ՄԷԿՈՒԿԷՍ ԴԱՐԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Երէկ հայութիւնը նշեց Ամենայն Հայոց բանաստեղծ հռչակուած Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակը: Այս օրերուն մարդաշատ են թումանեանական յիշատակի վայրերը՝ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը Երեւանի մէջ եւ թանգարանի վերածուած Թումանեանի տունը՝ անոր ծննդավայր Լոռիի Դսեղ գիւղին մէջ:
Մարդիկ հոծ խումբերով կ՚այցելեն՝ անգամ մը եւս առընչուելու այն մեծ ժառանգութեան, որ Յովհաննէս Թումանեան ձգած է իր ետին: Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2019 թուականի օրացոյցին մէջ, եւ այս տարի մեծ գրողին յոբելեանը կը նշուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանիին տակ:
Երեւանի մէջ թումանեանական ամենանուիրական վայրը խճողուած է. Հայաստանի մարզերէն, նոյնիսկ արտասահմանէն, այցելուներով լեցուն է Մոսկովեան 40 հասցէին վրայ գտնուող թանգարանը: Թանգարանին 54 աստիճանները կը խորհրդանշեն Թումանեանի կեանքին 54 տարիները: 1923 թուականին, 54 տարեկանին, մահացաւ Թումանեան, թանգարանը բացուեցաւ անոր մահուան 30-ամեակին առթիւ՝ 1953 թուականի Ապրիլ ամսուն՝ ճարտարապետ Գրիգոր Աղապապեանի նախագիծով: Թանգարանին հիմնադիրը եւ առաջին տնօրէնը բանաստեղծին դուստրերէն Աշխէն Թումանեանը եղած է, որ ամենայն ակնածանքով եւ նուիրուածութեամբ հայոց մայրաքաղաքի սիրտին մէջ հիմնած է իր հօրը յիշատակի վայրը՝ զայն դարձնելով համայն հայութեան համար առանձնայատուկ տեղ մը: Այս գործին մէջ անոր աջակցած է նաեւ մայրը՝ Օլկա Թումանեան: Կառավարական որոշումով մը հիմնուած ըլլալով՝ Թումանեանի թիֆլիզեան տունէն գրողին բոլոր իրերը 9 մեծ բեռնատար ինքնաշարժով, 1953 թուականին, տեղափոխուած են Երեւան եւ հիմք դրուած է թանգարանին, որ յետագային համալրուած է ուրիշ ցուցանմոյշներով եւս:
Այս թանգարանին մէջ խնամքով կը պահպանուին եւ կը ցուցադրուին աւելի քան 18 հազար ցուցանմոյշ: Այցելուները աստիճաններէն ելլելէն ետք ոտք կը դնեն առաջին յարկ, ուր ցուցասրահներուն մէջ ժամանակագրական կարգով ներկայացուած են Թումանեանի կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերող նիւթեր՝ լուսանկարներ, նամակներ, փաստաթուղթեր, ձեռագիրներ, հեղինակին հէքեաթներու եւ պատմուածքներու նիւթերով ստեղծուած պատկերներ։ Առաջին յարկին չորս սրահներէն կ՚անցնի մեծ գրողին կեանքը՝ ծնունդէն մինչեւ մահ: Առաջին յարկը, գողտրիկ անկիւնի մը մէջ կրկնօրինակուած է Թիֆլիզի «Վերնատուն»ը, որ 1899 թուականին Թումանեան հիմնած է Թիֆլիզի իր տան վերի յարկին մէջ, եւ որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը եղած է հայ գրողներու եւ մտաւորականներու հաւաքատեղին՝ Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ: Ահաւասիկ, այդ հաւաքատեղիին նմանօրինակը ստեղծելով, երեւանեան թանգարանի այցելուները կը փոխադրուին անցեալ դարեր, յիշեցնելով, որ թիֆլիզեան «Վերնատուն»ի մէջ կը կոփուէր հայ մտաւորական միտքը՝ տալով արժէքաւոր արգասիքներ: Թումանեանի գլխաւորութեամբ «Վերնատուն»ի մէջ կը հաւաքուէին Ղազարոս Աղայեանը, Լեւոն Շանթը, Դերենիկ Տեմիրճեանը, Կոմիտասը, Բաշինջաղեանը, Իսահակեանը եւ այլ մեծեր՝ իմաստուն զրոյցներով ջերմացնելով աւանդական դարձած հանդիպման օրերը:
Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին երկրորդ յարկին վրայ գտնուող վեց սրահներուն մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ վերարտադրուած է Թումանեանի թիֆլիզեան վերջին բնակարանը՝ վեց սենեակներով, նոյնութեամբ պատրաստուած կահոյքով եւ ժամանակին եղած կահաւորանքով։
Այստեղ կը պահպանուի գրողին Թիֆլիզի տան մթնոլոտը։ Ցուցասրահին ամբողջ ցուցադրութիւնը բանաստեղծի տան ճաշասենեակին, հիւրասենեակին, աշխատասենեակին առարկաներն են։
Նոյն յարկին վրայ, անջատ սրահի մը մէջ, ներկայացուած է թանգարանի մեծագոյն արժէքներէն մին՝ Յովհաննէս Թումանեանի անձնական բացառիկ ու բազմաբնոյթ գրադարանը՝ 8150 գիրքով: Տասներեք պահարաններու մէջ պահուող գրականութիւնը ճոխ, հնատիպ գիրքերու եզակի հաւաքածոյ մըն է, որ տարիներու ընթացքին հաւաքած է ինքը՝ Թումանեանը: Մասնագէտները զայն նկատած են հայ գրողներուն ունեցած գրադարաններուն ամենահարուստ եւ բազմաբովանդակ գրադարանը, ուր հայերէն գրականութենէն զատ նաեւ օտար լեզուներով գիրքեր կը պահուին, ինչպէս նաեւ պարբերականներ եւ այլ արժէքաւոր հրատարակութիւններ: Գրադարանը տեսակաւորուած է ըստ թեմաներու, եւ գիրքերը խնամքով տեղադրուած են պահարաններուն մէջ: Թանգարանին աշխատակիցը հետաքրքրական պատմութիւն մը կը ներկայացնէ այս գրադարանին առնընչուող: Նախ՝ հոս պահպանուած է Թումանեանի ամբողջ կեանքին ընթացքին հաւաքած 10 հազար գիրքերէն միայն 8 հազարը: Մօտաւորապէս 2 հազար գիրք, ժամանակի ընթացքին, զանազան մարդիկ Թումանեանէն խնդրած են կարդալու եւ չեն վերադարձուցած: Եւ որպէսզի այլեւս մէկու մը գիրք չտայ, Թումանեան իր գրադարանին վրայ փակցուցած էր «Կը խնդրեմ չծխել եւ գիրք չխընդրել» գրութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, ան գրապահարանին ապակիները գոցած է նկարներով, քարտէսներով, որպէսզի իր տունը այցելողները չտեսնեն, որ պահարաններուն մէջ գիրք կայ: Այդ գրութիւնն ալ այսօր կը պահուի գրադարանին մէջ, բայց գրապահարանին դարակները այլեւս բաց են:
Ծանօթ է, որ Թումանեան կանոնաւոր կրթութիւն չէր ստացած, բայց ամենախոր գիտելիքներ ունեցող գրողներէն մին էր եւ այդ գիտելիքները ան ստացած էր ինքնակրթութեամբ՝ գիրքերու միջոցաւ:
Թումանեանի թանգարանը հարուստ է նաեւ կերպարուեստի գլուխգործոցներով, որոնց մէկ մասը զարդարած է Թումանեանի բնակարանը՝ տակաւին իր ողջ եղած ժամանակ: Գրիգոր Բաշինջաղեանի, Փանոս Թերլեմեզեանի գործերուն քով նաեւ նոր գործեր կը ցուցադրուին, որոնք ստեղծուած են մտաւորականին կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն ազդեցութեամբ: Հոս կան Մարտիրոս Սարեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Ալեքսանդր Գրիգորեանի եւ այլոց գործերը՝ թումանեանական թեմաներով: Թանգարանին ուշագրաւ անկիւններէն է նաեւ «Լոռուայ ձորը» համայնապատկերը, որուն դիտումին ժամանակ կը լսուին «Անուշ» օփերայէն հատուածներ՝ այցելուն տեղափոխելով Լոռի, ուր ծնած է Թումանեան:
Երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուի ընդարձակ, լուսաւոր դահլիճ մը նախատեսուած ցուցահանդէսներու, ձեռնարկներու, ներկայացումներու համար եւ այս օրերուն բազում ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան հոս մեծերու եւ մանաւանդ՝ երեխաներու համար: Թանգարանին ձմեռնային այգին թումանեանական թեմաներով քանդակներով լեցուած է, իսկ ներքին բակը՝ Թումանեանի սիրած պտղատու ծառերով ու ծաղիկներով բաց այգին կայ` փոքրիկ ջրաւազանով, որ փետրուարի այս տաք օրերուն աշխոյժ տրամադրութիւն կը սփռէ:
ԹՈՒԱՅԻՆ ՆՈՐԱՄՈՒԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վերջին տարիներուն նորագոյն արհեստագիտութիւնը մուտք կը գործէ նաեւ թանգարաններ. ահաւասիկ, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին անոր աշխատասենեակին մէջ, այցելուները կը դիմաւորէ Թումանեանի ողջագիրը՝ «Պատրանք Վերնատուն»ի մէջ անունով: Մանաւանդ այս մէկը այցելուներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ. այնպիսի տպաւորութիւն մը կը թողու, որ Թումանեան, որ երբեք չէ ապրած այդ շէնքին մէջ, ներկայ է եւ այցելուները անձամբ կ՚ողջունէ: Թանգարանին մէջ թուային միջոցներով կերտած են նաեւ 20-րդ դարասկիզբի թիֆլիզեան փողոցներէն մին, ուր ներկայ է նոյնպէս Թումանեան՝ կրկին թուային պատկերով: Ծանօթ է, որ Եղեռնէն ետք Թումանեան որբախնամ աշխատանքներ տարած է եւ այդ աշխատանքները նոյնպէս կարելի է տեսնել շարժապատկերներու միջոցաւ: Իսկ ձեռքի նորագոյն հեռաձայններ ունեցողները կարող են թանգարանին մէջ օգտուիլ TumanianMuseum AR/VR անվճար յաւելուածներէն: IOS եւ Android հեռաձայններուն համար ստեղծուած անվճար յաւելուածները ներբեռնելով՝ մարդիկ կարող են տեսնել Սասունցի Դաւիթին եւ անոր ձիուն՝ Քուռկիկ Ջալալիին կենդանացած պատկերը, թերթել բանաստեղծին տիկնոջ՝ Օլկային լուսանկարներու ալպոմը: Նոյն յաւելուածին միւս տարբերակով կարող են տեսնել «Լոռուայ ձորը»: Թուային այս երթը կը շարունակուի Թումանեանի հէքեաթներուն նիւթով եւ այցելուները կրնան տեսնել «Ձախորդ Փանոսը», «Անբան Հուրին» եւ «Ստուերներու թագաւորութիւնը»՝ եռաչափ տարբերակով։ Այս բոլորը թանգարանին մէջ այցելուներուն հասանելի են շատ մատչելի գիներով: Թանգարանները այլեւս անշարժ իրերու ցուցասրահներ չեն, եւ Թումանեանի թանգարանի մէջ, ինչպէս ժամանակակից աշխարհի շատ թանգարաններէն ներս, կ՚իրականացուին կրթական ծրագիրներ, կ՚արտադրուին յուշանուէրներ, հագուստ ու թումանեանական նիւթերով իրեր ու խաղեր, որոնց մէջ կայ նաեւ Թումանեանի՝ իր երեխաներուն համար յօրինած խաղ-հանելուկը:
Յովհաննէս Թումանեանը ծանօթ էր նաեւ որպէս սիրողական լուսանկարիչ։ Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին անոր հեղինակած լուսանկարները, գիրք մըն ալ տպուած է՝ «Թումանեանը՝ լուսանկարիչ» խորագրով, իսկ անոր լաւագոյն 18 լուսանկարները կը վաճառուին մէկ ալպոմով։
Ուրիշ հետաքրքրական յուշանուէր մըն է Պոլսոյ մէջ 1910 թուականին տպուած Կրիմ եղբայրներու հէքեաթներու ժողովածոյին վերատպութիւնը: Թումանեան գրավաճառէ մը գնած է զայն, գիրքին բնօրինակը ցարդ կը պահպանուի, իսկ թանգարանը 2013 թուականին վերահրատարակած է զայն՝ Պոլսոյ մէջ տպուած նոյն տառատեսակով եւ ձեւաւորումներով, կը վաճառուի հազար դրամով:
Թումանեանի թանգարանը Երեւանի ամենաշատ այցելուող հինգ թանգարաններուն կարգին է, իսկ թումանեանական այս օրերուն՝ թերեւս առաջինը:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ՝ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Անոր կախարդական գրիչը ուր դպաւ, կատարուեցաւ իսկական արուեստին հրաշքը - ըլլայ առակ թէ քառեակ, հէքեաթ թէ պատմուածք, հովուերգութիւն թէ վիպերգութիւն:
...Ան մեզի համար եղաւ այն, ինչ որ եղաւ Փուշկինը՝ ռուսերուն համար, Միցկեւիչը` լեհերուն համար:
Մեծ է նաեւ անոր կատարած քաղաքական դերը:
Կովկասեան ժողովուրդներուն եղբայրացման ջատագովներէն ամենամեծը եղաւ ան իր հզօր խօսքով եւ օրինակով: Եւ անմոռանալի պիտի մնայ անոր հոյակապ պատկերը:
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ՝ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Յովհաննէս Թումանեան ճառագայթող մարդ մըն էր: Բանաստեղծ՝ ոչ միայն գրիչով, այլեւ իր անձով, իր կեանքով եւ կենցաղով: Անսպառ վեհանձնութեան տպաւորութիւն մը կը գործէր, որովհետեւ ան ինքզինքը կը շռայլէր անհաշիւ: Կեանքի դժուար ճամբաներուն վրայ կը քալէր ձեռքերը բեռնաւոր գանձերով եւ շնորհներով: Հարուստ էր եւ զեղուն բարոյական ուժերով, գերակշիռ ուժերով, որովհետեւ նաեւ իր մղիչ ուժը սէրն էր:
Բայց ոչ արդի սերունդը, որ գալիք սերունդները կը մոռնան զինք: Վերագնահատման ամենախիստ բովերէն Յովհաննէս Թումանեանի անձը եւ երկը դուրս կու գան անեղծ եւ պայծառ: Ան իր էութեան ամենաբարձր արտայայտութիւններով միշտ պիտի մնայ ներկայ եւ թերեւս պիտի ըլլայ միակ հաստատ օղակը, որ ապագան պիտի կապէ անցեալին:
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ՝ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Կայ Մեծարենց, կայ Տէրեան, եւ բազում այլ քերթողներ կան, բայց Թումանեանն է անհաս Արարատը մեր նոր քերթութեան:
ԴՍԵՂԻ ՏՈՒՆԸ
Լոռիի գեղեցիկ գիւղերէն մէկուն՝ Դսեղի մէջ Թումանեանի ուրիշ թանգարան մը գոյութիւն ունի, որ 1939 թուականին՝ Թումանեանի ծննդեան 70-ամեակին առթիւ, վերածուած է տուն-թանգարանի:
1869 թուականի փետրուար 19-ին այս տան մէջ ծնած է ան, այստեղ անցուցած է իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը։ 1879-1883 թուականներուն ուսանած է Ճալալօղլիի (այժմ՝ Ստեփանաւան) երկսեռ դպրոցին մէջ, ապա մեկնած է Թիֆլիզ՝ ուսանելու Ներսիսեան դպրոցը:
Դսեղի այս տունը 19-րդ դարու 60-ական թուականներուն կառուցած է բանաստեղծին հայրը, գիւղի քահանան՝ Տէր Թադէոսը։
Տուն-թանգարանին շէնքը վերանորոգուած է սփիւռքահայ Գունտագճեան եւ Պուճիկեան ամոլներու նիւթական օժանդակութեամբ, 2002 թուականին՝ «Հայաստան» հիմնադրամին միջոցով։ Նորացուած է նաեւ ցուցադրութիւնը:
Թանգարանին մէջ կը պահպանուին եւ կը ցուցադրուին Թումանեանի կեանքն ու գործը ներկայացնող շուրջ երեք հարիւր մեծարժէք ցուցանմոյշներ։ Բակին մէջ տեղադրուած է գրողին կիսանդրին՝ քանդակագործ Այծեմնիկ Ուրարտուի 1953 թուականին քանդակած արձանը: Բակին մէջ կառուցուած է նաեւ մատուռ մը, ուր ամփոփուած է անոր սիրտը:
Դսեղի թանգարանը այս օրերուն նոյնպէս այցելուներու պակաս չունի: Հոն մթնոլորտը նոյնպէս յոբելենական է: Երէկ մեծ համերգ մը նախատեսուած էր յոբելեանի առթիւ:
Համերգէն եւ կառավարական ձեռնարկներէն յետոյ, այցելուները, բնականաբար, կը շրջին տունով: Անոնք առաջին յարկին վրայ կը տեսնեն հացատունը, մեծ սենեակը եւ երկու ցուցասրահ։ Վերջին երկուքին մէջ ներկայացուած ցուցանմոյշները կը պատմեն Թումանեանի տոհմաբանութեան, ծնողքին, Թիֆլիզի եւ Ճալալօղլուի մէջ ուսումնառութեան տարիներուն, գրողին գրական-հասարակական գործունէութեան մասին։
Երկրորդ յարկին մէջ գտնուող երկու սրահներէն ներս ցուցադրուած են բանաստեղծին մահճակալը, գրասեղանը, հագուստը եւ անձնական իրերը։
Դսեղցիները հպարտութեամբ իրենց գիւղին մէջ կ՚ընդունին Ամենայն Հայոց բանաստեղծին հայրական տունը տեսնելու գացած ամէն մարդու, ցոյց կու տան ոչ միայն թանգարանը, այլ նաեւ՝ գիւղը, որ հայոց լեռներուն եւ անտառներուն մէջ բազմած հրաշագեղ բնակավայր մըն է՝ ոչ միայն իր՝ Թումանեանի, այլեւ իր գրականութեան անմեռ հերոսներուն ծննդավայրը:
ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՍԻՐՏԸ
Թանգարանի աշխատակիցները կը պատմեն ուրիշ հետաքրքրական ու յուզիչ պատմութիւն մը, որ մեծ բանաստեղծին սիրտին մասին է: Այս պատմութիւնը կը պատմեն, երբ այցելուները կը հասնին թանգարանի այն հատուածները, ուր կը ցուցադրուին Թումանեանի Թիֆլիզի տան մէջ եղած դեղերուն փոքրիկ պատի պահարանը, իսկ յուշանուէրներու բաժնին վրայ կը վաճառուի այդ պահարանի բանալիներուն կրկնօրինակը: Գրողին մահէն ետք, այդ դեղատուփին մէջ սակայն դեղահատեր չէին պահուեր, այլ կը պահուէր բանաստեղծին սիրտը: 1921 թուականի աշնան Թումանեան կը մեկնի Պոլիս՝ հայ գաղթականներու համար օգնութիւն գտնելու նպատակով։ Քանի մը ամիս մնալէ ետք ան կը վերադառնայ հիւանդացած. 1922 թուականին կը վիրահատուի, ինքնազգացողութիւնը կը լաւանայ, սակայն սեպտեմբերին հիւանդութիւնը գլուխ կը բարձրացնէ, զայն կը տեղափոխեն Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մին եւ ան 1923 թուականին կը մահանայ Մոսկուայի հիւանդանոցին մէջ: Անոր հետ էին իր տասն երեխաներէն երեքը, եւ Թումանեանի որդիներէն Արեգը բժիշկէն կը խնդրէ եւ կը վերցնէ իր հօրը սիրտը: Ան նամակ մը կը գրէ իր եղբօրը, ըսելով՝ ես չուզեցի՝ հայրիկի բարի սիրտը թափել, յանդուգն քայլ մը առի եւ վերցուցի: Թիֆլիզի Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ գրողը կը յուղարկաւորեն, իսկ սիրտը՝ աւելի քան քսան տարի կը պահեն տան պատի դեղատուփին մէջ: Օր մը Թիֆլիզ Թումանեաններուն հիւր կու գայ գրող Աւետիք Իսահակեանը, եւ անոր, իբրեւ յարգանք, գիշերելու համար կը յատկացնեն Թումանեանի սենեակը, ուր պատին կար դեղատուփը: Իսահակեան ամբողջ գիշեր չի կրնար քնանալ եւ տնեցիները զայն առտուն կը գտնեն շատ անհանգիստ վիճակի մէջ եւ երբ կը պատմեն, որ պատի պահարանին մէջ կայ գրողին սիրտը, Իսահակեան կը հասկնայ իր անքնութեան պատճառը եւ խորհուրդ կու տայ սիրտը տան մէջ չպահել: Թումանեանի սիրտը կը ղրկեն Երեւանի Բժշկական համալսարան, ուր համապատասխան կերպով կը պահուի, ապա, գրողին կտակին համաձայն, բանաստեղծին սիրտը 1994 թուականին կը յուղարկաւորուի իր ծննդավայր Դսեղի հայրական տան բակին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