ՌՈԺԷ ԿԱՍՊԱՐԵԱՆ. ԱՌԱՍՊԵԼԻ ՄԸ ՀԵՌԱՑՈՒՄԸ…
Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ լուսանըկարիչ Ռոժէ Կասպարեան, վերջերս, «Ազնաւուր» հիմնադրամին հետ համագործակցութիւն մը ունեցաւ՝ Ֆրանսայի մէջ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկի ծիրէն ներս… Իսկ այսօր արդէն նոյն «Ազնաւուր» հիմնադրամը կը գուժէ մահը Ռոժէ Կասպարեանի՝ «60-ականներու աչքը» կոչուած նշանաւոր լուսանկարիչի, որ արուեստագէտի մնայուն ու անկրկնելի հետք ձգած է լուսանկարչական արուեստին մէջ: Ամիսներ առաջ ալ Փարիզի մէջ բացուած էր Ռոժէ Կասպարեանի անհատական ցուցահանդէսը՝ «Ազնաւուրը Կասպարեանի աչքերով» խորագրով: Այդ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր Շարլ Ազնաւուրի բազմաթիւ յայտնի եւ անծանօթ լուսանկարները, որոնց հեղինակը անոր հայրենակիցն է՝ տաղանդաւոր Ռոժէ Կասպարեանը, որ հակառակ համաշխարհային բազմաթիւ երգիչներու, դերասաններու, աստղերու հետ մտերմութեանը եւ զանոնք լուսանկարած ըլլալու հանգամանքին, առանձնակի կապով կապուած էր Ազնաւուրին հետ:
Ցուցահանդէսը բացուած է Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի մէջ. վայրը պատահական չէր ընտրուած. Ազնաւուրի կենսագրութիւնը սերտօրէն կապուած է Փարիզի 9-րդ թաղամասի եւ յատկապէս Նաւարէն փողոցի հետ, ուր բնակած էր իր ընտանիքին հետ:
1960 թուականին Փարիզի «Ալհամպրա» սրահին մէջ Ազնաւուրի յայտնի համերգի ժամանակ Ռոժէ Կասպարեան առաջին անգամ լուսանկարած է Ազնաւուրը եւ ատկէ ետք արդէն ստեղծած է մեծ երգիչի հազարաւոր նկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը զատ պատմութիւն ունի: Այդ լուսանկարները կը պատմեն ոչ միայն Ազնաւուրի մասին, այլեւ կը վկայեն Ռոժէի տաղանդին մասին, քանի որ ան որսացած է երգիչի էութիւնը բացայայտող ամենակարեւոր պահերը:
Ռոժէ Կասպարեան, ըլլալով շռնդալից փառքի գագաթին եւ լուսանկարելով ամենանշանաւոր արուեստագէտները, ամբողջ սիրտով եւ հոգիով կապուած էր հայութեան ու Հայաստանին։ Վերջին տարիներուն ան յաճախ կ՚այցելէր Հայաստան, հայկական մարզեր, ուր անթիւ, անհամար լուսանկարներ ստեղծած է՝ սկսած գիւղական պատկերներէ մինչեւ եկեղեցիներ, դիմանկարներ:
ՄԱՀԸ՝ ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԻ ՄԷՋ
2020 թուականի Արցախի պատերազմէն յետոյ լուսանկարիչը իր դստեր՝ Լիտիայի հետ այցելած է Արցախ՝ վաւերագրելու պատերազմի աւերածութիւններն ու մշակութային յուշարձանները, եկեղեցիներն ու վանքերը: Յետագային այդ լուսանկարները ցուցադրուած են աշխարհի զանազան ցուցասրահներու մէջ՝ վկայելով հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան արցախեան ծանր շրջանի մասին եւ այդ լուսանկարները այսօր այլեւս պատմական են…
Մէկ տարիէն աւելի է՝ լուսանկարիչը չէր կրնար ոտք դնել Արցախ, ան փնտռելու սկսած էր այլ հայկական վայրեր, հասած էր Վրաստանի Ջաւախք հայկական շրջանը:
