ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԱՌԱՔԵԼՈՑՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱՑՆ ՄԵՐՈՑ ԹԱԴԷՈՍԻ ԵՒ ԲԱՐԴՈՒՂԻՄԷՈՍԻ
Այսօր, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ իր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարդուղիմէոսի տօնը: Արդարեւ, մենք որպէս ազգ եւ ժողովուրդ աշխարհի մէջ առաջին եղանք, որ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ճանչցանք եւ յայտարարեցինք մեր երկրին մէջ 301 թուականին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին ջանքերով, որ մեր պատմութեան ընթացքին հանդիպած թերեւս ամենէն մեծ յեղափոխական գործիչը հանդիսացաւ: Մենք յաճախ կը սիրենք մենք մեզ հպարտ զգալ այս հանգամանքով եւ տեղի անտեղի մեր այդ հպարտութիւնը կը յայտնենք:
Շատեր, յատկապէս օտարներ, այս պարագան՝ Քրիստոնէութիւնը առաջինը պետականօրէն ընդունած, օգտագործելով, յաճախ մեզ կը կոչեն Լուսաւորչական, այդպիսով շուքի տակ ձգելու համար մեր Առաքելական ծագումը: Զգոյշ պէտք է ըլլանք, հետեւաբար, որպէսզի երբ փորձեն մեզ այդպիսին ներկայացնել, գիտնանք ճիշդ պատասխանել, եւ կամ երբ հարցնեն մեզի, մեր պատասխանը յստակ ըլլայ: Մենք որպէս եկեղեցի՝ Առաքելական ծագում ունինք, որովհետեւ առաջին Քրիստոսի լոյսը Հայաստան աշխարհ բերողները եղան Սուրբ Թադէոսն ու Բարդուղիմէոսը, որոնք Հայաստան գալով քրիստոնէութիւնը քարոզեցին, իրենց քարոզութեան պատճառով հալածանքի ենթարկուեցան եւ նոյնիսկ նահատակութեան պսակին արժանացան: Քրիստոնէութիւնը արդէն իսկ առաջին դարէն Հայաստան մուտք գործած էր, եւ սկսած էր կամաց-կամաց աճիլ, հակառակ հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն: 301 թուականին կատարուածը, արդարեւ, պետականօրէն ճանչնալն էր Քրիստոնէութիւնը եւ ազատութիւն տալ անոր, որպէսզի տարածուի՝ առանց հալածանքներու եւ նեղութեան: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը մեր երկրորդ Լուսաւորիչն է, այն յեղափոխական դէմքը, անձնաւորութիւնը, որ հակառակելով թագաւորի հրամանին Խոր Վիրապ նետուեցաւ՝ տանջալից չարչարանքներ կրելէ ետք, աստուածային նախախնամութեան տասներեք տարիներ մնաց այդ Վիրապին մէջ, որմէ ետք դուրս գալով Արքունիքն ու Հայ աշխարհը պաշտօնականօրէն քրիստոնէականացուց:
Հետեւաբար, երբ մենք մեզ պիտի ներկայացնենք, այս բոլորը մտաբերելով պէտք է ըսենք, թէ մենք Առաքելական ենք եւ ո՛չ լոկ լուսաւորչական, թէ մենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներ ենք, մեր առաջին լուսաւորիչները՝ Սուրբ Թադէոսն ու Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներն են, իսկ մեր երկրորդ Լուսաւորիչը՝ Սուրբ Գրիգորը, ով մեր առաջին լուսաւորիչներուն բերած Լոյսով լուսաւորեց մեր աշխարհը:
Այսօր, 2 դեկտեմբեր 2023-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ իր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքելաներուն յիշատակը: Այսօրուան մեր սիւնակով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Սուրբ Առաքեալներուն նուիրուած կանոն մը՝ գրաբարէ արեւմտահայերէնի վերածուած, որ քաղած ենք «Մատենագիրք Հայոց» 14-րդ հատորէն, «Գանձարան, Գիրք Բ.»էն, տպուած Անթիլիաս 2008-ին, էջ 1085-1088:
ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ՝ ԹԱԴԷՈՍԻ ԵՒ ԲԱՐԴՈՒՂԻՄԷՈՍԻ
Պայծառ գերարփի, գոյութիւն ունեցողներուն պատճառ, գերունակափառ,
Ամենակարող Հայր, բարեր Որդի, խնամարար Հոգի,
Էակներուն սկզբնարար, եւ արուեստաբար, լրումին հասցնող,
Հայրդ կամեցար, Հոգիդ հաճեցար, Որդիդ մարմնացար,
Հօրմէն իջար, անբաժանաբար, ու Կոյսին մէջ մտար,
Տնօրինաբար մարմին զգեցար եւ անորմէ ծնար,
Երկրի մէջ շրջեցար, մարդոց հետ բնակեցար, կերար ու խմեցիր,
Վէրքերուն դեղ եղար, [որպէս] Բժիշկ յայտնուեցար, ախտերը մաքրող,
Հրաշքներ կատարող, խաչին վրայ գամուեցար, տէգով խոցուեցար,
Կամքովդ, Տէ՜ր, մեռար, մեզի նման գերեզման դրուեցար,
Տիրաբար յարութիւն առիր, երկինք համբարձար, Հօր աջ կողմը նստար,
Սրբարար Հոգին, մեզ կենդանարար, Հայրը Քեզ ընծայ ըրաւ.
Սուրբերուն ըղձական բարեխօսութեամբ, մեզ քաւութեան արժանացո՜ւր, կ՚աղաչենք:
Երկնային Վարդապետ, մարդասէր Հոգի, անքննելի Աստուած,
Միածին Որդին երկնային Հօրմէն մարմինիդ համար գին իջաւ,
Վաշ, ընծայ առին՝ շահելով մարդկային բնութիւնը,
Որովհետեւ մարդիկ տուին՝ աստուածային մարդը, եւ Հոգին առին,
Որով աճեցան Քու աստուածային եւ երկնային խորհուրդներդ [հասկնալու],
Որ Հոգին, ոտքի կանգնած Պետրոսին կը յայտնէր,
Յիսուներորդ օրը, Պենտեկոստէին, տուչութեան տօնին1,
Արաքելաները ճշմարիտ Հոգին առին, որ իրենց վրայ իջաւ,
Քու հրամանովդ, վիճակ ձգեցին, Քու խօսքիդ քարոզիչ [ընտրելու]2,
Որու հետ եւ առին, սքանչելի Թադէոսը, Թովմասին եղբայրը.
Սուրբերուն ըղձական բարեխօսութեամբ, մեզ քաւութեան արժանացո՜ւր, կ՚աղաչենք:
Թադէոսին գալով, վերին աշխարհը, ըստ Քու հրամանիդ,
Գեղարդով զինուած, նախ Աբգարին մօտ, Ուռհա քաղաքը,
Արքային առողջութիւն տալով՝ չար վէրքերու ախտէն,
Եւ մեծ իշխանին, Աբդիու որդին, հրաշարիօրէն յարուցեց,
Աբգարը Թադէոսի գլուխին տեսաւ ոսկէ պսակը,
Անոր մօտ բնակելով, Տուբիային տունը, այսինքն՝ Ադէին,
Քարոզեց անոնց՝ ամբողջ քաղաքին, կենդանի Քրիստոսը,
Անոնք շինեցին մեծ եկեղեցին՝ Սուրբ Աստուածածինը,
Ապա ճանապարհեցին, Աբգարի նամակով, իր քեռորդիին մօտ,
Լոյս ծագեցնելու անոնց վրայ, հիւսիսային եւ արեւելեան կողմերը.
Սուրբերուն ըղձական բարեխօսութեամբ, մեզ քաւութեան արժանացո՜ւր, կ՚աղաչենք:
Քու սիրոյդ գանձը, շա՜տ գովելի կոյսին՝ Ս. Սանդուխտին հոգիին մէջ գանձեց,
Չար Սանատրուկ Արքայի աղջկան,
Հետեւեցաւ անոր, Քու աշակերտիդ, Սուրբ Թադէոսին,
Ձգեց հարստութիւնն ու տիկինութիւնը, Հայոց աշխարհին,
Ինչպէս նաեւ Խըռիւսին, հայերէն Ոսկին, եւ անոր ընկերները,
Բարի Մենտոսը, Զաքարի եղբայրը, մեծ իշխանին,
Եւ Իսրայէլին, աստուածասէրին, Քու սուրբ վկայիդ,
Նաեւ Սանուէլին, եւ ուրիշներ իրենց հետ, այդ սուրբ երամին,
Որոնք վկայեցին, իրենց արիւնները հեղեցին, Քու անուանդ համար,
Որոնք հետեւեցան, կենաց քարոզին, որ դէպի կեանքի կը տանի.
