«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՎԷՊԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է սփիւռքահայ յայտնի արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի կողմէ հեղինակուած վէպ մը, որ կը կոչուի «Յանուն հօր եւ որդւոյ»։
Ամերիկահայ Վահէ Պէրպէրեան, որ նոր սերունդին առաւելաբար ծանօթ է իր երգիծական մենակատարումներով, վիպագրի մը ամբողջ տաղանդը կը փայլեցնէ «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպին մէջ։
Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին դէպքերը տեղի կ՚ունենան Հոլիվուտի մէջ։ Հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին։ Երիտասարդ ամերիկուհի մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ։ Որդին՝ Հրայր, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է ու իրիկուններն ալ՝ սիրող դերասան մը, կը սիրահարուի աղջկան, եւ այս պատճառով կը դառնայ իր շուրջիններուն թիրախը։ Հօր՝ Յարութիւն Մարոնեանի, եւ որդւոյն միջեւ մշակութային եւ բարոյական բախումը երթալէն կը սաստկանայ, մինչեւ որ տակնուվրայ կ՚ըլլան անոնց կեանքերը։
Պէրպէրեանի այս գործը, որ դրուագ առ դրուագ կը յղուի նաեւ կերպարներու անցեալին, կը բանայ ընկերային, մշակութային եւ սեռային աշխարհ մը, որ իր անկեղծութեամբ կը ցնցէ ու կը յուզէ ընթերցողը։
Ժամանակակից կեանքէն առնուած այս դիւրին ընթեռնելի վէպը, որ տպագրուած է «Արաս» հրատարակչատան կողմէ, կրնայ հաճելի ընթերցանութիւն մը ըլլալ եռամսեայի արձակուրդի ժամանակ, յատկապէս մեր վարժարաններու բարձր դասարաններու աշակերտներուն համար։
Ասիկա Վահէ Պէրպէրեանի երկրորդ վէպն է՝ «Նամակներ Զաաթարէն» գործէն ետք։ Առաջին անգամ հրատարակուած է Լոս Անճելըսի մէջ, 1999-ին, Wet Paint-ի, իսկ թրքերէն լեզուով՝ 2008-ին Պոլսոյ մէջ, հրատարակչատանս կողմէ։ Գիրքը անգլերէն լեզուով ալ լոյս տեսաւ 2015-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, դարձեալ Wet Paint-ի կողմէ։
Հարկ է նշել, թէ հրատարակչատունս համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն համար գիրքը կը տրամադրէ յատուկ զեղչեալ գինով մը՝ 10 լիրա փոխարժէքով։