Ճակատագրի դառն հեգնանքով լուսանկարիչը իր մահկանացուն կնքած է Վրաստանի հայաբնակ Ախալքալաք շրջանի հեռաւոր մէկ անկիւնը, ուր հայկական գիւղերը, այդտեղ ապրող հայերը լուսանկարելու մեկնած էր ան: Մինչ այդ ունէր առողջական լուրջ խնդիրներ՝ քաղցկեղ, որուն, կ՚ըսէին, թէ լուրջ չէր վերաբերիր, եւ մահացած է վարակէ մը, որ կը յարուցէ եղանակային փոփոխութիւնը:
Ռոժէ Կասպարեան 86 տարեկան էր: Անոր մահը գուժեց նաեւ ֆրանսական մամուլը՝ յիշեցնելով, որ անցեալ դարու կէսերուն Ֆրանսայի երաժշտական պատմութիւնը լուսաբանած լուսանկարիչը հայ էր եւ միշտ կը հպարտանար իր ազգութեամբ:
Իր արմատներուն մասին խօսելու ժամանակ միշտ կը յիշէր գաղթի ճանապարհ անցած իր հայրը՝ Վարազդատ Կասպարեանը, որու ծնողքը սպաննուած էին, եւ Վարազդատ Կասպարեան, իր ութսուն բախտակիցներու հետ, փրկութեան ճանապարհներով տարուած էր ֆրանսական Պլուա քաղաքը, ուր որբերուն կը խնամէին եւ կրթութիւն կու տային: Հայրը այդտեղ սորված է լուսանկարչութիւն, որ յետոյ իր զաւկին սորվեցուցած է: Խնամքի կեդրոնէն ետք Վարազդատ Կասպարեան Փարիզ գացած եւ կատարելագործած է արհեստը, իսկ յետոյ արուեստանոց բացած է Փարիզի արեւելեան արուարձան Մոնթրէօի մէջ: Արուեստանոցը ոչ միայն հանապազօրեայ հաց վաստկելու միջոց էր, այլեւ՝ Ֆրանսային ծանօթանալու, ֆրանսացիներու հետ մտերմանալու առիթ եւ ի վերջոյ, հայկական աւանդութեան համաձայն, արհեստը որդիին փոխանցելու հնարաւորութիւն, քանի որ Ռոժէն եղած է հօր օգնականը այդ գործին մէջ:
Ռոժէ Կասպարեան լուսանկարչութիւնը ընտրած է իբրեւ մասնագիտութիւն եւ գրեթէ երկու տասնամեակ խցիկը ձեռքը՝ շրջած է ֆրանսական, եւրոպական քաղաքներով, վազած է համերգասրահէ համերգասրահ, օդակայանէ օդակայան, երգիչներու հանդերձարաններէն մինչեւ անոնց պանդոկի սենեակները ան ել ու մուտ ունէր, եղած է ամենաանհաւանական վայրերու մէջ եւ լուսանկարած է 1960-ականներու ֆրանսական, անգլիական ճազ, փոփ, ռաք եւ այլ ժանրի գրեթէ բոլոր աստղերը: Անոր լուսանկարները տեղ գտած են հաւաքածոներու, թանգարաններու մէջ: Ժամանակին ատոնք կը վաճառուէին մեծ գիներով, եւ լուսանկարիչը ուրախ էր, որ իր գործի արգասիքը գնահատողներ կան:
1960-70-ականներուն Ռոժէ Կասպարեան բաւականին յայտնի էր, անոր լուսանկարները նաեւ կը յայտնուէին ժամանակի ամսագիրներու կողքերուն, սակայն յետոյ ան իր աշխոյժ գործունէութիւնը դադրեցուց եւ կարծես մոռցուեցաւ իբրեւ հեղինակ: Ինք կամովին դադրած էր իրադարձութիւններու կեդրոնը ըլլալէ, քանի որ երաժշտական խելայեղ աշխարհը կը պարտադրէր գիշերային կեանք, վազք, աստղերու հետ մտերմութիւն՝ խմիչք, թմրանիւթեր, անառողջ կեանք, որու մէջ ակամայէն յայտնուած էին բազմաթիւ արուեստագէտներ: Իսկ Ռոժէն նոյնիսկ ծխախոտ չէր ծխեր, այդ ժամանակ արդէն ամուսնացած էր, երեխաներ ունէր, եւ գերադասեց ընտանեկան կեանքը՝ պանդոկներու եւ օդակայաններու ճանապարհներուն արթուն պահակ ըլլալէն: Իսկ մինչ այդ արդէն հասցուցած էր լուսանկարել բրիտանական աշխարհահռչակ ռաք խումբի՝ «Տը Պիթըլզ»ի անդամները, անոնց շրջապտոյտները, համերգները, զանազան իրավիճակներու մէջ յայտնուած երաժիշտները: Նմանապէս կը լուսանկարէր բրիտանական մէկ այլ աշխարհահռչակ ռաք խումբի՝ «Ռոլինկ Սթոնզ»ի անդամները, որոնք 1960-ականներուն իրենց պահանջուածութեամբ կը համարուէին «Տը Պիթըլզ»ի գլխաւոր մրցակիցները։