Սուրբ Առաքեալին եւ իր հետ եղողներուն նահատակութենէն ետք,
Թադէոսին եղբայրը, Թովմասը, իր հետ եղողներուն եւ ընկերոջ վրայ ազդեց՝
Բարդուղիմէոսին՝ Աստուծոյ զարմին, մեծ Առաքեալին,
Եղբօր տեղը գալու, քարոզելու Հայաստան աշխարհին:
Եւ ան գալով, անվրէպ արմատը, աստուածարեալ մարդը,
Մարերուն քարոզեց, Եդեմոն մտաւ, աղբիւրը շրջափոխեց,
Ու անկէ ելլելով, Բոստր գնաց ու այնտեղ հրաշքներ գործեց,
Արեւը արգիլեց՝ խաւարեցուց, մեռելները յարուցանեց,
Եւ անկէ ելլելով, երկրին մէջ քարոզեց ու Հայք հասաւ,
Ապա կամեցաւ, Սաղիմ [Երուսաղէմ] երթալ, Կոյսին հանդիպիլ,
Եւ մինչ ան կ՚երթար, Կոյսը փոխուած էր՝ Երկինք վերցուած,
Որով դառնացաւ, հոգիով տխրեցաւ, սուգի մէջ մտաւ,
Ահա յիշէ ու ողորմէ ննջեցեալներու հոգիներուն:
Սրբակեաց բազմութիւնը, աշակերտներուն գունդը, ընտրուած առաքեալները,
Փայտը որ կոփած էր, սիրելի Յովհաննէսը, Կոյսին որդի ըլլալով,
Աստուածարեալ տիպը, ուր պատկերը դրոշմուած էր Կոյսին, որ կոփած էր,
Ատիկա անոր տուաւ, որպէս սփոփանք, սգացող եղբօր,
Եւ ան նոյնը առնելով, Հայք բերաւ, Հոգւով վանքը դրաւ,
Եւ անկէ ելլելով, Բարմ յառաջացաւ, Աղբակ գնաց,
Արտաշատ ելաւ, եղբօր [Թադէոսին] հանդիպեցաւ եւ Յուդային տեսաւ,
Զիրար ողջունեցին ու համբուրեցին, եւ ուրախացան,
Այնտեղ խաչ կանգնեցին, վէմը որ այտնեղ դրին, իրենց մատներով դրոշմեցին,
Յուդան գնաց՝ Յորմ հասաւ, իսկ ինք Աղբակ մտաւ,
Ուր մորթազերծ ըրին, խաչին գամեցին, եւ քուքով3 զարկին,
Որով նահատակուեցաւ, հոգին աւանդեց, պսակաւորուեցաւ,
Թադէոսը տեսաւ, մարմինով երեւցաւ, եւ յառաջ եկաւ.
