İSTANBUL MODERN-Ի ՄԷՋ ՍԵԴԱ ՇԷԿՈՅԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Իս­թան­պու­լի Ար­դի ա­րուես­տի թան­գա­րա­նէն ներս ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ «Artists» ծրագ­րին շրջագ­ծով ձեռ­նարկ մը, ո­րու ա­տե­նա­խօսն էր Հա­յաս­տա­նէն արուես­տա­բան Սե­դա Շէ­կո­յեան։ «Artists»ը 2014-2015 թուա­կան­նե­րուն վրայ տա­րա­ծուած շար­ժան­կա­րի մի­ջազ­գա­յին նա­խա­գիծ մըն է, որ կ՚ընդգր­կէ մի­ջազ­գա­յին ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ժա­պա­ւէն­նե­րը։ Ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կը, որ մաս կը կազ­մէր նոյն ծի­րին, ցո­լա­ցուց Թուր­քիա­յէն եւ Հա­յաս­տա­նէն զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րու վեց ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու գե­ղա­րուես­տա­կան հա­սա­րա­կաց խնդիր­նե­րը։ 2000 թուա­կա­նէն վերջ կա­տա­րուած վի­տէո­յի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու վրա­յով լու­սար­ձա­կի տակ առ­նուե­ցան այդ հար­ցե­րը։

Սե­դա Շէ­կո­յեան, որ ան­ցեալ Հոկ­տեմ­բե­րէն ի վեր կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ, անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ վի­տէո­յի ա­րուես­տին։ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի «Թուր­քիա-Հա­յաս­տան կրթա­թո­շա­կի ծրա­գիր»ին շրջագ­ծով ան կը գտնուի քա­ղա­քիս մէջ եւ իր կե­ցու­թեան շրջա­նին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էր ե­րէկուան ե­լոյ­թին հա­մար։

Մո­թիֆ­նե­րու, թե­մա­նե­րու եւ մօ­տե­ցում­նե­րու դա­սա­ւո­րում­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուե­ցան ե­րէկ ցու­ցադ­րուած վի­տէո­յի գոր­ծե­րը։ Թե­մա­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ շեշ­տը ան­ցեա­լի, պատ­մու­թեան, յի­շո­ղու­թեան, վաս­տա­կի, բնու­թեան եւ մշա­կոյ­թի վրայ դրուած էր։ Մո­թիֆ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ շեշ­տուած էին շար­ժում­նե­րը, ճար­տա­րա­պե­տու­թիւնն ու բնու­թիւ­նը։ Իսկ վեր­ջին դա­սա­ւո­րու­մը յատ­կա­ցուած էր Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի ան­ցեա­լին, այ­սօ­րուան եւ հա­ւա­նա­կան հա­սա­րա­կաց ա­պա­գա­յին՝ հա­մա­տեղ պատ­մու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ ապ­րում­նե­րու հի­ման վրայ։

Սե­դա Շէ­կո­յեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուած գոր­ծե­րուն հե­ղի­նակ­ներն էին՝ Տիգ­րան Խա­չատ­րեան, Ով­սան­նա Շէ­կո­յեան, Տիա­նա Յա­կո­բեան, Սե­ֆէր Մե­մի­շօղ­լու, Կիւլ­սիւն Քա­րա­մուս­թա­ֆա եւ Ա­լի Քազ­մա։

 

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015