Ռոժէ Կասպարեանի խցիկը որսացած է ֆրանսացի դերասանուհի եւ երգչուհի Ֆրանսուազ Արտիի, դերասան Քլոտ Ֆրանսուայի, ֆրանսացի երգիչ, ֆրանսական շանսոնի աստղ Ճոնի Հոլիտէյի, որ ի դէպ, եղած է հայկական ծագումով երգչուհի եւ դերասանուհի Սիլվի Վարդանի ամուսինը, եւ Սիլվի Վարդանը, բնականաբար, նոյնպէս նկարած է Ռոժէ Կասպարեան: Ան ամբողջական շարքեր ունի նուիրուած ամերիկացի երգչուհի, դաշնակահարուհի Նինա Սիմոնին, ամերիկացի կոյր երաժիշտ Ռէյ Չարլզին եւ շատ այլ յայտնիներու:
ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ ՀԵՏ ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆ
Ֆրանսական մամուլին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ռոժէ Կասպարեան պատմած է. «Երբ ես սկսայ նկարել արուեստագէտներուն, իմ նպատակս էր հանդիպիլ Ազնաւուրին: Եւ երբ լսեցի, որ «France Soir»ը լուսանկարիչ կը փնտռէ Ճոնի Հոլիտէյն ու Ազնաւուրը նկարելու համար, ես ամէն ինչ ըրի, որպէսզի այդ թղթակցութիւնը ե՛ս ընեմ: Հաւանաբար գիտէք, որ Ճոնին մէկ տարի ապրած է Ազնաւուրին հետ եւ անոր համար երգ գրած է: Այն ժամանակ Ճոնին արդէն կայացած էր, զինքը բոլորը կը ճանչնային: Այն ժամանակ մենք բջիջային հեռախօսներ չունէինք, ուստի ոչ թէ սելֆիներ կը խնդրէինք, այլ՝ ինքնագրեր: Ճոնին հաղորդակցութեան մէջ էր այն մարդոց հետ, ովքեր կը սիրէին զինք»:
Այդպէս լուսանկարիչը մտերմացած է նաեւ իր հայրենակցի՝ Ազնաւուրին հետ, ականատեսն էր անոր օրէ օր աճող փառքին, ներկայ եղած է համերգներուն, ձիարշաւներուն, լողափի եւ միւս խնջոյքներուն, ընկերական հաւաքներուն, որոնց կը մասնակցէր երգիչը:
Ռոժէ Կասպարեան իր առաջին ցուցահանդէսը ունեցած է Լոնտոն։ Հաւաքորդները նկատած էին անոր հետաքրքրական լուսանկարները եւ գնած էին հատ մը, որուն մէջ Սիլվի Վարդանն էր եւ Ֆրանսուազ Արտին: Անոնք չեն գիտցած՝ ովքե՛ր են նկարներու մէջ, բայց գնած են, քանի որ շատ հաւնած են պատկերները: Յետոյ արդէն յայտնի դարձած է, որ ֆրանսական երգի եւ նորաձեւութեան նշանաւոր դէմքեր են նկարին մէջ: Այդպէս ճանչցուած է լուսանկարիչը: Այսօր այդ լուսանկարը արդէն պատմական է:
Աւելի քան երեսուն տարի մոռացութեան մատնուելէ յետոյ Ռոժէ Կասպարեանի արխիւը անցեալին կրկին ցուցադրուելու սկսաւ Ֆրանսայի մէջ: Զաւակները, ազգականները, ընկերները եւ անոր արուեստը գնահատողները մէկը միւսի ետեւէն կազմակերպեցին ցուցահանդէսներ եւ նոր ժամանակներու լոյսերու ներքոյ ներկայացուցին 1960-ականներու արուեստը: Ֆրանսական, անգլիական երգարուեստի մէջ այդ տարիներու բոլոր աստղերէն զատ նկարած է նաեւ Եւրոպա հիւրախաղերու գացած ամերիկացիներն ու այլ աստղեր: Իսկ հայաստանեան լուսանկարներու շարքը արդէն զատ ցուցահանդէսներու նիւթ էր:
ՍԻԼՎԻ ՎԱՐԴԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Ազնաւուրէն զատ հայ անուանի երգիչներէն Ռոժէ Կասպարեան ամենաշատը նկարած է Սիլվի Վարդանը: Սիլվի Վարդան իր ծնողքին հետ Ֆրանսա տեղափոխուած էր իր ծննդավայր Պուլկարիայէն՝ 1952 թուականին: Ֆրանսական բեմական արուեստին մէջ իր առաջին քայլերը կատարած է տասնվեց տարեկանին եւ բաւական շուտ ճանաչում ձեռք բերած. ան յատկապէս յայտնի դարձած է Շարլ Ազնաւուրի «Պարի դուրս եկող ամենագեղեցիկ աղջիկը» երգով: Ճոնի Հոլիտէյէն բաժնուելէ յետոյ ամուսնացած է ամերիկացի բեմադրիչ Թոնի Սքոթիի հետ:
1960-ականներէն մինչեւ 1970-ականներու կէսերը առաջին ամուսնին՝ Ճոնի Հոլիտէյին հետ ունեցած ելոյթներուն ընթացքին, Փարիզի «Օլիմփիա» եւ «Քոնկրէս» դահլիճները լեցուած են ներկաներու հոծ բազմութեամբ։ 2004 թուականին, երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Սիլվի Վարդան կը սկսի ձայնագրել եւ ելոյթներ ունենալ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ։ Երգչուհիի բոլոր ձեռնարկներուն, համերգներուն, անոր մասին նիւթերուն կը հրապարակուէին Ռոժէ Կասպարեանի կատարած լուսանկարները, որովհետեւ Սիլվի Վարդան զինք կատարեալ կը զգար այդ լուսանկարներով: Ան այնքան երախտապարտ էր իր հայ հայրենակցին՝ երիտասարդութեամբ եւ արուեստով լեցուն իր տարիները պատմութիւն դարձնելու համար: Այս տարի նաեւ կը տօնուի Սիլվի Վարդանի 80-ամեակը:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ՝ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՄԵԿՆԱՐԿ
Փետրուարի սկզբին Ֆրանսայի մէջ «Ազնաւուրը դասական հնչողութեամբ» համերգային ծրագրով պաշտօնապէս մեկնարկած են ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, Հայաստանի Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումները: Ազնաւուրի երգարուեստին նուիրուած երեկոն սկսած է Քաննի ազգային նուագախումբի ելոյթներով՝ խմբավար Ֆիլիփ Պերանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ Ազնաւուրի հարսի՝ Քրիստինա Ազնաւուրի (մեներգիչ) եւ Էրիք Պերշոյի (դաշնակահար) մասնակցութեամբ:
Համերգը տեղի ունեցած է Քաննի փառատօներու եւ քոնկրէսներու պալատին մէջ: Մինչ այդ, ինչպէս ծանօթ է՝ 2023 թուականի նոյեմբերին ԻՒՆԷՍՔՕ-ն որոշած էր Շարլ Ազնաւուրի եւ Սերկէյ Փարաճանովի 100-ամեակները ներառել 2024-25 թուականներու կարեւոր իրադարձութիւններու եւ յայտնի մարդոց յոբելեաններու օրացոյցին մէջ։ Ի պատիւ Ազնաւուրի դարադարձին՝ Փարիզի քաղաքապետարանը, յարգանքի տուրք մատուցելով ֆրանսահայ արուեստագէտին եւ մարդասէրին, Էլիզէի պալատի այգիներու ընդգրկուն հատուած մը կը վերանուանէ Շարլ Ազնաւուրի անունով։ Փարիզի կեդրոնը գտնուող այս տարածքը ժամանակաւորապէս փակ կ՚ըլլայ վերանորոգման ու բարեկարգման աշխատանքներու նպատակով եւ կը վերաբացուի հանրութեան առջեւ 2024-ի գարնան:
100-ամեակի ձեռնարկները նոր սկսած են եւ կը շարունակուին մէկ տարուան ընթացքին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024