Եւս առաւել, յորդորէ մեզ սիրոյ եւ բարի գործեր պարգեւէ մեզի,
Կը խնդրենք:
Իսկ Յուդան, Յորմ հասնելով, այնտեղ կը նահատակուի,
Աս ալ որդին է հիւսն Յովսէփի՝ Քրիստոսի հօր,
Յակոբի եղբայրը, Սիմոն Կանանի, Յովսէփ Յոստոսի,
Զէբէոս կը կոչուի, Թադէոս կ՚ըսուի, Տէր Յիսուսէն,
Ասիկա ընդհանրական թուղթ մը կը գրէ՝ խորհուրդով լեցուն,
Ենովքը կը յիշուի, եօթ ազգով հեռու՝ նախահայր Ադամէն,
Միքայէլ պետին Բելիարի հետ պատերազմի մասին կ՚ըսէ,
Մովսէսի համար, մարմինը որ կ՚ըլլայ, Իսրայէլ ազգին,
Այլեւ Շմաւոնին, Նախանձայոյզին, Սիմոն Կանանի,
Ասիկա կու գայ, Յռուսթա քաղաքը, Յուդայի վիճակը,
Ան ալ այնտեղ կը նահատակուի՝ Յուդային նման, Յորմ քաղաքին մէջ:
Մենք մեզ եւ զիրար Տէր Աստուծոյ կ՚աղաչենք:
Էին Անեղի, Էին Հզօրի, Էին Անմահի,
Ծնող Տիրուհի, գովելի անձ, միայն արժանի,
Աստուծոյ բնակարան, ո՜վ երանուհի, բոլորին պարծանք,
Եւայի դուստրերուն, բարի յիշատակ, Բարդուղիմէոսին եւ Թադէոսին,
Յուդա Թադէին, եւ Ղէբէոսին, Սիմոն Շմաւոնին,
Այլեւ Թովմասին, այն երկուորեակին, Թադէի եղբօր,
Այս ըղձալի տօնին, որ ամէն տեղ կը յիշատակուի,
Մատուցէ՛ Սրբուհի, մաղթալի աղերսներ, քու Միածինիդ,
Որպէսզի քաղցրանայ մեզի՝ Ստեղծողին կամքը, Արամի ազգիս,
Այլեւս երգողիս, աղքատ խօսքերուս, անմիտ Գրիգորին,
Նաեւ այս գանձը ստացողին ու ըսողին, ով որ ալ ըլլայ,
Այս խօսքերը ուղիղ փոխողին եւ սրբագրողին,
Սիրով հայցողին, գանձն ու ըսողը, եւ լաւ պահողը,
Ողորմէ՜ մեզի, Տէր Աստուած:
ՏԱՂ ԱԶՆԻՒ ԹԱԴԷՈՍԻՆ
Բանը որ Հօրմէն է, ծագումով ծագեց եւ աշխարհ ղրկեց,
Ձրի պարգեւներու բաշխող, որ վերէն հեղեցան շնորհնքները:
Արեւը հարաւէն ելաւ, Բարդուղիմէոսով լոյս ծագեցաւ,
Առաւ ան Կոյսին պատկերը, մեզի՝ Հայերու պարգեւ բերաւ:
Արամեաններու տոհմը հաւաքուեցան, սիրոյ բաժակէն արբենալու,
Խրախճանական բերկրութեամբ լեցուց, իր սուրբ բերանին խօսքով:
Մահուան իշխանը դատեց՝ բոլոր ազգերը Դատողը,
Սանատրուկէն դաւուելով, հոգեւոր որթը ատուեցաւ:
Ողկոյզի նման ճմլուեցաւ, որոտմամբ մարմինի կեղեւէն,
Որ հանելով անոր մորթը, խաչով նահատակելու ընթացան:
ՅՈՐԴՈՐԱԿ
Թովմաս Առաքեալի գործին որպէս լսածկցութիւն,
Հայքի մէջ նահատակելու՝ փոխան Թադէին ըլլալու:
Տէրունական մարմինին ոսկորները Սուրբ Հոգիէն ընտրուեցան,
Մաքուր եռակի թիւով չորսով լոյս ծագեց Հայոց:
Յորմի մէջ էական սիրով, Յուդան Թադէոսին կը դպնայ,
Էական նշան կը կանգնեն, անկէ ուժ կ՚առնեն:
Ոտքերով աշխարհի վրայ կը քայլեն, Յուդան ու Սիմոնը ընտրեց,
Որոնք Բարդուղիմէոսով փայելով, այնտեղ նահատակուեցան:
Սուրբ Առաքեալներուն հայցուածներով, մեզի քաղցրութեամբ նայէ՜,
Յիսուս՝ մեր Թագաւորը, Քեզի փառք երգենք յաւէ՜տ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
26 նոյեմբեր 2023, Վաղարշապատ
1 Գրծ 2.1-4:
2 Գրծ 1.26:
3 Փշոտ գաւազան՝ յանցաւորները ծեծլու, պատժելու համար: