փորձենք երազը որպէս շփման միջոց ընկալել ու մարդկային մտածելակերպը գնահատել հաղորդակցութեան տեսանկիւնէն, կը նշանակէ նոր ճանապարհ բանալ մարդու եւ հաղորդակցութեան փոխյարաբերութիւններու մէջ:
«Կեանքը երազ մըն է. արթննալը կը սպաննէ մեզ: Այս զարթնումը, որ կը գողնայ մեր երազները, կը գողնայ նաեւ մեր կեանքը», ըսած է Վիրժինիա Ուուլֆ։
Հոգեբաններու կողմէ՝ երազներու մեր մտային առողջութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան բացայայտումէն շատ աւելի առաջ Վիժինիա Ուուլֆ յայտնաբերեց անուրջներու ուժեղ եւ դրական կողմերը եւ զանոնք գրի առաւ «Օրլանտօ» անունով գիրքին մէջ։ Ուուլֆի «Օրլանտօ» կոչուած բեկումնային գիրքը, որ հրատարակուած է 1928 թուականին, կը համարուի գրականութեան ամենաերկար եւ ամենագեղեցիկ սիրոյ նամակը։ Ուուլֆ նշեալ հատորին մէջ գրած է. «Երազները ամենաթանկագին ու անհրաժեշտ բաներն են»։
Ըստ Ուուլֆի դիտարկումներուն, երազները կը «փշրուին», երբ կը շփուին իրականութեան հետ։ Երազի եւ իրականութեան բախումը կը թողէ «ցնցուած միտք» եւ մարդկային ոգիի համար շատ վտանգաւոր պահ մը կը ստեղծէ։ Ուուլֆ, որ հազուագիւտ տաղանդաւոր գրողներէն մին է, կը պաշտպանէ այն թեզը, որ բանաստեղծական իրականութեան հետ մեր երազները մեր երեւակայածէն ա՛լ աւելի հզօր են։
«Երազները կը նմանին մթնոլորտի՝ աշխարհը շրջապատող ոգիին: Վերացնենք այս փափուկ օդը. բոյսերը կը մահանան, ամէն ինչ կը գունաթափի: Աշխարհը, որու վրայ մենք կը քալենք, մոխիր կը դառնայ։ Կեանքը երազ է. արթննալն է, որ կը սպաննէ մեզ: Այս արթնութիւնը, որ կը գողնայ մեր երազանքները, կը գողնայ նաեւ մեր կեանքը», կ՚անդրադառնայ գրագիտուհին։
Թերեւս, մեր բոլոր ցանկութիւններու եւ մոգական մտածումներու նման, մեր երազները կը կազմեն մեր ինքնութիւնը, մեր յոյսերն ու վախերը, որոնք կը պարունակեն հիմնական ճշմարտութիւնը, թէ ո՞վ ենք մենք: Այնուհետեւ, գուցէ մեր երազանքները կը պարունակեն նոյնիսկ աւելի իրատեսական «արձանագրութիւններ»՝ քան մեր կենսագրական իրականութիւնը: Երբ կը մեծնանք, անոնք ալ կը մեծնան, կը ծերանան եւ երբ անոնք կը դադրին մեզի ծառայելէ, ուրիշի մը հետ կը փոխենք զանոնք՝ օձի կաշիի նման։
Ուուլֆը «Օրլանտօ»ի մէջ գրած է նաեւ հետեւեալը. «Ես կը ծերանամ… կը կորսնցնեմ իմ երազաները. թերեւս նորերուն պիտի արժանանամ»։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