Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­մո­ռա­նա­լի նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լէ­րիի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին նկար­չու­թեան մրցոյ­թը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Քրիս­տին Սա­լէ­րիի մա­հէն վերջ իր հա­րա­զատ­նե­րը հիմ­նե­ցին հիմ­նարկ մը, ո­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հե­տա­մուտ է մե­ծա­նուն նկար­չու­հիի յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նե­լու եւ ա­նոր ժա­ռան­գը սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու։ Այս ամ­բող­ջին մէջ «Քրիս­տին Սա­լէրի» հիմ­նար­կին կող­մէ յա­ռաջ տա­րուած կա­րե­ւո­րա­գոյն ծրա­գիր­նե­րէն մին է այս միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցոյ­թը։ Այս տա­րի ար­դէն վե­ցե­րորդ ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցոյ­թը՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան։ Դա­տա­կազ­մի ան­դամ­ներն են յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ­ներ՝ Մառ­լէն Թե­քիր­տաղ­լը­ճան, Ար­թին Տե­միր­ճի, Ռե­հան Սա­րը­պայ եւ Մայ­տա Սա­րիս։

Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցոյ­թը նա­խա­տե­սուած էր եր­կու փու­լով։ Ա­ռա­ջին փու­լին նա­խակր­թա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը տա­րին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք։ Երկ­րորդ փու­լին՝ միջ­նա­կար­գի եւ լի­սէի տղա­քը ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ձիր­քե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր փու­լի սկիզ­բին Ռե­հան Սա­րը­պայ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ մաս­նա­կից­նե­րէն ակն­կա­լուա­ծին շուրջ եւ տղա­քը նա­խա­տե­սուած ժամ­կէ­տին մէջ սահ­մա­նուած նիւ­թե­րու շուրջ կա­տա­րե­ցին նկար­չու­թեան փոր­ձեր։

Ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ այս ծրագ­րին զօ­րա­կից քա­նի մը կա­մա­ւոր­ներ։

Այս մրցոյ­թին պար­գե­ւա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Մա­յի­սի 13-ին՝ դար­ձեալ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017