36 ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Լուսանկարչութեան աշխարհի հնագոյն թանգարանի՝ Նիւ Եորքի Ճորճ Իսթմընի թանգարանին մէջ, ի թիւս բազում հազուագիւտ լուսանկարներու եւ իրերու, կը պահպանուի նաեւ լուսանկարչական ժապաւէնի փաթոյթ մը, որ իր պատմութեամբ եզակի է, եւ որուն 36 քատրերուն վրայ նաեւ պոլսահայ նշանաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլէրին դիմանկարը կայ: Այդ ժապաւէնը թանգարանին յանձնած է մեր ժամանակներու ուրիշ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ մը՝ Սթիւ ՄըքՔերին: Թանգարանի այցելուները կը ծանօթանան «Քոտաք» ընկերութեան հիմնադիրի՝ Ճորճ Իսթմընի կեանքին, անոր կատարած գիւտերուն, ստեղծած առաջին լուսանկարչական սարքին եւ այն յեղափոխութեան, որ լուսանկարչական սարքին յայտնաբերումով տեղի ունեցաւ աշխարհի մէջ: Իսթմընը «Քոտաք» ընկերութիւնը հիմնած է 1881 թուականին, իսկ 1935 թուականին ընկերութիւնը ստեղծած է առաջին գունաւոր ժապաւէնը, որ արտադրուած է մինչեւ 2009 թուականը: Այդ ժապաւէնին վերջին կոճն է, որ կը պահուի թանգարանին մէջ եւ անոր պատմութիւնը յոյժ հետաքրքրական է:
2012 թուականին «Քոտաք» աշխարհահռչակ ընկերութիւնը, մէկ դարէ աւելի գոյատեւելէ ետք, ինքզինք սնանկացած յայտարարեց, որովհետեւ չկրցաւ դիմանալ թուային խցիկներու մրցակցութեան: «Քոտաք»ը, որ 20-րդ դարու իր ասպարէզին մէջ անպարտելի էր եւ ճանչցուած էր որպէս դարու ամենէն սուղ չորս ապրանքանիշերէն մին՝ դուրս մնաց շուկայի արագընթաց փոփոխութիւններէն եւ 2009 թուականէն սկսեալ դադրեցուց իր նշանաւոր ծրար-ժապաւէններու արտադրութիւնը: Նախ դադրեցուց Kodachrome-ի, իսկ յետոյ՝ Ektachrome-ի արտադրութիւնը: Բազում արհեստավարժ եւ սիրողական լուսանկարիչներ ցնցում ապրեցան «Քոտաք»ի այն ժամանակուան այս որոշումէն, հակառակ անոր որ ակներեւ էր թուային լուսանկարչութեան արագ քայլերով մուտք գործելը ժամանակակից կեանք: Կոճաւոր ժապաւէններուն վարժուած շատ լուսանկարիչներ ցաւոտ ընդունեցին այս յեղափոխութիւնը, քանի որ մանաւանդ Kodachrome ժապաւէնին որակը անգերազանցելի կը գնահատէին, որ գեղեցիկ գոյներ կ՚երեւակէր եւ որակային իմաստով ժամանակի քննութեան կը դիմանար:
Աշխահահռչակ ամերիկացի լուսանկարիչ Սթիւ ՄըքՔերին պատմական այս պահը օգտագործելով դիմեց «Քոտաք» ընկերութեան եւ խնդրեց իրեն տալ արտադրութեան վերջին գլանակաւոր ժապաւէնը: Ընկերութիւնը չէր կրնար մերժել նշանաւոր լուսանկարիչին խնդրանքը, որ աշխարհի մէջ ծանօթ էր իր լուսանկարներով, մանաւանդ՝ «Աֆղանցի աղջիկը» լուսանկարով: «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք» ամսագրի կափարիչին տպուած այս լուսանկարը՝ փախստական աֆղան աղջկան դէմքը՝ կանաչ ու վախցած աչքերով, նշանաւոր դարձուցած էր նաեւ հեղինակը՝ աֆղանական պատերազմի ժամանակ իբրեւ լուսանկարիչ աշխատած ամերիկացի Սթիւ ՄըքՔերին:
