Ի՞ՆՉ Է ԵՍԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հին ժամանակներէն ի վեր կրօնական, փիլիսոփայական, հոգեբանական, տնտեսական եւ կենսաբանական զանազան կարծիքներ արտայայտուած են եսասիրութեան, «ես»ի կարեւորութեան, նաեւ եսամոլութեան մասին։ Կրօնները յաճախ եսամոլութիւնը կը համարեն մեղք կամ չարիք եւ կը կեդրոնանան այլ անհատներու կարեւորութեան վրայ: Մեծ կրօններու հասարակաց յայտարարը «ծայրայեղ եսամոլութեան» գիտակցումն ու անոր դէմ ընկերային միջոցներու ձեռնարկելն է։

Եսամոլութիւնը կը քննուի որոշ «էկօ»ի խնդիրներու մէջ, որոնք կը հետաքրքրեն նաեւ նոյնիսկ հոգեբուժութիւնը: Եսամոլութիւնը տնտեսապէս ալ ուսումնասիրուած է Մարքսի նման փիլիսոփաներու կողմէ եւ այդ մէկը բնութագրուած է՝ որպէս դրամատիրութեան գերիշխող յատկանիշներէն մէկը։ Ան կ՚ըսէ, թէ մարդիկ եսասէր են, սա բնական է, բայց անոնք կ՚ապրին եսամոլութեան մէջ, ինչ որ պայմանաւորուած է շրջակայ միջավայրով: Հետաքրքրական է նաեւ եսամոլ բառի օգտագործումը կենսաբանութեան մէջ։ Եսամոլութեան բառի օգտագործումը, որ յայտնի դարձած է Ռիչըրտ Տաուքինսի «Եսամոլական ծինը» գիրքով, կը վերաբերի Տարուինէն սկսեալ եսամոլութեան կենսաբանական գործընթացներուն։

Արիստոտել կը մեղադրէր անոնք, որոնք կը մտածէին միայն իրենց շահերու մասին: Այս իրավիճակը ի յայտ կու գայ սեփական անձի հանդէպ սէրը՝ ընկերային գովասանք պահանջող աշխատանքի մէջ: Իսկ Լուսիուս Սենեքա կը մտածէր «ես»ի մասին: Ան գրած է ինքնապահպանման, ինքնամբռնման մասին եւ զանոնք կը համարէ ինքնագիտակցութիւն, ինչ որ եսամոլութիւն չի համարեր:

Քրիստոնէութեան մէջ եսամոլութիւնը կը համարուի եօթ մեղքերէն մէկը՝ ագահութեան, նախանձի, որկրամոլութեան, զայրոյթի եւ ծուլութեան զուգահեռ: Տանթէի «Աստուածային կատակերգութեան» մէջ կը նկարագրուի էկոն, որ կը համարուի մահացու մեղքերէն մին։ Էտըմ Սմիթ տնտեսական համակարգը կը սահմանէ՝ որպէս եսամոլութեան նպաստող միջոց: Պեռնար Մանտեւիլ ըսած է. «Ընկերային տնտեսական յառաջընթացը կախեալ է եսամոլութեան թշուառութենէն»:

Ներկայ դարու ամենամեծ խնդիրներէն մին է, թէ թէեւ կը քարոզուի միասնականութիւնը, սակայն հասարակութեան մը անդամները կը խուսափին իրարմէ։ Փիլիսոփաներ սովորաբար կ՚ըսեն, թէ մարդը կը ստանայ լաւագոյնը՝ եթէ հաշուի առնէ հասարակութեան բարօրութիւնը: Հոգեբանութիւնը կ՚ընդունի եսամոլութեան զգացումը, որ կը բխի խղճի, կարեկցանքի բացակայութենէն: Հետաքրքրական է եսամոլութեան «խաղերու տեսութիւնը». իմ եւ մէկ ուրիշի մասնակցութեամբ խաղին մէջ կայ հնարաւոր երեք վարքագիծ, որոնք կ՚ազդեն խաղացողներու վրայ: Եսամոլութիւն եւ վրէժխնդրութիւն եւ համագործակցութիւն: Եսամոլութիւնը կը վնասէ ուրիշներուն։ Վրէժխնդրութինը մէկ ուրիշը վիրաւորելով ինքզինքին օգնել ջանալն է: Իսկ համագործակցութիւնը ուրիշներուն նպաստելն է՝ ինքն իրեն օգնելու համար։

Կարծէք համագործակցութիւնը բոլորիս համար լաւագոյնն է։ Նոյնիսկ եթէ մարդ մտածէ միայն ինքն իր մասին, պէտք է համագործակցի իր անդամակցած հասարակութեան այլ անդամներուն հետ։ Առանց հասարակութեան անհատ չ՚ըլլար, կարելի չէ միայն ինքն իրեն համար ապրիլը։ Եսամոլութիւնը անհատականութեան խնդիր մըն է: Այն ինչ, որ մենք կ՚ուտենք, կը հագուինք, կը դիտենք, կը զուարճանանք, կ՚ընեն նաեւ ուրիշները եւ այս բոլորը մեծ մասամբ կ՚ընենք ուրիշներուն հետ: Մենք, որ հսկայ համակարգի մը փոքր մասնիկներն ենք, իւրաքանչիւրիս շնորհիւ կ՚ապրի մեզմէ մէկը։ Չէր ըլլար մարդկութիւն, եթէ մարդիկ չօգնէին իրարու եւ չհամագործակցէին: Մարդիկ այսօր կը համարուին բնութեան այն տարրերը, որոնք կ՚աշխատին իրարու համար եւ կը գնահատեն իրենց մաս կազմած հասարակութեան անդամները: Եսամոլ ըլլալով՝ մենք կը գործենք մեր բնութեան դէմ եւ, իրականութեան մէջ, կը վնասենք միայն մենք մեզի։

Եսապաշտութիւնը թէ՛ յանցագործութիւն է եւ թէ պատիժ՝ ինքնըստինքեան։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2023