ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պոնտօ ցեղախումբերու սովորութիւններէն

- Պոնտոյի ցեղախումբերը կը պատկանին հնդկական ցեղախումբերուն եւ Օրիսա շրջանին մէջ կ՚ապրին: Այս ցեղախումբի սովորութիւններէն է, որ ցեղի կիները կ՚աշխատին արտերուն մէջ եւ զարդեղէններ ու գործիքներ կը շինեն, իսկ մարդիկը կը զբաղին եղնիկներու որսով: Այդ ցեղախումբերուն համար ամօթալի է, որ տղամարդը մահանայ հիւանդութեան մը կամ վթարի պատճառով, այլ՝ պէտք է մահանայ պատերազմի դաշտին մէջ:

***

Պաուպա ցեղախումբերու սովորութիւններէն

- Պաուպա ցեղախումբերը կ՚ապրին Աւստրալիայէն 150 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Անոնք կ՚ապրին Պաուպա Նոր Կինէա նահանգին մէջ: Ամուսնութեան վերաբերեալ սովորութիւնները մինչեւ այսօր յատկանշական են այդ ցեղախումբերուն մօտ: Առ այդ, մինչեւ այսօր անոնց համար ամուսնութիւնը առեւտուր է, որ կախում ունի գինէն, առաջարկներէն ու պահանջարկէն: Օրինակի համար, եթէ հարսնացուին գինը 240 տոլար է, այդ գումարին կէսը կը տրուի կանխիկ, իսկ մնացած գումարին դիմաց՝ ծովախեցիներ կը տրուին:

***

Ոսկորներու պար

- Մատակասքարի մէջ լայն տարածում գտած ոսկորներու պարի սովորութիւնը կը նկատուի ամենէն տարօրինակ աւանդութիւններէն մէկը: Տեղացիները իրենց մեռելներուն գերեզմաններէն անոնց ոսկորները կը հանեն ու անոնցմով կը պարեն, ինչպէս նաեւ ճաշկերոյթներ կը պատրաստեն այս առիթով: Մահացողին հարազատները կը սկսին խօսիլ իրենց մեռելի ոսկորներուն հետ ու կը հարցնեն անոր, թէ իր մեռնելէն ասդին ինչե՞ր պատահած են իր հետ: Տեղացիները կը կարծեն նաեւ, որ այդ օրը մեռելներուն հոգիները կը հանդիպին ողջերու հոգիներուն:

***

Ճանճի օժիտ

- Չինաստանի մէջ ապրող որոշ ցեղախումբերու մէջ տարածուած է ճանճերը որպէս օժիտ ունենալու սովորութիւնը, որով հարսին ծնողները փեսային ծնողներէն կը խնդրեն, որպէսզի որոշակի քանակութեամբ ճանճեր հաւաքեն աղբակոյտերէ, եւ կամ ծառերուն վրայ քաղցրեղէն շպրտեն, որպէսզի ճանճերը հաւաքուին այնտեղ եւ անոնք կարենան որսալ, զանոնք որպէս օժիտ օգտագործելու համար: Տակաւին, փեսան պէտք է իր որսացած ճանճերով պատրաստուած պնակ մը ուտելիքը իր հարսնացուին դիմաց ուտէ:

***

Պանիրի փառատօն

- Այս սովորութիւնը հռոմէական ժամանակներէն կու գայ եւ ներկայիս լայն տարածում գտած է Անգլիոյ մէջ: Փառատօնին կ՚օգտագործուի պանիրի մեծ կտոր մը, որ եօթ քիլօ կը կշռէ: Այդ պանիրի մեծ կտորը բարձր բլուրի մը վրայէն կը գլտորեն, եւ ապա մրցողները կը սկսին այդ կտորին ետեւէն վազել. ով որ առաջին հասնի պանիրի այդ կտորին՝ կը շահի զայն:

***

Ամուսնական սովորութիւններ Հնդկաստանի մէջ

- Հնդկաստանի մէջ տարածուած ամուսնական աւանդութիւններէն մէկը այն է, որ աղջիկը ընտրելու համար իր փեսացուն, գաւազանով մը կը սկսի զարնել անոր գլուխին եւ կռնակին, եւ ան որ կը կարենայ դիմանալ այդ հարուածներուն՝ կը դառնայ զինք հարուածող աղջկան փեսացուն:

- Հնդկական Դոտա ցեղախումբին մէջ տարածուած ամուսնական աւանդութիւնն է, որ հարսնացուն իր ոտքերով եւ ձեռքերով սողալով գայ ու հասնի իր փեսացուին մօտ, եւ վերջինս իր ոտքը դնէ իր հարսնացուին գլուխին՝ օրհնելու համար զայն:

***

- Գերմանիոյ մէջ տարածուած ամուսնական աւանդութիւններէն մէկը այն է, որ ամուսնական ուրախութենէն ետք նորապսակներուն ծնողները, ազգականներն ու ընկերները կը հաւաքուին իրենց տունը, եւ կը սկսին ամաններ ու բաժակներ ջարդել, իսկ նորապսակները կը սկսին մաքրել այդ ջարդուած ամաններն ու բաժակները, որպէսզի սորվին իրենք իրենց վստահիլ ամուսնական կեանքին մէջ:

***

Լոլիկներով «պատերազմ»

- Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ տարածուած աւանդութիւն մըն է լոլիկներով «պատերազմ»ը, որով մարդիկ կը լեցուին քաղաքի փողոցներուն մէջ եւ կը սկսին զիրար հարուածել լոլիկներով: «Պատերազմ»ի աւարտին բոլորը միասին կը հաւաքուին ուտելիքներ ուտելու համար:

***

Թքել հարսին վրայ

- Յունաստանի մէջ հարսին վրայ թքելը ամուսնութեան օրը կախարդական երեւոյթ մը կը համարուի, հարսին մաղթելու համար լաւ բախտ: Այս սովորութիւնը, ըստ յոյներուն, նաեւ կ՚օգնէ հարսին դիմադրելու սատանային: Յոյները նոյն այս աւանդութիւնը կ՚օգտագործեն նաեւ իրենց այլ առիթներու ժամանակ ալ, ինչպէս օրինակ՝ երեխաներու մկրտութեան, մկրտուած երեխային մաղթելու առողջութիւն եւ գեղեցկութիւն: Տակաւին, յոյներուն մօտ խօսակցութեան ժամանակ թքելը կը համարուի չարութիւնը հեռացնելու միջոց, ինչ որ սնահաւատութեան մէկ արտայայտութիւնն է:

***

Դանիական սովորութիւններ

- Գերեզմանատուներուն մէջ թափառիլ

Ընդհանրապէս մարդիկ կը նախըտնրեն հրապարակներու վրայ եւ այգիներու մէջ թափառիլ, սակայն Դանիայի մէջ պարագան այլ է: Դանիացիները աւելի կը նախընտրեն ժամանակ անցընել եւ իրենց ծանօթներուն հետ հանդիպիլ գերեզմաններու մէջ, մանաւանդ երբ եղանակը նպաստաւոր է: Այս առումով, Ասիսթանս գերեզմանատունը (Assistens Kirkegård) մայրաքաղաք Քոփենհակի մէջ լաւագոյն օրինակներէն մէկն է:

- Ամուրիներուն վրայ կասիա նետել

Դանիայի մէջ երբ մէկը քսանհինգ տարեկան ըլլայ ու տակաւին ամուրի է, իր ընկերները կամ ընկերուհիները ամբողջ օրը իր վրայ կասիայի փոշի կը ցանեն: Իսկ եթէ երեսուն տարեկան դառնայ, ապա՝ պղպեղ կը ցանեն:

***

- Հարսը շալկել եւ կայծերուն վրայէն քալել

Չինաստանի մէջ տարօրինակ սովորութիւն մը տարածուած է, ըստ որուն կը ստիպեն փեսային շալկել իր հարսնացուն եւ քալել կայծերուն վրայէն՝ որ իրենց տան դիմաց դրուած է, եւ այդպէս տուն մտնել: Ըստ իրենց, այս սովորութիւնը փաստ մըն այդ զոյգին ունենալիք յաջող ամուսնական կեանքին:

Ֆրանսական սովորութիւններ ու բարքեր

- Ձեռք սեղմելը բարեւելու ընդհանրացած երեւոյթ մըն է ֆրանսացիներուն մօտ:

- Ողջագուրուիլը ընկերներուն միջեւ կը կատարուի երկու այտերը թեթեւակի պագնելով:

- Ընտանիքի անդամներուն եւ ընկերներուն հետ յարաբերութիւնը կը կատարուի տուեալ անձին առաջին անունը տալով:

- Սովորութիւն է ֆրանսացիներուն մօտ երբ որեւէ խանութ երթան, մտած ժամանակ ըսեն բարի լոյս, բարի օր, բարի գիշեր, իսկ դուրս ելած ժամանակ՝ յաջողութիւն:

- Նուէրները անզոյգ թիւերով կը մատուցեն, սակայն կը խուսափին 13 թիւէն, որովհետեւ իրենց համար այդ թիւը անբախտութեան խորհրդանիշ է:

- Ֆրանսացիները միայն նուէր ստանան, անմիջապէս կը բանան զայն:

- Մեծահասակներուն համար հաճելի չեն կիւլծաղիկը (chrysanthemum) ու սպիտակ շուշանը, որովհետեւ այդ ծաղիկները ընդհանրապէս յուղարկաւորութիւններու ժամանակ կ՚օգտագործուին:

- Ֆրանսացիները կը սիրեն ճիշդ ժամանակին հասնիլ ուտելու ժամադրութեան: Սակայն, արտօնելի է երբեմն տասը վայրկեան ուշացումը, եւ պարտաւորութիւն չեն զգար զգուշացնելու իրենց սպասող անձին՝ ուշանալուն համար:

- Ֆրանսացիները ջուրը եւ հիւթերը միշտ սենեկային ջերմաստիճանի տաքութեամբ կը խմեն:

- Առաւօտները ֆրանսացիներէն շատեր կը սիրեն թէյն ու սուրճը ուղղակիօրէն թասէն խմել:

- Նախքան հիւրասիրողին բարի ախորժակ ըսելը, ֆրանսացիները չեն սկսիր ուտելու:

- Ֆրանսացիները կը զգուշանան միրգերն ու ուտելիքները դանակով կամ պատառաքաղով կտրելու:

- Կարեւոր ժամադրութիւնները կը ջանան նուազագոյնը երկու շաբաթ առաջ ճշդելու:

- Կը զգուշանան իրենց ժամադրութիւնները յուլիս կամ օգոստոս ամիսներուն նշանակելէ, որովհետեւ այդ ամիսները կառավարական, պաշտօնական, նշանաւոր եւ մեծ հաստատութիւններու համար արձակուրդային է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 20, 2021