Սթիւ ՄըքՔերին իր լուսանկարչական ողջ գործունէութիւնը Kodachrome ժապաւէնով կատարած էր, Kodachrome-ով ալ լուսանկարած էր աֆղան աղջկան դէմքը: Ան աշխարհի հեռաւոր երկիրներ, թէժ կէտեր հասած եւ լուսանկարներու միջոցաւ կերտած էր իր ժամանակներու պատմութիւնը: Կ՚աւարտէր պատմութիւն մը եւ Սթիւ ՄըքՔերին կ՚որոշէ ինք եւս, խորհրդանշական կերպով, աւարտել իր գործունէութեան այդ մասը: Ան կ՚որոշէ պտըտիլ աշխարհը եւ վերջին փաթոյթին վրայ լուսանկարել 36 կարեւոր լուսանկար: «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք» ամսագրի խմբագրութեան ան տեղեակ կը պահէ իր մտադրութեան մասին եւ խմբագրութիւնը իր կարգին կ՚որոշէ ընկերակցիլ լուսանկարիչին եւ քայլ առ քայլ վաւերագրել անոր այս նախաձեռնութիւնը:
ՄըքՔերի կը հասկնայ, որ անփոյթ կերպով պէտք չէ գործածել վերջին կոճը: Ան ստիպուած էր երկար մտածել՝ ընտրութիւն կատարելու պատմութեան վերջին փաթոյթին համար, որ անուանի ընկերութիւնը թողարկած էր: Լուսանկարիչը, որ հազարաւոր անգամներ լիցքաւորած էր իր սարքը ժապաւէնով, վերջին ժապաւէնն անոր մէջ կը տեղադրէ յուզմունքով, զգուշութեամբ, ինչու չէ նաեւ՝ ափսոսանքով: Սթիւ ՄըքՔերի երկար կը թափառի Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ, սակայն դժուարութեամբ կ՚ընտրէ պատկերներ, որոնցմով պիտի դարձնէ փաթոյթը: Վերջապէս ան Նիւ Եորքի գետնուղիին՝ մեթրոյին մէջ կը կատարէ առաջին լուսանկարը, ցոյց տալով, թէ ինչպէս կեանքը կ՚եռայ աշխարհի մեծագոյն քաղաքներէն մէկուն գետնուղիին մէջ: ՄըքՔերի կ՚որոշէ արձանագրել նաեւ Նիւ Եորքի մէջ բնակող յայտնի դէմքեր: Ան երկար կը փնտռէ եւ վերջապէս կը գտնէ Ռոպերթ տէ Նիրոն՝ նշանաւոր դերասանը, որ իր շարժանկարներով գրաւած էր շատերուն սիրտերը:
Այնուհետեւ Սթիւ ՄըքՔերի կ՚որոշէ Նիւ Եորքէն մեկնիլ Հնդկաստան, ուրկէ որ սկսած էր լուսանկարիչի իր արհեստավարժ գործունէութեան: Ան վստահ էր, որ Հնդկաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ հոնկէ վերադարձի ճամբուն, ան պիտի արձանագրէ հետաքրքրական պատկերներ: Լուսանկարիչը կը ժամանէ աշխարհի ամենէն խիտ բնակեցուած քաղաքը՝ հնդկական Մումպայ (Պոմպէյ): Ան ծանօթ էր քաղաքին եւ հոն բնակող մարդոց կենսակերպին եւ անմիջապէս կ՚ուղեւորուի Մումպայի նշանաւոր թաղամասերէն մին՝ Տհարաւի, որ նաեւ Ասիոյ ամենամեծ յետնախորշը կը նկատուի: Այս թաղամասին մէջ գետնափոր տուներուն, հիւղակներուն եւ խրճիթներուն մէջ մօտ մէկ միլիոն աղքատ մարդ կը բնակի, հոս կարելի է տեսնել աղքատութեան դէմքը եւ նաեւ հոս կը գտնուի աշխարհի մեծագոյն շարժանկարային սթիւտիոներէն մին՝ հնդկական Պոլիվուտը: Տհարաւայի մէջ լուսանկարելով պարզ մարդոց դէմքեր, լուսանկարիչը կ՚որոշէ գտնել նաեւ հնդկական շարժապատկերի դէմքերէն մէկը եւ լուսանկարել, մանաւանդ, որ ժապաւէնին սկիզբը ուրիշ նշանաւոր դերասան մը լուսանկարած էր: ՄըքՔերի կը գտնէ հնդկական շարժապատկերային արուեստի յայտնի դերասաններէն Ամիտապի Պաչչանին եւ կը լուսանկարէ: Մումպայէն ետք, 60-ամեայ լուսանկարիչը կ՚ուղեւորուի Հնդկաստանի հեռաւոր շրջաններէն մէկը՝ Ռաճաստան, ուր քոչուոր ազգեր կը բնակին եւ որ կը նկատուի Հնդկաստանի կարեւոր նահանգներէն, որ նաեւ Հնդկաստանի ամենամեծ նահանգն է իր 68 միլիոն բնակչութեամբ: Պատմութեան մէջ շատ ճանապարհորդներ, լուսանկարիչներ եւ գրողներ անցած են Ռաճաստանէն՝ նկարագրելով անոր կեանքը, անսովոր մարդիկը, բնութիւնը, այնտեղ ապրող ժողովուրդին կորսուող մշակոյթը: Հոս է, որ փողոցին մէջ ռապարները կ՚ապրին իրենց կեանքը՝ գուշակութիւններով, օձ հմայելով, զարդեր պատրաստելով եւ զբօսաշրջիկներուն ներկայացնելով իրենց գունեղ ու շատ անսովոր առօրեան: Ռաճաստանի մէջ Սթիւ ՄըքՔերի կը կատարէ քանի մը հետաքրքրական լուսանկարներ, հիմնականօրէն՝ դիմանկարներ եւ կը մտադրէ վերադառնալ Նիւ Եորք, քանի որ ընդամէնը հինգ-վեց քատր մնացած էր կոճին մէջ, ան կը շտապէ լրացնել զանոնք եւ երեւակել լուսանկարները: Նիւ Եորք վերադարձին Սթիւ ՄըքՔերի կանգ կ՚առնէ Իսթանպուլի մէջ, ուր կը հանդիպի իր վաղեմի ընկերոջ՝ Արա Կիւլէրին: Անոնք երկար կը զրուցեն, եւ այդ դրուագը նոյնպէս տեղ գտած է «Նէյշընըլ» ամսագրին պատրաստած տեսանիւթին մէջ. փաթոյթին վերջին քատրերէն մէկով ՄըքՔերի կը լուսանկարէ Արա Կիւլէրը:
ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԴԷՊԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
Քայլերը լուսանկարիչը կը տանին Քանզաս նահանգը, ուր Պարսոնզ քաղաքին մէջ կը գտնուէր Kodachrome ժապաւէնի երեւակման վերջին տարրալուծարաննէրէն մէկը: Ժապաւէնը երեւակման տանելէ առաջ ՄըքՔերի Պարսոնզ քաղաքի գերեզմանատան մէջ կը լուսանկարէ Քաղաքացիական պատերազմի յուշակոթողը, անկէ առաջ ալ քատր մը նաեւ ինքզինք լուսանկարել կու տայ եւ ժապաւէնը զգուշութեամբ սարքէն հանելով, կը յանձնէ երեւակման:
«ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԸ»
Այդպէս կոչեց լուսանկարիչը Արեւելքէն Արեւմուտք պտըտած եւ միայն 36 լուսանկար պարունակող այդ ժապաւէնը, որով ոչ միայն ներկայացուց մարդկային պատմութիւններ, այլեւ աշխարհին պատմեց դարաշրջանի մը աւարտին մասին, որ կը կոչուի ժապաւէններու դարաշրջան եւ որու աւարտին ձեւով մը նաեւ ինք մասնակից եղաւ: ՄըքՔերի տարրալուծարանին մէջ կը սպասէ մինչեւ որ լուսանկարները յայտնուին, կը վերցնէ զանոնք, իսկ ժապաւէնը կը յանձնէ Նիւ Եորքի «Ճորճ Իսթմըն» թանգարանին:
Մօտ տարի մը առաջ «Քոտաք» ընկերութիւնը, որ 2013 թուականին դուրս եկած է սնանկացման ընթացակարգէն, յայտարարեց, որ մտադիր է վերսկսիլ գունաւոր ժապաւէններու թողարկումը: Լուրը արագ շջանառուեցաւ, շատեր ուրախացան, շատեր ալ զարմացան, որ պատմութեան մէջ առաջին դէպքը պիտի ըլլայ, որ յառաջընթացի մը հետեւանքով մոռցուած հինը կրկին վերադառնայ: Մինչ օրս տակաւին քայլերու չեն ձեռնարկուած «Քոտաք» ընկերութեան այդ յայտարարութեան գործադրման առումով, սակայն Սթիւ ՄըքՔերի ըսած է, որ եթէ այդպիսի բան մը պատահի, ինք առաջիններէն կ՚ըլլայ, որ կը սկսի նկարել ժապաւէններով: Լուսանկարիչը գաղտնիք մըն ալ բացայայտած է, ըսելով, որ իր սառնարանին մէջ տակաւին պահած է Kodachrome-ի քանի մը չգործածուած փաթոյթ, որ շուկայէն գնած է եւ չի պատկերացներ իր տունը՝ առանց անոնց ներկայութեան…
ԱՖՂԱՆ ԱՂՋԻԿԸ
Սթիւ ՄըքՔերի լուսանկարչական իր գործունէութեան սկսած է աֆղանական պատերազմին ընթացքին։ Տեղացիներուն հագուստը հագած ան հատած է աֆղանա-փաքիստանեան սահմանը եւ անցած վերահսկուող տարածքներ, ուր կատարած է հազուագիւտ լուսանկարներ: Այդ լուսանկարները հակամարտութեան առաջին լուսանկարներն էին եւ այդ տարիներուն լայնօրէն կը հրապարակուէին: ՄըքՔերի նուաճած է Ռոպերթ Կապայի ոսկէ մետայլը՝ որպէս լաւագոյն արտասահմանեան թղթակից։ Յետագային, ՄըքՔերի շարունակեց պատրաստել միջազգային հակամարտութիւններուն վերաբերեալ հարցազրոյցներ, այդ կարգին՝ Իրան-իրաքեան պատերազմին, Լիբանանի, Քամպոտոի, Փիլիպպեաններու քաղաքացիական պատերազմներուն, Պարսից ծոցի պատերազմին մասին։ ՄըքՔերիի լուսանկարները հրապարակուած են ոչ միայն «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք»ի մէջ, այլ նաեւ՝ ամբողջ աշխարհի զանազան ամսագիրներուն եւ օրաթերթերուն մէջ: 1986 թուականին ան դարձած է Magnum Photos-ի անդամ, իսկ անկէ տարի մը առաջ՝ 1985 թուականին, կատարած է իր ամենանշանաւոր լուսանկարը՝ «Աֆղանցի աղջիկ»ը՝ Փեշեւարայի մօտ գտնուող փախստականներուն համար նախատեսուած ճամբարին մէջ։ Պատերազմի ընթացքին աղջիկը իր մեծմօր եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ երկու շաբաթ հետիոտն հատած է լեռները, որպէսզի հասնի ճամբար: Անոր ծնողքը սպաննուած էին պատերազմի ժամանակ: Ճամբարին մէջ ալ լուսանկարիչը նկատած է կանաչ, հմայիչ աչքերով աղջիկը, որուն աչքերը հմայքէ աւելի վախ ու սարսափ կ՚արտայայտէին: ՄըքՔերի լուսանկարած է զայն: Լուսանկարը անուանուած է «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք»ի պատմութեան ամենայայտնի լուսանկարը, փախստական աղջկան դէմքը ամսագրին 1985 թուականի Յունիս ամսուան թիւի կողքին վրայ տպագրուելէ ետք ծանօթ դարձած է ողջ աշխարհին: Այս լուսանկարը կը նկատուի աֆղանական պատերազմին եւ առհասարակ, փախստականներուն խորհրդանիշը: Աֆղանցի աղջկան լուսանկարը յետագային կրկին վերատպագրուած է պաստառներու վրայ, գրքոյկներու մէջ, զայն ընդօրինակած են նկարիչներ, զանազան երկիրներու մէջ փողոցներու պատերուն ստեղծած են լուսանկարին կաւճանկարները: Աֆղանցի աղջկան լուսանկարը անուանած են «Աֆղանական Մոնա Լիզա»: Ասիկա պատմութեան այն դրուագներէն մին է, որ պատահական մարդիկ, յայտնուելով յայտնի ամսագիրի կողքին՝ դարձած են խորհրդանիշներ եւ պատմական իրադարձութիւն բնորոշող կերպարներ:
Amnesty International-ի օրացոյցներուն մէջ նոյնպէս տեղ գտած է աֆղանցի աղջկան լուսանկարը, բայց անոր անունը ոչ ոք գիտէր եւ անոր ինքնութիւնը տասնեօթ տարի կը մնար անյայտ: Պատահական արձանագրութեան մը պահուն ՄըքՔերի չէ կրցած գիտնալ աղջկան անունը եւ տեղեկանալ այլ մանրամասնութիւններու մասին: Տասնեօթ տարի շարունակ ՄըքՔերի ստացած է նամակներ, հեռաձայնային զանգեր. մարդիկ կ՚ուզէին գիտնալ աղջկան մասին, օգնել անոր: Եղած են նաեւ նամակներ տղամարդոցմէ, որոնք կ՚ուզէին ամուսնանալ կանաչ աչքերով աղջկան հետ: Բայց լուսանկարիչը ոչինչ գիտէր իր հերոսուհիին մասին, բացի այն, որ աղջիկը այդ ժամանակ աշակերտ էր փախստականական ճամբարի մը մէջ եւ ինք զայն լուսանկարելու թոյլտուութիւն ստացած էր փախստականներուն դասաւանդող ուսուցչուհիէն: Տարիներ շարունակ Աֆղանիստանը փակ էր Արեւմտեան աշխարհին, մինչեւ Միացեալ Նահանգներու ռազմագործողութեան իրականացումը: Երկրի մէջ դրութիւնը փոխուելէ ետք «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք»ի անձնակազմը եւ Սթիւ ՄըքՔերին 2002 թուականին կ՚որոշեն երթալ Աֆղանիստան եւ փնտռել աղջիկը: Փնտռտուքները կ՚ուղեկցուին ժապաւէնի նկարահանմամբ: Անոնք կ՚այցելեն բազում գիւղեր, տուներ եւ հարցուփորձ կ՚ընեն կանաչ աչքերով աղջկան մասին՝ ցոյց տալով լուսանկարը: Կանաչ աչքերով շատ կիներ սխալմամբ իրենք զիրենք կը նմանցնեն լուսանկարի աղջկան, սակայն ՄըքՔերին չի համոզուիր, հակառակ անոր որ տարիներ անցած են, սակայն ան վստահ էր, որ իր հերոսուհին երբ տեսնէ, կը ճանչնայ անմիջապէս, որովհետեւ այդ աչքերը տասնեօթ տարի ուղեկցած են իրեն՝ համաշխարհային փառք բերելով: Վերջապէս փնտռտուքին ծայրը կ՚երեւի: Գիւղերէն մէկուն մէջ, լսելով փախստականին պատմութիւնը, կը յայտնուին մարդիկ, որոնք կը ճանչնան Շարպաթ Կուլան, որ հատած է սահմանը, յետագային կրկին վերադարձած է Աֆղանիստան, սակայն երկրին մէջ տիրող անհանգիստ վիճակը ստիպած է անոր կրկին ետ Փաքիստան երթալ: Լրագրողները կը տեղեկանան, որ ան սահմանին մօտ վայրի մը մէջ կը բնակի, փոխած է անունը, ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած է: Ամերիկացի լրագրողներուն ուղեկցող տեղացիներուն խումբը գիւղերէն մէկուն մէջ կը գտնէ կանաչ աչքերով կինը, ՄըքՔերի անմիջապէս կը ճանչնայ զայն, իսկ յետագային մասնագէտներ կենսաչափական հետազօտութեամբ կը հաստատեն անոր ինքնութիւնը: Կինը կը յիշէր իր լուսանկարուելու պահը, որովհետեւ մինչ այդ ոչ ոք երբեք լուսանկարած էր զինք, բայց չէր գիտեր, թէ ինչ յաղթարշաւ արձանագրած էր իր պատանի դիմանկարը աշխարհի տարածքին: Ան ամսագիրի կողքին իր լուսանկարը առաջին անգամ կը տեսնէ այդ օրերուն միայն, երբ ինք աւանդական, արեւելեան կեանքով ապրող, առօրեայ հոգերէն կքած շուրջ 30-ամեայ կին մըն էր, որ կը խնամէր իր երեխաները եւ կը հնազանդէր ամուսինին: Ընտանիքին խնդրանքով «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք»ի խումբը չի հրապարակեր կնոջ գտնուած վայրը, քանի որ մօտ էր աֆղանա-փաքիստանեան սահմանին, եւ Կուլան ալ ստիպուած եղած է փաստաթուղթեր կեղծել՝ Աֆղանիստան չվերադառնալու եւ ռազմական գործողութիւններու մէջ չյայտնուելու համար: ՄըքՔերին երկրորդ անգամ կը լուսանկարէ զայն՝ Շարպատ Կուլան, եւ այս լուսանկարը եւս լոյս կը տեսնէ ամսագիրին՝ 2002 թուականի Ապրիլի թիւին մէջ: Ինչպէս կը պատմէ «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք»ի տեսանիւթը, արեւելեան բարքերուն համաձայն, Կուլա ամուսինէն արտօնութիւն կը ստանայ՝ դէմքը ծածկող քօղը բանալու եւ լուսանկարուելու համար: Մեծ յօդուած մը լոյս կը տեսնէ ամսագրին մէջ եւ ընթերցողներ կը տեղեկանան կանաչ աչքերով փախստական կնոջ ինքնութեան մասին, միեւնոյն ժամանակ «Նէյշընըլ Ճէոկրագիք» կայանը կը ցուցադրէ «Աֆղան աղջկայ որոնումները» խորագրով տեսանիւթը, որ մեծաթիւ դիտումներ կ՚արձանագրէ: Միջազգային կազմակերպութիւններ նուէրներ եւ պարգեւներ կ՚ուղարկեն փախստականներու գիւղին մէջ ապրող այս կնոջ ու ընտանիքին, վստահ, որ խմբագրութեան միջոցաւ նուէրները իր տեղը կը հասնին: «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք» կայանը այս առիթով կը ստեղծէ հիմնադրամ մը, որ միտուած էր աջակցելու աֆղանցի կիներու ուսման: Յետագային այդ հիմնադրամը վերանուանուեցաւ «Աֆղանացի երեխաներու հիմնադրամ», որ կ՚օգնէր կրթուիլ ոչ միայն աղջիկներուն այլ նաեւ՝ տղաներուն:
Այս պատմութիւնը ունի մէկ այլ շարունակութիւն. «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք»ի հետաքննութի՞ւնն էր պատճառը, թէ՞ Փաքիստանի իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութինը, Կուլան, այլ աֆղանցիներու հետ Փաքիստանի ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ եւ 2016 թուականին կ՚արտաքսէ երկրէն: Մինչ արտաքսուիլը Կուլա ստիպուած կ՚ըլլայ տասնհինգ օր ազատազրկուիլ եւ մօտ 1000 տոլար տուգանք վճարել՝ կեղծ փաստաթուղթերու համար: Աֆղանական կառավարութիւնը այդ ժամանակ յայտարարեց, որ պատրաստ է աջակցիլ երկիր վերադարձող աֆղանցիներուն, իսկ Սթիւ ՄըքՔերին իր կողմէ խոստացաւ սատարել Կուլային:
Շարպաթ Կուլայի լուսանկարի ազդեցութիւնը մինչ օրս չի դադրիր լուսանկարչական աշխարհին մէջ, ան մուտք գործած է նաեւ գեղարուեստ: «Շարպաթ Կուլայի աչքերը» խորագրով երգ գրած է ֆիննական ռաք խումբերէն մին, իսկ ամերիկացի բանաստեղծ մը քերթուած մը յօրինած է կանաչ աչքերով կնոջ մասին, որ օր ու գիշեր կ՚աշխատի եւ իբրեւ նախատիպ նկատի ունեցած է Շարպաթ Կուլան:
Իր բազում հարցազրոյցներու, յօդուածներու եւ գրութիւններու մէջ Սթիւ ՄըքՔերի ըսած է, որ ինք պտըտած է ողջ աշխարհը, շոգին եւ ցուրտին, լեռներու եւ անապատներու մէջ, պատերազմներու եւ խաղաղ օրերու, բայց այն փառքը, որ ստացած է Շարպաթ Կուլայի լուսանկարով, մնացած է անկրկնելի: Նոյնիսկ «Քոտաք»ի կողմէ տրամադրուած վերջին երեսունվեց քատրերը, հակառակ որ թանգարան մտան, բայց չունեցան նոյն փառքը, ինչ որ ունեցաւ լեռներով բոկոտն ճանապարհ կտրած փախըս-տական աղջիկը, որ վայրի վախով մը կը նայէ ոսպնեակին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